Անկախութեան Խորհուրդը
28 Մայիս 2025
Ազգերու պատմութեան մէջ կան ճակատագրական եւ բախտորոշ թուականներ, որոնք դարձակէտեր են իրենց ազգային կեանքին մէջ: Այսպիսի թուական մըն էր վեց դարերու ստրկութենէ ետք 1918 թուականի Մայիսի 28-ին Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի պատմական յաղթանակներով, Հայաստանի հանրապետութեան հռչակումն ու անկախութեան կերտումը:
Այս իրագործումը նոր յոյս ու շունջ տուաւ հայութեան, վերակերտելու իր պետականութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգութենէն ետք լաւատեսութեամբ նայելու իր ապագային:
Նմանապէս այս իրողութիւնը վերապրելու եւ վերանորոգուելու խթան հանդիսացաւ, հայութեան լայն խաւերուն, որուն շնորհիւ կերտուեցան ազգային նկարագրով նոր սերունդներ, որոնք կերտեցին 20-րդ դարու ընթացքին մեր բոլոր յաղթանակները, յառաջդիմութիւններն ու նուաճումները, թէ՛ Հայաստանի տարածքին եւ թէ՛ Սփիւռքի գաղթոճախներէն ներս:
Այս անկախութեամբ ու Սարդարապատի ոգիով կերտուեցան նոր սերունդներէն նուիրական ոգիով թրծուած հայորդիներ, որոնք ստանձնեցին անկախութեան այդ ոգին ու յառաջ մղեցին հայ ժողովուրդի արդար պահանջքներու աշխատանքները տասնամեակներ շարունակ եւ այդ աշխատանքներուն շնորհիւ աշխարհի տարածքին վերակենդանացաւ հայութեան պահանջատիրական պայքարը, որը աւարտեցաւ 1991 թուականի նոր անկախութեամբ:
Այսօր թէեւ դժուարին կացութիւններւ մէջ կը գտնուի մեր հայրենիքը, բայց եւ այնպէս այն ոգին որ թրծուած է նոր սերունդներու հոգիներուն մէջ, մեզ մեծապէս կը յուսադրէ թէ անկախութեան ձգտող ազգը երբէք չի կրնար մեռնիլ եւ անպայման կը յաղթահարէ այս նոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ թարգմանը կը հանդիսանայ ժողովուրդի իղձերուն ու փափաքներուն, վերապրեցնելով ազգն ու հայրենիքը:
Այս ոգին թող անշէջ մնայ մեր հոգիներուն մէջ որպէսզի լաւատեսութեամբ դիմագրաւենք մեր ապագան:
Փա՜ռք անկախութիւնը կերտող սերունդի յիշատակին:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
28 Մայիս 2025 – Սիտնի, Աւստրալիա