«Ռազմիկ» Կը Շարունակէ Մնալ Երիտասարդութեան Համար Գաղափարական Ու Քաղաքական Մտածողութեան Լիցքաւորման Հնոց
12 Հունիս 2025
Այսօր մեզի համախմբողը «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթն է: Հաւաքուած ենք այսօր հաղորդակից դառնալու մեր աշակերտութեան եւ երիտասարդութեան մտածումներուն եւ պատգամին: Այո՛, այսօրուան պատգամախօսը իրենք են, եւ այս պահուն վստահաբար իրենց հոգիները լեցուած են գոհունակութեամբ եւ ներքին հպարտութեամբ, որովհետեւ իրենց աշխատանքին արգասիքն է, որ կը ճառագայթէ այսօր մեր բոլորին մօտ:
Հետեւաբար ես պատգամ տալու յաւակնութիւնը չունիմ այսօր, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, իրենց գործն է այսօրուան պատգամաբերը: Իմ ըսելիքներս բնականաբար խորհրդածութիւններ եւ արժեւորումներ պիտի ըլլան մեր հաւաքական կեանքին համար խիստ անհրաժեշտ այս աշխատանքին` այս հրատարակութեան մասին:
Հետեւաբար`
1.- Արժէ անդրադառնալ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան պաշտօնաթերթին, որ մի՛շտ ալ տիրական ներկայութիւն դարձած է երիտասարդական շրջանակներու, լիբանանահայ կեանքի եւ, ինչո՞ւ ոչ, հայաշխարհին մէջ: Հարիւրաւոր երիտասարդներ իրենց առաջին ստորագրութիւնը տեղադրած են այստեղ, եւ անոնցմէ պատկառելի թիւ մը դարձած է` յօդուածագիր, հրապարակագիր, խմբագիր ու նաե՛ւ խմբագրապետ: Հետեւաբար «Ռազմիկ»-ի առաքելութիւնը առաջին հերթին կը սահմանուի մարդուժի պատրաստութեամբ:
«Ռազմիկ» կը շարունակէ մնալ երիտասարդութեան համար գաղափարական ու քաղաքական մտածողութեան լիցքաւորման հնոց:
2.- «Ռազմիկ»-ը հայ կեանքին մէջ շարժում ստեղծող եւ զարթօնքի գաղափարը առկայ պահող խօսնակ դարձած է: Մեր կեանքի յոռի երեւոյթներուն, ապազգային հոսանքներու, պարտուողական, յանձնուողական եւ անշուշտ այս բոլորին դիմաց նաե՛ւ պահանջատիրական երթի շարունակականութեան, քաղաքականապէս կազմաւորուած գաղափարապաշտ ու յեղափոխական իրերայաջորդ սերունդներու արտայայտութեան հարազատ բեմը մնացած է միշտ:
3.- ԼԵՄ-ի մասնաճիւղային եւ ընդհանուր գործունէութեան ներկայացման հարազատ աղբիւրն է, եւ այդ քարոզչական աշխատանքի ճամբով հայ երիտասարդը իրազեկ դարձած է այս երիտասարդական կառոյցի բազմաբեղուն գործունէութեան եւ եկած ու միացած` անոր շարքերուն:
4.- Երիտասարդութեան բանբերը ըլլալու կողքին, «Ռազմիկ» հրաւիրած է մեծ թիւով անհատներ եւ անոնց հետ զրուցած ու անոնց հետ արծարծած է` հայ կեանքը յուզող զանազան խնդիրներ, ռազմավարական նպատակներ եւ ընդհանրապէս նորահաս սերունդներու կազմաւորման համար անհրաժեշտ գաղափարներ:
5.- «Ռազմիկ»-ի թիւերը նաեւ արխիւային եւ պատմական արժէք ներկայացնող հրատարակութիւններ են, եւ մինչեւ այսօր շատ մը ուսումնասիրութիւններու համար իբրեւ սկզբնաղբիւր կը ծառայեն, յատկապէս` լիբանանահայ գաղութի պահանջատիրական երթի ընդհանուր հոլովոյթին եւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն:
Այսօր հաւաքուած ենք իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մը արժեւորելու համար: «Ռազմիկ» մի՛շտ ալ տեղ տուած է աշակերտական գրութիւններու, յօդուածներու եւ ստեղծագործութիւններու, սակայն «Ռազմիկ»-ի ներկայ խմբագրական կազմին այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը արժանի է յաւելեալ գնահատանքի:
Արժանի է գնահատանքի ընդհանրապէս «Ռազմիկ»-ի առաքելութեան վերաշխուժացումը, որ Լիբանանի ապրած վերջին տագնապներուն` անկայունութեան իբրեւ հետեւանք, որոշ չափով դանդաղած էր, եւ այսօ՛ր ահաւասիկ երիտասարդ տղոց խոստմնալից խումբ մը, հաւատալով այս առաքելութեան յոյժ կարեւորութեան, ինքնավստահօրէն նետուած է հրապարակ, եւ հակառակ հրապարակագրութեան, ստեղծագործութեան եւ ընթերցանութեան դէմ օրէ օր բարձրացող խոչընդոտներուն` հոսանքն ի վեր թիավարելու եւ հայ կեանքին մէջ երիտասարդական խօսքն ու պատգամը ամրագրելու շնորհակալ ու օգտաշատ աշխատանքի լծուած է:
Կը բաւէ ակնարկ մը նետել «Ռազմիկ»-ի այս թիւին մէջ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան եւ ԼԵՄ-ական տղոց յօդուածներու միայն խորագիրներուն եւ ունենալ այն համոզումն ու վստահութիւնը, որ մեր կեանքի մէջ տակաւին հայկական շունչը, ոգին ու պահանջատիրական երթի ջահը անմար են:
Աշակերտական գրութիւններէն ի յայտ կու գայ նաեւ, որ մեր դպրոցներուն մէջ այդ ոգին վառ պահող կրթական մշակները իրենց առաքելութեան բարձրութեան վրայ կը շարունակեն մնալ: Ահաւասի՛կ այստեղ նաեւ առաջին պատիւը կ՛երթայ հայ վարժարանին, որ այսօր նոյն յանձնառութեամբ կը շարունակէ իր հայեցի սերունդներու պատրաստութեամբ սուրբ ու վսեմ գործը:
Այսօր մենք հաւաքաբար պիտի չվայելէինք այս հրատարակութեան հպարտութեան պահը, եթէ երբեք գոյութիւն չունենային հայկական կրթօճախները: Այո՛, ամէն բանէ առաջ մեր հայ վարժարաններն են մեր միջավայրին հայկական դիմագիծ, նկարագիր ու հայկականութիւն փոխանցող կառոյցները: Կարելի չէ պատկերացնել նաեւ միութենական առողջ ու աշխուժ մթնոլորտ` առանց մեր վարժարաններու դերակատարութեան:
Հայ աշակերտը եւ Հայ դատը, Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգը, մշակութային ցեղասպանութեան վտանգը եւ թրքական արտադրութիւններու դէմ պայքարը արժանացած են մեր աշակերտութեան քննարկման եւ հոն տեղ գտած հաստատումներուն այդ հաստատումներուն համար տրուած հիմնաւորումները յօդուածներ օժտած են, անկախ երիտասարդութեան յատուկ ընդվզումի եւ պոռթկումի արտայայտութիւններէ, առարկայական մօտեցումով եւ տուեալներու ճի՛շդ գնահատումով հարուստ բովանդակութեամբ աշխատանքներու:
«Հայ աշակերտը հայոց լեզուի պաշտպանն է, եւ մեր` սփիւռքահայերու արեւմտահայերէն լեզուն կը կորսուի առանց հայ աշակերտին, իսկ արեւմտահայերէն լեզուն Հայ դատի կարեւոր մէկ մասն է»: Ահաւասիկ 11-րդ դասարանի աշակերտուհիին պարզութեամբ, սակայն միաժամանակ խորիմաստ էութեամբ փոխանցած մտածումը, որ իր այժմէականութեամբ, արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը կը ներառէ Հայ դատի պահանջատիրական երթի գոյատեւման մէջ: Տեսութիւն մը, որուն մասին կրնայ մտածել այսօր մեր մտաւորականութիւնը:
Այսպիսի հետաքրքրական եւ ինքնադրոշմ մտածումներով օժտուած յօդուածները հարստացուցած են «Ռազմիկ»-ի` Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի նուիրուած թիւը: Մաղթանքս է, որ մեր աշակերտներուն առաջին կամ երկրորդ նախափորձը հոս կանգ չառնէ, այլ այս հրատարակութիւնը դառնայ խայծ մը` շարունակելու յօդուածագրութեան իրենց ուղին:
ԼԵՄ-ական տղոց` յարատեւ կռուի, հայկական դիւանագիտութեան, հաւաքական անտարբերութեան, թրքականը մերժելու, Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը նորահաս սերունդներու վրայ լուսարձակի տակ առնելու, հայ երիտասարդին դերը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարութեան պայքարին մէջ շեշտադրելու, երիտասարդութեան տեսլականն ու երազը եւ մեր պայքարին վճռակամութիւնը ներկայացնող յօդուածները արդէն երիտասարդական կայացած մտածելակերպի, գաղափարական մտքի վրայ խարսխուած մտածողութիւններու դրսեւորումներ են, ուր գրիչները արդէն օժտած են կարեւոր փորձառութեամբ:
Եւ վերջապէս, խմբագրականով արտացոլացող երիտասարդութեան 110-ամեակի պատգամը եւ զգաստութեան հրամայականը` ներկայ մեր ազգային տխուր համայնապատկերը յեղաշրջելու համար, երիտասարդութիւնը պատասխանատուութեան դիմաց կը դնէ բոլորս` դաստիարակը, գիտնականը, քաղաքագէտը, մշակն ու բանուորը, երիտասարդը, աշակերտը եւ պատանին:
Ահաւասիկ` երիտասարդութեան պատգամը այսօր, որուն ականջալուր այստեղ հաւաքուածներս եւ բացակաները պարտաւոր ենք մտածելու ա՛յս համոզումը, իրենց իսկ բառերով, ընկալելու, ներկայ ժամանակներուն մեր ազգի ճակատագիրը յեղաշրջող զարթօնքին եւ անոր կամաւորները դառնալու պատրաստակամութեան մասին, եւ այդ մէկը պէտք է գերակշռող դառնայ հայ կեանքին մէջ:
Սիրելի՛ աշակերտներ,
Դուք սովորական ազգի մը պատկանող պատանիներ եւ երիտասարդներ չէք, այլ` հազարամեայ պատմութեան, գրականութեան, մշակոյթի եւ հոգեմտաւոր արժէքներու վրայ իր արմատները խորացուցած ժողովուրդի մը իրաւայաջորդները: Քալեցէ՛ք այս գիտակցութեամբ ու հպարտութեամբ եւ սակայն պայքարի ջահը մի՛շտ բարձր ու խրոխտ պահեցէք:
Մի՛ տարուիք ձեր շուրջը վխտացող ամէնօրեայ ժամանակաւոր արտաքնապէս լուսաւոր, սակայն ներկայիս մաշած երեւոյթներէ, մի՛ դառնաք կապկողներ եւ ընդօրինակութեան ժամանակաւոր ասպետացած հերոսներ, կազմեցէ՛ք ձեր իւրայատուկ ինքնութիւնը, ունեցէ՛ք ձեր սեփական ամուր համոզումները, ձեր կարծիքն ու խօսքը քաջաբար եւ անվախօրէն ըսելու ունակութիւնը: Բայց միաժամանակ մի՛ կծկուիք ձեր սեփական մտահորիզոնին մէջ, բացուեցէք աշխարհի ընձեռած բոլոր արդիական կարելիութիւններուն, հետեւեցէք համաշխարհային բոլոր զարգացումներուն եւ այդ բոլորէն փորձեցէք առնել այն, որ կը նպաստէ ձեր կազմաւորման, ձեր սեփական տեսլականին ու ձեր ազգի յարատեւման ու հզօրացման:
Ձեր խօսքը եւ գործը թող ընթանան համերաշխ եւ համահունչ, փորձեցէք համախմբել ձեր բոլորին կարողութիւնները եւ տաղանդները, որպէսզի դառնաք ուժ, հայկական անխորտակ ուժ:
Դուք մեր ազգի ու անոր լինելութեան ու գոյատեւման, արարման ու նոր յաղթանակներու կերտման պատրաստ բանակ դառնալու բոլոր տուեալները ունիք:
Քալեցէ՛ք յառաջ…
———-
Յակոբ Հաւաթեանի Ռազմիկ»-ի ապրիլեան յատուկ թիւի շնորհահանդէսին արտասանուած խօսքը: