ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Հետեւողական Եւ Կազմակերպուած Պայքարի Դաշտ*

11 Հունիս 2025

Ազգը այն հաւաքականութիւնն է, որ կը բնորոշուի` իր պատմական միասնական զարգացումով, հաւաքական պատկանելիութեան զգացումով, մշակոյթով, լեզուով եւ կենցաղով` նպատակ ունենալով յառաջդիմել այդ բնական ինքնութեան ներկայացուցած ժառանգութեան հովանիին տակ:

Իսկ ազգային պետականութիւնը ա՛յն հողատարածքն է, ուր ազգային հաւաքականութիւնը կերտած է վերոյիշեալ իր պատմական ժառանգային ինքնութիւնը, ուր հիմնած է աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական միաւորում` յառաջ մղելու համար այդ հաւաքական զարգացումը եւ իղձերու իրականացումը:

Վերջին տասնամեակներու միջազգային զարգացումները փաստեցին, որ ապազգային նշանախօսքերու, գաղափարաբանութիւններու կամ կրօնական հասկացողութիւններու վրայ հիմնուած պետականութիւնները չեն ներկայացներ ազգային հաւաքականութեան մտասեւեռումները եւ ենթակայ են ինքնակործանումի կամ կերպարանափոխումի:

Նոյնիսկ համաշխարհայնացումի ռահվիրայ հաւաքականութիւնները եւ պետութիւնները, որոնց կարգին, այլ հասարակութիւններու կողմէ, իբրեւ ստորակայութեան բարդոյթ, որպէս իտէալ նկատուող Միացեալ Նահանգներ ներկայիս ազգային գաղափարախօսութիւնը ընդունած են իրենց պետական գերակայութեան բնական միջավայրը:

***

30 յունուար 1918: Շահագործելով պոլշեւիկեան պետական հարուածով ստեղծուած վաքիումը, ոտնակոխելով Երզնկայի զինադադարի համաձայնագիրը, օսմանեան ուժերը յարձակման անցան` յաջորդական 2 ամիսներուն իրենց հակակշիռը վերահաստատելով նախորդ տարիներուն ազատագրուած Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներուն վրայ` Կարին, Տարօն եւ Վասպուրական, հասնելով նախապատերազմեան Ռուսական եւ Օսմանեան կայսրութիւններուն սահմանները:

Երբ Անդրկովկասի ազգային 3 միաւորները` հայերը, վրացիները եւ թաթարները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը կը պատրաստուէր մեկնելու Տրապիզոն` բանակցութիւններու ձեռնարկելու համար Օսմանեան պետութեան ուժերուն հետ, մինչ այդ պոլշեւիկ իշխանութիւններուն հետ կնքած Պրեսթ Լիթովսքի համաձայնագիրին հիման վրայ թուրքերը, բանակցութիւններուն որպէս նախապայման, պահանջեցին Կարսի եւ Արտահանի նահանգներուն յանձնումը օսմանեան պետութեան:

Մայիս 11-ին Պաթում փոխադրուած բանակցութիւններուն թուրքերը ներկայացուցին յաւելեալ պահանջներ` ձեռք բերելու համար Գիւմրիի շրջանը եւ Երեւանի նահանգի արեւմտեան տարածքները, միաժամանակ գետնի վրայ աշխուժացելով զինուորական գործողութիւնները դէպի Էջմիածին եւ Երեւան:

Մայիս 19: Իրողապէս հայ ներկայացուցիչները միակն էին, որ մերժեցին թուրքերու վերջնագիրը: Ինքնասպանութիւն էր ընդունիլ վերջնագիրը: Խուճապի մատնուած հայ զանգուածին դիմաց, երբ օսմանեան զօրքերը միայն քանի մը քիլոմեթր հեռու էին Երեւանէն, եկաւ Արամ Մանուկեանի պատգամը.

«Ո՛չ մի նահանջ, ոչ մի գծի վրայ: Նահանջ Երեւանից` կը նշանակէ խաչ քաշել մեր ամբողջ գործունէութեան եւ մեր ապագայ քաղաքական մուրազներուն վրայ, բոլորդ պիտի մնաք եւ մեռնիք: Երեւանը չենք դատարկի եւ պէտք է կռուենք, դիմադրենք թշնամուն մինչեւ վերջին մեր կաթիլը արիւնի, մինչեւ վերջին գնդակը:

«Կա՛մ այստեղ ինձ կը խփէք, կա՛մ բոլորդ կը գնաք կռուի դաշտ»:

Մայիս 21: Անտեղեակ հայութեան վերջին հատուածին վճռակամութենէն, թրքական զօրքերը վերանորոգեցին իրենց յարձակումները 3 ուղղութեամբ` Ղարաքիլիսէ, Բաշ Ապարան եւ Սարդարապատ, նպատակ ունենալով բնաջնջել հայութեան ազգային գոյութիւնը եւ գետնի վրայ իրականացնել այն, ինչ որ հայ բանագնացները կը մերժէին ընդունիլ` հակառակ պայմաններուն:

Այս իրողութեան դիմաց էր, որ Վրաստան եւ հետագայ Ազրպէյճան յայտարարեցին իրենց անկախութիւնը: Իրաւապէս նաեւ առանձին մնացած հայութիւնը, յանձին Հայ ազգային խորհուրդին, 30 մայիսին ինք եւս յայտարարեց Հայաստանի անկախութիւնը` այդ թուականը ճշդելով 28 մայիսը , եւ իբրեւ անկախ պետականութիւն, Պաթումի մէջ բանակցութիւնները շարունակեց թրքական կողմին հետ:

Զուգահեռաբար, 3 ռազմաճակատներուն վրայ, Արամի կոչին ի տես, հայութիւնը կը յաջողէր դիմել անսպասելի նախայարձակման` ոչ թէ միայն կասեցնելով թրքական յառաջխաղացքը, այլ` փախուստի մատնելով օսմանեան զօրքը:

Երբ հայկական ուժերուն յաղթանակի լուրը հասաւ Պաթում, Օսմանեան կայսրութեան ներկայացուցիչներուն այլընտրանք չէր մնացած, քան` ընդունիլ իրողութիւնը եւ ճանչնալ նորաստեղծ հայ պետութիւնը:

4 յունիս: Թէեւ այդ օրերուն շատ լսուեցան ձայներ, որոնք հայ զօրքերէն պահանջեցին հալածել խուճապահար փախուստի դիմած թրքական զօրքերը, սակայն հայ զինուորական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն հեռատես մօտեցումով ստորագրուեցաւ Պաթումի դաշնագիրը, որով Օսմանեան կայսրութիւնը եղաւ առաջին պետութիւնը, որ ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իբրեւ իրողական գոյութիւն, մօտ 11 հազար քառ. քմ տարածութեամբ, հակառակ օսմանեան կեդրոնական կառավարութեան ժխտումներուն:

Հայ բանագնացները քաջ գիտէին, որ օսմանեան բանակը կրնայ վերահամախմբուիլ եւ դիմել հակայարձակողականի: Հիմնական էր յաղթական դիրքերէ համաձայնագիր մը որդեգրել եւ նախաձեռնութիւնը պահելով հայութեան մօտ` քայլ առ քայլ դիմել նորաստեղծ պետութեան կառուցման եւ ընդարձակումին, թէկուզ որ ստորագրուած համաձայնագիրին մէջ կային անընդունելի եւ անիրագործելի կէտեր, ինչպէս, օրինակ, թուրքերու պահանջը` Հայաստանի վրայով Պաքուի հետ ունենալ երկաթուղիի միջանցք:

Սովահար գաղթականներով լեցուած նորաստեղծ պետութեան առաջին վերելքը տեղի ունեցաւ դժնդակ պայմաններու մէջ: Սակայն հայկական ազգային պատրաստակամութեան գործադրութեամբ, նորաստեղծ պետութիւնը ոչ թէ միայն սահմանները ընդարձակեց 67 հազար քառ. քմ-ի Գիւմրիի, Կարսի, Արտահանի, Նախիջեւանի, Զագեզուրի եւ Լոռիի ազատագրումով եւ հայացումով, այլ նաեւ պետական հիմնական կառոյցներուն հաստատումով` կառավարութիւն, խորհրդարան, դատական համակարգ, օրէնսդրութիւն, վարչական եւ ինքնակառավարման կառոյցներ, առողջապահական համակարգ, ազգային բանակ, դրամանիշ, պետական համալսարան, ազգային ընկերվարական ընկերային եւ տնտեսական համակարգ, դիւանագիտական յարաբերութիւններ, անձնագիր, դրօշակ, զինանշան, օրհներգ, հաղորդակցութեանց միջոցներ, գիւղատնտեսական համագործակցականներ, հասնելով միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի յայտարարութեան, նշելով երկու տարիներու կարգ մը իրագործումները միայն:

Եւ այս բոլորը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագրումով, որոշումով, կամքով եւ գործադրութեամբ, ի խնդիր հայ ազգային պետականութեան:

Թէեւ յաջորդող տասամեակներուն հայ ազգային անկախ պետականութեան հաստատումը պիտի անուանուէր «Հայաստանի պուրժուական հանրապետութիւն», կամ աւելի ետք, նորօք օրերուն, «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն», նսեմացնելու եւ քանդելու համար պետականութեան հաստատման հայ ազգային նշանակութիւնը: Սակայն 1965-ին Ծիծեռնակաբերդը կառուցած եւ 1968-ին Սարդարապատի յուշահամալիրը կերտած հայ ղեկավարութիւնն ու մտաւորականութիւնը, թէկուզ` խորհրդային շղարշին տակ, քա՛ջ գիտեր Հայ ազգային պետականութեան վերահաստատման իմաստն ու արժէքը:

Երբ 1981-ի աւարտին Խորհրդային Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի ղեկավարներ Հայտար Ալիեւ (ներկայ Իլհամին հայրը) եւ Էտուարտ Շեւարտնածէ իրե՛նք գալով հայութեան ոտքերուն, կը մասնակցէին Երեւանի մեթրոյի բացման հանդիսութեան, ականատես ըլլալով հայ ստեղծագործութեան նուաճումներուն, եւ աւելի ետք, գլխիկոր եւ ակամայ կ՛այցելէին Սարդարապատ, ծաղկեփունջ զետեղելու համար հայ ազգային պետականութեան վերահաստատման ի խնդիր ինկած հայ նահատակներու շիրիմին, անոնք եւս լռելեայն կ՛ընդունէին յաղթականը հայ ազգային ա՛յն նկարագիրին, որ աւելի ետք, 1988-էն սկսեալ, պիտի ձեռնարկէր Արցախի ազատագրական պայքարին:

***

Վերոշիշեալ բոլոր տուեալներուն լոյսին տակ, մեր խօսքը ուղղելով հայ ազգային պետականութիւնը ականահարել փորձող երեւելի եւ աներեւոյթ, ներքին եւ արտաքին ուժերուն, կ՛ըսենք, որ եթէ հայութեան ազատ կամքով 1918 մայիս 28-ին չվերահաստատուէր հայկական ազգային պետականութիւնը, այսօր գոյութիւն չէր ունենար Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Ձեր ընթացքը հակառակ կը գործէ, ինչպէս դուք կ՛ըսէք, էվոլիուցիային:

Միջազգային եւ համաշխարհային համակարգը կ՛ընթանայ հոն, ուր կ՛արժեւորուին ազգային պետականութեան ամրապնդման համակարգը: Ձեր ապազգային քաղաքականութիւնը միայն կը նպատակադրէ քանդել այն, ինչ որ կառուցուած է 107 տարիներու ընթացքին, փորձելով խաչ քաշել հայութեան ներկայ եւ ապագայ մուրազներուն վրայ:

Չունի՛ք հայութեան կողմէ ձեզի տրուած օրինականութիւնը` ի չիք դարձնելու աւելի քան 3 հազարամեակներու ընթացքին արմատացած հայկական արժանապատուութիւնը:

Կը քանդէք հայութեան ազգային նկարագիրը` նսեմացնելով եւ ոտնակոխելով հայկական ժառանգութիւնը: Կ՛ականահարէք պետական, ընկերային եւ տնտեսական համակարգերը, խորհրդարանը կը վերածէք կրկէսի, ազգային բանակի մէջ զինուորական ծառայութիւնը կը դաձնէք սակարան, կը ջլատէք հայութեան մարտունակութիւնը` վախի եւ սարսափի մթնոլորտ մը հրամցնելով հասարակութեան, կը պղծէք Արարատի սրբութիւնը, նախաձեռնողի փոխարէն` կը մղէք մնայուն զիջումի քաղաքականութիւն, առիթ կ՛ընծայէք, որ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ Ազրպէյճան քայլ առ քայլ կրծէ հայապատկան հողատարածքները` Արցախէն Վայոց Ձոր եւ Սիւնիք, Սոթքէն Երասխ, իրե՛նք առնելով նախաձեռնութիւնը, նորանոր նախապայմաններ պարտադրելու համար, այսպէս կոչուած, հաշտութեան թէական համաձայնագիրին:

Այնպէս` ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանը Անգարայի կողմէ ներկայացուած է որպէս «արեւելեան Անատոլու», Հայաստանի Հանրապետութիւնը Պաքուի կողմէ կը ներկայացուի որպէս «արեւմտեան Ազրպէյճան»:

Բոլորս մտահոգ ենք, սակայն` լուռ:

Այսօր մայիսեան յաղթանակներու կոթողին շուրջ հաւաքուած պահանջատէր եւ իրաւատէր երիտասարդութեան` Արամի պատգամն է, որ կը հնչէ: Բոլորս կը գնանք հետեւողական եւ կազմակերպուած պայքարի դաշտ` ի խնդիր` հայութեան վերջին գնդակով հաստատուած ազգային պետականութեան վերահաստատման եւ մեր մուրազին իրականացման: Այլընտրանք չկայ:

——–

*Հրայր Գէորգեանի արտասանուած Խօսքը «Հայաստանի անկախութեան 107-ամեակ» խորագիրով ոգեկոչման ձեռնարկին, 27 մայիս 2025:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ըն

25 հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակ

30 Հոկտեմբեր 2026
Սփյուռքի ջախջախիչ մեծամասնությունը դեմ

Հոկտեմբերի 28-ին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր, Միջին Ար

29 Հոկտեմբեր 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսաստան» և «Արդ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանը, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Սևան Դանիելյա

29 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամ

Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

29 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ ԶՈՄ վարչութեան եւ յարաբերական յանձ

28 հոկտեմբեր, 2026-ին Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան եւ յար

29 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Ռազմավարական գործընկերութի

2020-ի Արցախեան պատերազմը պէտք էր անջնջելի դաս մը ըլլար Գանատայի արտաքին քաղաք

28 Հոկտեմբեր 2026
Ընտանեկան բռնության մասին առաջարկվող օ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

28 Հոկտեմբեր 2026
Ճանապա՞րհ, թե՞ միջանցք

Քանի որ Ազգային ժողովում ելույթներին հատկացվող ժամանակը խիստ սահմանափակ է, ստո

27 Հոկտեմբեր 2026
Բաքվի դատավճիռը հերքում է ինքն իրեն. Հ

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարակում է “Justice” According to Azerbaijan

27 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company