Ակնարկ.- Իրանի վրայ յարձակումին յայտարարուած եւ քողարկեալ պատճառները
16 Հունիս 2025
Աշխարհը արդէն սկսած է հաշուել Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակման եւ Իրանի ինքնապաշտանական՝ հակառմբակոծման օրերը, օրէ օր աճող զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւը, աւերածութիւններուն եւ նիւթական վնասներուն տարողութիւնը: Այս բոլորը տեղի կ’ունենան մէկ կողմէ՝ փայփայելով յոյսեր, որ հակամարտութիւնը շուտով զսպուի (իբրեւ օրինակ կը յիշատակուին Հնդկաստան-Փաքիստան ճակատումը, Ղազախստանի 2023-ի յեղաշրջական փորձը եւ այլ կարճատեւ պատերազմներ, «տեղական» ճակատումներ), իսկ անդին, ալիք-ալիք կը տարածուի միւս՝ անյոյս տեսակէտը, թէ սա պիտի ըլլայ երկարաշունչ եւ աւերիչ նոր պատերազմ մը, մէկ տարբերակը այն զարգացումներուն, որոնք կ’աւերեն Կազան, Ուքրայինան, Սուտանը եւ այլ «տաք շրջաններ» (Սուրիան եւ Լիբանանը կարծէք թէ մոռցուած են): Անմիջապէս արձանագրենք, որ յիշեալները իրարու հետ համեմատելը ճիշդ չէ, թէեւ էական գիծերու տիրապետութիւնը անվիճելի է: Եւ անգամ մը եւս բացայայտ կը դառնայ, որ աշխարհը կ’ապրի Գ. Աշխարհամարտը, որ կ’իրականանայ «մասնավճարներով»:
Փակագիծ մը բանանք եւ բացատրութիւն մը տանք մեր խորագիրին մասին: Չըսինք «Իսրայէլեան յարձակում», այլ պարզապէս «յարձակում», որովհետեւ ի սկզբանէ ի մտի ունինք որ այդ թշնամանքը միայն Իսրայէլով չէ սահմանափակուած, անոր կողքին կան բացայայտ եւ թաքուն (Թուրքիոյ պէս կեղծաւոր) ուժեր: Փակենք փակագիծը:
Երթեւեկող հրթիռներով, օդանաւորդով եւ անօդաչու սաւառնակներով շարունակուող պատերազմը՝ փոխանակուած ականներէն աւելի՛ մեծ թիւով մեկնաբանութիւններու ալիքներ ստեղծած է Արեւելքէն մինչեւ Արեւմուտք: Հաշուարկներ կ’ըլլան, թէ Իրանի հասնող հարուածներէն (մանաւանդ եթէ աւելի՛ աւերիչ դառնան) որո՞նք պիտի վնասուին կամ շահ պիտի ապահովեն մօտ ու հեռու շրջաններու մէջ (օրինակ՝ Չինաստան հասնող վառելանիւթը արգելակներ պիտի գտնէ, քարիւղ արտադրող-արտածող այլ երկիրներ կրնան շահ ապահովել քարիւղի սակերուն տատանումներէն եւ այլ): Իրանի անմիջական դրացին ըլլալով՝ Հայաստանն ալ ունի ի՛ր մտավախութիւնները, որոնք միայն տնտեսական (երթեւեկ-ապրանքափոխադրութիւն, վառելանիւթ) մարզով չեն սահմանափակուած, այլ կայ աւելի ընդարձակ հորիզոնը՝ Իրանի տկարացման հետեւանքով՝ նոյնինք Հայաստանի հասնելիք հաւանական նոր հարուածներու թղթածրարը…
Այս ու նման քննարկումներ ու մեկնաբանութիւններ, նաեւ անոնց ընկերացող՝ միջնորդութեան առաջարկները (մէկը՝ Ռուսիայէն, միւսը՝ Թուրքիայէն) գրաւած են միջազգային բեմին գրեթէ ամբողջ տարածութիւնը, առաւելաբար նաեւ՝ Իրանի շրջակայ գօտիի երկիրներուն ժողովուրդին մտավախութիւններու հորիզոնները, որովհետեւ այլապէս, ամերիկացիք հիմա ունին անմիջական այլ «զբաղումներ» (որոնք առաւելաբար կը ծառայեն նման վտանգաւոր զարգացումներէ ուշադրութիւն շեղելու նպատակին), ինչպէս՝ խորհրդարանականի մը խոշտանգումը, այլ խորհրդարանականներու սպանութիւնը եւ վիրաւորուիլը, Թրամփի տարեդարձին – եւ նոյն օրը կազմակերպուած՝ բանակի հիմնադրութեան 250-ամեակի տօնակատարութեան – ձախող ելքը, նախագահին ձախաւերութիւններուն շարանն ու այսինչ-այնինչ գործակիցին հետ ապահարզանութիւնը, ետդարձերը: Անդին, ռուսերը ունին զիրենք զբաղ պահող հարցերը, հիմնականին մէջ Ուքրայինան, իսկ ֆրանսացիները, անգլիացիները, գերմանացիները, չինացիները տարուած են զիրենք շահագրգռող-տագնապեցնող բազում վերիվայրումներով:
Ընդհանուր պատկերը աչքի առջեւ ունենալով, զինուորական զարգացումները՝ նոյնինքն պատերազմը եւ անոր ստեղծած մեկնաբանութիւնները, հազար ու մէկ արձագանգները առաւելաբար գերի կը մնան – բնականաբար – օր աւուր տեղի ունեցող դէպքերուն եւ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԱԾ նպատակներուն: Օրինակ, Իսրայէլ յայտարարած է, որ կ’ուզէ «կանխարգիլել» կորիզային զէնք ունենալու Իրանի ծրագիրներուն իրականացումը, եւ սա այ՛ն պահուն, երբ ամերիկացիք իրանցիներուն հետ «շօշափելի յառաջխաղացք» կ’արձանագրէին Օմանի բանակցութիւններուն, նոյն հարցին լուծում մը տալու ուղղութեամբ: Կիրակի, 15 Յունիսին նախատեսուած հանդիպումը տեղի չունեցաւ…
Ուշագրաւ է, որ արեւմտեան լրատու աղբիւրներ շատ աւելի լայն տեղ կու տան Իրանի կրած վնասներուն, իսկ Իսրայէլի հասած վնասները կը տրուին հպանցիկ կերպով: Ցարդ խօսք չ’ըլլար, թէ իսրայէլացիք կրնան ընդվզիլ իրենց կորուստներուն պատճառով եւ Նեթանիահուի դէմ շարժումը նոր սաստկութիւն կրնայ ունենալ, մինչդեռ անդին, Իրանի մէջ իշխանափոխութեան՝ Նեթանիահուի կոչը աւելի լայն տարածում կը գտնէ…
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԱԾ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ
Առանց բոլորովին մոռնալու կամ արհամարհելու վերջին օրերու վտանգաւոր ճակատումները, կ’արժէ, որ պահ մը մէկ քանի քայլ ետ երթանք եւ աշխարհագրական ու ժամանակի աւելի լայն տարածքներու մէջ դիտենք եղածն ու չեղածը, որպէսզի տեսնենք, թէ յայտարարուած յիշեալ նպատակներէն անդին, արդեօք ի՞նչ այլ նպատակներ կը քողարկուին (թէեւ աղաղակող են) այս պատերազմին ետին:
Նախ պէտք է նշել, որ ըստ ամենայնի՝ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ Իրանը կը դիտեն նոյն ակնոցով, այսինք, անմիջականօրէն՝ անոր կորիզային ուժանիւթի-ռումբի ծրագիրը խափանելու դիտանկիւնէն: Թող Իրանը հազար անգամ հաստատէ, միջազգային մասնագէտներ ալ երթան ու անոր կայանները ստուգեն, թէ կորիզային ուժանիւթի ծրագիրները ռազմական նպատակ չունին (կրնան հոն երթալ՝ եթէ Իրանը մեծապէս վտանգուի), հակառակորդները կը հետեւին «եթէ թռի ալ՝ այծ է» վարքագիծին: Բոլորովին այլ հարց է, որ Իրանին ինչո՞ւ կը զլացուի կորիզային զէնք ունենալը, երբ Իսրայէլ (անդին նաեւ Փաքիստան եւ Հնդկաստան) տասնամեակներ առաջ մթերած է քանի մը հարիւր ռումբ (Զեւսի եւ եզի պատմութիւնը ծանօթ է): Սա բացայայտ երեսն է, իսկ կայ թագուն (՞) երեսն ալ, որ կը յիշեցնէ լեռնէն իջնող արուակի «վարի մասէն» ջուր խմող գառնուկին՝ «քեզ պիտի ուտեմ, ուրկէ՛ որ ալ ջուր խմես» սպառնացող գայլին պատմութիւնը: Իսկ «քեզ պիտի ուտեմ»-ը՝ կը նշանակէ «պէտք է ինծի յանձնես բնական հարստութիւններդ» (կը մանրամասնենք քիչ անդին):
Կարգ մը ծալքերուն յիշեցումը ընելէ առաջ, ընենք նաեւ քանի մը կարեւոր հաստատում.
-Միացեալ Նահանգներ եւ անոր կամակատարը դարձած է Արեւմուտքը լիարժէքօրէն կը կանգնին Իսրայէլի կողքին, հոգ չէ թէ անիկա մեղադրուած է իբրեւ ցեղասպան, պաղեստինցիներու ամէնէն տարրական իրաւունքները արհամարհող ու ոտնակոխող, Սուրիան ու Լիբանանն ալ՝ վրադիր: Հետեւաբար, Իսրայէլը իբրեւ թէ զսպումի հրաւիրող թրամփեան յայտարարութիւնները «ջուր չեն վերցներ»: Պատերազմի շղթայազերծման նախօրեակին, Թրամփ ըրաւ «զսպիչ» յայտարարութիւններ, որոնք իր խօսքերով ու գործերով դրժուեցան շուտով: Հիմա ալ «Իրանի գերագոյն ղեկավարը մի՛ ահաբեկեր»-ի անոր յորդորը վաղը կրնայ ուրիշ բան դառնալ (Թրամփի ստախօսութիւնն ու փոփոխամտութիւնը պատմական մրցանիշ հատատած է, կրնայ լեցնել «Կինէս» հրատարակութեան մէկ ամբողջ հատորը…): Անցեալ տարիներու ահաբեկչական հարուածները ցոյց տուած են, որ Իրան ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՎ չի կառավարուիր – թէեւ անհատները ունին իրենց որոշիչ դերն ու կարեւորութիւնը -, ալ կայ պետական համակարգ մը, որուն մէջ պակսող-բացակայողին տեղը պատրաստ են լեցնելու կարող անձեր:
-Թուրքիոյ՝ միջնորդութեան առաջարկն ու իբրեւ թէ հակաիսրայէլեան յոխորտանքները նմանապէս «ջուր չեն վերցներ», հետեւաբար՝ վստահելի միջնորդի անոր դերը առ նուազն խախուտ: Թուրքիա միայն իսլամական աշխարհը սիրաշահելու եւ ԻՐ ՍԵՓԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ յառաջ տանելու համար, մերթ ընդ մերթ հակաիսրայէլեան մակերեսային քայլեր կ’առնէ կամ խօսքեր կ’արձակէ, մինչդեռ այդ երկու ոճրածին պետութիւնները եղած են ու կը մնան Արեւմուտքի (ըսել կ’ուզենք՝ Արեւմուտքը իրենց ձեռքերուն մէջ պատանդ պահող տնտեսական հզօրանքի տէրերուն) կամակատարները՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
-Ռուսական հետաքրքրութիւնը աւելի՛ շօշափելի եւ գործնապաշտ մղում ունի (տարբեր՝ թրքական գործնապաշտութենէն), իսկ Չինաստան կանգնած է հեռուն, հակառակ անոր, որ Իրանի հետ ունի տնտեսական եւ այլ գետիններու վրայ գործակցութեան դաշտեր:
Մէկ խօսքով, ճատրակի անվերջանալի եւ բազմամակարդակ խաղը կը շարունակուի…
ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ
Իսկ եթէ պահ մը մտնենք վերը յիշուած՝ լայն տարածքներու դաշտերը, կրնանք արձանագրել հետեւեալները:
Ա. Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու հակամարտութիւնը ունի աւելի քան 45 տարուան պատմութիւն (շեշտը՝ «աւելի քան 45»-ին վրայ): Կար ժամանակ, եւ սա աւելի քան 45 տարի առաջ էր, երբ Արեւմուտքը՝ սկսելով Անգլիայէն եւ այլ արեւմուտքցիներէ, Շահին օրերու Իրանը կը նկատէին շահարկումներու մենաշնորհ, բնականաբար որոշ բաժին տրամադրելով երկրին, որ կ’ապրէր բարգաւաճում եւ որոշ ազատութիւններ: Օր մը պատահեցաւ այն, որ «շահաբաժին»-ի դասաւորման մէջ խախտում տեղի ունեցաւ, ու Արեւմուտքը նպաստեց Շահին տապալման (Խումէյնի երկար ատեն մնացած էր Իրաք եւ Ֆրանսա), կարծելով, որ նոր իշխանութեան մը երկրի ղեկին գալով՝ պիտի գտնէ աւելի շահաբեր կամակատար մը: «Տան հաշիւը շուկային մէջ չ’անցաւ»: Իրանի մէջ աւելի շեշտակի կերպով արտայայտութիւն գտաւ ԱԶԳԱՅԻՆ, ՍԵՓԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ շահերուն պաշտպանութիւնը, հետեւանքը այն եղաւ, որ Թեհրան-Ուաշինկթըն հակադրութիւնը ստացաւ շատ սուր արտայայտութիւններ (դեսպանատան գրաւում, «սատանայ» հռչակում եւ այլն): Ու «ստեղծուեցան» Իրաք-Իրան պատերազմը, Իրանի ազդեցութեան ծաւալումը՝ դէպի միջին արեւելեան երկիրներ (Իրաք, Լիբանան, Եմէն, նոյնինքն Կազա եւ պաղեստինեան շրջաններ): Սա մտահոգիչ էր Արեւմուտքին համար, որ ունէր – եւ հիմա ալ ունի – Իսրայէլ անունով գործակից-գործակատար մը (կրկնենք. կայ նաեւ Թուրքիան): Եթէ ամերիկացիք կամ եւրոպացիք չեն կրնար ուղղակի մասնակցիլ ծագած պատերազմին (ո՛չ մէկ երաշխիք, որ վաղը չընեն. Իսրայէլ ունի ամերիկեան զէնքեր, ամերիկեան նաւատորմը մասնակից է Իսրայէլի պաշտպանութեան…), ազատ ձգած են Իսրայէիլ ձեռքերը: Վստահաբար չէ մոռցուած, որ նա՛եւ Արեւմուտքի մէջ, քիչ մը ամէն տեղ Իսրայէլը դատապարտող կեցուածքներ կը ծնին ամէն օր, ի տես Կազայի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան (այս եզրը գործածուած է նաեւ Մ.Ա.Կ.-ի եւ Միջազգային Դատարաններու պատասխանտուներուն կողմէ), սակայն զինական եւ այլ օժանդակութիւնները կը հոսին առատօրէն:
Բ. Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակումը նոր չսկսաւ: Վերջին տարիներուն, Իսրայէլեան յարձակումներու զոհ գացին իրանցի բարձրաստիճան զինուորականներ եւ գիտնականներ, թիրախաւորուեցան կորիզային ուժանիւթի աշխատավայրեր (հիմա՝ շատ աւելի լայն տարածքի վրայ): Նոյն յարձակողականը ունեցաւ ճիւղաւորումներ. մէկ կողմէ՝ Կազայի, միւս կողմէ՝ Լիբանանի ուղղութեամբ, առանց մոռնալու Եմէնն ու Հութիները: Պակասաւոր է այն «վարկած»ը, որ «Համաս»-ին կամ «Հըզպալլա»-ին վրայ իսրայէլեան յարձակումներ հակադարձութիւն էին – այսինք մեկնակէտ ունեցան – 7 Հոկտեմբեր 2023-ի յանդուգն գործողութիւնը: Մարդիկ յաճախ կը նախընտրեն մոռնալ (որովհետեւ ուղեղալուացք կը կատարուի), որ Կազան տասնամեակներէ ի վեր խստագոյն պաշարման եւ ճնշումներու տակ է, բռնարարքները պատմութիւն կերտած են «Համաս»ի հրապարակ գալէն շա՜տ առաջ (ՊԱԿի Արաֆաթին «ներգրաւումը՝ այլ պատմութիւն»), ինչպէս որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոճիրները շատ աւելի երկար պատմութիւն ունին, սկսելով (առ նուազն) «քաղաքացիական պատերազմ»-ի օրերէն եւ Լիբանանի մէկ մասին գրաւումէն, երբ «Հըզպալլա»-ն հրապարակ չէր եկած՝ աւելի ուշ կերտած հզօրանքով: Այս շրջագիծին մէջ, եւ պատասխանատուներու ահաբեկման զուգահեռ, Իրանի դէմ Իսրայէլի յարձակողականը – մի՛շտ Արեւմուտքի (եւ Թուրքիոյ թաքուն) քաջալերանքով –, ընդգրկեց յիշեալ երկու գործակիցները, որոնք այլապէս լծուած էին իրենց երկիրներուն ու ժողովուրդներուն շահերուն պաշտպանութեան ու իրենց կարգին՝ գործակից դարձած էին այն ուժին, որ պատրաստ էր աջակցելու իրենց պայքարին: (Այսօր հրճուողներ կան, որ «Համաս»-ն ու «Հըզպալլա»-ն ծանր հարուածներ կրած են, առանց զգալու, որ այս վիճակէն շահողը… ցեղասպանութիւն գործողն է): Պէ՞տք է յիշել ու յիշեցնել, որ Իսրայէլի այն յոխորտանքները, թէ՝ կը պայքարի «ահաբեկչական Համասին եւ Հըզպալլային դէմ», մեծ մասամբ սնանկ են, որովհետեւ փաստօրէն, անոր իրերայաջորդ յարձակումներուն եւ ռմբոծումներուն զոհերուն բացարձակ մեծամասնութիւնը անմեղ քաղաքայիններ են, կիներ, մանուկներ եւ տարեցներ, որոնց վերջին շաբաթներուն կը զլացուի տարրական սննդանիւթն անգամ…
Գ. Հիմա առաւելաբար կը խօսուի Իրանի՝ կորիզային ուժանիւթի-զէնքի կարողութիւններուն մասին, քարիւղի թղթածրարը քողարկեալ բաժինն է, սակայն պէտք է տեսնել, որ ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր, Արեւմուտքի տնտեսական հզօրանքի տէրերը ահաւասիկ ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով կը փորձեն տիրանալ (ըսենք՝ վերատիրանալ) Իրանի քարիւղին: Անոնք արդէն իրողական տէրն են Ծոցի երկիրներու քարիւղին (աւելի քան 30 տարի առաջ, Քուէյթը փորձեց նուազեցնել ազդեցութիւնը, պատիժի ենթարկուեցաւ… Իրաքի ձեռքով, որ աւելի ուշ, ինչպէս ծանօթ է, ահաւոր կերպով պատժուեցաւ, հասաւ իշխանափոխութեան եւ… բնական հարստութեանց «անձնատուութեան»): Այդ ուժերը յաջողեցան տարածուիլ դէպի Սուրիա (որուն վիճակուեցաւ, Թուրքիոյ մասնակցութեամբ՝ իրողական բաժանում եւ քարիւղի հարստութեանց իրողական կողոպուտ), Լիբանան (որուն ծովափնեայ վառելանիւթի հանքերուն շուրջ գզվռտուքը տնտեսական փլուզումի տարաւ երկիրը, իսկ արեւելումի որոշ փոփոխութիւնը տակաւին չէ երաշխաւորած կորուստին վերականգնումը):
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Վերջին օրերուն պայթած պատերազմին յայտարարուած եւ կէս-թաքուն նպատակներուն, անոր ուղղակի ու անուղղակի մասնակիցներուն մասին կարելի է երկար սիւնակներ աւելցնել, սակայն մեր նպատակը այդ չէ, այլ պարզապէս փորձեցինք հարցերը – ո՛չ միայն Իրանը յուզող – դիտել տասնամեակներու եւ աշխարհագրական աւելի լայն տարածքի ենթապատկերով, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք սկիզբը – եւ սա բնական է -, լուրերն ու անոնց արձագանգները այս փուլին ընդհանրապէս նկատի ունին անմիջական այս օրերը, կարճ ժամանակամիջոցը:
Տեղ մը հպանցիկ ակնարկութիւն ըրինք նաեւ մեր հայրենիքին, որ, ինչպէս ծանօթ է, Իրանի հետ անմիջական դրացնութեան մէջ է. Իրանի ուղղուած սպառնալիքները, ուզենք կան չուզենք, ընդունինք կամ չընդունինք, իրենց անմիջական հետեւանքները պիտի ունենան Հայաստանի վրայ: Չմոռնանք, որ հոն ալ «նախապատրաստական փուլ» մը կար, իր ճիւղաւորումներով: Արցախի բռնագրաւումը պահ մը դիտենք այս ակնոցով. հոն հիմա ո՛չ միայն ազերիական ազդեցութեան տարածում տեղի ունեցած է, համաթուրանական իր հորիզոններով, այլ նաեւ Իսրայէլ հոն հաստատած է լրտեսական կեդրոն (ցարդ ոեւէ մէկը չբացայայտեց, որ դէպի Իրան արձակուած անօդաչուներէն մաս մը կրնայ թռիչք առած ըլլալ այդ շրջանէն): Անշուշտ Իրանը Սուրիա, Լիբանան ու Կազա չէ, սակայն պատերազմին շարունակումը (եւ տեսէք, թէ անիկա քանի՜-քանիներուն հացին մեղր ու կարագ կը քսէ) պիտի տկարացնէ զայն (Իրան կը հաւաստէ, որ պիտի չնահանջէ), հետեւաբար, Սիւնիքին ուղղուած թուրք-ազերիական սպառնալիքները իրականանալու աւելի լայն հնարաւորութիւն պիտի գտնեն: Գաղտնիք չէ, որ մինչեւ վերջերս, այդ ուղղութեամբ թուրք-ազերիական յառաջխաղացքի փորձերը իրենց դիմաց ունէին Իրանի արգելակները, իսկ յարձակումին նախօրեակին, թուրքերն ու ազերիները դարձեալ միացեալ ռազմափորձ կատարեցին Նախիջեւանի մէջ: Եւ ահա հո՛ս է որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի շահերը տեղ մը կը նոյնանան (եւ կ’արժէ հարց տալ, թէ արդեօք Իրանի հասնող հարուածներուն ի տես, պէտք է հրճուի՞նք թէ վտանգուած զգանք…):
Անշո՛ւշտ որ ոեւէ հայ, ոեւէ բանական մարդ, ի՛նչ ազգի ալ պատկանի, չի ցանկար, որ պատերազմը երկարի, սակայն անհիմն չեն մտավախութիւնները, որ անիկա կրնայ երկար տեւել ու բոլոր հետեւանքները այսօր տեսանելի չեն (Ուքրայինայի եւ Կազայի ողբերգութիւնները ծանօթ են): Վաղը փորձ կրնայ ըլլալ այլ ուժեր ներգրաւելու փոթորիկին մէջ (այլուր չյաջողեցաւ, սակայն հոս ալ երաշխիք չկայ):
Արձանագրենք նաեւ, որ մեր այս քննարկումը չկատարեցին այս օրերուն կատարուող արդար եւ բազմաթիւ այլ խորաթափանց, ընդհանրապէս տեղի՛ն քննարկումներուն հակազդելու կամ արձագանգելու մօտեցումով. նման քննակումի կարկինը կարելի է շատ աւելի տարածել, հասնիլ մինչեւ աշխարհամարտեան տարիներ, Իրանի մէջ այլեւայլ թափանցումներու կամ թափանցման փորձերու փուլերը, աւելի առարկայական կերպով գնահատելու համար Իրանի դերն ու հզօրանքները:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
15 Յունիս 2025