Հայկական Գաղութները Միջին Արեւելքի Մէջ. Մարտահրաւէրներ, Հնարաւորութիւններ Եւ Գոյատեւման Ուղիներ
16 Հունիս 2025
1- Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ` պատմական շարունակականութիւն եւ ներկայի անորոշութիւն
Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ կը ներկայացնեն սփիւռքի գոյատեւման եւ փոխակերպման եզակի օրինակ մը` իբրեւ հին, բազմաշերտ եւ միջինարեւելեան հասարակութիւններու յատուկ դիմագիծով սերտօրէն ձեւաւորուած փոքրամասնութիւններ: Այս գաղութները, որոնց ներկայութիւնը ունի դարերու խորք, վերածուած են ոչ միայն մշակութային ինքնութիւն պահողներու, այլեւ` տնտեսական, կրթական եւ երբեմն նաեւ քաղաքական հաւասարակշռութեան բաղադրիչներու: Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Իրանի, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրներու մէջ անոնք ձեւաւորած են ամուր համայնքային ցանցեր, հաստատած` եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ մշակութային կեդրոններ, որոնք երկար ժամանակ ծառայած են որպէս ինքնութեան վերարտադրութեան եւ համայնքային վերակազմաւորման հիմնական կռուաններ:
Սակայն այս շարունակականութեան հիմքերը վերջին տասնամեակներուն խիստ խախտուած են: Տարածաշրջանային լայնածաւալ տատանումները, ինչպէս` Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը, Լիբանանի տնտեսական եւ պետական փլուզումը, Իրաքի ներքին անկայունութիւնը եւ իրանեան համակարգի փակ միջավայրը, նպաստած են թէ՛ գաղութներու հիւծումին եւ թէ՛ զանգուածային արտագաղթի ալիքներու: Այս երեւոյթը չի սահմանափակուիր ֆիզիքական տեղաշարժով, այլ կը յանգի նաեւ քաղաքական ազդեցութեան նուազման, կրթական եւ մշակութային ենթակառուցուածքներու թուլացումին եւ հասարակական մասնակցութեան զգալի նահանջին:
Տեսականօրէն սփիւռքի ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն, որ նմանօրինակ համայնքները պէտք է դիտուին որպէս շարժական, ցանցային եւ բազմակողմանի պատկանելիութեամբ վարուող քաղաքական առարկաներ: Սակայն Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները, հակառակ իրենց պատմական վերապրումի կարողութեան, ներկայիս կը գործեն յատուկ մարտահրաւէրներու պայմաններու մէջ, ուր միաժամանակ գոյութիւն ունին ներքին կազմակերպական տկարացում եւ արտաքին ճնշման աւելացում: Միեւնոյն ժամանակ համայնքներու ներգրաւուածութիւնը տեղական քաղաքական համակարգերու մէջ (օրինակ` լիբանանեան համայնքային համակարգին մէջ գործող հայկական կուսակցութիւններու դերը) ենթադրած է այնպիսի ներգրաւում մը, որ պատմական շարունակականութիւն ապահովելու փոխարէն` երբեմն բերած է ինքնաթելադրման եւ նոր սերունդի հետ կապի խզման:
Հայ համայնքները Միջին Արեւելքի մէջ կը գտնուին փուլի մը մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ միաժամանակ երկու գործընթաց. մէկ կողմէ` բազմասերունդ կայուն ներկայութեան ժառանգութեան պահպանման փորձ, միւս կողմէ` անոր արագ կորուստ: Այս ճնշումը կը ստեղծէ նոր հարցադրում. ինչպէ՞ս կարելի է վերարժեւորել հայկական ներկայութիւնը` իբրեւ ռազմավարական արժէք ոչ միայն ազգային ինքնութեան պահպանման համար, այլեւ` իբրեւ տարածաշրջանային քաղաքացիական արժէքի դրսեւորում:
Միջին Արեւելքը, որուն մէջ տեղի կ՛ունենայ փոքրամասնութիւններու լայնածաւալ վերադասաւորում, այլեւս չի բաւարարուիր պատմական յուշերով: Ան պահանջ կը դնէ արդիական քաղաքական եւ մշակութային ռազմավարութիւններու, որոնք կրնան հայկական ներկայութիւնը վերածել ապագայաբանուած քաղաքականութեան մասի:
2. Հայկական գաղութներու իրավիճակը` վերլուծական մօտեցում
Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու ներկայի իրավիճակը անհրաժեշտ է դիտարկել զանոնք բաղդատելով տարբեր երկիրներու այլ գաղութներու հետ: Տարբեր երկիրներու համայնքներու առկայութիւնը պայմանաւորուած է` յատկապէս տեղական պետական համակարգերու կառուցուածքով, ներքին հակամարտութիւններու բնոյթով եւ համայնքային ինքնակազմակերպման մակարդակով: Այս վերլուծական մօտեցումը կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս նոյն պատմական ու մշակութային ժառանգութիւնը կրող խմբակներ կրնան զարգանալ տարբեր ուղղութիւններով` կախուած հիւրընկալ պետութեան քաղաքական, տնտեսական եւ անվտանգային մթնոլորտէն:
Լիբանանի պարագային, հայկական համայնքը կը ներկայացնէ ոչ միայն տարածաշրջանի, այլեւ համաշխարհային սփիւռքի ամենակազմակերպուած համայնքներէն մէկը: Երեք մեծ քաղաքական կուսակցութիւններու` Դաշնակցութիւն, Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւններու գործունէութիւնը զուգակցուած է լայն կրթական ցանցով եւ եկեղեցական հաստատութիւններով, որոնք դարերէ ի վեր ապահոված են ինքնութեան փոխանցում եւ հասարակական ներգրաւուածութիւն: Այս համայնքը ձեւաւորած է նաեւ համասփիւռքեան քաղաքական օրակարգերու, ներառեալ Հայ դատի համակարգման եւ պետական յարաբերութիւններու միջնորդութեան գործօն ծիր մը: Սակայն վերջին տասնամեակի ընթացքին եւ յատկապէս 2019-էն ետք բռնկած տնտեսական ճգնաժամին, դրամավարկային փլուզման, պետական կառոյցներու կաթուածահարութեան եւ համատարած արտագաղթի պատճառով լիբանանահայ համայնքը կը գտնուի վերարտադրողական ճգնաժամի մէջ: Երիտասարդ սերունդի զանգուածային արտագաղթը, դպրոցներու ֆինանսաւորումի դժուարութիւնները եւ կրթական ու մշակութային նախաձեռնութիւններու շարունակականութեան նկատմամբ աճող անորոշութիւնը խորացուցած են համայնքի ապագայի վերաբերեալ մտահոգութիւնները:
Սուրիոյ մէջ, ուր հալէպահայ գաղութը երկար ժամանակ եղած է տարածաշրջանի կարեւորագոյն հայկական կենսամշակութային գօտիներէն, 2011-ին սկսած քաղաքացիական պատերազմը կործանարար ազդեցութիւն ունեցած է: Համայնքի զգալի մասը բռնի տեղահանուած է, կամ` արտագաղթած, մեծ թիւով շէնքեր, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ քանդուած են, կամ` անգործածելի դարձած: Հակառակ անոր որ որոշ հատուածներ վերադարձած են պատերազմէ ետք եւ` համայնքային վերակառուցման փորձեր ըրած, ընդհանուր վստահութիւնը ապագայի նկատմամբ կը մնայ տկար: Համայնքին ներգրաւուածութիւնը վերածուած է գոյատեւման ռազմավարութեան, ուր գերակայ դեր կը խաղան` միջազգային օժանդակութիւնը, մարդասիրական ցանցերը եւ սահմանափակ ներուժով կրթական վերածրագրաւորումը: Այս համայնքը կը պայքարի ոչ միայն ֆիզիքական վերակառուցման, այլեւ` պատկանելիութեան վերաիմաստաւորման հարցին հետ:
Իրանի պարագային, հայկական համայնքը կը գործէ բոլորովին տարբեր կառուցուածքի մէջ: Այստեղ հայերը ճանչցուած են իբրեւ օրինական կրօնական փոքրամասնութիւն` խորհրդարանական ներկայացուածութեամբ եւ մշակութային-դպրոցական ազատութիւններու սահմանափակ գօտիով: Համայնքը ընդհանուր առմամբ պահպանած է իր դպրոցները, եկեղեցիները եւ բարեսիրական ցանցերը` առանց բացայայտ հետապնդումներու: Սակայն համակարգային հսկողութիւնը, քաղաքացիական ազատութիւններու սահմանափակումը եւ արտաքին աշխարհի հետ կապերու խիստ վերահսկումը սահմանափակած են քաղաքական ու մշակութային զարգացման հնարաւորութիւնները: Այս «կայունութեան սահմանափակուածութիւնը» ստեղծած է փակ մթնոլորտ, ուր համայնքը կը պահպանէ իր ներկան, բայց դժուարութեամբ կը սերմանէ ապագայի զարգացման ծրագիրներ:
Ի վերջոյ, Իրաքի մէջ հայկական գաղութը վերածուած է ցրուած, մասնատուած եւ գործնականօրէն գոյատեւման մակարդակի իջած խմբաւորումի: 2003-ի պատերազմը, հետագայ տարիներուն բռնութիւնները, համայնքային թիրախաւորումները եւ ահաբեկչական յարձակումները հիմնովին կազմալուծած են համայնքային ենթակառուցուածքները: Թէեւ որոշ հայկական հաստատութիւններ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը, յատկապէս` Պաղտատի եւ Պասրայի մէջ, սակայն անոնք ունին զուտ պահպանողական առաքելութիւն եւ կրթական կամ մշակութային զարգացում իրականացնելու կարելիութիւն չունին: Համայնքի անդամներուն մեծ մասը կա՛մ արդէն արտագաղթած է, կա՛մ կը ծրագրէ հեռանալ, որուն պատճառով նոր սերունդին կապը հայկական ինքնութեան հետ զգալիօրէն թուլցած է:
Վերլուծական մօտեցումով կարելի է եզրակացնել, որ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները կը գոյատեւեն չափազանց տարբեր պայմաններու մէջ` անկայունութենէ մինչեւ սահմանափակ կայունութիւն: Սակայն բոլոր պարագաներուն ալ գերակշռող միտումը համայնքային նօսրացումն է, քաղաքական ու կազմակերպական ճկունութեան անկումը եւ ապագայի շուրջ աճող անորոշութիւնը: Այս իրողութիւնը կը պահանջէ վերանայուած ռազմավարութիւն` ներառելով տեղային ինքնակազմակերպման նոր ձեւեր, փոխճնշումներու դիւանագիտութիւն եւ Հայ դատի ռազմավարական հարթութեան վերանորոգուած ըմբռնում` համապատասխան նոր տարածաշրջանային վերաձեւումներուն, ինչ որ մինչեւ օրս հորիզոնի վրայ չենք տեսներ:
3. Գոյատեւման ուղիներ եւ ռազմավարութիւններ
Հայկական համայնքներու կենսունակութեան պահպանումը` քաղաքական անկայունութեան եւ անվտանգութեան սպառնալիքներու առկայութեան պայմաններուն տակ, կ՛ենթադրէ բազմաշերտ, առաւելապէս ինքնակառավարուող եւ տարածաշրջանային վիճակներուն համապատասխանեցուած ռազմավարութիւններու կիրարկում: Այս բաժինը կը ճշդէ չորս հիմնական ուղղութիւններ, որոնք կրնան նպաստել համայնքներու վերակազմաւորման եւ շարունակական զարգացման:
ա) Կրթական ենթակառոյցներու պահպանման եւ արդիականացման անհրաժեշտութիւն
Կրթութիւնը կը հանդիսանայ ոչ միայն լեզուական ու մշակութային ինքնութեան փոխանցման միջոց, այլեւ` համայնքային վերարտադրութեան հիմք: Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարժարանային համակարգը, մասնաւորաբար` Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, երկար տարիներու ընթացքին ձեւաւորած է լուրջ դեր` համայնքի կաղապարող բնոյթի, հասարակական վերելքի եւ հայեցի դաստիարակութեան համակարգին մէջ:
Սակայն վերջին տարիներուն տնտեսական ճգնաժամերու եւ ներգաղթի պատճառով այդ դպրոցները կանգնած են ֆինանսական եւ մարդուժի սպառման վտանգին առաջ: Այս պարագային առաջնահերթ է`
– Ճկուն դպրոցական ծրագրերու կիրարկում,
– Մասնագիտացած պատասխանատուներ,
– Ուսուցչակազմի վերապատրաստում` արդի մանկավարժական մօտեցումներով,
– Համայնքային եւ սփիւռքեան վաստակաշատ դերակատարներու մասնակցութիւնը (օրինակ` Հայկազեան համալսարանի, կամ սփիւռքի կրթական հիմնարկներու միջեւ փոխգործակցութիւն),
– Տեղական եւ միջազգային դրամաշնորհներու համադրուած օգտագործում:
բ) Հայ դատի տեղայնացում եւ քաղաքական ռազմավարականացում
Հայ դատը Միջին Արեւելքի մէջ պէտք է անցնի բացառապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն դէպի ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարթակ: Այլ խօսքով, Հայ դատը պէտք է սերտօրէն կապուի տեղական քաղաքական հոլովոյթներուն հետ եւ ձեւաւորուի որպէս համայնքային իրաւունքի եւ ներկայութեան պահանջի մեքանիզմ:
Օրինակ`
– Սուրիոյ մէջ Հայ դատը կրնայ ընդգծել փոքրամասնութիւններու ինքնավարութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը:
– Իրանի մէջ կրնայ յղուիլ կրօնական փոքրամասնութիւններու կրթական եւ լեզուական իրաւունքներու խթանման:
– Լիբանանի մէջ նոյն ձեւերու մասին ցարդ կարելի չէ խօսիլ` նկատի առած Լիբանանի համայնքային դրութիւնը եւ լիբանանահայութեան վայելած քաղաքական ներկայացուցչութիւնը:
Այս տրամաբանութեամբ, Հայ դատը կը վերածուի քաղաքական միջամտութեան մեքանիզմի` հիմնուած մարդկային իրաւունքներու, բազմազանութեան արժէքներու եւ քաղաքացիական ներկայացուածութեան վրայ:
գ) Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն եւ կիրառական հաւաքականութիւն
Հայկական մշակութային գոյքերը` եկեղեցիներ, վարժարաններ, գերեզմանատուներ եւ թանգարաններ, ոչ միայն համայնքային ինքնութեան վկայութիւն են, այլեւ ապացոյցներ` համայնքի հարազատութեան եւ պատմական շարունակականութեան:
Այս ժառանգութիւնը վտանգուած է`
– Քաղաքացիական պատերազմի պատճառով (Հալէպ, Գամիշլի, Տէր Զօր եւ այլն),
– Քաղաքաշինական ճնշումներու պատճառով (Պէյրութի մէջ թաղամասերու շինարարական ճնշումներ),
– Ներհամայնքային անտարբերութեան եւ հոգածութեան բացակայութեան պատճառով:
Այս պարագային, անհրաժեշտ է ստեղծել մասնագիտացած կառոյցներ` հայկական մշակութային ժառանգութեան վաւերագրման, վերանորոգման եւ հանրայնացման նպատակով: Այդ աշխատանքը կրնայ կատարուիլ համագործակցաբար միջազգային կառոյցներու, օրինակ` UNESCO, ICCROM (International Centre for the Study of the Preservation and Restoration of Cultural Property) եւ այլ նմանօրինակ կառոյցներ:
դ) Երիտասարդ սերունդի ներգրաւում եւ հայրենակցական կապերու վերաշինում
Տարածաշրջանի հայ երիտասարդութեան մեծ մասը կը դիմէ արտագաղթի: Սակայն շատերու համար կապը համայնքի, հայ մշակոյթի կամ ազգային ինքնութեան հետ կը մարի, որովհետեւ բացակայ է սփիւռք-համայնք-Հայաստան կապը:
Այս պարագային անհրաժեշտ են`
– Երիտասարդական ներգրաւման ծրագրեր, ինչպէս` AGBU-ի «Աբողջական քաղաքացի» կամ Birthright Armenia-ի մասնաճիւղեր Միջին Արեւելքի հայերու համար,
– Բազմապատկել մշակութային ճամբարներ եւ ամառնային դասընթացքներ (որոնք տեղի կրնան ունենալ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ),
– Տեղական երիտասարդական ակումբներու քաղաքական եւ մշակութային հարթակներու ընդլայնում,
– Ենթակառուցուածքային աջակցութիւն` IT, արդիական կրթութեան ձեւեր:
4. Հայ դատի մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները տարածաշրջանային մակարդակով
Հայ դատը` իբրեւ հայութեան քաղաքական պահանջատիրութեան առանցք, Միջին Արեւելքի մէջ կը դիմագրաւէ հետեւեալ մարտահրաւէրները, սակայն միաժամանակ կը ներկայանայ որպէս ռազմավարական հնարաւորութիւն:
Մարտահրաւէրներ
1. Տարածաշրջանային պետութիւններու շահերի առաջնահերթութիւնը արդարութեան նկատմամբ:
Օրինակ` Թուրքիոյ հետ տնտեսական ու անվտանգութեան յարաբերութիւնները յաճախ կը վերածուին հայութեան պատմական պահանջներու անտեսման կամ չէզոքացման քաղաքականութեան: Այս կը նկատուի յատկապէս Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ նոյնիսկ Լիբանանի պարագային:
2. Հայկական համայնքներու թոյլ կազմակերպուածութիւնը եւ գաղթը:
Անգործութեան պատճառով բացակայ է համահունչ եւ բանիմաց քաղաքացիական հզօրութիւն մը, որ կրնայ շարունակել Հայ դատի քաղաքական ճնշումի արշաւը:
3. Ճշդուած եւ համադրուած ռազմավարութեան բացակայութիւն:
Շրջանի համայնքներու միջեւ քիչ կան համադրող մեքանիզմներ` տեղեկատուական, դիւանագիտական եւ լրատուամիջոցային մակարդակներով:
Հնարաւորութիւններ
1. Հայ դատի ընդլայնումը մարդու իրաւունքներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու օրակարգին մէջ:
Այս մօտեցումը կրնայ ապահովել, որ Հայ դատը միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ չկեդրոնանայ, այլ դառնայ արդի օրակարգի մաս` համահունչ միջազգային իրաւունքի եւ սահմանադրական բազմազանութեան արժէքներուն:
2. Տեղական եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւն` այլ փոքրամասնութիւններու հետ (ասորիներ, յոյներ, քիւրտեր):
Հայ դատը կրնայ վերածուիլ համախոհական ցանցի` իբրեւ փոքրամասնութիւններու համերաշխութեան օրակարգ, զուգահեռ` միջազգային լսարանի կողմէ աջակցութեան ձգձգում:
3. Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նոր ձեւերու հիմնում:
Հայաստան կրնայ դեր ստանձնել` իբրեւ դիւանագիտական եւ մշակութային օրէնսդիր ուժ, որ կը վերագնահատէ համայնքներու կարիքները եւ կապը պետութեան հետ` փորձելով համադրուած Հայ դատ մոտել մը ներկայացնել:
Եզրակացութիւն
Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ կը գտնուին պատմական իրադարձութիւններով ճնշուած եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներով սահմանափակուած գոյաբանական շրջագիծի մէջ: Ներկայ պայմաններուն մէջ անոնց գոյատեւման միակ ուղին կը թուի ըլլալ աշխուժ, ինքնակազմակերպուած, բազմամակարդակ եւ արտաքին քաղաքական ու դիւանագիտական զօրակցութեամբ համադրուած ռազմավարութիւններու որդեգրումը:
Հայ դատը եւ համայնքային գործունէութիւնը պէտք է դուրս բերուին խորհրդանշական շրջապատէ եւ տեղայնացուին` դառնալով կենսական հարց` թէ՛ ինքնութեան պահպանման, թէ՛ արդարութեան վերականգնումի եւ թէ՛ շրջանային կայունութեան նպաստելու իմաստով:
ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Ազդակ