ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Տեղի ունեցաւ Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացումը

11 Հուլիս 2025

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին, ուրբաթ, 4 յուլիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Զալքայի ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գարեգին Նժդեհի կիսանդրիի բացումը:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:

Բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Ադամեան, որ նշեց, թէ նման նախաձեռնութիւն մը ոչ միայն կը միտի փառաբանել պանծալի հայորդի ու մեծ ֆետայի Գարեգին Նժդեհին, այլ նաեւ առիթ է նոր սերունդներուն մէջ վառ պահել անոր ազգասիրութեան եւ հայրենիքի համար զոհողութեան ոգին: Ներկայացնելով Նժդեհի կենսագրական հիմնական գիծերը` ան յայտնեց, որ յեղափոխական, մարտիկ, պետական գործիչ, գրող եւ փիլիսոփայ Նժդեհի հիմնադրած «Ցեղակրօնութիւն» գաղափարախօսութիւնը դարձաւ հոգեւոր զօրացման աղբիւր, իսկ իր պայքարը` հայրենասիրութեան ճշմարիտ օրինակ: Վերյիշեցնելով, որ Գարեգին Նժդեհ ըսած է` «Մեր գործին հսկայութիւնն ու վեհութիւնը կը պահանջեն հերոսներու տրամաբանութիւն», Ս. Ադամեան հաստատեց, որ այսօր, աւելի քան երբեւէ, կարիքն ունինք այդ տրամաբանութեան եւ ոգիին: Ան մաղթեց, որ Նժդեհի կիսանդրին ըլլայ լուռ վկան իր աղմկալի հոգիին ու շարունակէ մեզ առաջնորդել դէպի միութիւն, արդարութիւն եւ ազատութիւն` հրամայական նկատելով Նժդեհի լուռ ներկայութիւնը պահպանել եւ շարունակել անոր ուղիով ընթանալ:

Ապա հրաւիրեց բարերար Յակոբ Լօշխաճեանը եւ շրջանի կոմիտէութեան կրտսերագոյն ընկերը` Նժդեհ Մենկիշեանը, որպէսզի կիսանդրին ծածկող քողը հանեն:

Գեղարուեստական բաժինով Նայիրի Ղազարեան եւ Արմէն Մխճեան թաւջութակի վրայ ներկայացուցին «Հապրպան» (մշակում` Ալեքսանտր Ջաւուշի) եւ «German minutes» կտորները:

Անկէ ետք խօսք առաւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գրիգոր Հաշէօլեան, որ ընդգծեց Նժդեհի բացառիկ տեղը մեր պատմութեան մէջ` իբրեւ անմար հոգիի, անվախ պայքարի եւ նուիրումի խորհրդանիշի: Ան ներկայացուց կոմիտէին նախաձեռնած երկու ծրագիրները. նախ` Նժդեհի «Որդիներու պայքարը հայրերի դէմ» գիրքի վերահրատարակութիւնը, որմէ 1500 օրինակ տրամադրուեցաւ հայկական վարժարաններ յաճախող 10-րդ, 11-րդ, 12-րդ կարգերու աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ` հայոց լեզուի եւ Հայոց պատմութեան դասատու ուսուցիչներուն: Երկրորդը Նժդեհի կիսանդրիին զետեղումն է` շնորհիւ բարերար Յակոբ Լօշխաճեանի կատարած մեկենասութեան եւ քանդակագործ Վարդան Աւեսեանի տաղանդին: Հաշէօլեան շեշտեց, որ այս կիսանդրին պիտի դառնայ ոչ միայն Նժդեհի ֆիզիքական ներկայութիւնը ակումբին մէջ, այլ նաեւ յաւերժ պատգամ` պայքարի, ինքնութեան պահպանման եւ արժէքներու պաշտպանութեան: «Նժդեհի անունը չի սահմանափակուիր պատմութեան էջերով, ան մեզի համար մնայուն պատգամ է` տոկալու, պայքարելու եւ հաւատարիմ մնալու մեր արմատներուն, հերոսներուն, նահատակներուն, հողին, ազգային եւ պատմական յիշողութեան», ըսաւ ան` յիշեցնելով, որ Նժդեհի` «Ով հայ է, պարտաւոր է ապրել եւ պայքարել հայութեան համար» խօսքը մինչեւ այսօր կը հնչէ իբրեւ ուղեցոյց նոր սերունդներուն` հասկնալու ներկան եւ կերտելու ապագան:

Գ. Հաշէօլեան շեշտեց, որ կիսանդրիի բացումով մենք կը վերանորոգենք մեր ուխտը` սերունդէ սերունդ փոխանցելու Նժդեհի ոգին եւ պատգամները: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Յակոբ Լօշխաճեանին` անոր ազնիւ մեկենասութեան համար, ինչպէս նաեւ` քանդակագործ Վարդան Աւեսեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այդ նախաձեռնութեան իրականացման: «Թող Նժդեհի կիսանդրին ըլլայ ապրող կոչ մը, խօսուն պատգամ մը` չմոռնալու, չզիջելու եւ չդադրելու պայքարելէ, որովհետեւ` «յաղթում է ուժեղը եւ ոչ արդարը», եզրափակեց ան:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով Հայկ Քէշիշեան (շուի) եւ Նարեկ Քէշիշեան (տհոլ) մեկնաբանեցին «Արազի ափին» եւ «Գիշեր ու ցերեկ դու էլ քուն չունես» մեղեդիները:

Օրուան պատգամը յղեց «Ազդակ»-ի ընդհանուր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որ կարեւոր նկատեց ներկայ պայմաններուն մէջ Գարեգին Նժդեհի կենսագործունէութեան առանցքային բաժիններու արժեւորումն եւ խորքային մեկնաբանութիւնը` իբրեւ մեր ազգային-պետական ուղեգիծի վերաիմաստաւորման հիմնական ազդակ:

Ան շեշտեց, որ Նժդեհի ապրած եւ գործած օրերուն դրութիւնները շատ նման են այսօրուան իրավիճակին: Թէ՛ արտաքին սպառնալիքներու բազմապատկումը, թէ՛ ներքին կառավարման թուլացումը եւ մանաւանդ ազգային արժեհամակարգի նահանջը Նժդեհի պատգամները կը դարձնեն ոչ միայն այժմէական, այլ` անհերքելի ուղեցոյց:

Գանտահարեան ընդգծեց, որ Լեռնահայաստանի գոյամարտով Նժդեհը ոչ միայն փրկեց Սիւնիքի հայկականութիւնը, այլ արգելակեց նաեւ «Մեծն Թուրանի» ձեւաւորման ճամբան, դիտել տալով, որ Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան նկատմամբ այսօր նոյնպէս ցուցաբերուող յայտնի դիւանագիտական աշխուժութիւնը, հիւպատոսութիւններու բացումը, միջանցքի ծրագիրի իրականացումը վկայ են, որ այդ ճակատը դեռ փակուած չէ:

Ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ կայ փորձը Նժդեհի կերպարը Դաշնակցութեան հակադրելու, բայց եւ այնպէս, պատմութիւնը բազմաթիւ փաստերով կը հաստատէ, որ Նժդեհը գործուղողը ու անոր հետ մնայուն կապի մէջ եղողը Դաշնակցութիւնն էր: Այս մէկը հաստատելու համար բանախօսը յիշեց Նժդեհի հետեւեալ միտքը, «Դաշնակցութիւնը մեր կեանքին մէջ ոչ թէ հասարակագիտական սոսկ երեւոյթ է, այլ ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի` բարոյական յեղափոխութիւն: Դաշնակցական եմ, այդ ըսել է այլեւս եսաթափ եղած` կ՛առաջնորդուիմ ներցեղային բարոյականով. իմ կեանքս պիտի ըլլայ` ազգախոհ նուիրում եւ անձանձիր ծառայութիւն իմ ցեղիս, կուսակցութեանս միջոցով»:

Բանախօսը վերյիշեցուց Նժդեհի այն հաստատումը, որ` «Առանց Սիւնիքի ու Արցախի, առանց Հայաստանի աշխարհագրական ուժեղ ողնաշարի, հայրենիք գոյութիւն ունենալ չի կարող. չպահեցինք դրանք, մահն էլ մեզ չի փրկի», ու ըսաւ. «Հիմա չկայ Արցախը: Մնացած է Սիւնիքը, Նժդեհի փրկած Սիւնիքը, որուն պահպանումէն կախեալ է Հայաստանի Հանրապետութեան` իբրեւ գերիշխան պետութեան գոյութիւնը: Սիւնիքի կռիւը յատկանշուած էր նաեւ հոգեւորական դասի մասնակցութեամբ: Նժդեհ գիտակցած էր, որ հոգեւոր ղեկավարութեան հետ համատեղումն ու համագործակցութիւնը մեր լինելութեան պայքարի կարեւորագոյն պայմաններէն էին:

«Նժդեհէն ժառանգ մնացած այս կարեւորագոյն տարածքը հայաստանեան պահելը Նժդեհի համար կեանքի նպատակ էր, որուն կենսագործման համար ան իր բոլոր ուժերու լարումով յաջողեցաւ համախմբել Լեռնահայաստանի ժողովուրդը, կռիւներ մղել թէ՛ թուրքերուն եւ թէ՛ պոլշեւիկներուն դէմ: Յաջողեցաւ յաղթել, նոյնիսկ խորհրդայնացումէն ետք, որոշ ժամանակի համար ազատ Սիւնիք հռչակել, կառավարել շրջանն ու ժողովուրդը եւ Հայաստանին կցուած պահել աշխարհագրական ողնաշարը մեր հայրենիքին:

«Ողնաշարին ձիգ եւ յաղթական մնալուն համար, սակայն, հայութիւնը ամբողջ պէտք ունի Նժդեհի ոգիով համախմբուող ժողովուրդի: Նժդեհի գաղափարները իրականութիւն դարձնող կառավարութեան եւ պետական համակարգի»:

Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ այսօր Հայաստանի մէջ այլ երեւոյթներ եւ գործընթացներ կը տեսնենք: Կը հրաժարին Արցախէն, տեղի կու տան թշնամիի պահանջներուն, պատրաստակամութիւն կը յայտնեն սահմանադրութիւն փոխելու եւ Անկախութեան հռչակագիրի հիմնադրոյթներէն հրաժարելու: Օրինակ չեն առներ միաժամանակ թէ՛ թրքական եւ թէ՛ պոլշեւիկեան բանակներուն դէմ դրած եւ Սիւնիքը ազատ ու անկախ պահած Նժդեհէն: Անոնք անհաղորդ են Նժդեհի ոգիին», նշեց ան: Բանախօսը հաստատեց, որ Նժդեհ հայու ցեղի ազնուագոյն յատկանիշները նկատած էր Մամիկոնեան տոհմին մէջ, որ ինքնութեան եւ անկախութեան պատերազմները մղած էր համատեղելով ռազմական, քաղաքական եւ հոգեւորական ուժերը:

Բանախօսը առանձնայատուկ կերպով արժեւորեց հոգեւորականութեան մասնակցութիւնը Սիւնիքի կռիւներուն եւ Տաթեւի պաշտպանութեան: Նժդեհ յստակ գիտակցած էր, որ եկեղեցական-զինուորական միասնութիւնն էր, որ փրկեց հայրենիքը` Արտաշատի ժողովը, որմէ մենք այսօր շեղած ենք:

Գանտահարեան կոչ ուղղեց, որ Նժդեհի գաղափարներուն հիման վրայ ձեւաւորուի նոր նժդեհականութիւն` ազգային վերականգնումի ծրագիրով, քաղաքական-եկեղեցական համերաշխութեամբ եւ Սիւնիքին տէր կանգնելու վճռակամութեամբ, քանի որ հայրենիքը այսօր դարձեալ պաշտպանութեան կարիքը ունի:

Խօսքը եզրափակելով` Շահան Գանտահարեան ընդգծեց, որ Նժդեհի արժէքներու խորութեան թափանցած ոեւէ անհատ կամ ոեւէ իշխանութիւն չի կրնար Արաքսի միւս ափը հայրենիք չհամարել, յաղթանակած ըլլալու գաղափարը չի կրնար իր կեանքի ուղեգիրին չվերածել եւ Սիւնիքի յաղթական դրօշակին յաւերժական ծածանումին իր հայեացքը սեւեռած չպահել, չի կրնար հրաժարիլ հայ լեզուն իր ցեղին ու ինքնութեան կարեւորագոյն բաղադրիչը ըլլալու սկզբունքէն:

«Իր անունը կրող ժողովրդային այս տան ամէն մէկ բնակիչ եւ ամէն մէկ այցելու պարտի ուղիղ նայիլ անոր կիսանդրիին, փորձէ թափանցել անոր դարերու վրայ երկարող ժամանակները եւ կարդալ անոր խրոխտ ու անպարտելի հոգիին մէջ ամրագրուած, հայերէնով քանդակուած իւրաքանչիւր բառն ու տառը: Նժդեհը մեր ազգի ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ փրկեց Սիւնիքը եւ այդ ճամբով` հայրենիքը: Հիմա իր գաղափարներն են, որոնք կրնան մեզ ազգովին դուրս բերել այսօրուան ճահիճէն` վերստին հաւատալու համար յաղթանակին», շեշտեց բանախօսը, եզրափակելով, որ մեր աշխատանքէն կախեալ է Նժդեհի նայուածքին յանդիմանակա՞ն, թէ՞ գոհունակ ըլլալը:

Լօշխաճեան ընտանիքին կողմէ խօսք առաւ Շանթ Լօշխաճեան, որ յայտնեց, թէ մեծ պատիւ մըն է իր ընտանիքին համար ներկայ գտնուիլ այսքան խորհրդանշական քանդակի բացման արարողութեան: Ան նշեց, որ իր դպրոցին եւ միութեան մէջ մեծցած է Գարեգին Նժդեհի նմաններուն ոգիով եւ անոնց մասին ստեղծուած երգերով` շեշտելով, որ արձանը ոչ միայն պատմական յարգանքի արտայայտութիւն մըն է, այլ նաեւ յանձնառութեան ու հաւատարմութեան նշան` ուղղուած սերունդներուն:

Ան նաեւ յիշատակեց իրենց մեծ հայրը` հանգուցեալ Յովհաննէս Տօնիկեանը, որ երկար տարիներ նուիրուած էր նոյն այս կոմիտէի աշխատանքներուն: «Այս օրուան մասնակցութիւնը նաեւ անոր յիշատակը վառ պահելու քայլ մըն է», ընդգծեց ան:

Շանթ Լօշխաճեան սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց նախաձեռնութիւնը իրականացուցած կազմակերպիչներուն եւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ իր հօրը` Յակոբ Լօշխաճեանին, որ աջակցեցաւ իր գաղափարին ու միասնաբար դարձուցին զայն իրականութիւն: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ քանդակագործ Վարդան Աւեսեանին` այս գեղեցիկ քանդակին համար: Ան շեշտեց, որ ակումբին մէջ այս արձանը միշտ պիտի յիշեցնէ Գարեգին Նժդեհի գաղափարներն ու խօսքերը, որոնցմէ մէկը արդէն կը տեսնենք:

«Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին կողմէն, առ ի գնահատանք բարեսիրական գործունէութեան, բարերար Յակոբ Լօշխաճեանին յանձնեց յուշանուէր մը:

Ապա գեղարուեստական վերջին բաժինով հանդէս եկաւ Համազգայինի սենեկային նուագախումբը, որուն մաս կը կազմեն ջութակահարներ` Ծաւի Թորիկեան, Կալի Թորիկեան եւ Սելին Վարդանեան, կիթառահարներ` Ժան Փիեր Վարդանեան, Սարգիս Եթէրեան եւ Հրակ Մոմճեան, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Մկրտիչ Միքայէլեանի:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր»-ով:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ՀՅԴ ՀԵՄ բողոքի ակցիան՝ ի պաշտպանությո

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության Երիտասարդական միության անդամները այսօր՝ հուլիսի

11 Հուլիս 2025
ՀՀ իշխանությունը ջղաձգվում է, երբ արտա

«Բոլորի համար այլևս ակնհայտ է, և՛ Հայաստանի ներսում, և՛ դրսում, որ այն, ինչ իր

11 Հուլիս 2025
ՀՅԴ ՀԵՄ հայտարարությունը. Դատապարտում

Վերջին օրերին մենք ականատեսն ենք լինում Դաշնակցության և ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասար

11 Հուլիս 2025
Տեղի ունեցաւ Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին, ուրբաթ, 4 յուլիս 2025-ին, երեկո

11 Հուլիս 2025
Մենք պայքարել ենք, պայքարում ենք և պայ

«Անընդհատ որ գոռում են՝ «մեզ ուզում են գյուլեն, սպանեն», վստահեցնում եմ՝ իրենք

11 Հուլիս 2025
Նիկոլական զազրելի ու տգետ ողջ քարոզչակ

Իրավապահների այսօրվա «գործողությունները» Փաշինյանի՝ խորհրդարանում հնչեցրած «սա

10 Հուլիս 2025
Վարչախումբը քաղաքական հետապնդում է իրա

Այսօր վաղ առավոտից՝ օրվա տարբեր ժամերին ՀՅԴ անդամների տներում իրականացվել են խ

10 Հուլիս 2025
ՀՅԴ ՀԵՄ. Դատապարտում ենք յուրաքանչյուր

Հրապարակում ենք հոլովակ, որտեղ արդեն տարիներ շարունակ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի կողմից իրականա

10 Հուլիս 2025
Մեզ լռեցնել չեն կարող

Իշխանական ռեպրեսիաներն ու իրավական «մասկի շոուները» Հայաստանում շարունակվում ե

10 Հուլիս 2025
Խուզարկություններ՝ ՀՅԴ անդամների տներ

Վաղ առավոտից ուժային կառույցները կրկին ներխուժել են ՀՅԴ անդամների տներ։ Այս պա

10 Հուլիս 2025
ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ

10 Հուլիս 2025
Իշխանության քաղաքական տեռորի ալիքը բար

Էրդողանից մինչև Ալիև․ կոնկրետ արդյունքներ։ Հունիսի 20-ին, Փաշինյանն աշխատան

10 Հուլիս 2025
Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստ

Գահիրէի մէջ մեծ շուքով նշուեցան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 107-րդ

10 Հուլիս 2025
ՀՅԴ ներկայացուցիչները Մոսկվայում քննար

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ պատգամավոր Արմեն Ռուստամյանն ու ՀՅԴ Հայաստան

09 Հուլիս 2025
Արցախահայության վերադարձի իրավունքի իր

ԱՄՆ Կոնգրեսում, հուլիսի 8-ին, անցկացվել է կոնգրեսական բրիֆինգ՝ նվիրված բռնի տե

09 Հուլիս 2025
Բռնապետն անցել է վայրագությունների նոր

Երկու շաբաթ է՝ բռնապետն անցել է վայրագությունների նոր փուլի։ Արշավ է Մայր Աթո

09 Հուլիս 2025
Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի արտասանուած խօ

09 Հուլիս 2025
Ըմբշամարտի փոխարէն Հերոսամարտ

«Նախանձը վիրաւորանք կը պատճառէ կեղծ ու շեղող մեղադրանքներու ճամբով, այսինքն զր

09 Հուլիս 2025
Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Երկուշաբթի, 7 յուլիսի առաւօտուն Փաշինեան հերթական գրառումով թելադրանք կատարեց

09 Հուլիս 2025
Ազգային իշխանութեան նախաձեռնութեամբ. Լ

«ԱԼԻՔ», Կ. Դ. – Թ. Հ. Թ. Պատգամաւորական ժողովի եւ Թեմական խորհրդի նախաձեռնութ

09 Հուլիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company