Բացայայտ ոճիրը դրժելի չէ
23 Օգոստոս 2025
ՄԱԿը եւ բազմատասնեակ երկիրներ կ’աղաղակեն. Կազայի բնակիչներուն վիճակը անտանելի, Իսրայէլ մահ ու աւեր կը սփռէ, բանակին նորագոյն յարձակողականը սովի մատնած է աւելի քան կէս միլիոն մարդ, թիւը շուտով կրնայ բարձրանալ, սովահարներուն մէջ մեծ է թիւը մանուկներու, կիներու եւ անկարութեան մատնուածներու: Զոհերուն ընդհանուր թիւը բարձրացած է 62 հազարէն վեր: Փաստերը՝ պաշտօնական տեղեկագիրներու, լուսանկարներու եւ տեսագրութիւններու մէկտեղումը կրնայ ստեղծել Մովսէս մարգարէի մագլցած՝ Սինա լեռէն աւելի բարձր գագաթ մը…
«Սո՛ւտ էք», կը պատասխանեն Իսրայէլի վարչապետներն ու կառավարութեան ջարդարար նախարարները, բանակի հրամանատարները, ու կը հաւաստեն, որ Կազայի մէջ սով չկայ. քիչ կը մնայ որ ըսեն՝ ամէն բան կարգին է, մարդիկ ուտելէ կը ճաթին: Կը կրկնեն ու կը կրկնեն շատո՜նց մաշած ձայնապնակը, թէ՝ «Համաս»ի վերջնական խորտակումը նախապայման է զինադուլի ու խաղաղութեան, կը մերժեն «Համաս»ի կողմէ բաւական զիչում ընդունող՝ զինադուլի համաձայնագիրի մը նախագիծը, պատին զարնելով նա՛եւ իրենց բարեկամ հռչակուած արաբական այն երկիրները՝ որոնք միջնորդի դեր կը խաղան: Չխօսինք արաբական աշխարհը ողողած ստրկամտութեան մասին…
Աշխարհի աչքին առջեւ տեղի կ’ունենայ ՊԵՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐՈՒՄՈՎ նոր ցեղասպանութիւն մը, ոճրախումբի մը կողմէ՝ որ… ցեղասպանական արարքի մը զոհերուն ժառանգորդն է: Հիթլէրն ու սութլաններ, նա՛եւ իթթահատականներ ու… ալիեւակերտ Ազրպէյճանի վարիչները կը տեսնեն, որ Նեթանիահու եւ գործակիցները իրենց հետ մրցումի ելած են, իսկ աշխարհն ալ իր անողնայար եւ անգործնական դատապարտումներով, կը մրցակցի Հայոց Ցեղասպանութեան ու Արցախի բռնագրաւման նկատմամբ արձակուած՝ ի՛ր իսկ սնամէջ դատապարտանքներուն հետ: Դատապարտանքի եւ բողոքի ալիքին միացած են մինչեւ իսկ իսրայէլացի զանգուածներ՝ նոյնինքն Իսրաէյլի մէջ ու աշխարհի չորս ծագերուն, կը բարձրաձայնեն որ անիմաստ դարձած են պարզապէս ցեղասպանական ոճիրին թղթածրարը ստուարացնող յարձակումները, օգնութեան փութացողներուն դէմ արգելքներ դնողները…
Իրողապէս անտարբեր է նաեւ… Արեւտմեան Ափի պաղեստինեան իշխանութիւնը, որուն աչքերուն առջեւ իր գօտիին մէջ նոր հողեր կը խլուին իսրայէլացի ծայրայեղականներու կողմէ, նո՛յն կառավարութեան կողմէ մշակուած երկարաշունչ ծրագիրներու հիմամբ: Մարդիկը չեն ծածկեր, որ պաղեստինեան պետութեան ծրագիրը պիտի թաղեն, ինչպէս որ Ալիեւ եւ Փաշինեան կը թաղեն Արցախի հարցը…
Դատապարտողներու բեմէն կը բացակային Միացեալ Նահանգներ եւ այլ «հերոսներ», որոնք կը խօսին խաղաղութեան, ժողովուրդներու իրաւունքներու եւ այլ վսեմ բաներու մասին. գործնապէս, անոնք կը մնան ոճիրները քաջալերողներ, ցեղասպաններուն մեղսակիցներ, որովհետեւ որեւէ դատարանի մէջ, ամէնէն տարրական օրէնքն իսկ կ’ըսէ, որ ոճրագործին ձեռքը զէնք դնողը նոյնքան մեղաւոր է:
***
Նեթանիահուի ոճիրներուն «վաստակ»ին դիմաց, Նոպէլեան մրցանակի հասնելու Թրամփի ախորժակը կը մնայ բաց, դատապարտողնե՛րն իսկ ակնարկութիւն չեն ըներ, թէ իր ծանօթ կեցուածքով, ան արժանի չէ որեւէ մրցանակի: Ի դէպ, խաղաղասիրութեան անոր ուռեցուցած փուչիկը այլապէս կ’ասեղուի, ի տես Ուքրանիոյ պատերազմին սաստկացման: Փութին-Թրամփ հանդիպումը կարծէք թէ յաւելեալ թափ տուած է պատերազմին, դարձեալ հրապարակ եկած է «ռուսական աննախընթաց յարձկում, ռմբակոծում» յանկերգը, որուն դիմաց, Փութին-Զելենսքի հանդիպումի մը հեռանկարը կը կորսուի ռազմադաշտերէն ու փոխադարձաբար ռմբակոծուող շէներէն բարձրացող ծուխերուն մէջ: Աւելին, ուքրանացիները կը հպարտանան, որ քանի մը հազար քիլոմեթր հասողութեամբ նոր հրթիռ հնարած են, Թրամփ կը խոստանայ ամերիկեան նոր զէնքեր հասցնել Ուքրանիա, յստակացնելով եւ յիշեցնելով, որ փոխարժէքը պէտք է վճարեն ՆԱԹՕ-ի դաշնակից եւրոպացիները: ՆԱԹՕ-ն ալ իր ստրկական հաւատարմութիւնը կը վերահաստատէ՝ իր ընդհանուր քարտուղարը Զելենսքիին քով ղրկելով:
Եւ… ջարդերը կը շարունակուին ամէն տեղ, առատօրէն հնձելով անմեղներ ու աւեր տարածելով ամէնուրեք:
***
Ոճիրներով ու խաղաղութեան յոյսերը խորտակող արարքներով ձեւաւորուած այս խորապատկերին դիմաց, կան բազմաթիւ «մանրուքներ», որոնք ուսանելի են եւ ունին որոշ թելադրանքներ, ցոյց կու տան աշխարհը ղեկավարելու դերը խաղացողներուն անլրջութիւնը, ծանծաղամտութիւնն ու խամաճիկի հանգամանքը:
Մանրուքներէն մէկը կը կոչուի Ճոն Պոլթըն, ամերիկացի հանրապետական նախագահներու «վաստակաշատ» խորհրդականը, որ համբաւ շահած է իր ծայրայեղականի եւ քաղաքական ուղղամտութիւնը խորտակողի ընթացքով: Ան հիմա հալածանքի կ’ենթադարկուի վարչախումբի մը կողմէ, որուն մէկ կարեւոր պտուտակն էր երէկ: Թրամփ կ’ըսէ, թէ ինք տեղեակ չէ անոր բնակարանն ու գրասենեակը խուզարկելու որոշումէն (իսկ Թրամփի ստախօսութիւնը նոր փաստերու չի կարօտիր), այլ խօսքով, կը ծախէ իր երէկի բարեկամն ու կամակատարը, որովհետեւ ան տեղ մը անհաշտ կեցուածք ցուցաբերած է պոսին հանդէպ: Կը հետապնդուի՝ որովհետեւ 5 տարի առաջ, 2020-ին իր հրատարակած յուշագրական հատորին մէջ, կարգ մը «անախորժ» բացայայտումներ ըրած է. եւ իշխանութիւնը 5 տարի ետք է որ հասկցած է եղածը…: (Հայաստանի մէջ ալ նոյնը չե՞ն ըներ: Մէկուն տարիներ առաջ ունեցած մէկ արտայայտութիւնը կը խեղաթիւրեն ու մատի փաթթոց կը դարձնեն, դատարան-բանտ կը տանին): Սա այն Պոլթընն է, Փաշինեանի օրով ամերիկացի առաջին ծիծեռնակը, որ Երեւան գալով՝ յանձնարարեց Իրանէն հեռանալ ու խզիլ։
Հիմա զայն հետապնդող Թրամփը կ’աշխատի իրականացնել այդ յանձնարարականը: Այլ մանրուք մը. սա այն Թրամփն է, որ Փաշինեան-Ալիեւ «հաշտութեան» կնքահայրութիւնը յանձն առաւ, խաղաղութեան դարաշրջանի բացումը աւետեց երկու երկիրներու միջեւ, որոնց անուններն իսկ չի յիշեր հազիւ 10 օր ետք, Ազրպէյճանը կ’արտասանէ խեղաթիւրուած ձեւով, իսկ Հայաստանը կը վերածէ Ալպանիայի: Սա այն Թրամփն է, վերջապէս, որ երէկուան իր սերտ գործակիցներն ու կամակատարները կը «ծախէ» մէկ օրէն միւսը, նոյնը կ’ընէ դաշնակիցի ու պատերազմի մէջ նետուող կամակատարի (Ուքրանիա), վաղը կրնայ մոռնալ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութեանց պետերը կոչած էր իր բարեկամները…
Իսկ այս մանրուքները կը կազմեն այլ խորապատկեր մը, որուն առջեւ, Փաշինեան եւ «ուսապարկերը» հրապարակ իջած են կործանարար համաձայնագիրը ծախելու դիտաւորութեամբ, ընտրապայքարի կը պատրաստուին՝ հանրութեան առջեւ դնելով խաբեպատիր փոխընտրանք մը՝ մե՛նք կամ պատերազմ, կը փորձեն մոռացութեան մատնել, որ պատերազմնե՛րն ալ, կորստաբեր «քաղաքականութի՛ւնն» ալ իրենց ձեռակերտն են վերջին աւելի քան 5 տարիներուն: Մանրուք մըն ալ կ’ուզէ՞ք. բանակը աւելի՛ եւս քայքայումի տանող ծրագիրները…
***
Պէտք ունի՞նք աւելի խորանալու եւ մանրամասնութիւններ յիշատակելու, թէ բաւականանաք ափսոսալով բոլոր անոնց, որոնք հայկական եւ արեւմտեան աշխարհներուն մէջ, թեւերը սոթտած ու փէշերը հաւաքած (հա՛, փէշաւոր այրեր ալ կան) մրցումի ելած են ողջունելու չնաշխարհի՜կ համաձայնագիրը (անկախ անկէ, թէ անիկա սկզբնատառերո՞վ է, թէ՞ վաղը կրնայ վերջնականանալ լիարժէք ստորագրութեամբ), որ ցարդ մեր հայրենիքին հասած պատուհասները բազմապատկելու բոլոր տուեալները կը բովանդակէ: Բանիմաց մարդիկ ո՛չ միայն երանի կու տան 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան օրերուն, այլ նաեւ՝ բոլորին կողմէ ատելի ճանչցուած՝ խորհրդայիններու օրերուն, երբ Արցախը իրողապէս հայկական էր, ո՛չ ոք մտածած էր ըսել, թէ անիկա բեռ էր, անոր էջին փակումը կը բանայ խաղաղութեան ճամբան:
Սկսանք՝ մատնացոյց ընելով Կազայի մէջ շարունակուող ոճիրները, բազմահարիւր-հազարաւորներու սովահարութեան փաստը: Շեշտենք, որ այդ եղածները պարզապէս նոր ողբերգութիւններ կը գումարեն մարդու անասնութիւնը յուշող բազում ոճիրներուն վրայ, որոնք դրուած են ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ցանկին վրայ:
Ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն է ու մի՛շտ դատապարտելի, գործադրողը պարտաւոր է հաշիւ տալու, անկախ անկէ, թէ ոճիրը գործադրուած է Կազայի՞, Արեւմտեան Հայաստանի ու Արցախի՞, քրտաբնակ շրջաններո՞ւ, Քամպո՞տիոյ, ափրիկեան երկիրներո՞ւ թէ՞ նոյնինքն ամերիկեան ցամաքամասին վրայ, սկսեալ այն օրերէն, երբ Եւրոպայէն հասած վոհմակները կը ջարդէին տեղաբնակ հնդիկները, յետոյ սեւամորթներ «կը ներածէին» Ափրիկէէն, կը բանային ստրկութեան ամէնէն ահաւոր – յաճախ նաեւ մահասփիւռ – էջերը: Ի՛սկապէս, ո՞վ պահած է ստրկատիրական Միացեալ Նահանգներու մէջ սպաննուած սեւամորթներուն հաշիւը, ոճիր՝ որուն պատճառած դառնութիւններն ու ընդվզումը մինչեւ այսօր ալ ահաւոր տագնապ է «ժողովրդավարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ պաշտպանող» այս գեր-պետութեան մէջ:
Ո՛չ Նեթանիահու, ո՛չ Թուրքիա ու Ազրպէյճան եւ ո՛չ ալ ոեւէ այլ ցեղասպան կրնան ջնջել իրենց ձեռքերու արիւնը, դրժել ճշմարտութիւնը: Մեր յանդուգն եւ արդարատենջ Շիրազը տասնամեակներ առաջ արձակած էր այս անժամանցելի ճիչը.
Ամենայն սրտով բողոքում եմ ես մարդու անարդար վճիռի համար,
Անիծում եմ ես մարդուն նենգաւոր, որ նա ընտրել է պղծուած ճանապարհ.
Ատում եմ հոգով օրէնքներ շատ-շատ, որ ծանրացել են մարդկանց ուսերին
Եւ ստիպում են կեղծել, քծնուել, գովել անարժան, տգէտ բարքերին… (աւելցնենք՝ անձերին)
Սարգիս Մահսէրէճեան