ՀՅԴ Հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Վիտոշի Բազէ» Բանակումի Բացում
25 Օգոստոս 2025
Կիրակի, 24 օգոստոս 2025-ին ՀՅԴ ԼԵՄ անդամները ուղղուեցան Այնճար: Առաջին հերթին, ԼԵՄ-ականները մասնակցեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած, արցախեան նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 32-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ տեղի ունեցաւ, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Ապա, ԼԵՄ-ականները ուղղուեցան ԼԵՄ-ի բանակավայր, ուր բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ հիմնադիր-ռահվիրայ Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120 ամեակին նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 2025 տարուան «Վիտոշի Բազէ» բանակումին:
Բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գէորգ Եագուպեան: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կը շարունակէ իր երթը իբրեւ դաստիարակչական ազդու միաւոր, որուն դաստիարակչական ծրագիրը կը կատարելագործուի բանակումին ընթացքին: Անդրադառնալով բանակումի թեմային, Եագուպեան հաստատեց, որ Քրիստափոր Միքայէլեանի գաղափարներով եւ մտքերով պիտի առաջնորդուին բոլոր սերունդները, որ կը ձգտին հայրենիքին ու ազգին ծառայելու: Արցախեան նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի մասին խօսելով, Եագուպեան ըսաւ, որ Մհեր Ջուլհաճեան համոզուած էր, որ «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն», միաժամանակ գիտակցելով, որ զէնքը առանց գաղափարի ու բարոյականի` ոճիրի գործիք է միայն, շեշտելով, որ ՀՅԴ երթը եւ յեղափոխականութիւնը կը մնան ամրագրուած ազգային-բարոյական շահերուն, նպատակներուն եւ տեսլականին վրայ: