Լուսարձակ.- Կարս -Նախիջեւան երկաթուղիին «խորքը»
26 Օգոստոս 2025
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած՝ Թարամփ-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումէն հազիւ 10 օր ետք, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները նոր թափ տուած են «Թրամփի ուղի»էն սպասողուղ (ցնորական) բարիքներու քարոզչութեան, անդին, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան բանիւ եւ գործով լծուած են իրենց դիտանկիւնէն՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի իւրացման աշխատանքներուն, հազիւ թէ ակնարկութիւն կ’ընեն առաջադրուած ճամբուն՝ Թրամփի անունով կոչումին:
Վերջին օրերուն, մեր թշնամիին ճակատներէն արձակուեցան բաւական ուշագրաւ եւ մտահոգիչ արտայայտութիւններ, որոնց լուսանցքին վրայ մնաց, կարծէք թէ, Թուրքիայէն հաղորդուած այն լուրը, թէ ճամբայ հանուած է Կարսը Նախիջեւանին կապող երկաթուղագիծի շինարարութիւնը: Տրուեցան երկայնքին եւ ծախսերուն հաշուեկշիռները, առաւելաբար քարոզուեցաւ անոր տնտեսական-նիւթական նպաստներու երեսը: Եւ սա՝ այն պահուն, երբ Ալիեւ կրկին ու կրկին կը խօսի իր նպատակները իրականացուցած ըլլալու, բանակը աւելի՛ հզօրացնելու, անոր պիւտճէն աւելցնելու եւ որեւէ ատեն պատերազմի պատրաստ ըլլալու մասին, կը յիշեցնէ, որ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը, համաձայնագիրի վերածուելու համար, Հայաստան ունի «ահագին տնային աշխատանք», ինչպէս՝ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, ամէն տեսակի պահանջէ հրաժարում, բանակի իրողական զինաթափում եւ… շարքը երկար է: Թուրքիան ալ, իր կարգին, կը յիշեցնէ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը իր երկարաշունչ ծրագիրներուն համապատասխան է, փաստօրէն, կը հաստատէ, որ «Թրամփի ուղի» անունը կրող ճամբան արդէն կը նկատեն թուրք-ազերիական հող (չմոռնանք, որ երկու «եղբայրները» չեն ուզեր այդ ճամբուն վրայ տեսնել հայկական որեւէ տեսակի ներկայութիւն, կը պահանջեն «անխոչընդոտ երթեւեկել» Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ): Ու Հայաստանի հորիզոնին մարմնաւորուող նոր ողբերգութիւնները աստիճանաբար կը դառնան աւելի՛ բացայայտ: Թեթեւամտութիւնն ու տհասութիւնը հասած է հոն, որ ուաշինկթընեան համաձայնութեան մէջ հայկական շրջանակներ (Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ) բարիք կը տեսնեն, կո՛ր ու խուլ կը մնան թշնամիէն հնչող բացայայտ եւ լուջ սպառնալիքներուն նկատմամբ (վաղը կրնան քարոզել, որ Ատրպէյճանի յաւելեալ սպառազինումը Հայաստանի եւ ենթադրեալ խաղաղութեան դէմ չէ, կան Իրանն ու Ռուսիան, մինչեւ իսկ… Ուքրանիան):
***
Վերադառնանք յիշեալ լուրին, այսինքն՝ երկաթուղիին կառուցման, եւ փորձենք հպանցիկ նշումներով ցոյց տալ, թէ անիկա ի՛նչ տեղ ունի համաթուրանական ծրագիրին մէջ: Մեր նպատակը «խաղաղութեան (չգոյ) հորիզոններ»ով խանդավառուողներուն ախորժակին վրայ պաղ ջուր լեցնել չէ, այլ իրազեկութեան եւ պատմական խորքին անդրադառնալու հրաւէր, եթէ կ’ուզէք՝ ահազանգ:
Երթանք աւելի քան մէկ դար ետ: Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսի շրջանին, 19-րդ դարու վերջերուն եւ 20-րդ դարու սկիզբներուն, թրքական քաղաքական միտքին մէջ ծագեցան երկու եւ մեծ չափով իրարու համապատասխանող ծրագիներ: Մէկը կը կոչուէր համաիսլամութիւն, միւսը՝ համաթուրանականութիւն: Համաթուրանականութիւնը, որ աւելի՛ թուրք ազգայնականութեան երանգ ունէր, կը նպատակադրէր թրքացեղ բոլոր երկիրները՝ Եւրոպայէն մինչեւ Կովկաս եւ Կեդրոնական Ասիա (հեռադիտակը ուղղուած էր մինչեւ Խաղաղականի ափերը) միացնել մէկ հսկայ կայսրութեան մէջ: Այս ծրագիրը ապրեցաւ վերիվայրումներ, նահանջներ եւ նոր ծլարձակումներ, որոնք ներառուեցաւ օսմանեան Թուրքիոյ ժառանգորդը հանդիսացող՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան պետական ծրագիրներուն մէջ: Այս ծրագիրին ճամբուն, կարեւոր խոչընդոտ էին Հայաստանը եւ հայութիւնը (նորագոյն քարտէսներով՝ նաեւ Վրաստանն ու ռուսական հողամասեր): Ցեղասպանութեան դրդապատճառներէն մէկը – եթէ ոչ՝ գլխաւորը – այս ծրագիրն էր, որ ձախողեցաւ, Սարդարապատի մէջ հայը տուաւ իր վճռական պատասխանը եւ ծնունդ տուաւ Հայաստանի հանրապետութեան: Թրքական ծրագիրը ընկրկում ապրեցաւ այդ ու յաջորդ հանգրուաններու, սակայն մի՛շտ ալ մնաց ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ մէկ կիզակէտը:
Թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւններ լծուեցան զայն տարբեր ձեւերով եւ քայլ առ քայլ իրականացնող՝ հեռահաս մարտավարութեան: Ա. Աշխարհամարտէն, նաեւ Սարդարապատի հերոսամարտէն քանի մը տարի ետք, Թուրքիա «լեզու գտաւ» նոր կարմրած ռուսական կայսրութեան հետ. պատմութիւնը արձանագրեց Կարսի ու Մոսկուայի համաձայնագիրները, որոնց սեղանին, երէկի երկու թշնամիները (19-րդ դարը ռուս-թրքական բազում ճակատումներու դարաշրջան էր), այդ օրուան իրենց շահերէն մկենելով եւ զոհասեղանին դնելով Հայաստանն ու հայութիւնը՝ ձեւաւորեցին իրենց նոր յարաբերութիւնները:
Այդ օրերուն եւ յաջորդող կարճ ժամանակաշրջանին էր որ տեղի ունեցան քանի մը ճակատագրական դէպքեր, որոնցմէ մէկն էր Նախիջեւանը՝ Ատրպէյճանի «նուիրել»ը, զուգահեռաբար՝ Արցախի ծանօթ կարգավիճակին որդեգրումը, իսկ միւսը՝ Նախիջեւանի հետ Թուրքիոյ… սահմանակից դառնալը: Նախապէս, Թուրքիա Նախիջեւանի հետ հողային կապ չունէր. Իրանի հետ որոշ դասաւորումներով (չմտնենք պատմութեան մանրամասնութիւններուն մէջ), Թուրքիա ստացաւ մօտաւորապէս 15 քլմ. երկարութեամբ տարածք մը, որ զինք ուղղակի կապեց Նախիջեւանին: Սա արդէն համաթուրանական ծրագիրին իրականացման մէկ փոքր քայլն էր, կը բանար հեռահաս երազներու հորիզոնները:
Հայ քաղաքական միտքը հարկադրուած էր լուռ հանդիսատեսը մնալու այս «առեւտուր»ներուն, իսկ խորհրդային համակարգին մէջ ներգրաւուած անուանի եւ հեղինակաւոր հայեր այդ կողմը չնայեցան տասնամեակներ շարունակ (Ատրպէյճան կիրարկեց Նախիջեւանը դանդաղ հայաթափումը, նոյն յաջողութիւնը չունեցաւ Արցախի մէջ, մինչեւ…ՔՊ-ականներու լծակցութեան նոր օրերը): Տարիներ ետք, դատողութիւններ ընելը կրնայ ճիշդ չթուիլ, սակայն կարելի չէ անտեսել այն իրականութիւնը, որ երբ ազերիները, իրողապէս հեռավարուելով Անքարայէն՝ թաքուն լծակցութեամբ կը հետապնդէին համաթուրանականութեան ծրագիրը, հայկական կողմը մնաց իրողապէս անտարբեր ու ենթարկուողի, «անկողմնակալ հետեւող»ի դիրքերուն վրայ, երգեր հիւսուեցան «Հայաստան-Ատրպէյճան եղբայրութեան» մասին (չենք անտեսեր Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարներուն մէջ հակազդելու ճիգ ընողները, սակայն երբ վճիռները կու գային Մոսկուայէն…):
***
Ցատկենք պատմութեան քանի մը փուլի վրայէն եւ հասնինք վերանկախացած Հայաստանի դարաշրջանը: Առաջին տարիները եղան դաժան՝ բազմաթիւ իմաստներով (արցախեան պատերազմ, պաշարում, տնտեսական տագնապ եւ այլ): Ահա այդ օրերուն, Թուրքիա-Նախիջեւան սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ դէպք մը, որ ընդհանրապէս բաւարար լուսարձակ չգտաւ հայկական քաղաքական միտքի բերնին վրայ (պատճառներուն շարքին էին յիշեալ տագնապները): Արաքս գետին վրայ, Թուրքիա կառուցեց բաւական վիթխարի կամուրջ մը, մօտաւորապէս 300 մեթր երկարութեամբ, եւ զայն կոչեց «Յոյսի կամուրջ» (թրքերէնով՝ Իւմիւթ քէօփրիւսը): Քանի մը գիծով երթեւեկ ապահովող այդ կամուրջը տեսնողն իսկ պիտի անդրադառնար, որ անիկա երկու գօտիներու միջեւ պարզ երթեւեկ ապահովող կապ մը չէր: Բացման արարողութեան, 1992-ի վերջերուն, ներկայ եղան օրուան նախագահը՝ Էօզալ եւ ամբողջ աւագանին: Իսկ անուանումը, նմանապէս, կը բացայայտէր անոր հեռահաս տարողութիւնը, այսինքն յոյս՝ դէպի Կեդրոնական Ասիա տարածուելու: Անիկա իրականութեան մէջ նոր հանգրուան մըն էր՝ Նախիջեւանի Ատրպէյճանին յանձնումին ու Իրանէն ձեռք բերուած հողաշերտին միջոցով՝ Թուրքիա-Նախիջեւան, հետեւաբար նաեւ՝ Ատրպէյճան կապի ծրագիրին, պարզ խօսքով՝ համաթուրանականութեան ճամբուն առնուած քայլ մը: Այդ օրերուն էր որ տեղի կ’ունենար Խորհրդային Միութեան փլուզումը, այսինքն, համաթուրանական ծրագիրը այս կամ այն ձեւով արգելակող ուժին վերնալը:
Եւ ահա, 35 տարի ետք, եւ «Զանգեզուրի միջանցքը պիտի ունենանք այս կամ այն ձեւով» երկարատեւ քարոզչութենէ ետք, թրքական դարաւոր ծրագիրին ճամբուն վրայ 8 Օգոստոսին իրականացաւ նորագոյն եւ ամէնէն վտանգալից քայլը, երբ «Թրամփի ուղին» մարմնաւորուելու ճամբուն մէջ մտաւ եւ ԱՆԽՈՉԸՆԴՈՏ ԵՐԹԵՒԵԿ պիտի ապահովէ Թուրքիայէն Նախիջեւան ու Ատրպէյճան (կ’արժէ՞ արդեօք նշել, որ անիկա տեղի ունեցաւ… Սեւրի Դաշնագիրի տարեդարձէն երկու օր առաջ):
Կարս-Նախիջեւան երկաթուղին «որբ» չէ, այլ ունի երկուորեակ մը, որուն իրականացման լծուած է Ատրպէյճան՝ 2023-էն ի վեր, Զանգելանը կապելու համար Հայաստանի սահմանին: ՔՊ-ական իշխանութիւնները Հայաստանը դրած են ճամբեզրին նստած մուրացկանի բազմոցին վրայ, Սիւնիքը կտրող (եւ Հայաստանը Իրանէն իրողապէս խզող) երկաթուղին ֆինանսաւորող գտնելու համար…
Եթէ Հայաստանի ՔՊ-ականները չեն գիտեր այս իրականութիւնը՝ յանցանք է, իսկ եթէ գիտեն եւ համաձայն են այս քայլին, բազմակի՛ յանցաւոր են: Եւ պէտք չենք զգար այստեղ թուարկելու բոլոր այն մտահոգութիւնները, որոնք կը բխին այս «իրագործումէն», հոգ չէ թէ ՔՊ-ական վարձկաններու խումբը, վարչապետով, նախագահով, նախարարներով եւ «արեւմտասէր» թմբկահարներով՝ լծուած են այս իրականութիւնները խեղաթիւրելու, իրականութիւնը ծուռ հայելիի մէջէն դիտելու ու ազգ ալ նոյնը ընելու «քայլերթ»ին (չէ՞ որ անոնց շարժումը աւելի քան 7 տարի առաջ սկսաւ… քալելով. եւ ահա՛ թէ ուր հասած ենք):
***
Խօսինք աւելի պարզ ու յստակ բառերով: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, ձեռք-ձեռքի տուած, իրենց նիւթական եւ դիւանագիտական համակարգերը գործի լծած են՝ արեւմտեան աշխարհի համակրանքը շահելով: Չմոռնանք, որ արեւմտեան երկիրներ ինչպիսի՜ խանդավառութեամբ մրցումի ելան՝ ուաշինկթընեան համաձայնութիւնը ողջունելու համար, եւ սա «օդէն ինկած» բան չէ, այլ կը նշանակէ, թէ համաթուրանական ծրագիրին իրականացման համար, երկու «եղբայրները» ինչպիսի՜ «ընդյատակեայ» աշխատանք տարած են ու կը տանին (հիմա Ռուսիոյ եւ Իրանի վերապահութիւնները արդէն աւելի յստակ են): Ասդին, Հայաստանի իշխանութիւնները ուրիշ կողմ կը նային եւ յոյսեր կը տարածեն «լաւ ապագայ»ի հաշւոյն (շեշտենք, որ միայն խելագար մը խաղաղութիւն չի ցանկար, սակայն երբ այդ խաղաղութիւնը կը փորձեն բերել կորուստէ-կորուստ վազելով…): Վարչապետը ընտրական քարոզարշաւ կը բանայ, ժողովուրդը դնելով այլանդակ երկընտրանքի մը առջեւ ու լուռ կը յայտարարէ. կա՛մ մեզ կը վերընտրէք, կամ պատերազմ կ’ունենաք: Զիրենք վերընտրել՝ պիտի նշանակէ հաշտուիլ եւ ենթարկուիլ բոլոր այն հարկադրանքներուն՝ որոնք համազօր են քայլ առ քայլ նոր կորուստներու եւ… համաթուրանական ծրագիրին իրականացման լծակից դառնալու: Արցախի պաշտնանութեան ախոյեանի դիրքերէն խօսողները հիմա – շատո՜նց – կ’ըսեն, որ Արցախի բեռ էր, իրենց (իմանալ նաեւ՝ թուրք-ազերիական ճակատին) պատկերացուած խաղաղութեան ճամբուն վրայ խոռընդոտ էր, անոր էջը պէտք է փակել (իսկ Թուրքիա կը պահանջէ, որ Հայաստան փակէ մեր պատմական բոլոր հողերուն պահանջատիրութեան էջերը): Մէկ խօսքով, Հայաստանն ու հայութիւնը կը հրաւիրուին, նման կեղծ ու ստապատիր քարոզներով՝ լծակից դառնալու համաթուրանական բազմահանգրուան ծրագիրին իրականացման, իսկ անոր վախճանական կէտը՝ Հայաստանի ու հայութեան ջնջումն է քարտէսի այդ գօտիէն: Այլ խօսքով, թուրքին եւ ազերիին ակնոցով՝ «Թրամփի ուղի»ն միայն շպար մըն է ու կը թաքցնէ համաթուրանական հեռահաս դաւը: Ի դէպ, անոր մնասին որեւէ երաշխիք չխոստացող Թրամփը արդէն իսկ մոռցած է իր «երկու բարեկամներ»ուն երկիրներուն անունները…
***
Հայ քաղաքական միտքը հրաւիրուած է իրատեսութեամբ վերաքաղը ընելու պատմութեան եւ ճակատագրական հանգրուաններուն: Անցեալին, համաթուրանականութեան դէմ հայը եւ իր քաղաքական ղեկավարութիւնը – նա՛եւ Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն – իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պայքարած է այդ դաւին դէմ եւ յաջողութիւններ արձանագրած: «Նոր Հայաստան»ի քարոզչութեամբ բեմը խլողները չեն կրնար մեր ժողովուրդի յիշողութենէն արտաքսել Պատմութիւն ու պատմական փաստերը:
Ու երբ ՔՊ-ական իշխանութիւնը բանիւ եւ գործով դարձած է համաթուրանական ծրագիրին ուղղակի եւ անուղղակի քարոզիչը, գործադրողը, հոս արդէն կը շեշտուի ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ դերին կարեւորութիւնը: Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, անգամ մը եւս կը հնչէ շիրազեան՝ «բաւական է, չպէտք է լռել» մարտակոչը: