Ազգային գիտակցութեամբ զինուած ըլլալու հանգամանքը պէտք է մեր երիտասարդութեան կարեւոր հարցերէն մէկը ըլլայ
04 Սեպտեմբեր 2025
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի Խօսքը Հ․Ե․Դ․-ի Ողիմպիականին
Գերաշնորհ Սրբազան Հայր,
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբ,
Սիրելի երիտասարդներ եւ նախկին երիտասարդներ,
Բոլորս այսօր հաւաքուած ենք այսօր, ընդգծելու համար երիտասարդութեան դերը մեր ազգային կեանքին մէջ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար երիտասարդութեան դերը բարձր գնահատուած է իր ծննդեան օրէն իսկ: Մեր հիմնադիրները, 30-35 տարեկան գործիչներ, այդ ողջ շարժման ոգին առաջնորդեցին երիտասարդական մտքով ու երիտասարդական կամքով: Ան իբրեւ երիտասարդ յեղափոխականներու մտքի ու աշխատանքի ծնունդ՝ իր 135-ամեայ պատմութեան ընթացքին, իր կազմակերպական կեանքին մէջ առաջնային տեղ տուած է դաշնակցական երիտասարդութեան:
Ես վստահ եմ, որ այստեղ անպայման կը սաւառնի մեծն Գարեգին Նժդեհի շունչն ու հոգին, իբրեւ հիմնադիր այս երիտասարդական շարժման:
Վստահ եմ նաեւ, որ այստեղ կը սաւառնի Հ.Յ.Դ. հիմնադիր Սիմոն Զաւարեանի հոգին, իբրեւ հիմնադիր առաջին ուսանողական եւ երիտասարդական միաւորներու:
Հետեւաբար, երիտասարդութիւնը ղեկավարութիւն ստանձնելու, յանձնառութիւն վերցնելու միտքը խորապէս արմատացած է մեր պատմութեան մէջ:
Այսօր եւս, մենք կը հաւատանք, որ երիտասարդութիւնը յանձնառու կերպով եւ ազգային գիտակցութեամբ պէտք է ստանձնէ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրները դիմագրաւելու առաքելութիւնն ու պարտաւորութիւնը: Սակայն, այս բոլորը ընելու համար, երիտասարդութիւնը եւս ինքզինք այդ պարտականութիւնը կրելու արժանին դարձնէ: Ազգային գիտակցութեամբ զինուած ըլլալու հանգամանքը պէտք է մեր երիտասարդութեան կարեւոր հարցերէն մէկը ըլլայ:
Երկրորդ կարեւոր հարցը՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան դրօշը բարձր պահելու յանձնառութիւնն է, որովհետեւ առանց ազգային գիտակցութեան ու իրաւունքները պաշտպանելու յանձնառութեան, դժբախտաբար մենք կը տեսնենք այսօր հայրենի մեր իրականութեան մէջ ապաշնորհ ու ազգային գիտակցութենէ զուրկ երիտասարդ ղեկավարման արդիւնքները:
Խօսքիս սկիզբը դիմեցի երիտասարդներուն եւ նախկին երիտասարդներուն: Իսկ հիմա, կոչ կ’ուղղեմ նախկին երիտասարդներուն, որ թեւ ու թիկունք կանգին այսօրուայ երիտասարդներուն, որ իրենք զինուին դաշնակցական ազգային գիտակցութեամբ եւ դաշնակցական կազմակերպ կամքով ու յանձնառութեամբ, որպէսզի կարենան վառ պահել Հայ Դատի պահանջատիրական ոգին եւ տէր կանգնին մեր հայրենիքի ու ազգի անժխտելի ու անժամանցելի իրաւունքներուն:
Յաջողութիւն եւ բարի երթ: