ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս նշուեցաւ Հ.Յ.Դ. հիմ­նադ­րու­թեան 135-ա­մեա­կը

06 Մարտ 2026 Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան 135-ա­մեայ տա­րե­դար­ձը ար­ժա­նա­ւա­յել հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։ Եր­կու օ­րե­րու վրայ եր­կա­րող ե­լոյթ­նե­րով, յու­նա­հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեամբ, հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը ընդգր­կե­ցին վեր­լու­ծա­կան խօս­քեր, զրոյց, բա­նա­խօ­սու­թիւն եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Ա­թէն­քի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւած հրա­պա­րա­կա­յին զրոյ­ցի թղթակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մեր թղթա­կի­ցին նկա­րագ­րա­կան գրու­թիւ­նը։

***

Հ­րա­պա­րա­կա­յին զրոյց եւ քննար­կում Ա­թէն­քի մէջ



­Տար­բեր բնոյթ ու­նե­ցող ե­լոյ­թի մը կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէն հան­դէս ե­կաւ հրա­պա­րա­կա­յին զրոյ­ցով մը՝ «Ե­րէկ, այ­սօր, վա­ղը՝ միշտ միա­սին» խո­րա­գի­րով, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու հա­մար Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան դե­րը իր հիմ­նադ­րու­թեան օ­րե­րէն, հաս­նե­լով մին­չեւ մե­րօ­րեայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ո­րոնք կանգ­նած են հայ ազ­գի եւ հայ պե­տու­թեան առ­ջեւ։

­Շա­բաթ, 28 ­Փետ­րո­ւար 2026-ի ե­րե­կո­յեան, յու­նա­հայ հայ­րե­նա­կից­նե­րու ամ­փոփ­ման վայ­րը ե­ղաւ ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նը, ո­րուն զոյգ սրահ­նե­րը լե­ցո­ւած էին ժո­ղո­վուր­դի ստո­ւար թի­ւով։

Ե­լոյ­թը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տուե­ցին ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը եւ ան­դամ­նե­րը, Ազ­գա­յին ­Կեդր. վար­չու­թեան ան­դա­մը, շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թիւն­նե­րը եւ տե­ղա­կան միու­թե­նա­կան գոր­ծօն­նե­րը։

Ե­րե­կոն սկսաւ տե­սաե­րի­զի ցու­ցադրու­թեամբ, որ կա­տա­րեց Հ.Յ.Դ. հիմ­նադ­րու­թեան օ­րե­րէն մին­չեւ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րը կու­սակ­ցու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թեան ար­ժե­ւո­րու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մէջ, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան, Ար­ցա­խի հե­րո­սա­պա­տու­մին եւ վեր­ջին տա­րի­նե­րու քա­ղա­քա­կան եւ ազ­գա­յին ի­րա­վի­ճա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ։

­Յա­ջոր­դա­բար, բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ զրու­ցա­վար ընկ. ­Յո­վիկ ­Պա­պօղ­լեան, որ իր նա­խա­բա­նին մէջ հարց դրաւ, թէ ինչ­պէս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար պատ­կե­րաց­նել հայ ժո­ղո­վուր­դի վեր­ջին 135 տա­րի­նե­րու պատ­մա­կան ըն­թաց­քը ա­ռանց Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յու­թեան հայ կեան­քէն ներս եւ ա­ռանց բո­լոր այն պա­տում­նե­րուն, ո­րոնց դե­րա­կա­տար ե­ղաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, հու­նա­ւո­րե­լով հայ ազ­գի եր­թը եւ պատ­մա­կան հո­լո­վոյ­թը։ ­Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն ան յայտ­նեց. «ե­կէ՛ք բո­լորս միա­սին յան­գինք մէկ ան­խու­սա­փե­լի եզ­րա­կա­ցու­թեան. հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան վեր­ջին 135 տա­րի­նե­րը պի­տի ըլ­լա­յին ա­ռանց բո­վան­դա­կու­թեան, դա­տարկ ու պա­րապ է­ջեր, շատ հա­ւա­նա­բար ա­ռանց պե­տա­կա­նու­թեան, ա­ռանց ե­ռա­գոյն դրօ­շի եւ զի­նան­շա­նի, իսկ հա­յու­թեան վի­ճա­կը՝ ող­բա­լի եւ ա­նո­րոշ»։

Ան նաեւ ա­ւել­ցուց. «Իսկ ե­թէ խո­րա­նանք, պի­տի տես­նենք աշ­խար­հա­տա­րած, ժրա­ջան եւ ան­խոնջ աշ­խա­տանք տա­նող հա­մա­հայ­կա­կան ցանց մը, որ իր ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րով, հա­մա­կիր­նե­րով եւ ան­դամ­նե­րով, ա­մէ­նօ­րեայ անձ­նա­զոհ ճի­գով, շատ ան­գամ շրջան­ցե­լով նոյ­նիսկ տրա­մա­բա­նու­թեան սահ­ման­նե­րը, ան­շա­հախն­դիր նո­ւի­րու­մով եւ խոր հա­մես­տու­թեամբ կը ծա­ռա­յէ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ հայ­րե­նի­քին»։

Զ­րու­ցա­վա­րը մատ­նան­շեց, թէ վեր­ջին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հայ ժո­ղո­վուր­դը՝ թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ Ս­փիւռ­քի մէջ, կը գտնո­ւի խոր ճգնա­ժա­մի առ­ջեւ։ Ար­ցա­խի ա­զա­տագր­ման փա­ռա­ւոր եւ յաղ­թա­կան օ­րե­րուն, դժբախ­տա­բար, յա­ջոր­դեց Ար­ցա­խի կո­րուս­տը եւ հա­յա­թա­փու­մը՝ հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րու ա­րիւ­նով։

«Այ­սօր, մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը դրո­ւած է հար­ցա­կա­նի տակ։ ­Յան­ձո­ւո­ղա­կա­նու­թիւնն ու պար­տո­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը սկսած են ծիլ տալ մեր ժո­ղո­վուր­դի մտա­ծո­ղու­թեան մէջ։ Ար­հես­տա­կա­նօ­րէն սեր­մա­նո­ւող այն մտայ­նու­թիւ­նը, որ կը քա­րո­զէ միայն անձ­նա­կան բա­րե­կե­ցու­թիւ­նը եւ հան­գիստ կեանք՝ ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հա­շո­ւոյն, կը ծա­ռա­յէ որ­պէս տրո­յա­կան ձի՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րու­նակ ո­գին թու­լաց­նե­լու եւ ընկ­ճե­լու հա­մար։

­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ յար­մա­րո­ւիլ ստեղ­ծո­ւած պայ­ման­նե­րուն, ըն­դու­նիլ թշնա­միի հա­ւակ­նու­թիւն­նե­րը, մոռ­նալ Ա­րա­րա­տը, հրա­ժա­րիլ պատ­մու­թե­նէն եւ ազ­գա­յին պա­հանջ­նե­րէն, հրա­ժա­րիլ Ար­ցա­խէն, նոյ­նիսկ նա­հան­ջել ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման պայ­քա­րէն եւ ­Հայ դա­տէն, կը յա­ռա­ջաց­նէ խոր մտա­հո­գու­թիւն ա­մէն հա­յու մէջ։ Այ­սօր, հա­յու­թեան ինք­նու­թիւ­նը մեր­ժող մտա­ծե­լա­կեր­պը լուրջ վտանգ կը հան­դի­սա­նայ մեր պե­տա­կա­նու­թեան ա­պա­գա­յին հա­մար»։

Ա­ւե­լի ման­րա­մասն բա­ցատ­րե­լով օ­րուան հրա­պա­րա­կա­յին զրոյ­ցի նպա­տա­կը, բեմ հրա­ւի­րեց ­Լի­բա­նա­նէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թի խմբա­գիր ընկ. ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան, ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար ի­րենց վեր­լու­ծա­կան միտ­քե­րը նիւ­թին առն­չու­թեամբ։

Ընկ. ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան իր խօս­քի մեկ­նար­կին անդ­րա­դար­ձաւ հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած ներ­կայ մար­տահրա­ւէր­նե­րուն, շեշ­տը դնե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի հրա­տապ խնդիր­նե­րուն վրայ եւ նշեց. «Այ­սօ­րո­ւան պայ­ման­նե­րուն մէջ հա­մա­հայ­կա­կան ե­րեք օ­րա­կարգ իր շուրջ կրնայ հա­մախմ­բել բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, հա­մա­կար­գուած եւ նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած ձե­ւով հե­տապնդե­լու հա­մար ­Հայ դա­տի ներ­կայ ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը.

Ա. ­Պա­քո­ւի մէջ պա­հո­ւող Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կու­մը։
Բ.Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին հա­ւա­քա­կան վե­րա­դար­ձը։
Գ. ­Հայ հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան դէմ կի­րար­կո­ւող բնաջն­ջու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կա­սե­ցու­մը։

Ատր­պէյ­ճա­նը ­Թուր­քիոյ նման, ինչ­պէս ­Նա­խի­ջե­ւա­նի, այն­պէս նաեւ Ար­ցա­խի մէջ կազ­մա­կեր­պեց եւ գոր­ծադ­րեց մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն քան­դե­լով հայ­կա­կան գե­րեզ­մանն­ներն ու խաչ­քա­րե­րը բնաջն­ջե­լով ա­մէն հայ­կա­կան վանք, ե­կե­ղե­ցի եւ հա­յա­պատ­կան ա­մէն հետք։

­Մեր խնդի­րը պի­տի ըլ­լայ մշա­կու­թա­յին այս ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րուն մօտ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք տա­նիլ, որ­պէս­զի ճնշում բա­նեց­նեն Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ։ ­Դա­տա­պար­տեն քա­ղա­քակր­թու­թեան դէմ այս ձեռ­նար­կո­ւած ար­շա­ւը եւ պար­տադ­րեն կանգ­նեց­նել այս քան­դիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը»։

­Յա­ջոր­դա­բար, ըն­կե­րը ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ու­նե­ցած ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն, ընդգ­ծե­լով նաեւ Ար­ցա­խի հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան մա­սին պատ­կե­րա­զարդ ո­րա­կեալ եւ պատ­մա­կան ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րով հա­րուստ թղթած­րա­րի պատ­րաս­տու­թիւ­նը։

Ապա, խօ­սո­ղը վեր­լու­ծեց Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ամ­բող­ջա­կան եւ հա­մա­պար­փակ յայ­տա­րու­թիւ­նը Հ.Հ. նա­խա­գա­հի Ա­թէնք այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով, ընդգ­ծե­լով սահ­մա­նադ­րա­կան խախ­տում­նե­րու, պե­տու­թեան հե­ղի­նա­կազրկման եւ հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կարգ­նե­րուն ամ­րօ­րէն կառ­չե­լու պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։

­Շա­րու­նա­կե­լով, ան մէկ առ մէկ քննու­թեան նիւթ դար­ձուց ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը Ար­ցա­խի մէջ ա­պօ­րի­նա­բար բան­տար­կո­ւած մնա­ցած հայ գե­րի­նե­րուն մա­սին, Ատր­պէյ­ճա­նի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն եւ յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թեան նկատ­մամբ, ինչ­պէս նաեւ հայ եւ յոյն միջ­պե­տա­կան զար­գաց­ման մէջ յու­նա­հայ գոր­ծօն­նե­րու ան­մի­ջա­կան քա­ղա­քա­կան նեդ­րու­մը, ամ­րապն­դե­լով եր­կու եր­կիր­նե­րու բազ­մա­տե­տակ գոր­ծակ­ցու­թիւնն ու զար­գա­ցու­մը։ ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ան նշեց հե­տե­ւեալ­նե­րը.

«­Միեւ­նոյն հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գե­րու ուղ­ղու­թեամբ սկզբուն­քա­յին կե­ցո­ւածք­նե­րու նկա­տա­ռու­մով էր, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը իր բո­ղո­քի ձայ­նը լսե­լի դար­ձուց այն խորհր­դա­րա­նականնե­րուն, ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջած էին ­Պա­քուի հրա­ւէ­րին մեկ­նե­լով Ար­ցախ։

Ա­զա­տու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հե­տա­մուտ, այդ ար­ժէ­քա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան տէր երկ­րի խորհր­դա­րա­նակն­նե­րը գործ ու­նէին ա­զա­տու­թեան հի­ման վրայ եւ ա­մէ­նէն ժո­ղովր­դա­վար կար­գե­րով ան­կա­խա­ցած Ար­ցա­խի բո­լոր ի­րա­ւունք­նե­րը ոտ­նա­կո­խած ­Պա­քո­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան բո­լոր ա­զա­տու­թիւն­նե­րը ճզմած, զի­րենք բռնի կեր­պով տե­ղա­հա­նած, մար­դոց ա­զատ տե­ղա­շար­ժը ար­գե­լած Ատրպէյ­ճա­նին հետ։ ­Տա­կա­ւին։ Ա­նոնց ա­զա­տու­թիւ­նը խլած, շրջա­փա­կած, սո­վի մատ­նած, ցե­ղա­յին զտու­մի են­թար­կած նոյն Ատրպէյ­ճա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ի­րա­ւամբ էր, որ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը գրա­ւոր կը ներ­կա­յաց­նէր իր բո­ղո­քը եւ կ­՚ակն­կա­լէր մի­ջամ­տու­թիւն։ Այս բո­լո­րը նշե­լէ ետք բո­ղո­քի նա­մա­կը կ­՚անդ­րա­դառ­նար նաեւ ­Պա­քո­ւի մէջ ա­պօ­րի­նա­բար ար­գե­լա­փա­կո­ւած, Ար­ցա­խի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան եւ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ե­րե­ւոյ­թին։ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը ի­րենց սահ­մա­նադ­րա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով եւ դա­ւա­նած ար­ժէք­նե­րով իսկ չէին կրնար հան­դուր­ժել ա­զա­տա­խեղդ այս բո­լոր ճնշում­նե­րը ժո­ղո­վուր­դի մը, որ կը մա­քա­ռէր ա­զատ ապ­րե­լու իր մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար»։

Ըն­կե­րը իր խօս­քը եզ­րա­փա­կեց նհե­տե­ւեալ բա­նա­ձե­ւու­մով. «­Դաշ­նակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գե­րը շատ ընդ­հա­նուր են, Եւ­րո­պա­յէն ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մաս, Աւստ­րա­լիա եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւելք։ ­Քա­ղա­քա­կան քար­տէս­նե­րը հիմ­նո­վին կը փո­խո­ւին եւ այն ալ շատ ա­րագ։

Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը շատ ա­րագ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կ­՚են­թար­կուի։ Ոչ միայն մի­ջոց­նե­րը փո­խո­ւած են.­փո­խո­ւած են եւ ա­րա­գօ­րէն կը փո­խո­ւին պայ­ման­նե­րը։ ­Բո­լորս այդ ա­րա­գու­թեան կա­նոն­նե­րուն եւ նոր պայ­ման­նե­րուն հա­մա­պատաս­խան մեր հա­մազ­գա­յին օ­րա­կար­գե­րը ճշդե­լու եւ ա­նոնց ցան­ցա­յին հա­մա­կար­գով աշ­խա­տե­լու հրա­մա­յա­կա­նին առ­ջեւ կանգ­նած ենք։ ­Յու­նա­հայ հա­մայն­քը այս ա­ռու­մով կա­րե­ւո­րա­գոյն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն վեր­ցու­ցած է եւ պա­տո­ւով կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծը։ ­Ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող գործ, որ հիմ­նո­վին կը նպաս­տէ մեր պե­տա­կա­նու­թեան հզօ­րաց­ման եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ կի­րար­կո­ւող քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րու նկա­տա­ռու­մով նոր դե­րա­կա­տա­րու­թեան ստանձ­նու­մին»։

­Խօս­քը ա­ռաւ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան, որ իր նե­րա­ծա­կա­նի սկիզ­բին կա­տա­րեց բաղ­դա­տա­կա­նը Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան ներ­կա­յու­թեան, նշե­լով թէ աշ­խար­հի ա­մե­նէն եր­կա­րա­մեայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ, իր պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ եւ ա­նառար­կե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ որ­պէս խորհր­դա­նիշ գա­ղա­փա­րա­կան հա­ւա­տար­մու­թեան, կազ­մա­կեր­պա­կան ամ­րու­թեան եւ ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան։ Ար­ժե­ւո­րե­լով Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան կեն­սա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մա­ւոր­ման եւ յա­րա­տեւ­ման գոր­ծին մէչջ, ներ­կա­յա­ցուց հա­ւա­քա­կան կեան­քի այն ի­րա­գոր­ծում­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր կը կազ­մեն մեր ինք­նու­թեան պահ­պահ­ման գլխա­ւոր բա­ղադ­րիչ­նե­րը։ Ըն­կե­րը մատ­նան­շեց հե­տե­ւեալ­նե­րը.

«- ­Հա­յակր­թու­թիւն: Ա­թէն­քի մէջ կը պա­հենք ա­մէ­նօ­րեայ եր­կու ման­կա­պար­տէզ­ներ, եր­կու նա­խակր­թա­րան­ներ եւ միջ­նա­կարգ վար­ժա­րան մը, իսկ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ կը գոր­ծեն շա­բա­թօ­րեայ դպրոց­ներ։

— ­Մա­մուլ: Ա­ւե­լի քան մէկ դար,կը շա­րու­նա­կենք հրա­տա­րա­կել հա­յե­րէն օ­րա­թերթ: ­Նո­րա­գոյ­նը՝ «Ա­զատ Օր»-ն­ է որ, 82 տա­րի­ներ շա­րու­նակ, կը մնայ մեր գա­ղու­թի ձայ­նը եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան հիմ­նա­կան աղ­բիւ­րը։
— Ու­ղե­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ: ­Հայ ­Կա­պոյտ եւ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խաչ, Հ.Մ.Ը.Մ., ­Հա­մազ­գա­յին՝ կը գոր­ծեն մեր գա­ղու­թի ստեղծ­ման ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն, եւ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ազ­գա­նո­ւէր բազ­մա­ճիւղ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ ի­րենց դի­մագ­րա­ւած բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն։
— ­Պա­տա­նե­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­ներ: ­Յու­նա­հայ պա­տա­նիին ու ե­րի­տա­սար­դին մօտ, ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն կեր­տե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ, կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը բարդ եւ յա­ճախ ան­բա­րեն­պաստ սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րու տակ, ա­ռանց վհա­տե­լու, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ պա­հե­լով դաշ­նակ­ցա­կա­նի ե­ռան­դը։ Կ­՚ար­ժէ յա­տուկ նշում ը­նել ա­մառ­նա­յին բա­նա­կում­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ­Խալ­քի­տի­քիի «Ա­մա­րա­նոց»-ին, ո­րոնք ազ­գա­յին ո­գիով սե­րունդ­ներ պատ­րաս­տե­ցին:
­- Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­ներ: ­Տաս­նա­մեակ­նե­րու յա­րա­բե­րա­կան աշ­խա­տանք քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ եւ ձեռ­նարկ­ներ, ­Հայ դա­տը յոյն հան­րու­թեան ծա­նօ­թաց­նե­լու նպա­տա­կով: Աշ­խա­տանք, ո­րու գա­գաթ­նա­կէ­տը ե­ղան 1979-ին՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նի զե­տե­ղու­մը ­Նէա Զ­միռ­նիի մէջ, եւ 1996-ին՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չու­մը ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ։
— Ազ­գա­յին կեանք: ­Գա­ղու­թա­յին կեան­քը աշ­խոյժ, ա­ռողջ եւ կազ­մա­կերպ պա­հե­լու նպա­տա­կը, ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած է միշտ մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մար: Այդ նպա­տա­կին յա­ջո­ղու­թեան հա­մար, սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի միշտ ­Թե­մի Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ:
— Օգ­նու­թեան ա­ռա­քե­լու­թիւն­ներ դէ­պի ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ: Սկ­սե­լով 1988-ի երկ­րա­շար­ժէն, եւ հաս­նե­լով մին­չեւ 2020-ի Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մը, մեր գա­ղու­թը միշտ իր ներ­կան տո­ւած է հա­մազ­գա­յին զօ­րա­շար­ժին, իր գոր­ծով եւ իր ներդ­րում­նե­րով։ ­Հոս ալ յա­տուկ նշու­մի ար­ժա­նի է, մեր մէկ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը՝ ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նա­մեակ, շա­րու­նակ ա­մէն ա­մառ, Ար­ցա­խէն ե­րե­խա­ներ հիւ­րըն­կա­լել ար­ձա­կուր­դի հա­մար, ­Սի­րոս կղզիի եւ Ա­թէն­քի մէջ»:

­Խո­րաց­նե­լով իր մտա­ծում­նե­րը, ըն­կե­րը բնու­թագ­րեց ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հա­յու­թեան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը եր­կու հի­մա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝

ա) ­Շա­րու­նա­կել իր հա­մա­հայ­կա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Ս­փիւռ­քի մէջ՝ պա­հե­լով իր կազ­մա­կերպ­չա­կան կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ա­պա­հո­վե­լով նոր սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, ա­պա նաեւ ա­ռաջ­նոր­դե­լով ու ծա­ւա­լե­լով ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րը։
բ) ­Գոր­ծել ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, որ­պէս քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն՝, երկ­րի սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ օ­րէնք­նե­րուն հա­մա­ձայն։

­Նաեւ, իր հա­յեաց­քը նե­տե­լով գա­ղու­թի ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րու վրայ, շարք մը կէ­տե­րով ան շրջա­գի­ծի մէջ ա­ռաւ մեր առ­ջեւ ցցո­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, ինչ­պէս՝ ա­ւան­դա­կան գա­ղու­թի թի­ւի նօս­րա­ցու­մը, այս­պէս կո­չո­ւած՝ նոր գա­ղու­թի, այ­սինքն ­Հա­յաս­տա­նէն կամ այլ եր­կիր­նե­րէ, ­Յու­նաս­տան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հաս­տա­տո­ւած հայ մար­դոց ներգ­րաւ­ման դժո­ւա­րու­թիւ­նը, Ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի օ­տա­րա­ցու­մը, մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւի նո­ւա­զու­մը, հա­յա­խօ­սու­թեան նա­հան­ջը, նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու նօս­րա­ցումն ու սահ­մա­նա­փա­կու­մը եւ նոր տես­լա­կա­նի մը բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, որ պի­տի միաց­նէ սե­րունդ­նե­րը եւ ուղ­ղու­թիւն մը գծէ մեր ա­պա­գա­յին հա­մար։

Իր խօս­քի վեր­ջա­բա­նին, ան ներ­կա­յա­ցուց ար­հես­տա­կան բա­նա­կա­նու­թեան գոր­ծիք­նե­րու հետ երկ­խօ­սու­թեան մը ար­դիւն­քը եւ ար­ժե­ւո­րու­մը Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­պա­գայ դե­րին ու կա­րե­ւոր ներ­կա­յու­թեան հա­մար հայ կեան­քէն ներս, որ­պէս ու­ժեղ պատ­մա­կան հիմք, կա­յուն սփիւռ­քեան հա­մա­կարգ եւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան յստա­կու­թիւն ու­նե­ցող հա­մա­հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն, միշտ եւս կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նե­նա­լով յար­մա­րո­ւե­լու հա­յու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից խնդիր­նե­րուն եւ ա­նոնց հա­մար լու­ծում ա­ռա­ջադ­րե­լու ու­ժին։

­Ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն յա­ջոր­դեց զրոյց ժո­ղո­վուր­դին հետ, ուր ար­ծար­ծո­ւե­ցան հա­յու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից խնդիր­նե­րը եւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան տե­սա­կէտ­ներն ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քի եւ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին։ ­Խօ­սող­նե­րը եւս ի­րենց պա­տաս­խան­նե­րով եւ յա­ւե­լեալ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, ընդգ­ծե­ցին ներ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու հրա­տա­պու­թիւնն ու հայ ժո­ղո­վուր­դի միաս­նա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րը հա­մազ­գա­յին հիմ­նախն­դիր­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման մէջ։

Օ­րուան մթնո­լոր­տը ա­ւե­լի տօ­նա­կան դար­ձաւ երբ բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցան ե­րէց եւ նո­րա­հաս սե­րուն­դի ըն­կեր­ներ, ո­րոնք միաս­նա­բար հա­տե­ցին 135-ա­մեա­կի տա­րե­դար­ձի կար­կան­դա­կը եւ բա­րե­մա­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար։

Զե­կու­ցա­վա­րը եզ­րա­փա­կեց ե­լոյ­թը նշե­լով, թէ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը ան­ժա­ման­ցե­լի են ու այժ­մէա­կան, ու­նին շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն եւ գա­ղա­փա­րա­կան կուռ են­թա­հող, ու­նին ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ա­ռա­ջադ­րանք­ներ ո­րոնք կ՚ ար­տա­ցո­լան հայ ան­հա­տի եւ հա­մայն հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նու­թիւ­նը:

Հ.Յ.Դ.-ն­ ար­ժէք է ու պի­տի շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ, այն­քան ժա­մա­նակ, որ­քան ան հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­հան­գիստ խիղճն է, գործ ու ապ­րում է, զգա­ցում ու հա­ւատք:

Ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ, ուր մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ, զրոյց­նե­րու եւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման ա­ռիթ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ։

­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս նշո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ.-ի հիմ­նադ­րու­թեան 135-ա­մեա­կը

­Կի­րա­կի, 1 ­Մարտ 2026-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ազ­գա­յին բարձր ո­գիով եւ ժո­ղո­վուր­դի լայն մաս­նակ­ցու­թեամբ, հան­դի­սա­ւո­րա­պէս նշո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 135-ա­մեա­կը։ ­Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան հա­ւա­քի մը, ուր ներ­կա­նե­րը ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գե­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան ու­ղիին, գա­ղա­փա­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թեան ան­խախտ ա­ռա­քե­լու­թեան հան­դէպ։ ­Սոյն մի­ջո­ցառ­ման, ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան, քա­ղաքս հիւ­րա­բար գտնո­ւող ­Լի­բա­նա­նի «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թի խմբա­գիր ընկ. ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան, որ նաեւ օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ.-ի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ք­րիս ­Ղա­լի­լէաս: ­Յատ­կան­շա­կան էին ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­մարդ ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ խան­դա­վառ զգա­ցում­նե­րը։

Ե­րե­կոն սկսաւ բաց­ման խօս­քով ընկ. ­Մարգ­րիտ ­Գոս­տի­կեա­նի կող­մէ, ո­րուն ըն­թաց­քին ընդգ­ծո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. բազ­մա­դի­մակ ու բազ­մա­պի­սի դե­րը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մէջ՝ սկսեալ իր հիմ­նադ­րու­թեան օ­րե­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը։ Ն­շո­ւե­ցաւ, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կի փոր­ձու­թիւն­նե­րը դի­մագ­րա­ւած գա­ղա­փա­րա­կան կա­ռոյց մըն է, որ սե­րունդ­ներ կրթած է ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ, հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ եւ անձ­նու­րաց ծա­ռա­յու­թեան ո­գիով։

Այ­նու­հե­տեւ, խօսք ա­ռաւ Հ.Յ.Դ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Յա­կոբ ­Գա­սա­պեան» կոմիտէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեան, որ իր ե­լոյ­թին մէջ շեշ­տեց ե­րի­տա­սար­դու­թեան կեն­սա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման, կազ­մա­կեր­պո­ւած կեան­քի շա­րու­նակ­ման եւ ­Հայ դա­տի յա­ռաջմղ­ման ճամ­բուն վրայ։ Ան ընդգ­ծեց, որ կազ­մա­կեր­պո­ւած ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան վա­ղո­ւան ա­մուր ե­րաշ­խիքն է։

Այ­նու­հե­տեւ ­Հայր սուր­բը իր սրտի խօս­քը ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն՝ ընդգ­ծե­լով հա­ւատ­քի, ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ միաս­նա­կա­նու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի նշա­նա­կու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դի գո­յա­տեւ­ման ու վե­րա­զար­թօն­քի ու­ղիին վրայ։ Ան օրհ­նեց յո­բե­լե­նա­կան այս տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ մաղ­թեց, որ դառ­նայ նոր ներշնչ­ման ու ծա­ռա­յու­թեան աղ­բիւր հա­մայն­քին հա­մար։

­Բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ընկ. ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան, որ­պէս­զի ներ­կա­նե­րուն հրամց­նէ իր խօս­քը։ Ան սկզի­բին կա­տա­րեց հա­կիրճ պատ­մա­կան անդ­րա­դարձ ­Թե­սա­ղո­նի­կէ քա­ղա­քին մէջ Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պա­կան ներ­կա­յու­թեան եւ պատ­մա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան հա­մար։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ան անդ­րա­դար­ձաւ ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան եւ ընդգ­ծեց. «­Պէտք է ար­ձա­նագ­րել, որ բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու մէջ չէ, որ կը նշենք ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձը։ ­Հա­յա­թա­փո­ւած ու բռնագ­րա­ւո­ւած Ար­ցախ, ­Հա­յաս­տա­նեան ներ­խու­ժո­ւած տա­րածք­ներ, ռազ­մա­գե­րի­ներ ­Պա­քո­ւի բան­տե­րուն մէջ։
­Ներ­քին ա­ռու­մով պա­ռակ­տո­ւած վի­ճակ, իշ­խա­նու­թիւն­ներ-ե­կե­ղե­ցի սուր հա­կա­մար­տու­թիւն։

Թշ­նա­միին յո­խոր­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին.­պա­հանջ ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւն փո­խե­լու, ատր­պէյ­ճան­ցի­ներ ­Հա­յաս­տան վե­րաբ­նա­կեց­նե­լու։ ­Մինչ Ատրպէյ­ճա­նի պա­հան­ջով կը լու­ծա­րո­ւի Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ­Մինս­քի խում­բը, որ մի­ջազ­գա­յին ո­րո­շու­մով լիա­զօ­րո­ւած էր վա­րե­լու ար­ցա­խեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, Ե­րե­ւան կը հրա­ժա­րի մի­ջազ­գա­յին դա­տա­կան ա­տեան­նե­րու մօտ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու դէմ բա­ցած դա­տե­րէն։ ­Խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը ստո­րագ­րե­լու հա­մար ­Պա­քուն կը շա­րու­նա­կէ նոր պայ­ման­ներ դնել ­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան»։

Ըն­կե­րը ման­րա­մասն նկա­րագ­րա­կա­նով վեր­լու­ծեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հա­մա­հայ­կա­կան խնդիր­նե­րու եւ միջ­պե­տա­կան հար­ցե­րու ար­ծարծ­ման մէջ, ար­ժե­ւո­րե­լով ձեռք­բե­րում­նե­րը եւ ար­դիւնք­նե­րը ­Հայ դա­տի ի­րա­գործ­ման ճամ­բուն վրայ։

Այս շրջա­գի­ծէն ներս, ան հա­մա­ռօ­տա­բար բա­նա­ձե­ւեց հե­տե­ւեալ եզ­րակա­ցու­­թիւ­նը. «­Վե­րը նշո­ւած­նե­րը քա­նի մը օ­րի­նակ են ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ քա­ղա­քա­կան գոր­ծօ­նի հան­գա­ման­քով մեր հա­մա­հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւե­լի օ­րա­կար­գե­րուն ըն­դա­ռաջ հա­մա­հայ­կա­կան նոր քար­տէ­սին մէջ ­Յու­նաս­տա­նի եւ յու­նա­հա­յու­թեան անշր­ջան­ցե­լի դիրքն ու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը տես­նե­լու։ ­Յու­նաս­տա­նը աշ­խուժ ան­դամ է Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան, ­Մի­ջերկ­րա­կա­նեան տա­րած­քին մէջ նոր գոր­ծա­ռոյթ­ներ կը ստանձ­նէ ե­ռա­կող­մա­նի տար­բեր դա­շինք­նե­րու մէջ ա­ռանց­քա­յին դեր կը ստանձ­նէ։

­Յու­նա­կան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ հետ խնդիր­նե­րը դի­մա­կա­յե­լու, պե­տու­թիւն-ե­կե­ղե­ցի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ւան­դա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան հի­ման վրայ կա­նո­նա­կար­գած ըլ­լա­լու, իր պատ­մա­կան ա­կունք­նե­րուն հի­ման վրայ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն, ա­զա­տու­թիւն եւ մար­դու ի­րա­ւունք­ներ կեր­տած ըլ­լա­լու, եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կարգ-պե­տու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­մուր հի­մե­րու վրայ դրած ըլ­լա­լու հան­գա­մանք­նե­րով ա­ւե­լի քան անհ­րա­ժեշտ է մե­զի հա­մար մա­նա­ւանդ այս օ­րե­րուն։­ներ­կայ ճգնա­ժա­մա­յին պայ­ման­նե­րուն մէջ։

Եր­կու ժո­ղո­վուրդ­ներն ու պե­տու­թիւնն­նե­րը տա­կա­ւին բազ­մա­թիւ ո­լորտ­ներ եւ ու­ղի­ներ ու­նին հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու։ Իսկ այս կամր­ջու­մին մէջ ան­փո­խա­րի­նե­լի դեր կը կա­տա­րէ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ կա­տա­րել յու­նա­հայ հա­մայն­քի, քա­ղա­քա­կան գոր­ծօ­նը։ Այս պա­րա­գա­յին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը»։

­Խօս­քե­րէն ետք «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կոց շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը եր­գե­րով հան­դէս ե­կան՝ հա­ղոր­դե­լով տօ­նա­կան ու ջերմ շունչ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, իսկ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ե­րե­խա­նե­րու «­Կի­լի­կիա» պա­րա­խում­բը իր ներ­կա­յա­ցու­ցած ազ­գա­յին պա­րե­րով ո­գե­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը եւ ար­ժա­նա­ցաւ ջերմ ծա­փող­ջոյ­նի։

­Մի­ջո­ցա­ռու­մի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ, ո­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ շա­րու­նա­կե­լու տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը, փո­խա­նա­կե­լու տպա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ վե­րա­հաս­տա­տե­լու ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փար­նե­րուն ու ազ­գա­յին ի­տէալ­նե­րուն հան­դէպ։

­Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը ան­ցաւ բարձր ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ եւ ժո­ղո­վուր­դի կող­մէ մեծ թի­ւով մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ հաս­տա­տե­լով, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան 135-ա­մեա­կը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յու­թեան հա­մար դար­ձաւ ոչ միայն յի­շա­տա­կի օր, այլ նաեւ նոր ուխ­տի եւ նոր յանձ­նա­ռու­թեան պահ։

«Ազատ օր»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Աշխարհը հասկանում է, որ արցախահայերի ն

168.am-ն Արցախի Ազգային ժողովի պատգամավոր Վահրամ Բալայանից հետաքրքրվեց՝ եթե Հ

13 Ապրիլ 2026
Սփյուռքի զորաշարժի խորհրդաժողովի կոչ-

Ապրիլի 11-12-ը Փարիզում կայացավ Սփյուռքի ազգային զորաշարժին նվիրված խորհրդաժող

12 Ապրիլ 2026
Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով

Կիրակի, 12 ապրիլին, իր աւարտին հասաւ համազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքի զօրա

12 Ապրիլ 2026
Սփիւռքը կը պահանջէ, որ Հայաստանի քաղաք

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի փակման խօսքը Սփիւռքի զօրաշարժի նուիր

12 Ապրիլ 2026
Հայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացու

Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, Հայ երեք կուսակցութիւններու՝ Հայ Յեղափոխական

12 Ապրիլ 2026
Մենք կ’օգտագործենք Սփիւռքին ուժը

Կրնանք ընդունիլ «Իրական Հայաստանի» տեսլականը՝ աշխարհաքաղաքական վանդակի մը մէջ

12 Ապրիլ 2026
Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով

Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ին, Փարիզի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Սփիւռքի ազգային զօ

11 Ապրիլ 2026
Նման ազգակործան քաղաքականութիւնը մեզի

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին պատգամը՝ ուղղուած Սփիւռքի զօրաշարժի

11 Ապրիլ 2026
Այսօր մեր ժողովուրդը կանգնած է արտաքին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագույն Պատրիարք և Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղ

11 Ապրիլ 2026
Այս պայքարի ուղին պահանջում է միասնակա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահ, ԱՀ նախագահի պաշտոնակատար Աշոտ Դա

11 Ապրիլ 2026
Մեր օրակարգը պէտք է ըլլայ յստակ ու անդ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսեփ Տեր Գեւորգեանի բացման խօսքը Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրո

11 Ապրիլ 2026
Մեկ ազգ, մեկ հայրենիք, մեկ նպատակ. սա

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանի ելույթը Սփյուռքի զորաշարժին նվիրվ

11 Ապրիլ 2026
Փարիզում մեկնարկել է Սփյուռքի զորաշարժ

Այսօր՝ ապրիլի 11-ին Փարիզում մեկնարկել է Սփյուռքի զորաշարժին նվիրված խորհրդաժո

11 Ապրիլ 2026
Իրանի հայ համայնքի խնդիրները լուծվում

Ապրիլի 10-ին «Երկրի հարցը» հաղորդման հյուրն էր ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, իրանահայ հա

11 Ապրիլ 2026
Սփյուռքը պետք է դառնա համահայկական օրա

Վերջին տարիներին հայկական աշխարհը հայտնվել է լուրջ ցնցումների մեջ. Արցախի բռնի

10 Ապրիլ 2026
Անուրանալի է հայկական սփյուռքի դերը ար

Ապրիլի 9-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ Հայ Դատի կենտրոն

10 Ապրիլ 2026
Ռազմավարական Տատամսում Եւ Գրաւ․․․

«Որոշումներդ թող արտացոլացնեն քու յոյսերդ, եւ ո՛չ թէ վախերդ» Նելսըն Մանտելա

10 Ապրիլ 2026
Ապրիլը «Հայոց Պատմութեան Ամիս» Հռչակու

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisor

09 Ապրիլ 2026
Դեռ վաղ է խաղաղության մասին խոսել

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր, Միջին Արեւելքի հարցերով պ

09 Ապրիլ 2026
Հաստատվել է «Հայաստան» դաշինքի նախընտր

ՀՅԴ 29-րդ արտահերթ Գերագույն ժողովի եզրափակիչ նիստում և «Առաջ» կուսակցության հ

09 Ապրիլ 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company