Զաւալլը՜ Սարքոզի…
28 Սեպտեմբեր 2025
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ֆրանսայի նախկին նախագահներէն Նիքոլա Սարքոզի Հինգշաբթի օր (25 Սեպտեմբեր) 5 տարի բանտարկութեան վճիռ ստացաւ: Մեղադրա՞նքը: 2007-ին, նախագահութեան ընտրապայքարի օրերուն, 50 միլիոն եւրօ աջակցութիւն ստացած է Լիպիոյ այդ օրերու նախագահ Մուամմար Քազաֆիէն (որուն պատմութեան ծանօթ է աշխարհը՝ «Արաբական գարուն»-էն առաջ եւ ետք):
Ինչպէս ոեւէ մեղադրեալ, Սարքոզին ալ յայտարարեց, թէ զինք քաղաքական նկատումներով բանտարկութեան կը դատապարտեն, հաւաստեց՝ թէ մեղադրանքը շինծու է եւ զայն հիմնաւորող որեւէ փաստ չկայ, պիտի պահանջէ վճիռի վերատեսութիւն:
Այս թղթածրարին մասին մեկնաբանութիւններու ամբողջ փոթորիկ մը բարձրացաւ նախ Ֆրանսայի, ապա նաեւ միջազգային բեմերու վրայ: Բազմաթիւ թեր ու դէմ նշումներ տողանցեցին Սարքոզիի մեղաւոր կամ անմեղ ըլլալուն մասին, յիշեցումներ եղան անոր շնորհազրկումներուն մասին, «տագնապ»-ը դիտուեցաւ, ի շարս այլ բաներու՝ աջի-ձախի եւ Մաքրոնի իշխանութեան կամայականութիւններու շրջագիծերուն մէջ (նաեւ այլ ոլորտներ յիշատակուեցան), սակայն արդեօք մեր ուշադրութենէն վրիպեցա՞ւ կէտ մը, ուր ըսուէր, թէ այս փոթորիկը վերստին պայթում կ’արձանագրէ այն պահուն, երբ Մաքրոնի իշխանութեան մեքենան աւազախրումի ենթարկուած է նոր կառավարութեան մը փնտռտուքի ճահիճին մէջ…
Պահ մը ընդունինք, որ Սարքոզիի դէմ շարուած մեղադրանքները ճիշդ են եւ անցնինք անկէ անդին (ի դէպ, այս տողերը չենք արձանագրեր Սարքոզին անպարտ կամ մեղաւոր տեսնելու ակնոցով): Մեզի համար, կրնան հետաքրքրական ըլլալ բոլոր այն հակաճառութիւնները, որոնք Սարքոզին այս ճախճախուտին մէջ խրած են աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, մինչեւ իսկ իր նախագահութեան օրերէն սկսեալ: Աւելի ուշագրաւ է պատասխաններ որոնել սապիսի հարցումներու: Արդեօք ան Ֆրանսայէն հսկայական հողե՞ր կորսնցուցած է, օրինակ՝ Ալզասն ու Լորէնը Գերմանիո՞յ նուիրած է, բանակ ու տնտեսութի՞ւն կազմաքանդած է, ազգային արժէքներ եւ հաւատալիքներ՝ ցե՞խը կոխած, ու ժողովուրդը հրաւիրած է «նոր Ֆրանսա»-ի մը իր տեսլակա՞նը որդեգրելու (հարցումները չշարունակենք): Հաւանաբար յիշողներ ըլլան, որ ան ունեցած է թերութիւններ, շահած էր ծաղրածուի «շքանշան», ինչպէս ունեցած են եւ ունին, առաւել կամ նուազ չափով, ժամանակակից բազմաթիւ պետական առաջնորդներ: Չանտեսենք մարդուն – եւ իրաւաբաններուն – այն հաւաստիքը, թէ մեղադրանքին հիմ ծառայող շօշափելի փաստ չկայ (կ’ըսուի, թէ քանի մը վկայ եւ միջնորդ մեռած են, անոնց շարքին՝ նոյնինքն… Քազաֆի):
Հետեւաբար, եւ այս մօտեցումով ալ, կրնանք մեղքնա՜լ Սարքոզիին: Անոր թուրք համակիրները պիտի ըսէին՝ «Զաւալլը՜ (խեղճ) մարդ, քեզ կը մեղադրեն ու կը դատապարտեն մի՛այն 50 միլիոն եւրոյի նպաստ ստացած ըլլալուդ համար»: Մինչեռ անդին կան աչքառու վարապետներ ու նախագահներ, որոնք միլիառներով նպաստ կը ստանան «պաշտօնական» դիմակի տակ, ուրիշներ Արցախ ու հայրենիքի հողերէն մասեր նուիրած են թշմանիին, երկրի կառոյցները քանդած են եւ իրողական բռնատիրութիւն հաստատած, կան նաեւ աշխարհի աչքերուն առջեւ զանգուածներ ջարդող, քաղաքներ քանդող ու բնակիչներ սովի, իրերայաջորդ բռնագաղթի մատնողներ, որոնք կը յոխորտան իրենց «իրագործումներով», քարոզչութիւն կ’ընեն ցնորածին խաղաղութեան տարազներով: Ինչպէ՞ս մոռնալ անոնք, որոնք մասնակից եղան արցախցիներու ցեղասպանութեան եւ յետոյ, այլոց ցեղասպանական արարքները կը դատապարտեն…: Եթէ իսկապէս կ’ուզէիր անպարտ արձակուիլ եւ փառքի, պատիւի արժանանալ, դուն ալ պէտք է մտնէիր ոճիրներու եւ հայրենադաւութեան շողշողուն մայրուղիներու մէջ (ուշ չէ), հայրենիքդ վերածէ արիւնալի կռուախնձորի, եւ մի՛ մտածեր, որ երկիրդ ատենին մահուան դատապարտեց նացի Գերմանիոյ գործակատարը դարձած զօրավար Փեթէնը: Հիմա, ժամանակները փոխուած են, ու ամէն խեղկատակ կրնայ իշխանութեան գլուխ գալ, գերհզօր պետութիւններ անգամ քայքայել եւ, աւելի քան 34 փաստուած յանցանք գործելէ ետք, փառաւորուիլ ու վերընտրուիլ: Կրկնենք. ժամանակները փոխուած են, քու յանցանքդ այն է, որ չես յաջողիր քայլ պահել նոր ժամանակներուն հետ: