Լույս է տեսել Ռուբեն Զարդարյանի անտիպ նամակների ժողովածուն
29 Սեպտեմբեր 2025
Թվում է թե մեր օրերում լուրջ հրատարակությունների կարիք չի զգացվում, քանի որ հազիվ ենք կարողանում կողմնորոշվել տեղեկատվության ընթացիկ հարահոսի մեջ։ Բայց երբ վերջում փորձում ենք ամփոփել նման եղանակով ստացվող հապճեպ կարծիքները, ակնհայտ է դառնում, որ հենց լուրջ հրատարակությունների պակասն է մեզ զրկում արտաքին ու ներքին տեսաշարի մեջ ճիշտ կողմնորոշվելու հնարավորութունից։
Իրականում մենք վերապրում ենք նման ձեռնածություններից ծնվող քաոսը, որում ներկան արժեզրկվում է, իսկ ապագան մնում է անորոշութան մեջ։ Նման պայմաններում կարեւոր է անցյալի այն էջերի ուսումնասիրությունը, որոնք գոնե՝ կարմիր գծեր են քաշում դեպի ապագան միտված մեր հավանական քայլերի ճանապարհին։ Այս առումով վտանգաշատ մեր օրերում խիստ արդիական նշանակություն ունի նախաեղեռնան շրջանի հայ քաղաքական մտքի ուսումնասիրությունը։ Պատմությունը հասկանալու ու հնարավոր ողբերգութուններից խուսափելու համար հարկավոր է թարմացնել սերունդների երկխոսության հարթակները՝ շփվելով նրանց մտքերի ու ապրումների հետ։
Հետագայում Ազատամարտի սերունդ անունը ստացած նախաեղեռնյան սերնդի ամենավառ ներկայացուցիչներից մեկը մինչեւ վերջին պահը՝ ապրիլ 11(24) -ը պատնեշի վրա մնացած Ռուբեն Զարդարյանն էր։ Ուստի պատահական չենք համարում, որ նրա անտիպ նամակների ժողովածուն կազմել ու հրատարակել է դաշնակցական մտավորականի դիրքերն ամուր պահողը, պատմաբան Երվանդ Փամբուկյանը։ Ռուբեն Զարդարյանի անտիպ նամակներն ամփոփող ժողովածուի համար մանրամասն առաջաբան է գրել բարեխիղճ ու բծախնդիր հետազոտող Կարո Հովհաննիսյանը։
Վէմ Մատենաշարի 10-րդ հատորը դարձած այս ժողովածուի տպագրության հոբելյանական առիթով մեր պարտքն ենք համարում հիշեցնել, որ ներկա պայմաններում անգամ սահմանափակ տպաքանակով լույս տեսնող հատորներն են տարիներով մնում պահեստների փոշոտ դարակներին։ Վերջերս իջնելով մեր պահեստարանը՝ ուրախությամբ արձանագրեցինք, որ Վէմ Մատենաշարի հիմնականում՝ 500-ից՚ 1000 տպաքանակով հրատարակած հատորների մեծագույն մասն արդեն անհետացել է այնտեղից։ Գիտական հրատարակություն հանդիսացող նման մատենաշարի արձանագրած լուրջ հաջողության մեջ ամենամեծ վաստակն ունի Երվանդ Փամբուկյանը։ Ուղղակի՝ խոսքեր չենք գտնում նրա ցուցաբերած համառ աշխատասիրությունը գնահատելու համար։
Հատորի բովանդակությանը հետ նախնական ծանոթութան համար ներկայացնում ենք Կարո Հովհաննիսյանի ընդարձակ առաջաբանն ու Երվանդ Փամբուկյանի ԵՐԿՈՒ ԽՈՍՔԸ։ Հույս ունենք, որ առաջիկայում նաեւ էլեկտրոնային հարթակներում առիթներ կստեղծվեն Վէմ Մատենաշարի նշանակության ու հետագա ծրագրերի ավելի լայն քննարկման ու մանավանդ՝ Երվանդ Փամբուկյանի վաստակի գնահատման համար։
Վէմ հանդեսի խմբագրություն
ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՑԻՉ-ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԸ ԵՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐԸ
Ռուբէն Զարդարեան (1874–1915) կը պատկանի արեւմտահայ գրականութեան գեղապաշտ կամ արուեստագէտ սերունդին։
Բացառիկ մշակողներէն է ան հեքիաթին, որ գրականութեան դժուարագոյն սեռերէն մէկն է․ կարելի է ըսել նոյնիսկ, որ հեքիաթին անմրցելի վարպետն է։ Հեքիաթներու կողքին, ստորագրած է պատմուածքներ, պատկերներ եւ վիպակներ։ Անոր լաւագոյն գրութիւնները լոյս տեսան 1910-ին, Պոլիս, «Ցայգալոյս» խորագրեալ հատորին մէջ, որ հետագային արժանացած է հինգէ աւելի հրատարակութիւններու՝ Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ՝ անտիպներու որոշ յաւելումներով։ Զարդարեանի գործերէն ոմանք թարգմանուած են ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի։
Զարդարեան գրագէտին միջավայրը առաւելաբար եղած է Խարբերդը։ Ան իրեն հետ Պոլիս բերաւ գաւառի հայադրոշմ գրականութիւնը։ Կը հակադրուէր Պոլսոյ մէջ մշակուած գրականութեան, զոր կը նկատէր ինքնատիպ հանգամանքներէ զուրկ եւ որ հետեւած է «լոկ արուեստին եւ անձնական գրականութեան»1։ Ան համոզումով կը յայտնէր որ պոլսահայ գրագէտը կարելի բոլոր միջոցներով պէտք է նպաստէ գաւառի գրականութեան ծլարձակումին ու զարգացման։ «Զարդարեան բնութեան նկարագրութիւնը ըրաւ աւելի նուրբ թափանցումով, աւելի վշտոտ մարդկայնութիւն մը պտտցնելով նկարներուն վրայ»2։
Զարդարեան կատարած է թարգմանութիւններ՝ եւրոպացի, ռուս եւ թուրք գրողներէ։ Գրական ծածկանուններն են՝ Աչք Եհովայի, Բաբգէն, Զարդար, Զարման, Էժտահար, Հայ աքսորականը, Հրաչ եւ Հրաչեայ։
Զարդարեան մեր իրականութեան մէջ ճանչցուած է իբրեւ գրագէտ, որուն մասին կան բազմաթիւ գրութիւններ։ Սակայն աւելի քիչ ճանչցուած են անոր ուսուցչական-մանկավարժական, ինչպէս նաեւ հրապարակագրական գործերը, որ կը ներկայացնենք այստեղ։
ՈՒՍՈՒՑԻՉ-ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԸ
Զարդարեան ուսուցչութիւն ըրած է կեանքի զանազան փուլերուն եւ տարբեր միջավայրերու մէջ։ 1892-ին կը դասաւանդէ Թլկատինցիի դպրոցը, ապա շուրջ երեք տարի ֆրանսացի կրօնաւորներու «Քլարեան» վարժարանին մէջ (Խարբերդ), ուր ապաստան փնտռած էր 1895-ի աղէտի օրերուն։
1897-ին Յակոբ Սիմոնեանի հետ կը հիմնէ Մեզրէի (Խարբերդ) Ազգային Կեդրոնական վարժարանը։ Յակոբ Սիմոնեան եւ Ռուբէն Զարդարեան իրարմէ երկու տարբեր խառնուածքներ ունէին, բայց կը լրացնէին զիրար։ Զարդարեան կը ստանձնէ փոխտեսուչի պաշտօնը, սակայն արտաքին աշխարհը իր անունով կը ճանչնայ դպրոցը։ Յակոբ Սիմոնեանի սպանութենէն ետք, Զարդարեան կը նշանակուի տնօրէն։
Զարդարեան չունէր մանկավարժական կամ համալսարանական պատրաստութիւն, սակայն շնորհիւ իր բնածին ձիրքերուն, ինքնաշխատութեան եւ յամառ ընթերցող մը ըլլալուն, ինչպէս նաեւ գրելու տաղանդին, մեծ վարկ ապահոված էր իբրեւ ուսուցիչ ոչ միայն Խարբերդի մէջ, այլեւ անկէ դուրս։ Ան կը դասաւանդէր բարձր կարգերու հայերէն լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն եւ ֆրանսերէն։
Կեդրոնականի (Մեզրէի) իր պաշտօնակիցներէն մէկը կը հաստատէ․ Զարդարեան «իր հմայքով՝ իբրեւ բանաստեղծ-գրագէտ եւ իբրեւ մարդ՝ իր գրաւիչ անհատականութեամբ, վարժարանի ոգին էր։ Արտաքին աշխարհը, կարելի է ըսել, Զարդարեանով կը ճանչնար Կեդրոնականը»3։ Արդարեւ, Զարդարեան ամենասիրելի ուսուցիչն էր Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ Ան գրաւած էր աշակերտներուն սիրտն ու հոգին՝ շնորհիւ իր մաքուր մարդկային եւ գաղափարական դաստիարակութեան մեթոտներուն։
Զարդարեան Կեդրոնականը օժտած էր կարող եւ նուիրուած ուսուցիչներով, որոնց հետ կը գտնուէր մնայուն գործակցութեան մէջ։
1901-ին Կեդրոնականը կու տար իր առաջին հունձքը։ Այդ առթիւ Զարդարեան ընթացաւարտներուն համար եւ իբրեւ պսակ իր դաստիարակչական գործին, գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք երգի վերածուելով երգուած են մանչերու եւ աղջիկներու կողմէ4։
Մեզրէի մէջ Զարդարեան կատարեց դաստիարակչական շատ ընդարձակ եւ կարեւոր աշխատանք։ Ամէն բանէ առաջ ան պայքարեցաւ գիւղական-գաւառային մտայնութեան փոփոխութեան ի խնդիր, այսինքն՝ նախապաշարումներու դէմ։ Զարդարեան թէեւ մեծցած էր այդ մթնոլորտին մէջ, սակայն ինքնաշխատ զարգացումին շնորհիւ տիրացած էր մտային լայն հորիզոնի։
Զարդարեան խորապէս ջատագով էր իգական սեռի դաստիարակութեան։ Առաջին հերթին նախանձախնդիր եղաւ Մեզրէի մէջ աղջկանց վարժարանի մը հիմնումին՝ մանչերու վարժարանին կից։ Մինչեւ այն ատեն աղջիկները կ՚աւարտէին մանկապարտէզը միայն, որմէ ետք կը մնային տունը առտնին գործեր կատարելու։ Զարդարեան պայքարեցաւ նաեւ աղայական մտայնութեան դէմ, ըստ որուն իգական սեռը պէտք չէր որ ուսում առնէր։ Զարդարեան անցած կը նկատէր այլեւս այս մտայնութիւնը։ Պէտք է ըսել, թէ ի պատիւ իգական սեռին, եւ պայքարելու համար այս մտայնութեան դէմ, Մեզրէի մէջ հրապարակ իջան նաեւ լուսամիտ կիներ, որոնք «դռնէ դուռ պտտելով հանրագրութիւն կը կազմեն ի նպաստ աղջկանց վարժարանի հիմնարկութեան եւ կը յաջողին»5։
Եւ հիմնուեցաւ Մեզրէի Կեդրոնական աղջկանց վարժարանը։
1902-ին աղջկանց վարժարանի շրջանաւարտուհիներու հանդէսին համար Զարդարեան պատրաստեց ներկայացում մը, «որուն մէջ հայ իգական սեռը երեւան կու գար կրթութեան եւ ուսման նախանձախնդիր իր զգացումով եւ զոհողութեան ոգիով»6։
Շրջանաւարտուհիներուն մեծ մասը նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ՝ անձնուրացութեան եւ նուիրումի սքանչելի ոգիով ներշնչուած։
Զարդարեան Կեդրոնականի մէջ ժամանակ տրամադրեց նաեւ մանկապարտէզին եւ յարմար առիթներու գրեց գողտրիկ բանաստեղծութիւններ մատաղ հոգիներուն կամ, իր բառերով, «դաշտի ծաղիկներուն»։ Իսկ այդ բանաստեղծութիւնները կ՚երգուէին զուարթ եղանակներու վրայ։
Զարդարեան շաբաթը անգամ մը՝ իբրեւ պարտականութիւն՝ շարադրութեան նիւթ մը կու տար աշակերտներուն, որ գրեն։ Ինք պատին վրայ կը գրէր շարադրութիւնը, որ կ՚ընդօրինակէին աշակերտ-աշակերտուհիները։ Ան կը թելադրէր, որ նախ պէտք է ուսումնասիրել նիւթը, մտածել անոր մասին, «կարգաւ գծել պատկերը ձեր մտքին մէջ, յետոյ ալ շղթայի նման քակելով՝ յանձնեցէք թուղթին, բայց միշտ ձեր պապենական պարզ լեզուով»7։ Արդարեւ, Զարդարեան կը խորշէր այն շարադրութիւններէն, որ մեծ բառերով գրուած կ՚ըլլային։ Կը զգուշացնէր աշակերտները ուռուցիկ բառեր գործածելէ։
«Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» ընկերակցութիւնը, որ 1930-ին Փարիզի մէջ հրատարակած է Զարդարեանի ամբողջական երկերը, անոր կենսագրական ծանօթութիւններուն մէջ կը յայտնէ, որ Զարդարեանի աշակերտներէն մէկուն քով (Ամերիկա) կայ ձեռագրերու տետրակ մը, «ուր քով քովի բերուած են ուսուցիչ Զարդարեանի բոլոր այն էջերը, զորս ան սովորութիւն ունէր գրել գրատախտակին վրայ, շարադրութեան իբրեւ փորձեր։ Ապահովաբար անոնք գրի առնուած են ներշնչումի անսպասելի պահերուն, որոնցմով ա՛յնքան կը հրճուէր իր հոգին»8։ Այդ տետրակին մէջ կան նաեւ հեքիաթներու եւ գաւառական ուսումնասիրութիւններու հաւաքածոյ մը, որմէ ոչ մէկ էջ լոյս տեսած է մինչեւ այսօր։
Զարդարեան Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանին մէջ կը դասաւանդէր նաեւ հայոց պատմութիւն, որ արգիլուած էր կառավարութեան կողմէ։ Ահա՛ թէ ինչու այս նիւթը կը դասաւանդուէր գաղտնի։ Կրթական տարեշրջանի սկիզբը Զարդարեան պատմութեան դասապահերը կը յատկացնէր գաղտնապահութեան։ Ան աշակերտներուն կը բացատրէր եւ կը սորվեցնէր գաղտնապահութեան կարեւորութիւնը։ Հարկ կ՚ըլլար նաեւ կրթական տարեշրջանի ընթացքին ատեն-ատեն կրկնելու անոր անհրաժեշտութիւնը։
Պատմութեան դասաւանդման համար դասագիրք չկար։ Զարդարեան գրատախտակին վրայ կը գրէր հայոց պատմութեան դէպքերն ու դէմքերը, իսկ աշակերտները կ՚ընդօրինակէին մասնաւոր տետրակներու մէջ եւ կը պահէին գաղտնի։ Զարդարեան «պատմելու այնքա՜ն շնորհալի վարպետ էր, որ պատմած ժամանակ բոլորս ալ ականջ դրած՝ անոր շրթունքներէն կախուած կը մնայինք եւ մենք մեզ մոռցած, կարծես երազային աշխարհ մը կը փոխադրուէինք»9։
Զարդարեան կը խորշէր այն աշակերտներէն, որոնց մէջ կը պակսէր թռիչքը․ կը համակրէր բոլոր երիտասարդներուն, որոնք խենթութիւններ ունէին։
Մեզրէի իր ուսուցչութեան տարիներուն, յատկապէս Կեդրոնականի մէջ, Զարդարեան ամէն բանէ առաջ պատրաստեց ուսուցչական մարդուժ։ Եղան բազմաթիւ շրջանաւարտներ եւ շրջանաւարտուհիներ, որոնք նուիրուեցան ուսուցչական ասպարէզին եւ տարածուեցան Խարբերդի զանազան գիւղերուն եւ շրջակայքին մէջ՝ դաստիարակչական առաքելութեամբ։ Եղան նաեւ ոմանք, մտաւոր լայն պաշարով օժտեալ երիտասարդներ, որոնք իբրեւ գրագէտ եւ հանրային գործիչ արդիւնաւոր դեր կատարեցին մեր ազգային կեանքին մէջ ամէնուր։
Զարդարեան «ո՛րքան գրագէտ, ա՛յնքան ուսուցիչ է, որքան գրականութեան, այնքան ալ ուսուցչութեան լայնալիր համակրանք մը ունի։ Գրականութեան մասին ունեցած բազմակողմանի ձեռնհասութիւնը կը պատկերանայ զուգահեռաբար ուսուցչական արեւիշուշտ* պաշտօնին մէջ ալ, ու միեւնոյն ելեքտրացումը որ կը կայանայ ընթերցումին մէջ հանդէպ իր գրուածքներուն, կը ծածանի նաեւ ուսանողութեան համակրանքին մէջ, հանդէպ իր դասախօսութիւններուն»10։
Կրթական-դաստիարակչական աշխատանքներու կողքին, մեծ եղաւ Զարդարեանի դերը հասարակական գործերուն եւ մանաւանդ յեղափոխական աշխատանքին մէջ։ Իր շունչով յեղափոխական դաստիարակութիւն կը ստանային երիտասարդներ, որոնց վրայ ունեցաւ անջնջելի հետք։ Այդ գործունէութիւնը չվրիպեցաւ կառավարութեան ուշադրութենէն, որ 1903-ին ձերբակալեց զինք եւ բանտարկեց՝ Թլկատինցիի եւ քանի մը այլ ուսուցիչներու հետ։ Տարի մը բանտին մէջ մնալէ ետք, տեղի կ՚ունենայ դատավարութիւն, եւ Զարդարեան ազատ կ՚արձակուի, բայց ա՛լ չի կրնար մնալ Խարբերդի մէջ։
1904-ին Զարդարեան հանդերձ ընտանեօք կը տեղափոխուի Իզմիր, ուր ազգային հոգաբարձութեան կողմէ հրաւիրուած էր ստանձնելու տեղւոյն Ազգային վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Սակայն հոս ալ արգելքի կը հանդիպի թուրք իշխանաւորներու կողմէ։ Հարկադրաբար կ՚անցնի մերձակայ Մանիսա քաղաքը, ուր կը ստաձնէ հայ վարժարանի տեսչութիւնը՝ մէկ կրթական տարեշրջան։
1905-ին տեղի կ՚ունենայ սուլթան Համիտի մահափորձը։ Նոյն ատեն Իզմիրի մէջ ալ կը կատարուէին յեղափոխական աշխատանքներ։ Զարդարեան կը դառնայ կասկածելի։ Կը խուզարկեն տունը․ կը բանտարկուի երկու շաբաթ։ Ընկերներու աջակցութեամբ, իբրեւ փախստական կ՚ապաստանի Ֆիլիպէ, Պուլկարիա եւ կը ձեռնարկէ «Ռազմիկ» եռօրեայի խմբագրական աշխատանքներուն։
Զարդարեանի ուսուցչական ասպարէզին յաջորդ եւ վերջին հանգրուանը կ՚ըլլայ 1909–1915։ «Ազատամարտ» օրաթերթի խմբագրութեան կողքին, ուսուցչութիւն կ՚ընէ Հայրիկեանի Արդի վարժարանին եւ Պոլսոյ Կեդրոնականին մէջ։
*
* *
Իր կրթական-մանկավարժական գործունէութեան Պոլսոյ շրջանին, Զարդարեան պատրաստեց «Մեղրագետ» խորագրեալ հայերէն ընթերցանութեան, գրականութեան եւ հայ լեզուի դասագիրքերու շարք մը, թիւով վեց հատ։ «Մեղրագետ»ի հիմնական նպատակը եղած է Միտքի եւ Արուեստի գեղեցկութիւններուն առջեւ զմայլանք առաջացնել նորահաս սերունդին մէջ, եւ ատոնց ստեղծագործ ազդեցութեան տակ՝ բեղմնաւորել սերունդին միտքն ու հոգին»11։
Զարդարեան «ունայն եւ ամուլ» կը նկատէր գրագիտութեան կանոնները, հիմնաւորելով որ անոնք գոյութիւն ունեցած են գրականութեան ստեղծումէն ետք եւ ոչ անկէ առաջ։ Արդարեւ, գրողները ոչ մէկ կանոն եւ օրէնք ունեցած են իբրեւ ուղեցոյց՝ բացի ստեղծագործ արուեստէն։ «Ահա թէ ինչո՛ւ կը հրաւիրենք ուսուցիչները մէկ կողմ դնել գրագիտական կանոններու աննպատակ ծանրաբեռնումը տղուն մտքին վրայ եւ տրամադրելի ժամերը նուիրել գեղեցիկ էջերու ընթերցման ու գեղեցկագիտական վերլուծման, անոնցմով թաթաւելու համար լոյսին բացուող իմացականութիւնները։ Բաւական է որ գեղեցկութեան ճառագայթ մը իյնայ ընդունակ հոգիներու խորքը․ անիկա պիտի արթնցնէ անոնց մէջ ինչ որ կայ կենսալից եւ պիտի մղէ փթթելու»12։
Գրագիտութեան փոխարէն Զարդարեան կ՚առաջարկէ սորվեցնել գրական սեռերու ծագման եւ զարգացման պատմութիւնը, ինչ որ ինք ըրած է, ցոյց տալով Արուեստի զանազան ձեւերը եւ անոնց առաջացումը։ Ասիկա գիրքին ամէնէն կարեւոր մասերէն մէկը կը կազմէ, ինչ-որ տեղ գտած է բարձր կարգերու «Մեղրագետ»ի վերջաւորութեան։ Զարդարեան այս ուսումնասիրութիւնը պատրաստած է մեծ խնամքով եւ շատ օգտակար է գրականութեան հետեւող ուսանողներու համար։ Մինչեւ այսօր կը պահէ իր այժմէականութիւնը։
Իր բոլոր դասագիրքերուն մէջ Զարդարեան ունեցած է համահայկական եւ համամարդկային մտածողութիւն։ Ան կը նպատակադրէր ընդհանուր զարգացում եւ հետաքրքրութիւն ստեղծել նորահաս սերունդներուն մէջ։ Այսպէս, «Մեղրագետ»ին մէջ կողք կողքի տեղ գտած են թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ արեւելահայ գրողներէ հատուածներ՝ պահելով հանդերձ «Թիֆլիսի եւ Կ․ Պոլսոյ հայերէնը»։ Զարդարեան կը հիմնաւորէ որ «հայ երկու բարբառներով մշակուած գրականութիւններուն ամբողջութիւնն ու միութիւնն է որ կը ներկայացնէ Հայ Միտքը»13։ Աւելի՛ն․ հոն լուսաւոր հատուածներ կան նաեւ եւրոպացի, ռուս եւ յատկապէս թուրք ժամանակակից գրողներու մտածումներէն՝ ընթացք տալու համար ազգերու համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ ընդարձակելու ոչ-հայ գրականութիւններու հետ շփումը։ Հոն տեղ գտած թարգմանութիւններուն մեծ մասը կը պատկանի Զարդարեանին։ Տեղին է հաստատել նաեւ, որ մինչ այդ գործածութեան դրուած Պոլսոյ հայերէն դասագիրքերու մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղ կը գտնէր «մեր բնակակից մէկ կարեւոր ցեղին՝ թուրքին միտքը։ […] Գրականութիւնն է մէկը այն միջոցներէն, որ կարող պիտի ըլլայ կամաց-կամաց ներդաշնակութիւն ստեղծել երկու բնակակից ցեղերու հոգեբանութեան մէջ, հին կուտակուած դառնութիւնները չքացնելով ու անոնց տեղ ստեղծելով աւելի մարդկային, աւելի ազնիւ եւ երկու ժողովուրդներուն յառաջդիմութեանը ծառայող աւելի գիտակից զգացումներ»14։
«Մեղրագետ»ներու շարքի լոյս ընծայումէն առաջ Պոլսոյ իրականութեան մէջ կը կիրարկուէին կարգ մը դասագիրքեր։ «Մեղրագետ»ի երեւումէն ետք, մէկ կողմ դրուեցան ատոնցմէ շատեր։ «Մեղրագետ»ը դարձաւ հայ լեզուի եւ գրականութեան ամէնէն փնտռուած դասագիրքը15։
Զարդարեան «Մեղրագետ»ին մանկավարժական դասաւորումը կատարած է մեծ հմտութեամբ։ Գրական կտորները ընտրուած են լաւ ճաշակով։
Զարդարեան իւրաքանչիւր հեղինակի համար պատրաստած է շատ համառօտ եւ ինքնատիպ կենսագրական․ բա՛ն մը, որ մինչ այդ չէր եղած ամբողջ արեւմտահայ մանկավարժութեան մէջ։ Սիրունի կը հաստատէ․ «Բայց առաւելապէս անոր բերած հայրենի շունչն էր, որ գիրքը սիրցուց։ Առանց հռետորութեան եւ առանց թմբուկի, հայ հոգին էր որ կը ցոլանար հոն»16։
Ակնարկելով «Մեղրագետ»ի բարձրագոյն դասարաններու հատորին, Արամ Հայկազ կը հաստատէ որ այնքան լաւ պատրաստուած էր, որ «քեմալականները, Պոլիս մտնելուն պէս, առաջին գործերնուն մէկը եղաւ հայ դպրոցներուն մէջ անոնց գործածութեան արգելումը»17։
Որովհետեւ՝Հայ հոգին էր, որ կը ցոլանար հոն։
ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐԸ
Ռուբէն Զարդարեան գրական-ստեղծագործական, հրապարակագրական, գրականագիտական եւ ուսումնասիրական գրութիւններով աշխատակցած է հետեւեալ թերթերուն․ «Մասիս», «Ծաղիկ», «Անահիտ», «Լոյս» «Արեւելք», «Դրօշակ», «Տարեցոյց Նշան Պապիկեանի», «Գաւառին տարեցոյցը», «Ամէնուն տարեցոյցը», «Նաւասարդ տարեգիրք», «Բիւրակն», «Երկունք», «Հայրենիք», «Արեւելեան մամուլ», «Շիրակ», «Բամբեր» եւ «Ժամանակ»։ Խմբագրած է «Ռազմիկ» եռօրեան եւ «Ազատամարտ» օրաթերթը։
Ա) «Ռազմիկ» եռօրեայ (Ֆիլիպէ, Պուլկարիա)
Զարդարեան «Ռազմիկ» եռօրեան խմբագրած է 15/28 Հոկտեմբեր 1905-էն մինչեւ 18 Հոկտեմբեր 1908։
«Ռազմիկ» պարբերականին նպատակը բանաձեւուած է «Մեր առաջադրութիւնը» խորագրեալ առաջին խմբագրականին մէջ18։ Այսպէս, ան պիտի հետապնդէ այն գաղափարները, որոնք կ՚երաշխաւորեն ազգային բարեշրջութիւնն ու փրկութիւնը․ կապ մը ըլլալ հայ գաղթականութեան, ինչպէս նաեւ գաղութներուն եւ մայր հայրենիքին միջեւ․ զբաղիլ պալքանահայ գաղութին կենսական խնդիրներով․ արձագանգ ըլլալ օտար քաղաքակրթութեանց վերանորոգման շարժումներուն, յատկապէս պուլկար ժողովուրդին, որուն անմիջական դրացնութեան մէջ կը գտնուի պուլկարահայ գաղթականութիւնը։ Տակաւին․ ան պիտի քննարկէ ընկերային հարցեր եւ երեւոյթներ, հանրային կենսական խնդիրներ։ «Ռազմիկ»ը պիտի չխուսափի պայքարէն, այնքան ատեն որ ատիկա կը վերաբերի գաղափարի մը յաղթանակին համար19։
«Ռազմիկ» եռօրեան թէեւ կ՚առաջնորդուէր «խմբագրական մարմին»ով մը, ինչպէս կ՚ըսէ անոր առաջին համարը, սակայն Ռուբէն Զարդարեան մինակն էր, որ կը խմբագրէր զայն։ Ֆիլիպէէն Զապէլ Եսայեանին գրած մէկ նամակին մէջ ան կը գրէ (1/14 Մայիս 1907)․
«Այնքա՜ն վազնէ վազ, հեւ ի հեւ ու տենդոտ կեանք մը կ՚անցընեմ ու երեւակայեցէք, որ շաբաթը երկու անգամ ալ թերթ մը պէտք է լեցնել, իւրաքանչիւր ելած թիւին ետեւէն անմիջապէս յաջորդին վրայ մտածել՝ գրեթէ միս մինակդ, առանց կարեւոր ուժ մը ունենալու քեզի իբրեւ թեւընկեր։ Յոգնութիւն, խոնջէնք ու մտացիր վիճակ, առանց կարենալ ամփոփուելու զուտ գեղարուեստական աշխատութեան մը վրայ»20։
Զարդարեան ձեռնհասօրէն հետապնդեց «Ռազմիկ»ի առաջադրած նպատակները՝ շնորհիւ իր հմուտ եւ ճարտար գրիչին։ Պուլկարիոյ մէջ հաստատուած հայ գաղթականներու հարցերը քննարկելէ աւելի՝ իր մտասեւեռումը հայրենիքն էր, որ կը հեծէր օսմանեան լուծին տակ։ Արձագանգ եղաւ Թուրքիոյ մէջ խմորուող յեղափոխութեան, սահմանադրական կարգերու հաստատման, հայ աշխատաւորական դասակարգի շահագործման, ինչպէս նաեւ քաղաքատնտեսական, մշակութային եւ այլ հարցերու։
Զարդարեան այցելեց Պուլկարիոյ զանազան շրջանները, ուր հայ գաղթականները հաստատուած էին։ Մտահոգութիւն կը յայտնէր հայ վարժարաններու վիճակին մասին, որ կը գտնուին արգահատելի լճացումի մէջ՝ հակառակ այն իրողութեան, որ ամէն յարմարութիւն ունին զարգանալու։ «Ազատութեան մէջ հայը առա՞ջ կ՚երթայ թէ ետ», կը գրէր ան21։
Իր այցելութիւններուն ընթացքին Պուլկարիոյ քաղաքներուն մէջ, Զարդարեան էովին տպաւորուած էր հայ կիներու աշխատանքով։ Գաղութին մէջ, գրեթէ ամէն տեղ, հայ կիներուն քով կը տեսնէր բարոյական աշխուժութիւն մը, ազգային կեանքի վերածնութիւն մը։ Օրինակ․ հետզհետէ սկսած են կազմուիլ Կարմիր խաչի ընկերութիւններ, որոնց կողքին կային նուագախումբ, երգեցիկ եւ թատերասէր խումբեր։ Զարդարեան կը դրուատէ հայ կիները, որ մինչ այդ միայն տանտիկին, չէզոք եւ կրաւորական մնացած էին մեր մէջ։ Ասիկա կը նկատէր յուսալի երեւոյթ մը, որ նախանշանը կու տայ ապագայի զարգացման»22։
Սակայն պուլկարահայ գաղութը եւ առ հասարակ արտասահմանի հայագաղութները ընդհանրապէս խօսքով միայն զօրավիգ են հայ ազատագրական շարժումին եւ հայ դատին, կը գրէ Զարդարեան։ 1905-ի հայ- թաթարական կռիւներուն, «արտասահմանի հայերուն բաժինը միմիայն հանդիսատեսի, պղատոնական վշտակրութեան եւ ա՜խ վա՜խ քաշելու դերը չէ։ Պէտք է խորհիլ թէ կռիւին մէջ գտնուող մեր եղբայրները՝ իրենց ուժէն անհամեմատ վեր դիմադրութիւն մըն է որ կ՚ընեն եւ մեր ամէնուս նիւթական ու շատ աւելի բարոյական աջակցութեանը կը կարօտին՝ մահուան կամուրջէն քիչ զոհաբերութեամբ անցնելու։
Ամէնուս պարտականութիւնն է բաժնել այն երկու հզօր ուժերը՝ որ այսօր իրենց մէջ առած բուն ի՛սկ Հայկական խնդիրը՝ կը սեղմեն, կը ճնշեն ու անոր գոյութեան հետ կը խաղան»23։
Զարդարեան մոլուցքով կը խօսի մեծ պետութիւններու Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ մակերեսային կեցուածքին։ Անոնք շատ աւելի կը հետաքրքրուին ազգային ազատագրական պայքար մղող ժողովուրդներով, քան հայութեան։ «Մինակ հայկական խնդիրն էր որ կորթեան հանգոյցը եղաւ տէրութիւններուն․ մօտեցան, հոտուըտացին ու միշտ քիթերնին մէկ կողմ դարձնելով՝ ետ քաշուեցան»24։
Զարդարեան կը հաւատար, որ բիրտ ուժին դէմ միայն բիրտ ուժով կարելի է ընդդիմանալ եւ ինքզինք պաշտպանել, ինչ որ կը կատարուի արդէն Կովկասի մէջ։ Պէտք է ապաւինիլ սեփական ուժին եւ ամէն հայ պէտք է որ վարժ ըլլայ զէնքի գործածութեան։ Ան կը մեղադրէ Եւրոպայի հայ ուսանողները, որ ոչ միայն չեն գիտեր զէնք գործածել, այլեւ մինչեւ հիմա չեն կրցած ըմբռնել զինավարժութեան անհրաժեշտութիւնը եւ անառարկելի օգտակարութիւնը՝ մանաւանդ որ մօտիկ ապագային անոնք դերակատարութիւն պիտի ունենան ազգային կեանքին մէջ։ Ինքնապաշտպանութեան կարիք կայ, բայց անոնք զէնք բռնել չեն գիտեր։
Իսկ անդին, պուլկար երիտասարդները այդպէս չեն, անոնք կեանքի գիտակցութիւն ունին եւ կը ճանչնան քաղաքացիական պարտաւորութիւն։
Զարդարեան կոչ կ՚ուղղէ, որ հայ ուսանողութիւնն ու երիտասարդութիւնը պէտք է ըմբռնեն ֆիզիքական ուժին եւ զինավարժութեան կարեւորութիւնը եւ ապա անցնին գործնական աշխատանքի։ Ամօթ այն հայ երիտասարդներուն, որ չեն ուզեր լսել այս հրաւէրը, որ ազգին հրաւէրն է եւ պահանջը միեւնոյն ատեն։ «Պատմութիւնը չէ որ իրողութիւններ կը ստեղծէ, այլ իրողութիւններն են որ պատմութիւնը կը կազմեն»25։
Հայերէն առաջ ազատագրական պայքար մղող ընդհանրապէս բոլոր ժողովուրդներն ալ դիմած են զէնքի եւ ստացած են իրենց անկախութիւնը, կը շարունակէ Զարդարեան։ Հայութիւնն ալ բռնած է այդ ճամբան, որ կրնայ մութ ու վտանգաւոր ըլլալ, ելեւէջաւոր, բայց ճշմարտութի՛ւնն է, որմէ զատ անցնելիք տեղ չունի հայութիւնը։
Հետեւաբար, «անհրաժեշտ է որ ամէն հայ՝ ինչ գաղափարի ու սկզբունքի ալ պատկանի, որքան ալ անհաշտ կամ թշնամի զոհողութեան պայմաններուն՝ հաստատապէս համոզուի թէ միակ ու տրամաբանական միջոցին էր որ դիմեց իր Ազգը, առանց որուն անկարելի էր մարդկօրէն ապրիլ անոր»26։
Զարդարեան յօդուածաշարքի մը մէջ առարկայական քննութեան կ՚ենթարկէ Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգերը, թրքական բանակը, գրականութիւնը (թիւ 15, 17, 19 եւ 20)։ Ան կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն միջեւ եղող անհաւասարութիւնը, կրօնական ըմբռնումները, ընկերային վիճակի խիստ մեծ տարբերութիւնները պատճառ եղած են որ ընդհանուր գաղափարի մը շուրջ չհաւաքուին ժողովուրդները եւ «հանրային միեւնոյն նշանաբանը չունենան ամէնքն ալ իրենց դրօշակին վրայ»27։ Ան չէր պատկերացներ նաեւ որ Սուլթանը, լայն բարեկարգումներ կատարէ թուրք պետութեան մէջ։ Կամ՝ Զարդարեանի պատկերաւոր բացատրութեամբ․ «Անասունը իր ցռուկը նորէն գառագեղէն դուրս երկնցնէ ու երկաթէ խաղխամներուն** ետեւ նոր պար մը սկսի»28։ Ան կը հիմնաւորէր, որ բոլոր անոնք, որ իրազեկ են սուլթան Համիտի արիւնաշաղախ եւ ահաւոր վարչութեան՝ անկարելի կը նկատեն բարենորոգումները, որովհետեւ ան թշնամի է Արդարութեան եւ Ազատութեան։ Ուրեմն, ոչ մէկ յոյս, ոչ մէկ վստահութիւն, ոչ մէկ կարելիութիւն։ «Պատմութիւնը ո՛չ հրաշքով կը կառուցուի եւ ոչ ալ իր մեծ անցքերը տէրվիշներու տըլըսմովը կ՚իրագործուին»29։
Զարդարեան «Ռազմիկ»ի մէջ իր խմբագրականները ստորագրած է մինչեւ 150-րդ համարը30։ Այս չի նշանակեր թէ ատկէ ետք դադրեցաւ խմբագրելէ «Ռազմիկ»ը կամ ա՛լ խմբագրական չգրեց։ Զարդարեան նաեւ սովորութիւն ունէր չստորագրելու իր խմբագրականները։ «Ազատամարտ» օրաթերթին մէջ բազմաթիւ խմբագրականներ կան, որոնց մեծ մասին տակ իր անունը չենք գտներ։
Բոլոր պարագաներուն, երբ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Երիտ-թուրք յեղափոխութիւնը (Յուլիս 1908), Զարդարեան շտապեց Պոլիս՝ իր գործուն մասնակցութիւնը բերելու հայութեան վերազարթնումի աշխատանքներուն։ «Ռազմիկ»ի 16 Յունուար 1908-ի համար մէջ, անստորագիր, ան կը յայտնէր, որ կը գտնուինք պատմական դարագլուխի մը առջեւ, որովհետեւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր տարրերուն մեծագոյն մասը, առանց ցեղի ու կրօնի խտրութեան, անցած է գործնական յեղափոխութեան, «առաջադրելով բռնի ուժ՝ բռնի ուժի դէմ, մարտական դիմադրութիւն՝ բռնակալ ու աւերիչ ռեժիմին դէմ, հարուած՝ խօսքի տեղ»31։ Եւ անգամ մը որ վերնայ արդի ռեժիմը մէջտեղէն եւ ժողովուրդի կամքը անցնի իշխանութեան գլուխ, այն ատեն իւրաքանչիւր կուսակցութիւն իր պահանջները կը ներկայացնէ՝ ջանալով յարգել տալ զանոնք նուիրագործել32։ Իսկ աշխատաւոր ժողովուրդի պաշտպանութեան համար ամէնէն նպատակայարմար պետական կազմը, ըստ Զարդարեանի, ռամկավարադաշնակցական հանրապետութիւնն է 33։
Այսպէս թէ այնպէս, Ռուբէն Զարդարեանի նախատեսածին պէս, «Ռազմիկ»ը միշտ մնաց ծանրօրէն լուրջ թերթ մը եւ, մա՛նաւանդ՝ վեր մնաց անձնականութիւններէ։ Եռօրեան երբեք չեղաւ անձնական ատելութիւններու, քինախնդրութիւններու, վնասաբեր եւ անօգուտ աղմուկներու բեմ։
Ոչ ալ շեփորը եղաւ այդ բոլորին։ Եւ արդէն գործունէութեան առաջին օրերուն, Զարդարեան Արշակ Չօպանեանի գրած նամակի մը մէջ կ՚առաջադրէր, որ «Ռազմիկ»ը «մեր բոլոր շարքերուն մէջ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամաւորներէն մէկն ըլլայ․ եղբայրատեաց կիրքերը, հանրային փրկութեան սպառնացող վէճերն ու արարքները արիւնով կը լեցնեն սիրտս․ չէ՛ք գիտեր, թէ անդին հայ ժողովուրդը երկրին խորերը ի՛նչ հաւատք, ի՛նչ վստահութիւն դրած է արտասահմանեան մեր գործիչներուն վրայ․ անդարմանալի յուսահատութեան եւ կորուստի պիտի ենթարկուի այն օրէն, երբ իր մէջ այս վերջին հիասթափումն ալ տեղի ունենայ»34։
Իրաւամբ, Ռուբէն Զարդարեանի առաջադրանքները արդարացան։ Կարդալ «Ռազմիկ»ը կը նշանակէ թափանցել Զարդարեանի հոգիին մէջ, որ այնքա՜ն խորունկ է․ կը նշանակէ զգալ անոր այլասիրութիւնը եւ նկարագիրը։ Ան վեր մնաց բոլոր անձնական հարցերէ եւ կիրքերէ։ Զարդարեանի գրութիւնները կը սնանին հոգիի տարրերով։ Ընդառաջեց պայքարի հրաւէրին եւ անոր առաքեալը եղաւ։ Մինչեւ վերջին օրը հայ հոգիին արիութիւնը ունեցաւ՝ առանց տեղի տալու կամ փախուստ տալու իրականութենէն, որ պիտի գար։
Անդուլ ու հաւատարիմ աշխատող մը եղաւ հայ դատին՝ իբրեւ հրապարակագիր, հանրային գործիչ եւ քաղաքական մարդ։ Տուեալները ցոյց կու տան, որ օժտուած էր բազմակողմանի շնորհներով, սակայն մէկ էր անոր գերագոյն մտահոգութիւնը – հայ ազգը եւ հայրենիքը։ Ինք գիւղացի էր եւ հայ ազգին հիմնական խաւը կը նկատէր գաւառի հայութիւնը։ Խարբերդը սիրտն էր հայրենիքին։
Հրահանգիչ եւ օրինակելի յուշ մըն է իր կեանքը՝ ոգեղինացած հաւատքը ապագայի։ Հայրենաբաղձութիւնը՝ ազատ հայութեան իր ազատ հայրենիքին մէջ։
Բ) «Ժամանակ» օրաթերթ (Պոլիս)
«Ազատամարտ» օրաթերթի լոյս ընծայումէն անմիջապէս առաջ Զարդարեան կանոնաւորապէս աշխատակցած է «Ժամանակ» օրաթերթին (1/14 Նոյ․ 1908-էն մինչեւ 24 Մարտ/6 Ապրիլ 1909), ուր ստորագրած է 34 հրապարակագրական յօդուած։ Տեղին է յայտնել, որ 2015-ին Իսթանպուլի մէջ առանձին հատորով մէկտեղուեցան այս յօդուածները՝ Սեւան Տէյիրմէնճեանի աշխատասիրութեամբ եւ Վահէ Թաշճեանի յառաջաբանով։ Գիրքին խորագիրն է «Յօդուածներ», 201 էջ։
«Ժամանակ»ի մէջ Զարդարեան կը քննարկէ Սահմանադրութեան ստեղծման անմիջական շրջանը։ Ան կը յայտնէ որ մակերեսային եւ ձեւական փոփոխութիւններ կատարուած են Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ բռնատիրական արարքները կը շարունակուին սահմանադրական կարգերու տակ գրեթէ նոյն թափով։ Զարդարեան ցանկացողն է ժողովրդավարական կարգերու հաստատման, ազգերու հաւասարութեան, ինչպէս նաեւ արդարութեան ստեղծման, հարստահարութիւններու վերացման, ազգային մշակոյթներու զարգացման, տնտեսական ազատութեան եւ վարչական ապակեդրոնացման սկզբունքի գործադրման․ սակայն, պետութիւնը, կը հաստատէ ան, գործնականին մէջ ոչինչ կ՚ընէ այդ ուղղութեամբ։ Արդարեւ, չկան ընկերատնտեսական բարեկարգումներ, ընդհակառակն, պետութիւնը փտածութեան առաջնորդող բոլոր տուեալները ունի ըստ նախնոյն, ինչպէս կաշառակերութիւն, միջնորդութիւն, քաղաքական դէմքերու միջամտութիւն, դիւանակալութիւն եւ այլն։
Զարդարեան չի բաւականանար երեւոյթներ մատնանշելով, այլ կ՚առաջարկէ նաեւ դարմաններ, որոնք կը բարելաւեն պետութեան կառոյցը եւ պետութիւնը պետութիւն կը դարձնեն։ Այսպէս․ սահմանադրական իրաւունքներու կիրարկում, վարչական ազատութիւն գաւառներուն, դատական կառոյցի արմատական փոփոխութիւն, ժողովրդավարական իրաւ կարգերու հաստատում, ուսման զարգացում՝ դպրոցներու եւ համալսարաններու ճամբով, բանակին մէջ զինուորագրութիւն բոլոր ազգային խմբաւորումներուն։
«Ժամանակ»ի մէջ լոյս ընծայուած Զարդարեանի հրապարակագրական յօդուածները կարծէք նախերգանքն էին «Ազատամարտ»ի, որուն մէջ ան պիտի ըլլար աւելի թելադրական, աւելի ուժգին եւ աւելի յարձակողական։
Գ) «Ազատամարտ» օրաթերթ (Պոլիս)
10 Յունիս 1909-ին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն կը ձեռնարկէ «Ազատամարտ»ի հրատարակութեան, որուն խմբագրապետութեան կը հրաւիրէ Ռուբէն Զարդարեանը։
«Ազատամարտ»ի տարիները եղան Զարդարեանի համար հրապարակագրութեան ամէնէն արդիւնաւէտ շրջանը։ Արդարեւ, Զարդարեան արժանաւորապէս եւ առանց ընկրկումի վարեց Հ․Յ․Դ․ Պոլսոյ Կեդր․ կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրութիւնը՝ 1909–1915, այսինքն՝ անոր հիմնումէն մինչեւ դադրեցումը։ Նոյն ատեն ան գործուն դեր կատարեց ազգային եւ կուսակցական կեանքին մէջ։ Բեղուն հրապարակագիր էր եւ աննկուն հրապարակախօս թէ՛ մամուլին եւ թէ՛ երեսփոխանական ժողովներուն, արժանանալով բոլորին ակնածանքին։
Զարդարեան ամբողջ էութեամբ աշխատեցաւ հարազատ թարգմանը ըլլալ հայ ժողովուրդի ցաւերուն, տագնապներուն, դժուարութիւններուն եւ բողոքներուն։ Գեղարուեստական գրականութիւն մշակելէ շատ աւելի՝ զգաց օրուան պահանջը ժողովուրդին հասնելու, աւելի բուռն թափով շարունակեց Ֆիլիպէի մէջ սկսած գործը եւ ուղղութիւն տուաւ մեր ազգային կեանքին։
Զարդարեան կը ձաղկէր թուրք նոր կառավարութեան (երիտ-թուրք) թերութիւններն ու պակասները։ Կրակ կը ժայթքէր մանաւանդ երբ տեսնէր կառավարութեան կողմնակալ դիրքորոշումը կամ անարդար կարգադրութիւնը հայութեան դէմ։ Հայց կը ներկայացնէր անոր դէմ՝ հարցերուն դարման մը տալու համար․ բաներ, որ գրեթէ պիտի չկատարուէին գեղարուեստական գրականութեան միջոցով։
Զարդարեան ոչ միայն «Ազատամարտ»ի մէջ, այլեւ բազմաթիւ պարագաներու, մնայուն փնտռտուքի մէջ կը գտնուէր ճշմարտութեան։ Դաշնակցութեան եւ Իթթիհատի միջեւ կապերու խզումէն ետք, «Ազատամարտ»ի պայքարը կառավարութեան դէմ՝ Զարդարեանի խմբագրականներու ճամբով, այնքան սաստկացաւ, որ պատճառ եղաւ կուսակցութեան պաշտօնաթերթի փակման թուրք զինուորական իշխանութեան կողմէ։ Բայց Զարդարեանի խօսքը եւ պայքարը (իմա՛ Դաշնակցութեան) չմարեցան։ «Ազատամարտ»ի փոխարէն հրատարակուեցան, թէեւ կարճ ժամանակի համար, «Առաջամարտ», «Ազդակ», «Շանթ», «Բագին», «Մեղուց» եւ «Բիւթանիա» թերթերը, որոնցմէ ոմանք արտօնագիր ունէին, իսկ չունեցողները դարձեալ փակուեցան՝ մինչեւ որ հարթուեցաւ «Ազատամարտ»ի հարցը։
Զարդարեանի հրապարակագրութեան մեծագոյն յատկանիշներէն մէկը թելադրականութիւնն է, որ կը մղէ ընթերցողը մտածելու եւ քննարկելու։ Այսօր, որքան ալ փոխուած ըլլան հրապարակագրութեան ձեւը կամ ոճը, Զարդարեանի յօդուածները կամ գրութիւնները կը պահեն իրենց դաստիարակչական-թելադրական բնոյթը, ինչպէս նաեւ այժմէականութիւնը։ Կ՚արժէ մտածել, «Ժամանակ»ի յօդուածներուն նման, հատոր մը կամ երկուք, հրատարակել Զարդարեանի հրապարակագրական եւ ուսումնասիրական յօդուածներէն շատեր, որ լոյս տեսած են «Ռազմիկ»ի եւ «Ազատամարտ»ի մէջ։
Զարդարեան շատ քիչ բան ստորագրած է «Ազատամարտ»ի իր խմբագրականներուն տակ։ Սակայն իրեն կը պատկանի առաջնորդողներուն մեծ մասը։ «Ազատամարտ»ի խմբագիրներէն Ռուբէն Դարբինեան, որ Զարդարեանի ճիշդ դիմացը կը նստէր խմբագրատան մէջ, կը յայտնէ, թէ իր գործակիցը մեծ դժուարութեամբ եւ չափազանց դանդաղ կը գրէր խմբագրականները, երեքէն հինգ ժամ։ Ասոր պատճառներէն մէկը այն է, որ Զարդարեան կ՚աշխատէր գրել գեղարուեստագէտի յղկուած ոճով35։
Զարդարեան գրեթէ ամէն օր խօսք մը ունէր ըսելիք «Ազատամարտ»ի մէջ, ամէն օր խմբագրական մը։ Այս երեւոյթը նորութիւն էր մեր հրապարակագրութեան մէջ։
Զարդարեանի խմբագրականները եւ այլ յօդուածներ շատ մեծ ընդունելութիւն գտան մեր ժողովուրդին մէջ։ «Ազատամարտ»ի ժողովրդականութիւնը աւելի եւ աւելի տարածուեցաւ։ 27 Հոկտեմբեր 1912-ին Սիմոն Վրացեանի (Մ․ Նահանգներ) ուղղուած նամակի մը մէջ Զարդարեան կը գրէր, այլ բաներու կարգին․ «․․․Տամ ձեզի ուրախ լուր մը՝ այս բոլոր չար խապարներու մէջ «Ազատամարտ»ը անօրինակ եւ աննախընթաց յաջողութիւն մը գտաւ Պոլսոյ մէջ։ Պատերազմէն [Պալքանեան] առաջ Պոլսոյ իր վանթն*** էր մօտ 1600 կամ 1700․ պատերազմէն յետոյ աստիճանաբար բարձրացաւ եւ այսօր Պոլսոյ մէջ կը ծախուի 6000։ Ո՛չ «Բիւզանդիոն», ո՛չ «Ժամանակ», ո՛չ «Արեւելք» եւ ոչ մէկ հայ թերթ այս ծաւալումն ունի։ Հասարակութիւնը, նոյնիսկ մեր հակառակորդ խաւերը՝ այն հաստատ համոզումը կազմած են, որ միմիայն «Ազատամարտ»ը կու տայ «ճիշդ, շիտակ եւ ազատ» տեղեկութիւններ»36։
Զարդարեան կը յայտնէ նոյն նամակին մէջ, անխոնջ աշխատելով, «ոչ լուր օր գիտեմ, ոչ կիրակի․ գիշեր ցորեկ խմբագրատունն եմ»։
Ամբողջականօրէն փարած էր «Ազատամարտ»ին, որուն դերակատարութեան կը հաւատար ողջ էութեամբ։ Պոլսոյ մէջ գրեթէ ամէն հայ կը կարդար «Ազատամարտ»ը եւ Կիրակի օրերու գրական բովանդակութեամբ սքանչելի թիւերը։
Զարդարեանի եւ «Ազատամարտ»ի ժողովրդականութիւնը տարածուեցաւ նաեւ հայութենէն դուրս՝ օսմանեան իրականութեան մէջ։ Զարդարեան թէ՛ «Ռազմիկ»ի եւ թէ «Ազատամարտ»ի մէջ կը կատարէր թարգմանութիւններ բազմաթիւ գրողներէ, ընդ որոնց թուրք ժամանակակից գրողներէ․ յատկապէս անոնցմէ, որ ընդդիմադիր էին համիտեան վարչակարգին եւ կը ջատագովէին ազատութեան եւ արդարութեան գաղափարները, ինչպէս նաեւ զօրավիգ կը կանգնէին անոնց։ Այդ թարգմանութիւններէն շատեր ներառեց իր դասագիրքերուն՝ «Մեղրագետ»ներուն մէջ։ Յետոյ, Զարդարեան «Ազատամարտ»ի առաջին էջի վրայ տեղ տուաւ թուրք յառաջդիմական հրապարակագիրներու օսմաներէնով յօդուածներու, որ դրական անդրադարձ կ՚ունենային թուրք ուսեալ հասարակութեան վրայ։ Երիտասարդ թուրք կառավարութիւնը, սակայն, Զարդարեանին արգիլեց նմանօրինակ գրութիւններու լոյս ընծայումը «Ազատամարտ»ի մէջ։
Այս հեզահամբոյր, հանդարտաբարոյ, վերին աստիճանի համեստ ու խոնարհ, յաւակնութիւններէ զուրկ, ամբարտաւանութիւններէ հեռու, անխռով ու պաղարիւն (բայց ներսի կրակով հրաբորբ), մարդկային արժէքներով լեցուն գիւղացին, յաջողեցաւ «Ազատամարտ»ի մէջ համախմբել շքեղ սերունդ մը, ունեցաւ օգնականներու եւ աշխատակիցներու փայլուն բանակ մը, որ ամբողջականօրէն տիրեց օրուան մթնոլորտին վրայ, մտայնութիւն ձեւաւորեց եւ յաջողեցաւ հասարակութիւնը իրեն կապել։ ««Ազատամարտ»ը վեց տարի արեւմտահայ լաւագոյն թերթը եղաւ», կը հաս- տատէ Յակոբ Օշական37։
Այսօր, մեր գրական եւ հրապարակագրական պատմութիւնը կը խօսի «Ազատամարտի սերունդ»-ի մասին, որ իր մէջ կը հաւաքագրէ հետեւեալ մտաւորականները, գրողները եւ ազգային հասարակական գործիչները․ Յարութիւն Շահրիկեան, Ռուբէն Դարբինեան, Լիպարիտ Նազարեանց, Գեղամ Բարսեղեան, Հ․ Մ․ Համբարձումեան, Յ․ Ճ․ Սիրունի, Արտաշէս Յարութիւնեան, Զապէլ Եսայեան, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Յակոբ Քիւֆէճեան-Օշական, Ա․ Վռամեան, Է․ Ակնունի, Ս․ Զաւարեան, Գ․ Խաժակ, Շաւարշ Միսաքեան, Հայկ Թիրեաքեան, Կ․ Փաշայեան, Բարսեղ Շահպազ, Գասպար Իփէքեան, Ներսէս Փափազեան, Գրիգոր Զօհրապ, Մշոյ Գեղամ, Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ), Մ․ Վարանդեան, Ռուբէն Սեւակ, Լեւոն Շանթ, Վրթ․ Փափազեան, Ռ․ Լեռնեան, Սարգիս Մինասեան, Հմայեակ Մանուկեան, Լ․ Մօզեան, Ս․ Սրենց եւ ուրիշներ։
««Ազատամարտ»ի խմբագրատունը ամբողջական Հայաստան մըն էր», կը հաստատէ Կարօ Սասունի եւ կը շարունակէ․ «Մտաւորական ընտրանին հոն էր Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանէն, գրագէտն ու ընկերաբանը, հռետորն ու քննադատը հոն կը մտնէին ազատ հայրենիքի սեմէն անցնելու պէս»38։
Զարդարեան յաջողեցաւ «Ազատամարտ»ին կապել նաեւ չէզոք գրիչի մարդիկ, ինչպէս կը տեսնուի նշեալ անուններուն մէջ․ բան մը, որ «Ազատամարտ»ը կը վերածէր հայ ժողովուրդի ձգտումներուն ամբողջական արտայայտիչը։ Սահմանադրութեան տարիներուն (1908–1915) Պոլսոյ հայութեան մէջ ծուարած կուսակցական գձուձ պայքարը պատճառ կ՚ըլլար, որ գրագէտներ եւ մտաւորականներ ցեխարձակումներ ընէին իրարու, նոյնիսկ չխօսէին իրարու հետ։ Զարդարեան ասոնց շարքին չէր։ Դաշնակցական էր եւ Դաշնակցութեան գաղափարներուն տէր կանգնեցաւ «Ազատամարտ»ի մէջ, այսուհանդերձ կուսակցամոլ չէր։ Շնորհիւ իր մարդկային ազնիւ խառնուածքին, ան միշտ պահեց իր սերտ կապերը հակառակորդ մտաւորականներու հետ։ «Առաւելապէս զինք կը խանդավառէին միտքի ճիգերը։ Ու ամէն անգամ, որ առիթը ներկայացաւ, չզլացաւ իր խրախուսանքը»39։ Բոլորին հետ սիրալիր մնաց՝ արժանանալով դաշնակցականներու կշտամբանքներուն։ Բայց իր այդ խառնուածքին բերումով է որ շատ գրագէտներ, բանաստեղծներ ու մտաւորականներ կապուեցան «Ազատամարտ»ին։
Զարդարեան միշտ կը խրախուսէր նորերը, որոնցմով կը սիրէր շրջապատուիլ։ Կ՚ուզէր որ «Ազատամարտ»ը նաեւ ըլլայ երիտասարդներու բեմը։
Անոնցմէ մէկն էր Յ․ Օշականը, որ տակաւին սկսնակ մըն էր, երբ սկսաւ աշխատակցիլ «Ազատամարտ»ին։ Պէտք է ստեղծուէր նորը մեր իրականութեան մէջ, որովհետեւ հայութիւնը ամբողջովին կը գտնուէր պատմական եւ ընկերային նոր պայմաններու եւ քաղաքական նոր մթնոլորտի մէջ։ Զարդարեան շատ մտահոգ էր նորերու պատրաստութեամբ։ Եւ այդ ուղղութեամբ տարաւ հսկայական աշխատանք։ Հեռաւոր գաւառներու եւ գիւղերու մէջ «Ազատամարտ»ը յաճախ իբրեւ դասագիրք ծառայեց ուսուցիչներու ձեռքը40։
«Ռազմիկ»ի օրերէն իսկ Զարդարեան կը յայտնէր, որ արտասահմանի մէջ շատոնց պէտք է գոյութիւն ունենար հրատարակչական մը41։ Բարոյական դրամագլուխը կայ, կը գրէր ան, իսկ նիւթական դրամագլուխը երեւակայուածին չափ անյաղթահարելի դժուարութիւն մը չէ։ Հոս-հոն անհատներ հրատարակած են գիրքեր, սակայն ատիկա հրատարակչական չի համարուիր։
Նոյն գաղափարը ունեցած է «Ազատամարտ»ի օրերուն։ Պոլսոյ մէջ կար կուսակցական պայքար, եւ Զարդարեանի այս ձեռնարկը քննադատուեցաւ իբրեւ դաշնակցականի գործ։ Արշակ Չօպանեան իր «քրոնիկ»ներէն մէկուն մէջ կը գրէ․ «Ես երբեք համաձայն չեմ անոնց որ այդ Հրատարակչականի այժմեան վարիչներուն մէջ քանի մը դաշնակցական գտնուելուն համար այդ ձեռնարկը կուսակցամոլական անձուկ գործ մը նկատելով անոր ամէն օժանդակութիւն մերժեցին։ [․․․] Ըստ իս այդ կուսակցական համարուած Հրատարակչականը կուսակցական գոյն չունի։
Ռուբէն Զարդարեան որ այս հրատարակչականին վարիչներու մէջ կարեւոր տեղ մը կը բռնէ, կուսակցական մը ըլլալէ առաջ գրագէտ մըն է իմ աչքիս, եւ մին մեր ամէնէն ինքնատիպ ու տաղանդաւոր գրագէտներէն»42։
Բոլոր պարագաներուն, Հրատարակչականը, որուն ցանկացողն էր Զարդարեան, կրցաւ միայն մէկ գիրք հրատարակել, որմէ ետք ընկերութիւնը լուծուեցաւ՝43 յամեցող կուսակցական պայքարին պատճառով։
*
* *
Զարդարեան Ֆիլիպէէն գրած նամակի մը մէջ (30 Մայիս 1906) Հրանդ Ալեանաքի (գրող եւ նկարիչ) կը յայտնէ, որ ճշմարիտ քննադատութիւնը ծանրակշիռ եւ նպատակայարմար կ՚ըլլայ այն ատեն միայն, երբ անիկա ուղղակի կը հարուածէ առաջադրուած գաղափարը, ոչ թէ զայն հրապարակ նետող անձնաւորութիւնը։ Անձերուն ուղղուած քննադատութիւնը նպատակին չի հասնիր․ այսինքն՝ ոչինչ կ՚ըսէ հարցին մասին44։
Զարդարեան, այլ բաներու կարգին, կը հաստատէ․ «Հասարակութիւնը անձերէ առաջ՝ պէտք է որ շահագրգռենք եղելութիւններով, դէպքերու վերլուծումներով, սկզբունքներով։ Սխալ ուղղութիւն մը եղած է ասկէ առաջ արտասահմանեան թերթերու բռնած ընթացքը՝ երբ քննադատելու ելած են, եւ այս իսկ պատճառով անոնք հայհոյած են, պոռացած են, նախատած են, միշտ աւերած են, բայց բան մըն ալ չեն կրցած շինել։
«Ռազմիկ»ը տրամագծապէս հակառակ ուղղութիւն մըն է որ բռնած է իր նախորդներէն ու չպիտի շեղի անկէ․ համոզուած ըլլալով թէ քննադատութեան նպատակն է ստեղծել»45։
Քննադատութիւնը, ըստ Ռուբէն Զարդարեանի, կ՚ըլլայ առանց կիրքի, առանց «անուանարկիչ տողերու»։ Զուտ անձնական վէճերով բանակռիւը ծայր չունի եւ տեղ չի հասնիր։
Զարդարեան ունէր կուռ ոճ եւ մշակուած լեզու․ կը գրէր ժողովուրդին հոգիէն բխող, նոյնինքն ժողովուրդը բնորոշող պարզ ու պատկերաւոր լեզուով։ Կը կարդացուէր հաճոյքով։ Երուանդ Սրմաքէշխանլեան հետեւեալ ձեւով կ՚արժեւորէ Զարդարեանի խմբագրականները եւ լեզուն․ «[Խմբագրականները] զտուած, կանոնաւորուած, զոր կը կարդամ ամէն օր, եւ որ հակառակ լրագրական հեւասպառ աշխատանքի մը արդիւնքն ըլլալուն, բարձրօրէն գրական է, գեղեցիկ է, պատկերալից է եւ խրոխտ։ Իր դէմքը, իբրեւ գրական մարդ եւ իբրեւ գործիչ, ամէնէն համակրելիներէն մէկն է որոնց կը հանդիպինք մեր ազգային վերջին երեսնամեայ կեանքին մէջ։ Նախանձի եւ մախանքի ալիքին տակ, որ ընդհանրապէս կը գոյանայ բարձր անհատականութեանց շուրջը, ան կը կենայ աննկուն եւ աւելի խրոխտ, ճիշդ այն իրողութեամբը որով մեզ կը ներկայացնէ իր հոյակապ գամփռը»46։
««Ազատամարտ»ի քրմապետը» կ՚որակէ զինք Կարօ Սասունի47։ Իսկ Եդուարդ Պօյաճեանի հաստատումով՝
«Յեղափոխական մտաւորականի ցայտուն տիպարներէն է, կրակ եւ ըմբոստութիւն ժայթքող կարմիր հրապարակագիր մը՝ «Ռազմիկ»ի եւ Յեղափոխութեան ծաւալուն օրաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրապետը։ Արեւմտահայերուն Ահարոնեանն է, իբրեւ յեղափոխական խօսքի աւետարանիչ»48։
*
* *
Կարգ մը գրաքննադատներ, որոնց գլխաւորը՝ Յակոբ Օշական, անշուշտ ուրիշներ ալ, կը յայտնեն որ Ռուբէն Զարդարեանի գեղարուեստական գրականութիւնը շատ բան տուժեց՝ խմբագրական-հրապարակագրական ծանրաբեռնուածութեան պատճառով։ Ճիշդ է որ Զարդարեան գրական արժէքով շատ քիչ բան արտադրեց, բայց շատ բան շահեցաւ հայ հրապարակագրութիւնը, որուն ներարկուեցաւ նոր ու մարտունակ արիւն։
Զարդարեան օժտուած էր թէ՛ գրագէտի եւ թէ հրապարակագիրի տաղանդով։ Ան գրագէտի տաղանդը էախառնած է նաեւ հրապարակագրութեան մէջ, որ որոշ չափով հռետորական շունչ մը ունի անկասկած։ Մնաց որ Զարդարեանի կարգ մը վիպակներուն եւ արձակ գրութիւններուն մէջ ալ քիչով-շատ թափանցած է հռետորութիւնը։ Ու գրագէտը գրագէտ է միշտ բոլոր պայմաններուն տակ եւ գործերուն մէջ – խմբագրական, նամակ, ճառ կամ արձակ որեւէ գրութիւն։ Մեր մէջ, յա՛տկապէս արեւմտահայ կարգ մը գրողներուն, գեղարուեստական գրականութիւնը եւ հրապարակագրութիւնը այնքան շաղախուած են իրարու հետ, որ գրական նոր սեռ մը յառաջացած է կարծէք։
*
* *
«Ազատամարտ»ի կողքին, Զարդարեան հրատարակած է նաեւ «Բագին» շաբաթաթերթը եւ«Յաւելուած Ազատամարտ»ը, որ ունէին խնամուած բովանդակութիւն։ Յակոբ Օշականի «Խոնարհները» խորագրեալ հատորին պատմուածքներուն մեծ մասը առաջին անգամ այստեղ հրատարակուած է։
Հոն լոյս տեսած են նաեւ օտար հեղինակներէ թարգմանութիւններ։ Կան նաեւ լուրջ ուսումնասիրութիւններ ընկերային հարցերու մասին։
Սահմանադրութեան տարիներուն Զարդարեան նաեւ կ՚աշխատակցէր Պոսթընի «Հայրենիք»ին, որուն կ՚ուղարկէր շաբաթական բազմաթիւ տեսութիւններ՝ «Աչք Եհովայի» ծածկանունով։ Այս գրութիւններուն մէջ ան կը նկարագրէր Թուրքիոյ գործերը եւ հայ ժողովուրդին մտահոգութիւններն ու աշխատանքները Ամերիկայի մէջ ծուարած հայ պանդուխտներուն։
Այս բոլորով հանդերձ, մեր իրականութեան մէջ Զարդարեանի համբաւը աւելի կ՚երթայ գրագէտին – որ մեծ է իրաւամբ – քան հրապարակագիրին։ Սակայն մեր հրապարակագրութեան պատմութիւնն ալ, անկասկած, յատուկ տեղ կը վերապահէ Ռուբէն Զարդարեանին։ Արդարեւ, իբրեւ խմբագիր եւ հրապարակագիր, Զարդարեան ցոյց տուաւ արտասովոր հմտութիւն։ Հ․Յ․Դ․ Պոլսոյ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը, անոր ղեկավարութեան տակ, եղաւ եզակի երեւոյթ մը հայ մամուլի տարեգրութեան մէջ։
*
* *
1914 Օգոստոսի վերջաւորութեան Զարդարեան վերադարձաւ Էրզրումէն, ուր գացած էր մասնակցելու Հ․Յ․Դ․ Ը․ Ընդհանուր ժողովին։
Խանդավառութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ գացած էր, բայց վերադարձաւ մտահոգ ու յոռետես։ Կը նախազգար մօտալուտ արհաւիրքը։
Խմբագրական չգրեց ա՛լ «Ազատամարտ»ի մէջ։ Ուժ կու տար գրական նիւթերու49։
Սիրունիին տրուած էր պարտականութիւնը Զարդարեանը համոզելու, որ հեռանայ Պոլիսէն։
«Արժէք չտուաւ պնդումիս։ Դասալքութիւն կը սեպէր հայ ժողովուրդը աղէտին գիրկը թողուլ, ու հեռանալ երթալ։
«– Հրաչն ու ես չենք կրնար Պոլիսը թողուլ․ Հրաչը պէտք է մնայ իրեն վստահուած պարտականութեան գլուխը, իսկ ես «Ազատամարտ»ի գլուխը ըլլամ մինչեւ իր վերջին օրը․ միւսները կրնան հեռանալ․ անոնք մնալու պատճառ մը չունին։
«Այս եղաւ իր կտրուկ պատասխանը ինծի»51։
Զարդարեան մինչեւ վերջ մնաց իր որոշումին վրայ։
Թուրքերը տարին զինք։
«Ազատամարտ»ը լոյս չտեսաւ 11/24 Ապրիլ 1915-ին։
ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
1․- Ռուբէն Զարդարեան, «Վաղուան գրականութիւնը«, «Մասիս», 49-րդ տարի, 30 Դեկտ․ 1900, թիւ 40, էջ 631ա։
2․- Յ․ Օշական, «Հայ գրականութիւն», երրորդ տպագրութիւն, Երուսաղէմ, տպ․ Սրբոց Յա֊կոբեանց, 1966, էջ 543։
3․- Տոքթ․ Ն․ Տ․ Ս․ Թաշճեան, «Կրթական շարժում մը», Յուշեր Մեզրէի (Խարբերդ) Կեդրոնական երկսեռ վարժարանէն, «Հայրենիք» ամսագիր, Ը․ տարի, թիւ 9 (93), Յուլիս 1930, էջ 109։
4․- Նոյնտեղ, էջ 115։
5․- Նոյնտեղ, էջ 114։
6․- Նոյնտեղ, էջ 118։
7․- Ուրուական, «Յուշեր Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանէն», «Հայրենիք» ամսագիր, ԼԷ․ տարի, թիւ 4, Ապրիլ 1959, էջ 92։
8․- Ռուբէն Զարդարեան, «Ամբողջական երկեր», Ա․ արձակ էջեր եւ հեքիաթներ, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ», Մատենաշար թիւ 1, Փարիզ, 1930, էջ 13։
9․- Ուրուական, անդ․, էջ 90։
10․- Յակոբ Փափազեան, «Ռուբէն Զարդարեան», «Արեւելք» օրաթերթ (Պոլիս), ԺԹ․ տա֊րի, 2/15 Մայիս 1902, թիւ 4935։
11․- Ռուբէն Զարդարեան, «Մեղրագետ», ժողովածու արդի հայ եւ օտար գրականութեան, բարձրագոյն կարգերու համար, հրատարակութիւն Արծիւ ժողովրդական գրավաճառանոցի, Կ․ Պոլիս, 1911, էջ 4։
12․- Նոյնտեղ։
13․- Նոյնտեղ։
14․- Նոյնտեղ, էջ 5։
15․- Յ․ Ճ․ Սիրունի, «Ռուբէն Զարդարեան», «Հայրենիք» ամսագիր, Գ․ տարի, թիւ 3(27), Յունուար 1925, էջ 39։
16․- Նոյնտեղ։
17․- Արամ Հայկազ, «Ռուբէն Զարդարեան», Սիմոն Վրացեանի խմբագրած «Հայրենիք» տարեգիրք-տօնացոյցին մէջ, 1948, վեցերորդ տարի, տպարան «Հայրենիք», Պոսթըն, էջ 55։
18․- Խմբագրական մարմին, «Մեր առաջադրութիւնը», «Ռազմիկ» եռօրեայ, Ֆիլիպէ, Պուլկարիա, Ա․ տարի, թիւ 1, 15 Հոկտ․ 1905։
19․- Նոյնտեղ։
20․- Ռ․ Զարդարեանի նամակը Զապէլ Եսայեանին, Ֆիլիպէ, 1/14 Մայիս 1907, Գ․ Հ․ Ազ֊նա֊ւուրեան (կազմեց եւ ծանօթագրեց), «Արեւմտահայ գրողների նամականի», գրական ժա֊ռանգութիւն, գիրք VI, պրակ I, Երեւան, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, 1972, էջ 251։
21․- Ռ․ Զարդարեան, «Յուսալից շարժումներ», «Ռազմիկ», Ա․ տարի, 25 Փետր․ 1906, թիւ 37։
22․- Նոյնտեղ։
23․- Ռ․ Զարդարեան, «Բաժնէ որ տիրես (երկրորդ յօդուած)», «Ռազմիկ», Ա․ տարի, 2 Նոյեմբեր 1905, թիւ 6։
24․- Ռ․ Զարդարեան, «Նաւային ցոյցը», «Ռազմիկ», Ա․ տարի, 5 Նոյեմբեր 1905, թիւ 7։
25․- Ռ․ Զարդարեան, «Զինավարժութեան կոչ», Եւրոպայի Հայ ուսանող․ միութեան կող֊մէ, «Ռազմիկ», Ա․ տարի, 22 Փետրուար 1906, թիւ 36։
26․- Նոյնտեղ։
27․- Ռ․ Զարդարեան, «Թուրքիայէն կարելի՞ է յուսալ ընդհ․ յեղափոխութիւն», «Ռազմիկ», Ա․ տարի, 17 Դեկտ․ 1905, թիւ 19։
28․- Ռ․ Զարդարեան, «Սուլթանը Թուրքիան կը բարեկարգէ», «Ռազմիկ», Բ․ տարի, 20 Յունուար 1907, թիւ 126։
29․- Նոյնտեղ։
30․- Ռ․ Զարդարեան, «Սատանան է», «Ռազմիկ», Բ․ տարի, 12 Մայիս 1907, թիւ 150։
31․- Անստորագիր, «Դէպի գործ», «Ռազմիկ», Գ․ տարի, 16 Յունուար 1908, թիւ 217։
32․- Անստորագիր, «Կարմիր պլօքը», «Ռազմիկ», Գ․ տարի, 19 Յունուար 1908, թիւ 218։
33․- Նոյնտեղ։
34․- Ռուբէն Զարդարեանի գրած նամակը Արշակ Չօպանեանին, Ֆիլիպէ, 8/21 Նոյ․ 1905, Ազնաւուրեան, անդ․, էջ 235։
35․- Ռուբէն Դարբինեան, «Կեանքիս գրքէն, փշրանքներ իմ յուշերէս», «Հայրենիք» ամսագիր, ԼԷ․ տարի, թիւ 3, Մարտ 1959, էջ 21։
36․- Գաբրիէլ Լազեան, «Յեղափոխական դէմքեր (մտաւորականներ եւ հայդուկներ)» հրատարակութիւն Հ․Յ․Դ․ Երիտ․ միութեան, Գահիրէ, տպարան «Նուպար», 1945, էջ 213-214։
37․- Յ․ Օշական (կազմեց), «Հայ գրականութիւն», երրորդ տպագրութիւն, Երուսաղէմ, տպարան Սրբոց Յակոբեանց, 1966, էջ 480։
38․- Կ․ Սասունի, «Ազատամարտի սերունդը», «Բագին» ամսագիր, Դ․ տարի, թիւ 4-5, Ապրիլ-Մայիս 1965, էջ 9-10։
39․- Յ․ Ճ․ Սիրունի, «Ռուբէն Զարդարեան», «Հայրենիք» ամսագիր, Գ․ տարի, թիւ 3 (27), Յունուար 1925, էջ 41։
40․- Յ․ Ճ․ Սիրունի, ««Ազատամարտ»ի սերունդը», «Հայրենիք» ամսագիր, Բ․ տարի, Յուլիս 1924, թիւ 9, էջ 118։
41․- Ռ․ Զարդարեան, «Հրատարակչականի մը պէտքը», «Ռազմիկ», Ա․ տարի, 29 Ապրիլ 1906, թիւ 52։
42․- Ա․ Չօպանեան, «Քրոնիկ», «Անահիտ» հանդէս, Փարիզ, ԺԲ․ տարի, Մարտ-Ապրիլ 1911, թիւ 3-4, էջ 91։
43․- Սիրունի, «Ռուբէն Զարդարեան», անդ․։
44․- Ռ․ Զարդարեանի գրած նամակը Հրանդ Ալեանաքեանին, «Յուսաբեր» գրական, գեղարուեստական եւ գիտական բաժին, Ա․ տարի, 7 Սեպտեմբեր 1944, թիւ 2–134, էջ 17։
45․- Նոյնտեղ։
46․- Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, «Ռուբէն Զարդարեան», գրական ասուլիսներ Դ․, «Ռ․ Զարդարեանի «Ցայգալոյս»ը», հրատարակութիւն Էսաեան Սանուց միութեան, թիւ 4, Կ․ Պոլիս, տպագրութիւն Օ․ Արզուման, 1913, էջ 28-29։
47․- Կարօ Սասունի, անդ․։
48․- Եդուարդ Պօյաճեան, «Դէմքեր», Ա․ հատոր, Իր դէմքը՝ Պօղոս Սնապեան, Պէյրութ, տպարան Ատլաս, 1966, էջ 209։
49․- Սիրունի, «Ռուբէն Զարդարեան», անդ, էջ 43։
50․- Հրաչը Թիրեաքեան Հայկն է, «Ազատամարտ»ի վարչական պատասխանատուն։
51․- Սիրունի, «Ռուբէն Զարդարեան», անդ․, էջ 43։
*) Արեւիշուշտ – ապաշնորհ, ապերախտ։
**) Խաղխամ – վանդակաձող, ճաղ։
***) Վանթ – ֆրանսերէն՝ վաճառք, տպաքանակ իմաստով։
ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔՀԱՏՈՐԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ներկայ հատորով ներկայացուած Ռ․ Զարդարեանի 63 նամակներով չի սպառիր անշուշտ անոր ամբողջական նամակագրութիւնը։
Այս հատորին մէջ նկատի առնուած են միայն 1897-էն 1903 թուականներուն Խարբերդի շրջանէն գրուածները։
Վերոյիշեալ թուականներու գրութիւններէն ի յայտ կու գայ այդ տարիներուն Ռ․ Զարդարեանի կեանքին վերաբերող բոլորովին անծանօթ մէկ իրողութիւն, այն որ ի յայտ բերած ենք Հ․Յ․Դ․ դիւանատան արխիւներէն։ Հարցը կը վերաբերի անուանի գրողին նախ հնչակեան կուսակցութեան պատկանելիութեան, մինչեւ իսկ Խարբերդի շրջանի հնչակեան Կեդր․ կոմիտէի անդամակցութեան, ապա անոր յարիլը Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան իբրեւ ղեկավար Խարբերդի կոմիտէին կամ Կեդր․ կոմիտէին։ Աւելի մանրամասն ծանօթացման համար կը բաւականանանք ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել 2 Դեկտ․ 1897-ին հեղինակին գրած ընդարձակ նամակը՝ ուղղուած Ժընեւ, Հ․Յ․Դ․ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան (Տես էջ 40-41)։
Զարդարեանի կենսագրութեան մասին խօսք կ՚ըլլայ անշուշտ առանձնապէս։ Յիշատակենք հոս յատկապէս իր բանտարկութիւնը Խարբերդի մէջ․ այդ մասին կատարուած նշումները ընդհանուր բնոյթի են եւ ոչ միատեսակ։
Այդպէս է նաեւ իր զաւկին՝ արձակագիր Հրաչ Զարդարեանի տեղեկատուութիւնը այդ մասին (Տես Հրաչ Զարդարեանի Պօղոս Սնապեանին ուղղած 19/9/1981 թուակիր նամակը՝ «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին», էջ 58, Պէյրութ, 2023)։
Զարդարեանի բանտարկութեան մասին յատուկ յիշատակութիւն կայ «Դրօշակ»ի մէջ լոյս տեսած Խարբերդի ընդարձակ տեղեկագրին մէջ («Դրօշակ», Նոյեմբեր 1904 թ․ էջ 167-168 եւ Ապրիլ 1905 թ․ էջ 70-71)։ Տեղեկագիրը կը յիշատակէ յատկապէս Խարբերդի շրջանին մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութիւններն ու բանտարկութիւնները՝ թիւով 35, ինչպէս նաեւ բանտարկեալներուն անունները։
Արդարեւ, այս եղելութիւնները պատահած են 1903 թ․ Մայիսին եւ շարունակուած մինչեւ Յուլիս 7, երբ այս վերջին ամսուն 20-ին կ՚աւարտէր «նախնական քննութիւն» ըսուածը։
Տեղեկագրին մէջ կը կարդանք․ «Հետեւեալներն ալ առաւել կամ նուազ նեղութեան օրեր ունեցան, շաբաթներով խիստ հսկողութեան ենթարկուած եւ գիշերներով քնատ թողուած ըլլալով»։
Այս երկրորդ խումբին մէջ կը յիշուի Ռուբէն Զարդարեան։ «Ռուբէն Զարդարեան, Մեզրէէն, ուսուցիչ եւ գրագէտ, գաւառական ժողովոյ ա․ ատենադպիր եւ բազմանդամ ընտանիքի հայր»։
«Խարբերդի առեւտրական շէնքը՝ ուր լեցուած մնացին ասոնք մէկ երկու ամիս, սպասելով նախնական քննութեանց աւարտման՝ դարձել էր ժանտատեսիլ սպանդանոց մը, ուրկէ գիշերները տանջանքի ենթարկուած զոհերուն աղաղակները կը լսուէին՝ խառն հարուածներուն բիրտ ձայնին ու դահիճներու յիշոցին»։
Խարբերդէն բանտարկեալները կը փոխադրուին մօտակայ Մեզրէի բանտ «թեւ թեւի կապուած, շրջապատուած սուինաւոր հրացանակիր զինուորներով»։
Տեղեկագրին մէջ կը կարդանք որ դատավարութիւնը տեւած է մօտաւորապէս վեց ամիս։ Նախնական քննութեանց թուղթերուն տակ իբր վկայ նշանակուած փոլիսները, ժանտարմները եւ կառավարական պաշտօնեաները միշտ իրար հակասած են։ Դատական գործընթացի ժամանակ փաստուած է հետապնդումի ընթացքին բանտարկեալներուն վե- րագրուած յանցագործութիւններուն մասին յիշատակուած տուեալները բոլորովին յերիւրածոյ են։
Այսպէս, օրինակի համար, Ռ․ Զարդարեանի ամբաստանագրին մէջ ըսուած է «Զարդարեանի տունէն ձերբակալուած թուղթերը թէեւ չեն թարգմանուած, բայց հասկցուած են թէ վնասակար են եւ շատ վարպետի գրիչով մը գրի առնուած, անոր ամէն մէկ նախադասութիւնը վնասակար է»։ Պաշտպան փաստաբան Նադրի պէյ «կը հարցնէր թէ հայերէն չի գիտցող հարցաքննիչ մը, առանց հայերէն գրուած մը թիւրքերէնի թարգմանած ըլլալու, ի՞նչպէս կը գիտնայ անոնց վնասակար հանգամանքը, մանաւանդ վարպետի գրիչով գրի առնուած ըլլալը եւ ամէն մէկ նախադասութեան վնասակար հանգամանքը։ Իրողոութիւնն այն է սակայն, որ Զարդարեանի նոյն այդ թղթերը Մէարիֆին կողմէն պատշտօնապէս թարգմանուելով, դատարանին պահանջին համաձայն, հասկցուեցաւ թէ զուտ գրական եւ իմաստասիրական կտորներ էին, շատերը Կ․ Պօլսոյ եւ Իզմիրի հանդէսներուն մէջ հրատարակուած արդէն գրաքննութենէ անցնելէն ետքը»։
«Եւ դեռ ի՜նչ անարդարութիւններ, ի՜նչ անարդարութիւններ»։
Տեղեկագիրը կը յիշէ ամբաստանեալներու հասցէին վերագրուած նմանօրինակ բազմաթիւ շինծու մեղադրանքներ։
Այսպէս, հետաքննութիւնը ցոյց կու տայ դատական ամբաստանութիւններու անհիմն ըլլալը։
Կ՚իմանանք, որ դատական հետաքննութիւնը կատարուած է լիբանանցի պաշտպան իրաւաբան՝ Նադրի պէյի կողմէ եւ Ռ․ Զարդարեան, ինչպէս նաեւ միւս հայ ձերբակալեալները 6-9 ամիս բանտարկուած մնացին, ապա անոցմէ մեծ մասը ազատ արձակուեցաւ։
* * *
Հազիւ բանտէն կ՚ելլէ Զարդարեան կ՚անցնի Իզմիրի շրջան՝ Մանիսա քաղաքը, որ պատմական Մակնեզիան է եւ ատեն մը կը զբաղի ուսուցչութեամբ եւ տնօրէնութեամբ, ապա ընտանեօք կ՚անցնի Պալքաններ՝ Ֆիլիպպէ, այժմ Փլովտիւ։ Պուլկարիոյ հայութեան մեծ մասը կազմուած էր պանդուխտ հայերէ, որոնք կ՚աշխատէին սրճարաններու եւ շոգեկառքի կայարաններու մէջ։ Համեստ կեանք կը վարէին, բայց բոլորն ալ վառուած էին Հայաստանի ազատագրութեան տենչով։ Այդ պանդուխտ հայութիւնը Պուլկարիոյ գլխաւոր քաղաքներուն մէջ կը ղեկավարուէր բաւական մեծաթիւ հայ մտաւորականութեամբ եւ ազգային կառոյցներով։
Զարդարեան կը դասաւանդէր նոյնպէս Ֆիլիպպէ քաղաքին մէջ բաւական կանուխ Ռոստոմի կնոջ՝ Էլիզայի հիմնած հայկական վարժարանին մէջ։
Վարժարանը ունէր նաեւ իր երգչախումբը։ Ասոնց բոլորին գործունէութեամբ կը ստեղծուէր գրական-մշակութային կեանք գաղութէն ներս, ղեկավարութեամբ՝ Հ․Յ․Դ․ Պալքանի Կեդր․ կոմիտէին։ Մօտաւորապէս նմանօրինակ կառոյցներով օժտուած էր նաեւ միւս քաղաքներուն հայկական կեանքը, ինչպէս Վառնա, Սոֆիա, Ռուսչուկ (այժմ Ռուսէ)։
Ռ․ Զարդարեան Ֆիլիպպէի մէջ հիմնեց «Ռազմիկ» եռօրեայ թերթը, որ նոյնպէս կը նպաստէր համայնքի մշակութային կեանքի ծաղկումին։
«Ռազմիկ» թերթը շարունակուեցաւ Ֆիլիպպէի մէջ մինչեւ 1908 թուական՝ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումը։
* * *
Ռ․ Զարդարեանի ծանօթութիւնը ազգային հերոս Անդրանիկի հետ տեղի կ՚ունենայ հոս՝ Ֆիլիպպէի մէջ։ Այդ տարիներուն Անդրանիկ կը գտնուէր Պուլկարիա եւ մասնակից էր կուսակցական աշխատանքներուն։ Զարդարեանի եւ Անդրանիկի գործակցութեան մասին կարելի է երկար խօսիլ։ Բացի կուսակցութեան ընդհանուր գործէն Պուլկարիոյ մէջ, յատուկ առանձին երես մը ունի այն, որ Զարդարեան Անդրանիկի շարք մը գործունէութեանց մասնակից դարձած է, յատկապէս գրի առնելով անոր նկարագրած դրուագները եւ ասոնց մէջ ամէնէն նշանակալիցը Անդրանիկի «Մարտական հրահանգներ»ու վերջնական խմբագրութիւնը։ Սկիզբը Նիկոլ Աղբալեան աշխատած է անոր վրայ, բայց վերջնական ձեւաւորումը կատարած է Զարդարեան։
Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրած Անդրանիկի «Մարտական հրահանգներ»ու առաջին հատուածները սկսած են լոյս տեսնել «Դրօշակ»ի 1906 տարուան Յունիսի, Օգոստոսի եւ Սեպտեմբերի համարներով, ապա ամբողջութիւնը առանձին հատորով հրատարակուած է Ժընեւ, նոյն տարին։
* * *
Յայտնենք որ Օսմ․ սահմանադրութենէն ետք «Ռազմիկ» թերթի տպագրական սարքերը փոխադրուեցան Կոստանդնուպոլիս, ուր նոյնպէս Զարդարեանի խմբագրապետութեամբ հիմը պիտի դրուէր Հ․Յ․Դ․ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ին։ Այս վերջինը, ինչպէս ծանօթ է, պիտի յարատեւէր մինչեւ 1915-ի Մեծ եղեռնը։
Յայտնի է որ Ռ․ Զարդարեան եղերական վախճան մը պիտի ունենար՝ բաժնեկից դառնալով Ցեղասպանութեան միւս նահատակներուն ճակատագրին։
* * *
Ռ․ Զարդարեանի գրական, մանկավարժական, հրապարակագրական վաստակին մասին տեսնել Կարօ Յովհաննէսեանի «Ռուբէն Զարդարեան ուսուցիչ-մանկավարժը եւ հրապարակագիրը» գրութիւնը։
Ե․ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ