Քալիֆորնիոյ prop 50-ը, եւ անկէ անդին
08 Հոկտեմբեր 2025
Ս. Մահսէրէճեան
Քանի մը շաբաթէն, Նոյեմբերի սկիզբը, քալիֆորնիացիք քուէատուփ պիտի երթան, ԱՅՈ կամ ՈՉ քուարկելու միայն մէկ օրինագիծի, որ հրապարակ եկած է Prop 50 անունով: Քուէաթերթիկները արդէն իսկ սկսած են հասնիլ նամակատան միջոցով, շատեր պիտի քուէարկեն 4 Նոյեմբերի պայմանաժամէն առաջ, նմանապէս նամակատան ճամբով:
Աղմկայարոյց եւ խնդրայարոյց հարց մը կը դրուի քուէարկութեան: Ուժեղ ճակատամարտ մը կը մղուի հանրապետականներու եւ դեմոկրատներու միջեւ: Երկու ախոյեանները քարոզչական հրապարակ նետած են իրենց ծանր հրետանիները, ժողովուրդը համոզելու, թէ ինչո՞ւ պէս է ընդունիլ կամ մերժել առաջադրուած բանաձեւը: Երկուքն ալ կը խօսին ժողովրդավարութիւն պաշտպանելու դիրքերէ, կ’աշխատին նսեմացնել հակառակորդին շեշտադրումները, շուտով ցեխարձակումները կրնան նուաճել նոր թափ:
Եթէ պարզ քաղաքացին կարդայ բանաձեւը, նաեւ աչքի առջեւ ունենայ անոր թեր ու դէմ կեցուածքները, հաւանաբար… կատարեալ շուարումի եւ անորոշութեան կրնայ մատնուիլ, կրնայ հաւասարապէս տարուիլ ԱՅՈ-ի եւ ՈՉ-ի քարոզներով, այսինքն, դժուարութիւն ունենալ կողմնորոշուելու:
Եթէ քուարկողը քիչ մը ժամանակ տրամադրէ եւ փորձէ հասնիլ հասկնալիին, նաեւ աչքերը տարածէ շարք մը այլ դէպքերու, զարգացումներու վրայ (եւ անոնք այնքա՜ն շատ են), դժուարութիւնը կը փարատի: Մենք կատարեցինք նման փորձ մը, եւ այստեղ պիտի աշխատինք սեղմել քաղուածքները: (Համացանցը տեղեկութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու հսկայական ովկիանոս մը կը տրամադրէ):
Նախ ընենք կարեւոր հաստատում մը. մէկդի դնելով հակադիր կուսակցութեանց համակիր կամ հակադիր ըլլալու մօտեցումը, նշենք, որ երկուքն ալ ունին իրենց առաւելութիւններն ու թերութիւնները: Դեմոկրատները իրենց մրցակիցները կը մեղադրեն իբրեւ պահպանողականութեան մէջ չափազանցութեան գացող եւ ընկերային իրաւունքներ, ժողովրդավարական բազմաթիւ սկզբունքներ ոտնահարող, իսկ հանրապետականները հակա-մեղադրանք կ’արձակեն դեմորկրատներու հասցէին, թէ՝ ազատականութեան մէջ բազմաթիւ սահմաններ շրջանցած են, մինչեւ իսկ «համայնավարութիւն» կիրարկելու ճիգ կ’ընեն եւ այլն:
Գաղափարական հակադրութիւններու ոլորտին մէջ մտնելը մեզ պիտի տանի հեռուները, մեզ պիտի նետէ դարաւոր (ո՛չ անտեղի) հակաճառութիւններու դաշտ: Կը նախընտրենք չհասնիլ հոն, եւ պատկերը ներկայացնել պարզագոյն տարազումով:
Օրինագիծը ըստ էութեան քուարկողը կը դնէ երկընտրանքի մը առջեւ. Ա. Պահպանել քուարկութեան ներկայի «քարտէս»ը, ու ընտրական տեղաբաշխումի վերադասաւորումը ձգել 2030-ին նախատեսուած մարդահամարի հանգրուանէն ետք, այսինքն բանաձեւին քուէարկել ԱՅՈ, Բ. Ընդունիլ նոր առաջարկուած վերաբաշխումի քարտէսը եւ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւնները (անոնք կը կոչուին «ճամբու կիսու ընտրութիւններ», Mid-term elections), որոնք աւանդաբար տեղի կ’ունենան նախագահի ընտրութեան զուգադիպող տարիէն երկու տարի ետք՝ կատարել այժմ վերադասաւորուած քարտէսին հիմամբ: Ծանօթ է որ յառաջիկայ տարի պիտի ընտրուին կամ վերընտրուին իրենց պաշտօնավարութեան ժամանակը աւարտող ներկայացուցիչներայլ խօսքով, եւ ըստ հանրապետականներու, պէտք է ՈՉ քուարկել առաջարկին:
Առաջին անկարկով, ինչպէս նկատել տուինք քիչ առաջ, ԱՅՈ-ՈՉի մրցակցութիւնը անմեղ է. եթէ քիչ մը խորը թափանցենք, պիտի գտնենք այն տեղ(եր)ը՝ ուր թաղուած է «շան գլուխը»:
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՏԻՐԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱՒԸ
Ուկէ՞ ծագեցաւ այս մրցակցութիւնը:
Հանրապետականները, վերջին ընտրութիւններուն՝ անցեալ տարի, առաւելութիւն ձեռք բերին խորհրդարանին մէջ: Ներկայացուցիչներու տան մէջ (435 աթոռ), անոնք ունին 3 ձայնի առաւելութիւն: Հիմա, բազմաթիւ վիճակագրութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ ցոյց կու տան, որ անոնք կրնան յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն կորսնցնել այդ առաւելութիւնը: Անկախ նախագահ Թրամփի վարած ինքնագլուխ վարմունքէն (քանի մը մանրամասնութիւններ՝ աւելի անդին), տեսնուած է, որ շահող նախագահի մը կուսակցութիւնը «ճամբու կիսու ընտրութիւններուն» ընդհանրապէս հող կը կորսնցնէ խորհրդարանին մէջ:
Այս երկու տուեալները աչքի առջեւ ունենալով, հանրապետականները, նոյնինքն նախագահին հրահանգով, ճամբայ հանեցին ընտրաշրջաններու քարտէսներ վերադասաւորելու ծրագիր մը, մասնաւորաբար թիրախաւորելով դեմոկրատներու միջնաբերդ հանդիսացող նահանգները, որոնցմէ մէկն ալ, եթէ ոչ՝ գլխաւորներէն մէկը, Քալիֆորինան է: Հանրապետականները կ’աշխատին այնպէս մը վերադասաւորել ընտրական շրջանները, որ իրենց աթոռներուն թիւը աւելնայ: Եւ ասիկա ունի նախընթաց մը՝ հանրապետական գունաւորումով Թեքսասը:
Փաստօրէն, ճակատամարտի առաջին դաշտը եղաւ Թեքսաս նահանգը, անցեալ ամառ: Թրամբ բառացիօրէն հրահանգեց, որ դեմոկրատներէն հինգ աթոռ խլուի, հետեւաբար, ճամբայ հանուեցաւ ընտրական քարտէսի վերադասաւորման օրինագիծ մը: Նահանգային խորհրդարանը վերածուեցաւ քաղաքական ռազմադաշտի: Երբ բանաձեւը խորհրդարան բերուեցաւ, դեմոկրատ ներկայացուցիչները հեռացան նահանգէն, անելի մատնելով նիստերը: Բանտարկութեան ու պաշտօնազրկման սպառնալիքներու տակ, անոնք ի վերջոյ ստիպուեցան վերադառնալ: Նոր քարտէսը որդեգրուեցաւ 55-ի դէմ 88 քուէով, եւ դեմոկրատները 5 աթոռով աւելցուցին իրենց «պահեստը»: Այս արդիւնքին ամէնէն ուժեղ քննադատութիւնները հի ունեցան այն դիտարկումները, թէ վերադասաւորուած քարտէսով, կարգ մը փոքրամասնութիւններ կ’իրաւազրկուին ու կը լուսանցքայնացուին: Սա դեմոկրատներուն ուղղուած ամէնէն ուժգին ահազանգն ու մարտահրաւէրն էր, որովհետեւ հարցը չէր սկսեր ու չէր վերջանար Թեքսասով: Նման մարտադաշտեր են աւելի քան տասնեակ մը նահանգներ, մասնաւորաբար դեմոկրատներու գոյնը ունեցողներ, ուր քարտէսի վերաձեւաւորումը կը նպատակադրէ դեմոկրատներու ունեցած առաւելութիւնները նուազեցնել կամ բոլորովին ջլատել, իրողապէս հասնիլ հանրապետականներու իրողական մենատիրութեան: Այլ խօսքով, դատական եւ գործադիրի համակարգերուն մէջ այս կամ այն ձեւով «մենատիրութիւն» ձեռք բերելէ ետք, հանրապետականները կ’աշխատին նման առաւելութիւն ունենալ նաեւ օրէնսդիրին մէջ: Առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, բաւականանանք արձանագրելով, որ Քալիֆորնիոյ կողքին, նոյն հարցերը կան Մերիլէնտի, Եութայի, Նիւ Եորքի, Նիւ Ճերզիի, Նիւ Հէմփշիրի եւ այլ նահանգներու մէջ, նաեւ՝ իբրեւ հանրապետական ճանչցուած շարք մը նահանգներու՝ Ֆլորիտայի, Օհայոյի, Ինտիանայի եւ այլ նահանգներու մէջ, վերջինները՝ Թեքսասի հետեւութեամբ: Կարեւոր տարբերութիւն մը այն է, որ բազմաթիւ նահանգներու մէջ, քարտէսներու՝ այսինք՝ ընտրական տեղամասերու վերադասաւորումը կը կատարուի նոյնինքն տեղւոյն խորհրդարաններուն կողմէ, իսկ Քալիֆորնիան մէկն է այն փոքրաթիւ նահանգներէն, ուր նման աշխատանք վստահուած է յատուկ յանձնախումբի մը, որ հռչակուած է իբրեւ չէզոք (ունի 5 հանրապետական, 5 դեմոկրատ եւ 4 այլ անդամ), իսկ այդ յանձնախումբը, ըստ աւանդութեան, պէտք է վերադասաւորումը՝ նոր քարտէսի վերջնականացումը կատարէ 2030-ի մարդահամարէն ետք (այս ալ ուրիշ ընկալեալ աւանդութիւն մըն է):
Աչքի առջեւ ունենալով Թեքսանի փորձը, դեմոկրատները կ’աշխատին կանխարգիլել Թրամփի եւ կուսակիցներու՝ «աթոռ գողնալու» քայլերը: Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւորութիւն կը ստանայ Prop 506in ԱՅՈ քուէարկելու կոչը: Սա ինքնին վախճանական քայլ չէ, այլ կարեւոր կէտ մը՝ իրողական միակուսակցականուիւն կանխարգիլելու ճամբուն վրայ: Շատ չի խօսուիր «մանրամասնութեան» մը մասին. եթէ Թրամփի առաջնորդած յարձակողականը անմիջականօրէն յաջողի, անիկա հանրապետականներուն առաւելութիւնը – այսինքն՝ ձեւով մը միակուսակցական խորհրդարան ունենալու ճիգը – պիտի նուիրականացնէ ո՛չ միայն այս նախագահին պաշտօնավարութեան շրջանին, այլ անիկա կրնայ ի զօրու մնալ իրերայաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որովհետեւ երբ կուսակցութիւն մը նման առաւելութիւն ձեռք բերէ ժողովրդավարութեան դիմակով, այնուհետեւ իր ձեռքին կ’ունենայ իշխանութեան այնպիսի՛ լծակներ, որոնք ետ շրջելը հետագային պիտի կարօտի բազմապատիկ ուժի եւ աշխատանքի: (Բոլորովին այլ հարց՝ թէ այս երկիրը ինչո՞ւ պէտք է մնայ միայն դեմոկրատներու եւ հանրապետականներու տիրակալութեան վայր, այլ կուսակցութիւններ մի՛շտ ալ դատապարտուած պիտի մնան լուսանցքի վրայ մնալու: Իսկական ժողովրդավարութիւնը աւելի լայնամիտ է ու լայնախոհ…):
ԱՅԼ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐ
Փորձենք զարգացումները դիտել նաեւ աւելի ընդարձակ, այսինքն՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու շրջագիծէն անդին տարածուող դաշտերու պատկերին մէջ, ինչպէս մատնանշեցինք քիչ առաջ:
Նախ ըսենք, որ հակառակորդ կուսակցութիւններու միջեւ մրցակցութիւնները, որքան ալ որ ցեխով օծուն ըլլան, մաս կը կազմեն ժողովրդավարութեան խաղին: Սակայն հարցը «կը բարդանայ», երբ աչքի առջեւ ունենանք այն մարտադաշտերը, որոնք ստեղծուած են Թրամփի Սպիտակ տուն վերադարձէն ասդին (անցեալին ալ կային, հիմա կան արտառոցութիւններ): Փաստօրէն, Թրամփ սկսած է բանիլ նախագահական հրամանագիրներու միջոցով, որդեգրած է որոշումներ, որոնք անընդունելի, հակասահմանադրական եւ հակաօրինական կը նկատուին ո՛չ միայն դեմոկրատներու կողմէ, այլ նոյն երգը կ’երգեն դատաւորներ, քաղաքական հեղինակաւոր մեկնաբաններ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, մինչեւ իսկ… զինուորականներ: Հակառակ այս, ինչպէս նաեւ ժողովրդային բողոքի բազմաթիւ արշաւներու (հրապարակայի ցոյցեր, հանրաքուէներ եւ այլն), իշխանութիւնը, յենելով ինքն իրեն ընծայած մենաշնորհներուն՝ կառքը կը շարունակէ վարել կամայականօրէն: Եթէ օտարականներու կարգավիճակը օրինականացնելու ճիգերը, «վերարտադրելու» կիներու իրաւունքները տեղ մը վիճելի երեսներ ունին, կան կալուածներ, որոնք բացայայտօրէն վնասարար են. յիշենք մէկ քանին. ընկերային ապահովութեան թղթածրարը՝ սահմանափակ եկամուտով դասակարգին կարգ մը իրաւունքներու վերատեսութիւնը, առողջապահութեան մարզի «տագնապներ» (պատուաստներու հարցը, որոշ դեղերու դէմ արշաւները՝ բան չհասկցողներու կողմէ), այլ երկիրներու պարտադրուած անհամեմատ տուրքերը, դաշնակիցներու հետ «կռիւները», բանակը ներքին ապահովութեան պահպանման միջամուխ դարձնելը (եւ, ի՜նչ զարմանաք, հոն՝ ուր դեմոկրատները տիրապետող են), դատաւորներու հետ հակամարտութիւնները (նախագահին կարգ մը որոշումները դատարաններու կողմէ կը բեկանուին կամ արգելի դէմ կը դրուին): Ինչպէ՞ս անտեսել համալսարանները – հետեւաբար՝ ազատ միտքը – կաշկանդող քայլերը, սպառնալիքները…: Կայ նաեւ կէտ մը, որ ըստ բաւականին արձագանգ չգտաւ. նախագահը մէկ օրէն միւսը ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը կոչեց ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ նախարարութիւն, որ շատ հիմնական փոփոխութիւն կը նշանակէ երկրի մը ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ, եւ իրողապէս կրնայ նշանակել, որ այս գերպետութիւնը հիմա աւելի՛ արագ կը վազէ դէպի պատերազմ (անկախ այս կամ այն ընդդիմադիր նահանգին կամ քաղաքին դէմ իրողապէս պատերազմ հռչակելու անհեթեթ ու ծիծաղելի(*) քայլերէն), մինչդեռ նախագահը ախորժակ ունի… խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ շահելու: Ո՞ւր մնացին Կորպաչովի ուղղուած՝ Ռեկընի կոչերը, որոնք օր մը մասամբ մեղմացում բերին աշխարհին (չենք մոռցած արիւնալի պատերազմները՝ 90-ականներէն ասդին):
Մէկ խօսքով, հակամարտութիւնը, կրկնենք, չի ներկայանար ժողովրդավարութեան ընկալեալ մրցակցութեան բովանդակութեան մէջ, այլ ինքզինք իբրեւ նոյնինքն ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու, ազատութիւններու դրօշակիր հռչակած երկիրը, գերպետութի՛ւնը, քայլ առ քայլ յառաջ կը շարժի դէպի իրողական միակուսակցականութիւն, ո՛չ անպայման խորհրդային միութեան տարազով, սակայն շատ գիծերու մէջ յիշեցնելով հիթլերական Գերմանիան, մուսոլինիական Իտալիան, ինչո՞ւ չէ նաեւ… էրտողականան Թուրքիան, ալիեւեան Ազրպէյճանը (շարքը դուք երկարեցէք):
ԻՍԿ ՄԵ՞ՆՔ…
Ընթերցողս վստահաբար վերի սեղմ «զեկուցում»ին մէջ բազմաթիւ զուգահեռներ տեսաւ փաշինեանական Հայաստանի վերջին տարիներու իրադարձութիւններուն հետ, ու կրնայ ըսել, որ այս ճամբուն վրայ, Երեւան կրնայ մրցանակներ խլել: Եկէ՛ք, աչքի առջեւ ունենանք չոր ու դաժան իրականութիւններ, ինչպէս՝ ընդդիմադիրներու ձերբակալութիւնները, դատավարութիւնները, բանտարկութեան կեղծ վճիռները (անշուշտ կայ նաեւ զրպարտութեանց անհիմն ըլլալու փաստով ազատ արձակուղներու շարքը), ընդդիմադիրներու սպանութիւնները, այլոց ուղղուած նոր սպառնալիքները, մինչեւ իսկ այս կամ այն կուսակցութիւնը արգիլելու «հերոսական» յայտարարութիւնները:
Բաւականանաք այս մէկ քանի օրինակով, շատ բան յայտնի է աչք ու ականջ ունեցող մեր ժողովուրդին համար, որ հիմա, յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններէն առաջ, կոչուած է աւելի՛ իրազեկ դառնալու, թէ ի՜նչ կը նշանակէ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանը, հասկնալու՝ թէ արեւմտեան աշխարհը, մանաւանդ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը իրենց շահերու ապահովման ինչպիսի՜ հաշիւներով կը ծափահարեն ՔՊ-ականներու «խաղաղասիրութիւնը», բանիւ եւ գործով խորտակելով ՔՊ-ականներու սուտերու կուլաները:
Թրամփի ըրածն ու չըրածը կրնայ մեզի թուիլ իբրեւ հեռուէն եկող «ջուրի ձայն», սակայն երբ հայրենիքի կորուստը կը զգաս մորթիդ վրայ, կ’արժէ, որ իշխանափոխութեան շարժումը անյապաղ թափ առնէ ու հասնի շուտափոյթ արդիւնքի՝ փրկարար ճիգերու: (Տակաւին կան մտային կուրութեան մատնուածներ, որոնք անհրաժեշտ չեն նկատեր իշխանափոխութիւնը): Աւելի լաւ օրինակ կրնայ ծառայել Մաքրոնի Ֆրանսային մէջ տեղի ունեցածը (չենք իտէալականացներ). հոն, ժողովուրդն ու քաղաքական ընդդիմադրութիւնը վճռած են տեղի չտալ իշխանաւորներու շահատակութիւններուն առջեւ, կը մերժեն երկրի տնտեսական-ընկերային տագնապները անտեսող կառավարութիւն մը, շաբաթասկիզբին տապալեցին հինգերորդ վարչապետ մըն ալ, որ իր նախորդին ձախաւեր կառավարական կազմը փորձած էր մանր փոփոխութիւններով հրել մարդոց կոկորդէն վար: Իրենց ու երկրին շահերու պաշտպաններ, հակառակ գաղափարական խոր տարակարծութիւններու՝ չեն վարանիր խորհրդարանի վերադասաւումը պահանջելու (նոր ընտրութիւններ), կը համարձակին հարցականներ գծել նոյնինք նախագահի ճակատագիրին շուրջ:
Մէկ խօսքով, Հայաստանի վարչապետին անվստահութեան քուէ արձանագրելու եւ զայն պաշտօնազրկելու՝ ընդդիմադիրներուն ծանօթ նախաձեռնութիւնը ո՛չ միայն պէտք է արագօրէն յառաջ ընթանայ, այլ զանգուածն ալ իր զօրակցութիւնը բերէ այդ նախաձեռնութեան՝ միացնելով հայրենիքի պաշտպանութեան եւ նօսրացող իրաւունքներու վերականգնումին ձգտող բոլոր ձեռքերը, եւ այդ բոլորը՝ նախատեսուած ընտրութիւններէն շա՜տ առաջ, որովհետեւ ՔՊ-ականները վաղը-միւս օր պատրաստ են նորանոր կորուստներու հասցնելու մեր հայրենիքն ու ազգը, յոխորտալով, որ անփոխարինելի խաղաղաբերներ են…
(*) Առնուազն ծիծաղելի է այն, որ Թրամփ քանի մը օր առաջ յայտարարեց, թէ Օրեկընը դարձեր է դժոխային մարտերու միջավայր, ու հրահանգեց Լոս Անճելըս առաքուած բանակայինները տեղափոխել Փորթլէնտ (դատաւոր մը կասեցուց որոշումը): Ինչո՞ւ: Որովհետեւ պատկերասփիւռէն տեսեր է ցոյցեր ու խռովութիւններ, որոնք տեղի ունեցած էին… 5 տարի առաջ: Եւ սա միակ խայտառակութիւնը չէ, իրականութիւններէ կտրուած ըլլալու վիճակ մատնողը: