Ակնարկ. Ֆրանսայի Կառավարութեան Ճգնաժամի Ետին
08 Հոկտեմբեր 2025
Ներֆրանսական իրադարձութիւնները կը խօսին անել վիճակի մասին: Նոյնիսկ խորհրդարանի լուծարումը նախագահին կողմէ եւ նոր ընտրութիւններու կայացումը երաշխիք չեն, որ այնպիսի կառավարութիւն մը կազմուի, որ կարենայ ստանալ խորհրդարանի վստահութեան քուէն:
Ներկայ պահուն կը նուազին այն կարելիութիւնները, որոնք կրնան առարկայանալ այս պայմաններուն մէջ: Խորհրդարանի լուծարում կամ նախագահի հրաժարական: Արանքին, կայ երրորդ կարելիութիւն: Ենթադրեալ համաձայնութիւն դասական ուժերու միջեւ:
Հրաժարեալ վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնած է նոր խորհրդակցութիւններու ձեռնարկելու. մերժելով վերանշանակումը` ան կը խորհրդակցի հիմնականին մէջ կեդրոն, դասական աջ եւ դասական ձախ ուժերուն առընթեր` Կանաչներու կուսակցութեան հետ, կառավարութիւն ձեւաւորելու համար: Աջ եւ ձախ երկու ծայրայեղ ուժերը մերժած են մասնակցիլ այս խորհրդակցութիւններուն եւ կը պահանջեն խորհրդարանի լուծարումը:
Եթէ դասական ուժերը գան համախոհութեան, այդ պարագային ծայրայեղ հոսանքներու առաջադրածը գէթ այս փուլին չ՛առարկայանար: Բնականաբար այս պարագային վարչապետութիւնը ենթադրաբար պիտի ստանձնէ ոչ մաքրոնական ներկայացուցիչ մը: Չի բացառուիր, օրինակ, որ Ընկերվարական կուսակցութեան առաջադրած վարչապետը նշանակուի:
Այս խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը պարզ չէ: Յայտարարուած էր, որ մինչեւ չորեքշաբթի գիշեր պիտի ներկայացուին արդիւնքները: Այստեղ տեսականօրէն եւ շատ քիչ հաւանականութեամբ կա՛մ նոր առիթ կը տրուի շարունակելու խորհրդակցութիւնները, կա՛մ կը յայտարարուի, որ համաձայնութեան յանգած են կազմելու կառավարութիւն եւ կա՛մ ալ երրորդ ընտրանքը` խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ:
Այս կացութեան հիմնական շարժառիթները բազմապիսի են: Անոնք ամէնէն շատ կը կեդրոնանան պետական պիւտճէին վրայ: Երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական տագնապ, որուն յաղթահարման համար նախահաշիւները կը ներառեն տուրքերու նոր աստիճանաչափեր, որոնք կը հանդիպին շատ սուր դիմադրութեան: Նոյնիսկ նախագահի քաղաքական շրջանակին մէջ կան երեւելի դէմքեր, որոնք չեն պահեր իրենց անհամաձայնութիւնը նախագահի կիրարկած քաղաքականութեան նկատմամբ:
Անկախ այսօրուան խորհրդակցութիւններու արդիւնքէն եւ ֆինանսական, պիւտճէական կամ ընդհանրապէս տնտեսական կացութենէն, Ֆրանսայի այս փակուղային, անելային կամ քաշքշուքային իրավիճակի պատճառները կրնան հեռուները տանիլ վերլուծման փորձերը:
Այդ պարագային պէտք է արձանագրել ծայրայեղ ուղղութիւններու արձանագրած նոր վարկանիշներու ուղղակի թէ անուղղակի պատճառներուն, ընդհանուր աշխարհակարգին հետ կապուած հետեւանքներուն, համաեւրոպական խնդիրներուն, Եւրոպան ղեկավարելու Գերմանիա-Ֆրանսա մրցապայքարին եւ նման համընդհանուր աշխարհաքաղաքական ուղղութիւններու ազդեցութիւններուն մասին:
Հայկական ոսպնեակը այս բոլորին մէջ պէտք է կարենայ դիտարկել Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան տկարացման հետեւանքներուն Հայաստանի հետ կապուած գործընթացներուն վրայ ունենալիք ազդեցութիւնները: Ռուսիա-Ֆրանսա լարուածութիւնը, եւրոպական ճակատի առաջին գիծը գրաւելը` Ուքրանիոյ պատերազմին, հակառակ իր արտաքին պարտքին աճումին Ուքրանիոյ ուղութեամբ կատարուող օժանդակութիւններուն առաջնային դիրք գրաւելը` այս բոլորը պէտք է նկատի ունենալ տարածաշրջանային համայնապատկերներուն վրայ:
Ներքին խնդիրները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան բնականաբար արտաքին քաղաքականութեան վրայ եւ անպայման խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն տուեալ պետութեան ազդեցիկութիւնը:
Ֆրանսայի դիմագրաւած խնդիրները ուրեմն կ՛անդրանցնին Ֆրանսայի սահմանները եւ կը տարածուին ամբողջ Եւրոպայի վրայ: Թոյլ տնտեսութիւն, Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքները անմիջականօրէն կրող եւ արտաեւրոպական միջավայրերու մէջ իր նախկին ազդեցութիւնը հետզհետէ կորսնցնող Եւրոպան, ներկայ հանգամանքները նկատի ունենալով կը նպաստէ Միացեալ Նահանգներուն: Կախեալութիւնը Եւրոպային Միացեալ Նահանգներէն, կարելի է մտածել, որ կը բխի Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան շահերէն:
Առանց այս բոլորին ալ արդէն տեսանելի էր Ամերիկայի ազդեցութիւնը եւրոպական զանազան երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Իտալիայէն մինչեւ Կիպրոս, անցնելով Ֆրանսայէն եւ Յունաստանէն, եւ բազում եւրոպական երկիրներէն, գերակայ այդ ուղղութիւնը ինքզինք զգալի կը դարձնէ ամէն հիմնական քայլափոխի: Ուքրանիոյ պատերազմը աւելի շեշտեց այդ մէկը, Միացեալ Նահանգներէն յաւելեալ կախեալութիւն ստեղծելով:
Դասական ուժերու համաձայնութիւնը կրնայ խախտել խաղի այս կանոնը եւ անել վիճակէն գէթ ժամանակաւորապէս դուրս բերել երկիրը:
«Ա.»
«Ազդակ»