Բաց երկինք եւ…երկունք
08 Հոկտեմբեր 2025
Անակնկալ մը չէր քանի մը օր առաջ տարածուած այն ստոյգ տեղեկութիւնը, թէ «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ը՝ Թուրքիոյ պետական օդանաւային ընկերութիւնը (flag carrier), պիտի սկսի ուղիղ թռիչքներ կատարել դէպի Երեւան։
Կաթսան պատրաստ էր։ Ջուրը լաւ մը տաքցած էր, «կրակ կտրած» ըլլալու աստիճան։ Քանի մը օր առաջ, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան` Մ․Ա․Կ․-ի Ընդհանուր ժողովի բեմահարթակէն իր արտասանած ճառին ընդմէջէն, արդէն ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ համոզուածութեամբ հաստատեց, թէ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կ՛ընթանայ ամենայն հեզասահութեամբ եւ նախատեսուածին համաձայն։
Այս խօսքերը նորագոյն արտայայտութիւնն էին 2021-էն սկիզբ առած՝ Հայաստան-Թուրքիա «կարգաւորման հոլովոյթ»-ին, որուն վերջին (ցարդ վեցերորդը) հանդիպումը, առաջին անգամ ըլլալով, տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, գրեթէ ամիս մը առաջ, երբ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ ու Հայաստանի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան վերահաստատեցին նախորդ հանդիպումներուն մշակուած եւ համաձայնեցուած հարցերը` երկու երկիրներու յարաբերութիւններու (իբրեւ թէ) լիարժէք կարգաւորման հոլովոյթի յառաջ մղման եւ արագացման նպատակով:
Խօսակցութիւնները կ՛ընդգրկէին յատկապէս փոխադրամիջոցներու ոլորտը։ Բացայայտուեցաւ, որ երկու երկիրներու համապատասխան մարմինները պիտի կատարեն անհրաժեշտ թեքնիք ուսումնասիրութիւնները` Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերականգնման, Անիի «Մետաքսեայ կամուրջ»-ի վերանորոգման եւ անշուշտ երկու երկիրներու միջեւ յաւելեալ թռիչքներու դասաւորման ուղղութեամբ։
Անհրաժեշտ կը նկատենք յիշեցնել, որ թրքական ցած պիւտճէով բանող ընկերութիւններու (low budget) բնագաւառէն մէջ հռչակ սփռած «Փեկասըս»-ը, արդէն իսկ տարիներէ ի վեր դէպի Երեւան թռիչքներ կը կատարէ, թէ՛ Պոլիսէն (համեմատաբար աւելի անծանօթ, երկրորդական օդակայանէ մը) եւ թէ՛ Անթալիայէն։
Նախապէս ալ, ոչ-պետական «Աթլաս Կլոպըլ» մէկ այլ ընկերութիւն (սնանկացած եւ դադրած) շաբաթական քանի մը թռիչք կը կատարէր Պոլիս-Երեւան-Պոլիս գիծին վրայ։ Պատկերը տարբեր իմաստ եւ տարողութիւն կը ստանայ, երբ երկիր մը ներկայացնող պետակա՛ն ընկերութիւն մը պաշտօնապէս մեկնարկէ թռիչքները։ Կայ աւելին. նկատի ունենալով Հայաստանի որդեգրած «բաց երկինք» (open skies) դրութիւնը, այսինքն՝ որեւէ օդանաւային ընկերութիւն, առանց կաշկանդումի եւ սահմանափակման, կարելիութիւն պիտի ունենայ կատարելու թռիչքներ, «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ի համար հասութաբեր պիտի ըլլայ այս նախաձեռնութիւնը։
Աշխարհագրականօրէն Հայաստանէն արեւմուտք գտնուող Պոլիսը բնական կապ մը, կամ այլ տեսակի «միջանցք» մը պիտի ըլլայ (չմոռնանք «Զանգեզուրի միջանցք»ը) Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի միջեւ, մանաւանդ, որ անիկա աշխարհի մեծագոյն ընկերութիւններէն է։ Աւելի քան 300 օդակայաններ (ներքին եւ միջազգային) եւ ընդամէնը 125 երկիրներ սպասարկող «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ը կրնայ շուտով խլել նոր համով պատառներ։ Դեռ աւելին, շատ խրթին ու բարդ նիւթ մըն է բեռնաւորման (cargo) բնագաւառը․․․ինքնին լայնածաւալ թղթածրար մը։
Թրքական ընկերութիւնը կը շարունակէ ընդարձակել իր աշխարհագրական հասանելիութիւնը, յատկապէս ամրապնդելով ներկայութիւնը այն շրջաններուն մէջ, ուր պիտի կարենայ մրցակցիլ թէ՛ յարմար գիներով եւ թէ՛ բարձր մակարդակով։ Սա բնականաբար կը նշանակէ նա՛եւ նիւթական շահու յաւելում՝ Թուրքիոյ համար: Հարց կը մնայ, թէ ՔՊ-ականներ ի՞նչ թաքուն շահաբաժիններ կրնան ապահովել, որո՞նք իրենց հացը կարագով ու մեղրով օծելու կը պատրաստուին…
Այս «կանաչ լոյս»-ին, այսինքն «խաղաղութեան օդային խաչմերուկ»-ին հետեւանքները շատ աւելի ծանր կրնան ըլլալ, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ այլ երկիրներու մեծ ընկերութիւններ (յատկապէս եւրոպական) կրնան ուղղակիօրէն ազդուիլ այս փոփոխութենէն եւ կորսնցնել յաճախորդներ։ Այս մօտեցումով, որոշ չափով բացառութիւն է սփիւռքահայերու «թրքամերժութիւնը» (թէեւ կան թրքական ընկերութեան թռիչքներէն օգտուողներ), սակայն օտար զբօսաշրջիկներու համար, ոչ մէկ խոչընդոտ կը ստեղծուի, մանաւանդ, որ «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ը անդամ է «Սթար Ըլայընս» (Star Alliance) միջազգային հանրածանօթ կարգ մը մեծ ընկերութիւններու ընկերակցութեան։ Իսկ գործարարներու համար, «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ին տրամադրած՝ յատուկ դասակարգի հիւրասիրութիւնն ու յատկապէս հանգստաւէտ նստարանները (Business class) իրենց դրական դերը պիտի ունենան յաճախորդ որսալու մէջ։ Այս բոլորին դիմաց, 19 Բաղրամեան պողոտայի վարձակալները ոչ մէկ շօշափելի աշխատանք կը տանին պետական ազգային օդանաւային «կարգին-կանոնին» ընկերութիւն մը կազմելու նպատակով։ Յիշեցնենք, որ հայկական օդանաւային (կէս)ընկերութիւնը սնանկացաւ եւ ինկաւ գայթակղալի վիճակի մէջ, հսկայական գումարներ փոշիացան, Հայաստանի դէմ յարուցուած է դատական միջազգային գործ…
Դեռ չէ յստակացած, թէ ի՞նչ դրութեամբ եւ յայտագրով պիտի կայացուին թռիչքները, սակայն յստակ է, թէ յառաջիկայ ամիսներուն, դէպի աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիր թռիչքներ մեկնարկող «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ի օդանաւները պիտի ժամանեն Արարատի մօտակայ՝ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը, ուր ճամբորդներուն մուտքի եւ ելքի կնիքներէն պիտի բացակայի յաւերժական Մասիսներու պատկերը։
Խաղաղութեան խաչմերուկ․․․ եռատարածական (3D) դրութեամբ։ Վայրէջքը կը շարունակուի առանց ամենադոյզն վերելքի։
Հայաստան կրնայ հպարտանա՜լ իր բաց երկինքով, իսկ շարունակուող երկո՞ւնքը…։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական