Դաշնակցութեան Հիմնադրման 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ
09 Հոկտեմբեր 2025
Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Պատկան Մարմնին՝ ուրբաթ, 3 հոկտեմբեր 2025-ին, Ներսէս Շնորհալի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն՝ նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման 135-ամեակին։
Միջոցառման ներկայ էին Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Տ. Արտակ Աւգ. Քհնյ. Քէհեաեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ, Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Քուէյթի Ազգային Վարժարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան ներկայացուցիչներ, ուղեկից միութիւններու պատասխանատուներ, ՔԵՄ-ի անդամներ եւ համակիրներ։
Ձեռնարկը բացուեցաւ Հայաստանի Արցախի եւ Դաշնակցութեան քայլերգներով։ Բացման խօսքով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Շանթ Թաթոյեան, ապա բեմ հրաւիրեց Քուէյթի Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ Յակոբ Մելիքսեթեանին։
Յ. Մելիքսեթեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առած է ժողովուրդէն՝ գործելու ժողովուրդին համար, եւ այսօր նոյն ոգիով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Քուէյթահայ գաղութին մէջ՝ իր հովանիի տակ գործող մարմիններու միջոցաւ՝ Քուէյթի Ազգային Վարժարան, Եկեղեցի, ՀՄԸՄ, Համազգային, ՀՕՄ, Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբ։
Ան իր խօսքը աւարտեց Սիմոն Վրացեանի խոսքերով․
«Դաշնակցութիւնը քննադատութենէ եւ պայքարէ վախցող չէ։
Բան ունիք ըսելիք – հրամեցէ՛ք…
Բայց փաստ տուէք, միտք տուէք, տեսակէտ յայտնեցէք, եթէ ունիք…
Եւ պարկեշտ եղէ՛ք՝ թէ՛ ձեզ հետ, թէ՛ հակառակորդի հանդէպ։
Սուտը եւ հայհոյանքը տկարի զէնք են»։
Յաջորդաբար խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունին, որ շեշտեց՝
«Այսօրուայ գլխաւոր խնդիրը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալն է՝ իրաւ հայ ըլլալը։ Հայը, որ կը հաւատայ ազգային արժէքներուն, որ կը պահէ մեր պատմութենէն եկած աւանդոյթները եւ միաժամանակ կը համընթացի ժամանակակից պայմաններուն՝ հարստացնելով իր ինքնութիւնը եւ ոչ թէ օտարին ծառայելով»։
Բագրատունի ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ 1890-ին՝ Օսմանեան եւ ցարական լուծին տակ տառապող ժողովուրդին ցաւերը թեթեւցնելու եւ հայու կողքին մնալու նպատակով։ Այդ առաքելութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր՝ ամէնուրեք, ուր հայը կ՛ապրի։
Ապա բեմ բարձրացաւ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց Հայ Դատի բազմաշերտ եւ հետեւողական աշխատանքները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայ Դատի աշխարհասփիւռ զինուորներուն՝ անխոնջ ծառայութեան համար։
Տօնական տրամադրութեան մէջ, Քուէյթի Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Տ. Արտակ Աւգ. Քհնյ. Քէհեաեան շնորհաւորեց Դաշնակցութեան 135-ամեակը եւ կատարեց սեղանի օրհնութիւնը։
Ձեռնարկը իր գագաթնակէտին հասաւ Լիբանանէն ժամանած երգիչ Վիգէն Տիշչեքենեանի ելոյթով՝ Շանթ Տիշչեքենեանի երգեհոնային ուղեկցութեամբ։ Աւանդական եւ յեղափոխական երգերու փունջ մը ոգեշնչեց ներկաները՝ ստեղծելով հայրենասիրական բարձր տրամադրութիւն։
ՀՄԸՄ-ի Քուէյթի վարչութեան շնորհաւորական ուղերձը ընթերցեց վարչութեան անդամ Դալար Սարգիսեան Սումբուլեան։ Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ 135-ամեակի խորհրդանշական կարկանդակի հատումով։