ՀԵԴի Ընդհանուր Ժողովը Սահմանեց Նոր Տարեշրջանի Նպատակները Եւ Ընտրեց Նոր Կեդրոնական Վարչութիւն Մը
10 Հոկտեմբեր 2025
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) 51րդ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 18էն 21 Սեպտեմբերի շաբաթավերջը, ՀԵԴի ճամբարին մէջ, մասնակցութեամբ շրջանի բոլոր՝ 12 ուխտերէն ժամանած պատգամաւորներու:
Ներկայ էին նաեւ շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, ՀԵԴի Կրտսերներու (Պատանեկանի), Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀԵԴ Ճամբարի վարչութեան, ինչպէս նաեւ Գանատայի ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի նախորդ Կեդրոնական վարչութեան եւ տեղական ուխտերու գործունէութեան, անդամարշաւին զարկ տալու, համայնքին հետ կապերը ամրապնդելու, հայութիւնը եւ ՀԵԴի ուխտերը յուզող շարք մը հարցերու մանրամասն քննարկումներէն ետք, պատրաստուեցաւ 2025-26 տարեշրջանի գործունէութեան ծրագիրը, նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Սփիւռքի կենսական կարիքները եւ հայրենիքի հետ կապերու սերտացումը:
Ժողովը շեշտեց, թէ ՀԵԴն հաւատարիմ կը մնայ իր հիմնական արժէքներուն, կենսական նկատելով ՀԵԴի դերակատարութիւնը հայութեան քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ:
Աւարտին, Ընդհանուր ժողովը ընտրեց 7 հոգինոց նոր Կեդրոնական վարչութիւն մը, որուն անդամներն են՝
Անի Ղազարեան,
Շանթ Ադամեան,
Դալար Անտոնեան,
Յովիկ Օհանեան,
Սագօ Սէրայտարեան,
Արփի Ասատուրեան
եւ Սեւակ Սարգիսեան։
1933ին հիմնուած Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը ամերիկահայ մեծագոյն եւ ամէնէն ազդեցիկ երիտասարդական միութիւնն է, որ նուիրուած է հայ երիտասարդին ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային կարիքները հոգալու գործին: