Խաղաղութեան ուղիի որոնում
09 Հոկտեմբեր 2025
Օրեր առաջ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ եւ Աշրաֆիէ շրջաններուն մէջ ծայր առած բախումները բնակչութեան վերյիշեցուցին պատերազմի տարիներու սարսափը եւ վախի մթնոլորտը, երբ բնակելի թաղամասերու մէջ կ’ընթանային մարտեր եւ հրթիռներ կը տեղային ամէն կողմէ՝ քաղաքին մէջ կեանքը դժոխային դարձնելով։ Ժողովուրդը, որ երկար տարիներ տառապեցաւ եւ տարատեսակ զրկանք կրեց, օրեր առաջ կրկին դէմ յանդիման եկաւ ապահովական սպառնալիքներու։
Այս իրադարձութիւնները տեղի ունեցան այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ վերակառուցման ծրագիրներ կը քննարկուին ու արտաքին աշխարհի հետ Սուրիոյ յարաբերութիւնները աստիճանաբար կը բարելաւուին։
Բախումները ընթացք առին քրտական ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ սուրիական բանակին միջեւ։ Լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ նախքան բախումները արդէն հանդիպում մը նախատեսուած էր կողմերուն եւ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ դեպանորդ Թոմաս Պարաքի միջեւ, հետեւաբար եղածը նախքան հանդիպումը զարկերակներու շօշափում էր, որ ցաւօք զոհեր ու վիրաւորներ խլեց կրկին։
Բարեբախտաբար կրակմարը արագ հաստատուեցաւ երկու կողմերուն միջեւ՝ կանխելով մարդկային կորուստներու աճը եւ ապահովելով բնակչութեան անվտանգութիւնը։ Այս քայլը կարեւոր ազդանշան էր, որ կողմերը պատրաստ են վերադառնալու բանակցութեան սեղան։ Սակայն ցարդ զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէ։
Ամերիկեան կողմին միջնորդութիւնը դրական ազդակ կրնայ դառնալ, սակայն հարցին լուծումը սուրիացիներուն վերապահուած է վերջապէս՝ անկեղծ եւ շարունակական բանակցութիւններով, թէկուզ քայլ առ քայլ տագնապի լուծման ուղղուելու։
10 Մարտի համաձայնութիւնը ՔԱՍԱՏ-ի եւ Սուրիոյ նախագահին միջեւ կը նախատեսէ մինչեւ նոր տարի իրականացնել ճշդուած կէտերը։ Այս գործընթացը, սակայն, քաղաքական կամք կը պահանջէ. էական փորձութիւն մը, զոր երկու կողմերն ալ պէտք է յաղթահարեն։
Հալէպի վերջին բախումները կը յիշեցնեն, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ խաղաղութեան ուղին դիւրին չէ, սակայն կրակմարի հաստատումը եւ միջազգային միջնորդութիւնը բանակցութիւններու եւ աստիճանական լուծումներու դռները կրկին կը բանան։ Եթէ կողմերը փոխադարձ վստահութիւն ամրագրող քայլերու դիմեն, համաձայնագրի կէտերը իրականացնելու տրամաբանութեամբ, կարելի կը դառնայ բախումները կանխել ու ներսուրիական ուժերով լուծումներու հասնիլ՝ արտաքին միջամտութիւնները նուազագոյնի իջեցնելով։
«Գանձասար»ի խմբագրական