Միշիկընի Հայ Դատի Ձեռնարկը՝ Ի Նպաստ Հայկական Օրէնսդրական Կեդրոնին
14 Հոկտեմբեր 2025
Ֆարմինկթըն Հիլզ, Միշիկըն․- Վերջերս, Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբը կազմակերպեց ձեռնարկ մը, նիւթ ունենալով միջազգային դատարաններուն մէջ, հայ գերիներու իրաւունքները հետապնդող եւ պաշտպանող Հայկական Օրէնսդրական Կեդրոնը, որ աշխարհի մէջ գործող միակ օրէնսդրական հաստատութիւններէն մէկն է։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց, տեղւոյն Հայ Դատի նախագահ Ծովինար Համակործեան, որ շեշտեց այս կարեւոր աշխատանքին եւ օրէնսդրական պաշտպանութեան կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար։ Ան ներկայացուց Հայկական Օրէնսդրական Կեդրոնի նախագահ Քէն Խաչիկեանն ու Կեդրոնի գործադիր տնօրէն եւ Միջազգային համեմատական իրաւունքի կեդրոնի (International Comparative Law Center․- ICLaw) նախագահ Սիրանուշ Սահակեանը։
Իր խօսքին մէջ, Խաչիկեան ընդգծեց շարունակական օրէնսդրական գործողութիւններու հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ Հայկական Օրէնսդրական Կեդրոնը աշխարհի մէջ գործող այն սակաւաթիւ օրէնսդրական մարմիններէն մէկն է, որ միջազգային դատարաններու ճամբով, պայքար կը մղէ հայկական գերիներու ազատ արձակման համար։
Սահակեան՝ որ մարդու իրաւունքներու բնագաւառէն ներս մասնագիտացած է եւ հայ գերիներու ազատ արձակման հարցերով, ունեցած է երկարամեայ փորձառութիւն, ներկայացուց իր հիմնական գաղափարները։ Ան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ներկայ վիճակին մասին՝ բացատրելով օրէնսդրական խոչընդոտները, որոնք կը բարդացնեն անոնց վերադարձը։ Սահակեան նշեց, որ մարդասիրական հսկողութիւնը խիստ սահմանափակուած է՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին արտաքսուելէն եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ միջազգային դիտարկման կամ օրէնսդրական ներկայացուցչութեան դէմ դրուած արգելքէն ի վեր։
Ան նաեւ շեշտեց, թէ Ատրպէյճան կը շարունակէ միջազգային օրէնսդրութեան խախտումներ կատարել, ներառեալ հիւպատոսական մուտքի մերժումը եւ դատավարութիւններու հետեւողական հսկողութեան արգելքը։ Ան նշեց Եւրոմիութեան Խորհուրդի մէկ ենթայանձնախումբին վերջին հրապարակային քննադատութիւնը՝ ուղղուած Ատրպէյճանի բանտերու պարզած իրավիճակին։
Սահակեան ընդգծեց, որ Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Դատարանը հետեւողական դրութեամբ զեկուցումներ կը պահանջէ Պաքուէն, հայ գերիներու առընչութեամբ, յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելով մարդասիրական օրէնսդրութեան խախտումներուն, փոխհատուցման պահանջներուն, հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան եւ տեղահանուածներու ապահով վերադարձի երաշխիքներու մասին։
Ան անդրադարձաւ նաեւ վերջին քաղաքական համաձայնագիրներու ձախողութիւններուն, մասնաւորապէս գերիներու հարցին եւ վերադարձի իրաւունքին բացակայութեան՝ Թրամփի միջնորդութեամբ կնքուած «խաղաղութեան համաձայնութեան» մէջ, որ դժբախտաբար կոչ կ՛ընէր հրաժարիլ օրէնսդրական պահանջներէն։
Սաահակեան տեղեկացուց, թէ կը հետապնդուին ազերի այն պետական պաշտօնեաները, որոնք պատասխանատու են բռնութիւններու եւ չարաշահումներու համար։
Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբը իր գնահատանքը փոխանցեց Սահակեանին եւ Խաչիկեանին իրենց կատարած աշխատանքին ։ Երեկոն ծառայեց իբրեւ զօրակցական հարթակ՝ միաժամանակ վերահաստատելով Միշիկընի հայ համայնքին նուիրումը՝ արդարութեան, պատասխանատուութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին։