Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Գանատայի շրջանի 48-րդ ներկայացուցչական ժողովի
28 Հոկտեմբեր 2025
Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Լաւալի Հայ կեդրոնի Պարոնեան սրահէն ներս սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-ի Գանատայի շրջանի 48-րդ ներկայացուցչական ժողովը:
Ժողովը կը վայելէր ներկայութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ քոյր Լիոնի Սարմազեանի, Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուէլ Քէօսէեանի, Շրջանային վարչութեան անդամներու, Շրջանային Սկ. Խորհուրդի ներկայացուցիչ եղբ. Ռաֆֆի Խտրլարեանի, Շրջանային ընդհ. խմբապետ եղբ. Արուշ Պէրպէրեանի եւ Շրջանային Խմբապետութեանց` եղբ. Ռաֆֆի Դաւիթեանի եւ Քոյր Կասիա Կարապետեան Կիւլեանի, Շրջանային Մարզական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ եղբ. Ռաֆֆի Հատիտեանի։
Ժողովին հիւրաբար ներկայ էին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրակ Տարագճեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգ. վարչութիւն ներկայացուցիչ Յակոբ Պուլկարեան, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեան եւ ատենադպիր Անահիտ Պալեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Քրիստին Հեքիմեան Աֆարեան, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայցուցիչ Հրակ Գահիէեան, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի Գանատայի ներկայացուցիչ Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան, Տիրան Շահինեան եւ Մոսիկ Թոփուզեան։
Սոյն ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի Գանատայի շրջանի մասնաճիւղերու՝ Մոնթրէալի, Համիլթընի, Թորոնթոյի, Գեմպրիճի, Սենթ Գաթրինզի եւ Լաւալի ներկայացուցիչները։
Ժողովը շաբաթավերջի երեք օրերուն ընթացքին, յստակ օրակարգի կէտերով անդրադարձաւ սկաուտական, մարզական եւ կազմակերպական հարցերու, քննարկուեցան մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ տրուեցան առաջարկներ առաւել եւս աշխուժացնելու մարզական եւ սկաուտական շարքերը։ Ժողովը թելադրաքներ առաջացուց միջմասնաճիւղային եւ միջցամաքամասային մարզախաղերու աշխատանքներուն առնչութեամբ։
Ժողովը անդրադարձաւ, թէ Գանատայի ՀՄԸՄ-ի կառոյցը իր ներդրումը կ’ունենայ Միջին Արեւելքի տնտեսական ծանր իրավիճակ ապրող շրջաններուն, ինչպէս նաեւ տեղահանուած արցախցի ՀՄԸՄ-կաններուն։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան 2025-2027 տարեշրջանի անդամներու ընտրութիւնը՝ հետեւեալ պատկերով.
Եղբ. Մանուէլ Քէօսէեան
Եղբ. Ասատուր Երեմեան
Եղբ. Վահէ Թաշճեան
Եղբ. Յարութ Պետրոսեան
Եղբ. Սամսօն Գահգէճեան
Եղբ. Լեւոն Իսկենտէրեան
Եղբ. Տաթեւ Պէպէճեան
Ժողովը վերջ գտաւ Կիրակի յետմիջօրէի ժամը 3։00-ին, «Յառաջ, նահատակ» քայլերգով։
