Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Դիմաւորուեցաւ Մեծ Խանդավառութեամբ
28 Հոկտեմբեր 2025 ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՁԵՌԱՄԲ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՄՀԵՐ ԵՒ ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ
Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը կը սպասէր Արամ Ա. կաթողիկոսի ժամանումին:
Վեհափառին դիմաւորելու եկած էին նաեւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան եւ անդամ Լեւոն Պարոնեան, թեմի Ազգային վարչութեան անդամներ, ազգայիններ, հոգեւոր հայրեր եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Հայրապետական ամպհովանին կրելու պատիւը տրուած էր Յարութ Սողոմոնեանին, Սարգիս Սեփեթճեանին, Սարօ Տէր Յովաննէսեանին եւ Յովսէփ Պոյաճեանին։
«Հրաշափառ»ի յատուկ արարողութենէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, յանուն թեմի ազգային իշխանութեան եւ ժողովուրդին ողջունելով կաթողիկոսին այցելութիւնը՝ ըսաւ. «Նորին սրբութեան հովուապետական այցելութիւնը ո՛չ միայն օրհնաբեր է, այլեւ՝ շէն, վերանորոգող, վերակենսաւորող, նոր բարձունքներ նուաճելու համար ուժ եւ կորով ներշնչող ու ազգային կեանքը պայծառակերպող այցելութիւն: Այսօր մեր թեմի հայորդիները պատիւը ունին պատմական այս օրը արժանաւորապէս նշելու ու ապրելու: Վեհափառ հայրապետին իւրաքանչիւր այցելութիւնը նոր եռանդ ու նոր իրագործումներու մղում կու տայ: Տակաւին այսօր առաւել պատմական է նորին սուրբ օծութեան այցելութիւնը, աւելի օրհնաբեր է իր ներկայութիւնը մեր մէջ, քանի այսօր հայրապետը իբրեւ երեսնամեայ տիտան Կիլիկեան Սուրբ աթոռին բարձրացած՝ կը գտնուի մեր մէջ: Յանուն մեր թեմի հաւատաւոր հայորդիներուն, վեհափառ հայր, ընդունեցէք մեր ջերմագին բարեմաղթութիւնները։ Թող Աստուած ձեր հովուապետական ասան միշտ ծաղկուն պահէ եւ ձեզի շնորհէ ընդ երկար գահակալութիւն»: Ապա, սրբազան հայրը հրաւիրեց կաթողիկոսը՝ յղելու իր հայրապետական պատգամը։
«Իմ այս առաջին պատգամիս ու հովուապետական այցելութեանս որպէս բնաբան եւ մեր ժողովուրդին կեանքին ու գործին որպէս ուղեցոյց ընտրած եմ երեք բառեր՝ հաւատք, հաւատարմութիւն, համախմբում։ Կեանքի սովորական վիճակներ բնորոշող բառեր չեն ասոնք, որովհետեւ անոնք մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ամէնէն էական տարածքները կ՛արտայայտեն.
«ա) Հաւատք. մարդկային կեանքին մէջ չկայ անհատ մը, որ չունենայ հաւատք։ Հաւատք՝ իր անձին նեղ պարունակէն վեր ու անդին՝ երեւոյթի մը, դէպքի մը, սպասումի մը։ Որպէս քրիստոնեաներ, մեր կեանքին առանցքը Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքն է։ Այդ հաւատքն է, որ մեր կեանքին խորք ու իմաստ, արժէք ու նպատակ կու տայ. այլապէս, սաղմոսին բառերով՝ մեր կեանքը պիտի նմանի խոտի։ Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած մեր հաւատքն է, որ մեր կեանքը կ՛իմաստաւորէ ու կը հզօրացնէ՝ դառնալով երջանկութեան ու յաջողութեան աղբիւր։ Տառապանքներով ու հալածանքներով լեցուն մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը ու որպէս փոքր ժողովուրդ մեր գոյատեւումը պատմութեան փոթորիկներուն մէջ պերճախօս վկայութիւն մըն է Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած խոր հաւատքին, որ դարձաւ մեր գոյութեան ամրոցը, տոկունութեան վահանը, ստեղծագործութեան աղբիւրը եւ մեր կեանքի ճանապարհը։ Այսօր, մենք կոչուած ենք մեր հաւատքը աւելի ամրապնդելու, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեզ շրջապատող երեւելի ու աներեւոյթ չարիքները։
«բ) Հաւատարմութիւն. չի բաւեր միայն հաւատք ունենալ, այլ անհրաժեշտ է մեր ունեցած հաւատքին հրամայականներուն նկատմամբ ունենալ հաւատարմութիւն։ Չմոռնանք Քրիստոսի խօսքը. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, թող խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ»։ Հետեւաբար, հաւատալ կ՛ենթադրէ պատասխանատուութիւն ու պարտաւորութիւն՝ հաւատքի սկզբունքներուն ու հրամայականներուն նկատմամբ։ Որպէս ժողովուրդ, քրիստոնէական մեր հաւատքը կը պահանջէ մեզմէ, որ ըլլանք հաւատարիմ մեր քրիստոնէական ինքնութեան։ Պատմութեան ընթացքին մեր գոյութեան քրիստոնէական ու ազգային տարածքները դարձան մէկ ամբողջութիւն, մէկ ինքնութիւն։ Այլ խօսքով, մեզի համար քրիստոնեայ ըլլալ եւ հայ ըլլալ տարբեր բաներ չեն։ Հետեւաբար, մենք պէտք է հաւատարիմ գտնուինք մեր քրիստոնէական ու ազգային ինքնութեան, եւ այդ ինքնութիւնը պահող արժէքներուն նկատմամբ, մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Մեր եկեղեցին, վկայ մեր պատմութիւնը, մեզի համար սովորական աղօթավայր չեղաւ, այլ մեր հաւատքին ամրոցը, մեր ինքնութեան աղբիւրը, մեր պայքարին վահանը ու մեր գոյութեան խարիսխը եղաւ։ Այսպէս է մեր եկեղեցին նաեւ այսօ՛ր։ Ձեր հաւատարմութիւնը մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ պէտք է գործնապէս արտայայտէք՝ մասնակից դառնալով մեր եկեղեցւոյ համայնական կեանքին, նոյնանալով եկեղեցւոյ հետ ու դառնալով ապրող ու ծառայող եկեղեցի, եկեղեցին դարձնելով պայծառակերպող ներկայութիւն ձեր ընտանիքէն ներս, հայ դպրոցէն ներս եւ մեր բոլոր կառոյցներէն ներս։
«գ) Համախմբում.մեր ժողովուրդը մէկ ամբողջութիւն է իր անցեալով ու ներկայով. ինչպէս մեր եկեղեցին մէկ ամբողջութիւն է՝ իր երկու հայրապետական Աթոռներով. նաեւ մեր Հայրենիքը։ Արդ, ամուր պահեցէք մեր էութեան ու գոյութեան եւ մեր ինքնաճանաչման անբաժանելիօրէն մաս կազմող միութիւնը, ամբողջականութեան գիտակցութիւնը՝ համախմբուելով մեր կառոյցներուն շուրջ, մեր եկեղեցւոյ, Հայրենիքին, դպրոցին եւ կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն շուրջ, որոնք աղբիւրն են ու պահապան մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու իտէալներուն, մեր հայօրէն գոյութեան։ Մեր հաւաքական կեանքէն ներս տեսակէտներու տարբերութիւններ եղած են ու միշտ պիտի ըլլան. սակայն, զգոյշ պէտք է ըլլալ, որ այդ տարբերութիւնները երբեք չդառնան վնասաբեր. միաժամանակ պէտք է յանձնառու ըլլալ, որ այդ տարբերութիւններէն վեր համազգային արժէքներու շուրջ մեր մօտեցումները համախմբուին ու նոյնանան։ Հետեւաբար, իմ սպասումս է, որ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի մեր ազգային կեանքէն ներս միասնականութիւնը աւելի ամրանայ մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս՝ ամէն իմաստով: Որքան մենք ըլլանք միակամ՝ մեր Հայրենիքը աւելի կը հզօրանայ, մեր եկեղեցին աւելի կը պայծառանայ եւ մեր կեանքը աւելի կը ծաղկի։ Ահաւասիկ իմ հայրապետական պատգամս ուղղուած մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն». ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը։
Վեհափառին ուղենիշ պատգամէն ետք, թեմի հաւատաւոր հայորդիները առիթը ունեցան մօտենալու իրենց հովուապետին եւ անոր աջը համբուրելով՝ ստանալու հայրապետին օրհնութիւնը:
ԲԱՑՈՒՄ ՄՀԵՐ ԵՒ ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ
Իր պատգամէն ետք, վեհափառին ձեռամբ բացումը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ կից գտնուող Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան կրթական համալիրին: Հայրապետին կողքին կը գտնուէր համալիրի բարերար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան՝ իր զաւակներով: Ներկայ էին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան ու թեմին Ազգային իշխանութեան անդամներ, առաջնորդը եւ հոգեւոր դասը, ազգային բարերարներ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու կրթական մշակներ:
Այս առիթով հայրապետը ըսաւ հետեւեալը. «Որքան եկեղեցին սրբավայր է մեզի համար, այնքան նաեւ՝ դպրոցը: Սովորական ուսումնարան չէ հայ դպրոցը մեզի համար: Հայ դպրոցին ճամբով մեր զաւակները սոսկ գիտութիւն չեն ստանար, այլ նաեւ կը թրծուին մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով: Այլ խօսքով՝ հայ դպրոցը հայուն մէջ հա՛յը կ՛ամրացնէ, հայու ինքնութիւնը կը բիւրեղացնէ, նոյն ազգին մեր պատկանելիութիւնը կ՛ամրապնդէ»:
Յատուկ կերպով անդրադառնալով հայ դպրոցին նկատմամբ Քալիֆորնիոյ հայորդիներուն ցուցաբերած նախանձախնդրութեան՝ կաթողիկոսը ըսաւ. «Ես կ՛ողջունեմ յատկապէս Քալիֆորնիոյ մէջ հայ դպրոցին նկատմամբ մեր ժողովուրդին աճող սէրը, սպասումն ու կապուածութիւնը: Այս դրական երեւոյթին շօշափելի օրինակը ահաւասիկ տուած է ազգային բարերար մեր սիրելի Մհերը, ի յիշատակ իր տիկնոջ՝ Սաթիկին: Հայ դպրոցին առաքելութեան նկատմամբ ունեցած իր նախանձախնդրութենէն մեկնելով՝ Մհերը ներկայ բարերարութիւնը կատարեց: Այս առիթով իմ բարձր գնահատանքս կը յայտնեմ Մհերին ու իր զաւակներուն: Կ՛ուզեմ, որ իր այս բարերարութիւնը վարակիչ դառնայ մեր այլ բարերարներուն՝ թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն եւ թէ՛ Սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս»:
Վեհափառին պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ ընթրիք, ուր ընթերցուեցան տեղական իշխանութիւններուն պաշտօնական խօսքերը, որոնք ուղղուած էին հայրապետին` Արեւմտեան Հայոց թեմին կատարած այցելութեան եւ իր 30ամեայ գահակալութեան առիթով:
Հռչակագիրներ յղուած էին ծերակուտական Էտըմ Շիֆի, քոնկրեսական Լօրա Ֆրիտմընի, Լոս Անճելըս նահանգի վերահսկիչներ Քեթրին Պարկըրի եւ Հիլտա Սոլիսի կողմէ, իսկ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ուկօ Սոթօ-Մարթինեզ իր հռչակագիրը անձամբ յանձնեց։












