Հինգ Տարի Առաջ` Այսօր. Շուշիի Պաշտպանութեան Մարտերուն Նահատակուեցան Յարութ Բանոյեան, Յակոբ Ասթարճեան Եւ Մոսիկ Սեքլէմեան
05 Նոյեմբեր 2025
2020-ի Շուշիի պաշտպանութեան մարտերուն նահատակուեցան հալէպահայ երիտասարդներ Յարութ Բանոյեան, Մոսիկ Սեքլէմեան եւ Յակոբ Ասթարճեան:
Այս երեք խրոխտ երիտասարդները Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն մասնակցած էին Հալէպի հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան: Յարութ եղած էր հայահոծ թաղերու ինքնապաշտպանութեան հրամանատար:
Արցախի վրայ Ազրպէյճանի շղթայազերծած 27 սեպտեմբեր 2020-ի պատերազմին, Յարութ, Մոսիկ եւ Յակոբ անսացին իրենց արեան կանչին, փութացին ճակատ` պաշտպանելու հայրենի հողը: Անոնք մաս կազմեցին Շուշին պաշտպանող ջոկատին:
3-4 լուսցող գիշերը ազրպէյճանական ներթափանցող խումբը փորձեց հասնիլ Շուշի, սակայն բուռն դիմադրութեան հանդիպելով եւ մեծաթիւ կորուստներ կրելով` նահանջի մատնուեցաւ:
Նոյեմբեր 4-ի առաւօտեան ազրպէյճանական զօրքերը Բերձորի հարաւ-արեւելեան կողմէն յարձակման անցան Շուշիի վրայ: Հայկական ուժերը ազրպէյճանական երեք հրասայլեր խորտակեցին եւ կասեցուցին յարձակումը:
Ազրպէյճանցիք կէսօրին կրկին յարձակման անցան, բայց երկու հրասայլ եւ երկու մեքենայ կորսնցնելով` ետ շպրտուեցան:
Աւելի ուշ անոնք այս անգամ անտառային գօտիէն բարձրացան Լիսագոր-Շուշի ճամբան, բայց ոչնչացուեցան:
Նոյեմբեր 5-ին ազրպէյճանական ուժերը Բերձորէն Շուշի ճամբուն վրայ, Քարինտակի մօտէն յաջողեցան թափանցել թիկունք: Բախումները սաստկացան: Քարինտակի եւ Լիսագորի հատուածներուն վրայ յայտնուած թշնամի խումբերը ոչնչացուեցան:
Ազրպէյճանցիք Շուշիի ուղղութեամբ նոր ուժեր կուտակեցին, իսկ ներթափանցող խումբեր մտան շրջակայ անտառներն ու ձորերը:
Ազրպէյճանական ուժերը սաստկօրէն ռմբակոծելով Շուշին եւ յաղթահարելով հայկական ուժերու դիմադրութիւնը, սկսան յառաջանալ: Անոնք ճեղքեցին ճակատը եւ անցնելով հայկական ուժերու թիկունքը` մտան քաղաք:
Օրհասական այդ մարտերուն նահատակուեցան քաջարի հայորդիներ Յարութ Բանոյեանը, Մոսիկ Սեքլէմեանն ու Յակոբ Ասթարճեանը:
Յետմահու «Մարտական Խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած Յարութ, «Արիութեան» մետալով պարգեւատրուած Յակոբ ու Մոսիկ իսկական օրինակը եղան տիպար հայորդիի:
Հրամանատար Յարութ Բանոյեան, մարտիկներ Յակոբ Ասթարճեան եւ Մոսիկ Սեքլէմեան իրենց երդումին հաւատարիմ մնալով իրենց կեանքը նուիրեցին Արցախին` միանալով անմահներու փաղանգին: Փառք ու պատիւ անոնց:
Ազդակ
