Մոնրէալի Եւ Լաւալի Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Երեք Հայազգի Թեկնածուներ Յաղթանակ Կ՛արձանագրեն
03 Նոյեմբեր 2025
Քանատայի Քեպեք նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւնները կայացան կիրակի, 2 նոյեմբեր 2025-ին: Անոնց կարգին` Մոնրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն առաջադրուած հայազգի թեկնածուներէն երեքը յաղթանակ արձանագրեցին:
Մոնրէալի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած հայազգի թեկնածուներն են` Վանայ Նազարեան, երկրորդ անգամ ըլլալով, «Անսամպլ Մոնրէալ» կուսակցութեան կողմէ, Սեն Լորան շրջանի Côte-de-Liesse ենթաշրջանի քաղաքապետութեան, Շահէ Տարագճեան, երկրորդ անգամ ըլլալով, «Անսամպլ Մոնրէալ» կուսակցութեան կողմէ, Pierrefonds-Roxboro շրջանի Cap-Saint-Jacques ենթաշրջանի քաղաքապետութեան, Լաւալի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց Սեդա Թոփուզեան, նոյնպէս երկրորդ անգամ ըլլալով, «Մուվըման Լաւալուա» կուսակցութեան կողմէ, Լաւալի Renaud Coursol շրջանի քաղաքապետութեան:
Իսկ Մարի Տերոս, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր «Անսամպլ Մոնրէալ» կուսակցութեան կողմէ, Villeray-Saint-Michel-Parc-Extension շրջանի Parc-Extension ենթաշրջանի քաղաքապետութեան, սակաւաթիւ քուէներով կորսնցնելէ ետք բողոքարկած է, եւ արդիւնքը վերատեսութեան ենթակայ է:
Նշենք, որ Մոնրէալի քաղաքապետ ընտրուեցաւ Սուրէյիա Մարթինեզ Ֆերրատա. ան կը հանդիսանայ Մոնրէալի երկրորդ կին քաղաքապետը եւ առաջինը, որ բնիկ տեղացի չէ, այլ իբրեւ գաղթական հաստատուած է Քանատա եւ ծագումով չիլ է: Իսկ Լաւալի քաղաքապետ ընտրուեցաւ, երկրորդ անգամ ըլլալով, «Մուվըման Լաւալուա» կուսակցութեան ղեկավար Սթեֆան Պուայէ:



