Փանթուրանիզմ. Հայը Եւ Միւսները
06 Նոյեմբեր 2025
Մտածե՛լ վաղորդայններու մասին, նայի՛լ մաշեցնող վէճերէ եւ պայքարներէ անդին: Այս ազգային քաղաքական իրաւ միտքի մեկնակէտ է, ո՛չ աղմկարարութիւն է, ո՛չ երեւելիապաշտութիւն, այլ` իրատեսութիւն:
Կ՛ըսուի` փանթուրանիզմ, փանթիւրքիզմ: Այս բառերը պարզապէս կը նշանակեն թրքական ծաւալապաշտութիւն, որ թուրք մտաւորական Զիա Կէօքալփի (1875-1924) կողմէ բանաձեւուած է եւ կը միտի թրքախօս ժողովուրդները միացնելու մէկ պետութեան մէջ` Վոսփորէն Պայքալ, ցեղապաշտութիւն, որ կը ձգտի Օսմանեան կայսրութենէն աւելիին, որուն մէջ, մեր աշխարհագրութեան բերումով, ընդգրկուած ենք ինչպէս երէկ, նաեւ` այսօր:
Միջազգային քաղաքական մեծերը գիտեն, գիտե՞ն, որ կը հետանդուի թրքական ծաւալապաշտութիւն, բայց ոչինչ կ՛ընեն, քանի որ ունին շուկայիկ շահեր եւ կը մնան իրենց պետական համարուած կարճաժամկէտ եւ անմիջականի միտող ռազմավարութիւններու փակուղիին մէջ: Անոնք անզօր են նաեւ ռազմաքաղաքական պատճառներով, քանի որ կը պայքարին ռուսական կայսերական վերանորոգ փառասիրութիւններուն դէմ, որոնց հարթակը Ուքրանիան է այսօր, որ կը սպառէ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի նիւթական, մարդկային եւ զինուորական կարողականութիւնները, միլիառներ եւ միլիոնաւոր կեանքեր: Յաջորդ փուլերը լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր, քանի որ աննախատեսելի յոռեգոյնը կրնայ պատահիլ` հիւլէական աղէտը: Ամերիկան զբաղած է Չինաստանի հզօրացման դէմ թումբ կանգնելու աշխատանքով, ուրիշներ մտահոգ են իրենց քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցութեան նուազումով: Դասական Ռուսիա-Արեւմուտք երկբեւեռ դրութիւնը հին է արդէն, հիմա աշխարհ բազմաբեւեռ է, եւ կանխատեսութիւններ ընել դժուար է:
Քիչ մը ամէն տեղ պատերազմական վիճակ է, որ պարարտ ենթահող է թրքական ծաւալապաշտութեան համար: Թուրքիա կ՛օգտագործէ` նախկին մեծերու մրցակցութիւնները, կրօնական ազդակը եւ գաղութարարութեան արդիւնք քէները, որոնք վառ են ասիական, հարաւամերիկեան, ափրիկեան եւ արաբական երկիրներու մէջ: Կայ հակաարեւմտեան պայքար, որ ունի նաեւ հակաքրիստոնէական բնոյթ, նոյն երկրին մէջ նոյն ժողովուրդի անդամները կրօնի համար զիրար կը ջարդեն, ինչպէս այդ կը պատահի Ափրիկէ, այդ վաղը կրնայ պատահիլ նաեւ այլ երկիրներու մէջ:
Թուրք ծաւալապաշտութեան գաղափարախօսական հիմնաւորման բանաձեւը հետեւեալն է. կը կրկնեմ. «Վոսփորէն Պայքալ»: Մի՛շտ նայեցէք քարտէսին:
Հակառակ Արեւմուտք-Իրան խորացած տարակարծութիւններու, կարծրատիպերէ հեռանալով, եթէ մտածուի, թէ իրապէս ո՞վ բնականօրէն դէմ պիտի կանգնի թրքական ծաւալապաշտութեան, ողջմտութիւնը պիտի ըսէ` Իրանը: Վաղը նաեւ, ինքնապաշտպանութեան համար, արաբական աշխարհը, եթէ ան, յիշելով պատմութիւնը, յաղթահարէ իր տարակարծութիւնները, տեսնէ գալիքը եւ ճիշդ կողմնորոշուի:
Հայկական Նախիջեւանը թրքական տարածք դարձաւ` յանուն «սովետական եղբայրութեան», մեր անմիջական ներկային մէջ անոր հետեւցաւ հայկական եւ հայաբնակ պատմական հող Արցախը, համագումար` յաղթանակ` համաթրքական-փանթիւրքիստ քաղաքականութեան, որ Ռեճեփ Էրտողանի կայսերական անշեղ ընթացքն է: Այս անվարան պէտք է ըսել, Մեծերուն, Ժողովրդավարութեան եւ «Մարդու իրաւունք»-ի պաշտպաններուն:
Արեւմուտք, Ռուսիա, արաբական աշխարհ եւ Իսրայէլ չհասկցան, չեն տեսներ, որ մասնակի թուացող Ազրպէյճանի յաղթանակը, Արցախի հայաթափումը եւ անոր Ազրպէյճանի կցումը յաղթանակն էր համաթուրանականութեան, մեծ եղբայր Թուրքիոյ ծաւալապաշտութեան: Հերթը երբ հասնի Սուրիոյ, Իրաքի, Յունաստանի, պալքանեան ըրկիրներ, ոչ ոք ինքնարդարացման իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու` չգիտցանք:
Ծաւալապաշտութեան վրայ գումարուող նոր փաստ է «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, որ միտքերը շփոթի կը մատնէ տնտեսութեան եւ շահաբերութեան խոստումներով, դերակատարները չեն ուզեր հասկնալ, որ ան քայլ է «Վոսփորէն Պայքալ» ծրագրի իրականացման ճամբուն վրայ, իրենց մսկոտի մեղսակցութեամբ: Իրանը հասկցած է եւ դէմ է «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, որ Հայաստանի հողին վրայ պարտադրուած թրքական օրինական բնոյթով ներկայութիւն է, Հայաստանի ինքնիշխանութեան ոտնահարում: Ինչո՞ւ չեն տեսներ, որ թրքական ծաւալապաշտութեան դէմ կը պարտուին Արեւմուտքը եւ Ռուսիան, եւ ի հարկէ, առաջին հերթին, կրկին գինը պիտի վճարեն հայը եւ Հայաստանը: Օդանաւային երթեւեկները եւ բառերու ճապկումները չեն հեռացներ եւ չեն ջնջեր վտանգը եւ գալիք աղէտը:
«Վոսփորէն Պայքալ» ցանցին մէջ է նաեւ Ռուսիան: Ազրպէյճան-Թուրքիա յաղթանակը Արցախի դէմ` Ռուսիան կը հեռացնէ Կովկասէն եւ քայլ մըն է Թուրքիոյ բացորոշ ծաւալապաշտութեան իրականացման ճամբուն վրայ, որ հոն կանգ պիտի չառնէ:
Եւրոպա, Ամերիկա, Ռուսիա եւ արաբական աշխարհ միշտ պէտք է յիշեն յայտարարուած թրքալեզու ժողովուրդներու «Վոսփորէն Պայքալ» միացման համաթուրանական հեռանկարը:
Տարիներէ ի վեր Արեւմուտքի աչքին առջեւ կը խաղցուի Կիպրոսի բաժանման եւ գրաւեալ Կիպրոսի մէջ թրքական պետութիւն ստեղծելու հետեւողական ծրագիրը, հետեւանք` թրքական բանակի ներխուժման, որ կարծէք մոռցուած է, ինչպէս այսօր կ՛անգիտացուի արեւելեան Յունաստանի կղզիներու Թուրքիոյ կցման պահանջի հետապնդումը: Ամերիկան հեռու է, չի տեսներ եւ չի զգար վտանգը, այդ իրեն դէմ սպառնալիք չի համարեր:
Մի՞թէ քաղաքականութիւնը նախատեսելու արուեստը չէ՞:
Միջազգային քաղաքական միտքը խանգարուած է: Ո՛չ Ռուսիոյ եւ ո՛չ ալ Արեւմուտքի համար մտահոգութեան անմիջական առարկայ չէ «թրքախօս ժողովուրդներու միացման առաջադրանքով հետապնդուող «փանթուրանիզմ»-ը, որուն զոհը այսօր պզտիկ Հայաստանն է, վաղը պիտի ըլլան Ռուսիան եւ Եւրոպան, երբ թափ առնէ թրքալեզու ժողովուրդներու միացումը` «Վոսփորէն Պայքալ», թիրախ պիտի ըլլան նաեւ Յունաստանը եւ Պալքանեան երկիրները: Ի՞նչ պիտի ընեն Արեւմուտքը եւ Ռուսիան, պիտի ընդունի՞ն կոտորակուիլ`միշտ մնալով հակադիր ճակատներու մէջ, տարուած անմիջականի կիրքով, անոնք չե՞ն տեսներ եւ չե՞ն հասկնար, որ կը գտնուին քաղաքակրթական եւ մշակութային նոյն աւազանին մէջ, իրենց պատմութեամբ եւ արժէքներով, որոնց պաշպանութեան համար միացած պէտք է ըլլան, հոգեբարոյականը գերադասեն եւ ինքնութիւն պաշտպանեն` ընդդէմ քաղաքակրթութիւն փոխելու ազգայնամոլական անթաքոյց վտանգի:
Թրքալեզու ժողովուրդներու միացման համաթուրանական երազանքը համաշխարահային սպառնալիք է` Կովկասէն Եւրպա, մինչեւ Պայքալ եւ Չինաստան:
Արեւմուտքը ինքզինք կը խաբէ, երբ կը կարծէ հեռացնել ուրուագծուող պատմաքաղաքական եւ մշակութային-քաղաքակրթական մեծ տագնապը եւ կը թաքնուի մարդու իրաւունքի եւ ժողովրդավարութեան պաշտպանի ճառի եւ արժէքներու վարագոյրի ետին` անգիտանալով, որ սպառնալիքի դէմ նոյն ալիքներու վրայ են Արեւմուտքը եւ Ռուսիան:
Արեւմուտքը կեղծաւորի իմաստութեամբ բարեսիրութիւն խաղալով` հանդուրժած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը, հիմա կը հանդուրժէ Նախիջեւան-Արցախ հայաշխարհի բռնագրաւումը եւ հայ ժողովուրդի կրկնուող ու նոր հայրենահանումը:
Ի՞նչ պիտի պատահի, ի՞նչ պիտի ընեն, երբ հերթը հասնի Կիպրոսի, Յունաստանի, Պալքանեան երկիրներու, վաղը` Գերմանիոյ, Իրաքի, անցեալի օսմանեան կայսրութեան մաս համարուած տարածքներու, Սուրիոյ, Լիբանանի, Հիւսիսային Ափրիկէի:
Փանթիւրքիզմ եւ փանթուրանիզմ. շարունակուող քաղաքական աւազակութիւն, որ ՄԵԾ-երու մեղսակցութեան եւ տեղատուութեան այգիին մէջ կ՛աճի:
Հուսկ. ի՞նչ կ՛ընէ Հայը: Կը կարծէ՞, որ ներքին բազմերես պայքարներով, «սեւացրէ՛ք»-ով, Եկեղեցիէն Ազգային ժողով, մամուլ եւ անդուռ համացանց, անունը չըսող «քաղաքացիական կռիւ»-ով, Ազգ եւ Հայրենիք պիտի փրկէ՞ որո՞ւ դէմ կռուելով, տարուած-տարուելիք ո՞ր յաղթանակով:
Վաղորդայնները այսօր են: Տեսնե՛լ սպառնալիքները եւ գոյութենական վտանգը: Կ՛ըլլա՞նք իրատես եւ ըստ այնմ կը յառաջանանք, կ՛առաջնորդենք, կ՛առաջնորդուինք:
Ֆրանսացի առակագիր Ժան տը լա Ֆոնթէն ըսած է. «Օգնէ՛ դուն քեզի, որ Աստուած օգնէ քեզի»: Մենք մեզի կ՛օգնե՞նք, թէ՞ իրարու դէմ կը կռուինք: Ինչո՞ւ, որո՞ւ դէմ պէտք է պաշտպանուիլ` մտածելով , որ գալիք սերունդները եւ պատմութիւն ի՞նչ պիտի ըսեն հանրապետութեան, սփիւռքի հայերուն եւ ղեկավարներու մասին:
Հայը զոհը եղած է փանթիւրքիզմի, որ ՀՈՂԻ համար ցեղասպանութիւն գործեց, հայրենահան ըրաւ հայը, հայրենահան կ՛ընէ նաեւ այսօր, որպէսզի, ՎՈՍՓՈՐԷՆ ՊԱՅՔԱԼ ստեղծուի Մեծ Թուրքիա:
Պատմութեան էջը դեռ չէ փակուած: Նոր զոհեր պէտք են: Ո՛չ ոք իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու` չէինք գիտեր, ՉԳԻՏՑԱՆՔ: Գիտնալ, երբ ուշ է, աղէտը եղած կ՛ըլլայ:
Եւ հայերը քիչ մը աւելի կը դառնան «համաշխարհային»: Այսինքն…
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
28 հոկտեմբեր 2025, Փարիզ
