Պաքուի «Դատագոյժ»-ը
20 Նոյեմբեր 2025
«Եթէ մենք չպահպանենք արդարութիւնը, արդարութիւնը մեզ պիտի չպահպանէ»։
Ֆրանսիս Պէյքըն (բրիտանացի փիլիսոփայ, 1561-1626)
Դաժան պայմաններ ու ընդվզեցուցիչ պատահարներ այնպիսի կացութիւն կը ստեղծեն, որ երբեմն մէկ բառով կարելի կ’ըլլայ բացատրել եղելութիւն մը, ահաւո՛ր կացութիւն մը։ Ըսենք՝ դատական գոյժ մըն է, որ կը հասնի Պաքուէն, պարզ ու մեկին՝ «դատագոյժ» մը։
Բրիտանացի փիլիսոփայ եւ օրէնսգէտ Ֆրանսիս Պէյքընի վերոյիշեալ իմաստալից խօսքով իսկ դժուար պիտի ըլլալ համոզել ուղեղալուացքի (brain wash) ենթարկուած եւ միակողմանի ցուցմունքներով լաւ մը թրծուած ազերի դատաւորները, որոնց ըմբռնումի եւ ընկալման գործելակերպն ու «անցք»-ը կը մնան փակ։
Աւելի յստակօրէն, եւ արդիական տեսողական միջոցներով ներկայացնելու համար Պաքուի դատարանին մէջ կատարուող խեղկատակութիւնը, մօտէն դիտենք, եւ կեդրոնանանք այս սրտապատառ տեսարանին վրայ։ Բանտի խուցերէն դուրս բերուած, սակայն միշտ բանտարկուած, հաստ ապակեայ պատին ետին, Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները կը հետեւին միակողմանի եւ շինծու դատավարութեան մը, ուր դատախազներ, դատաւորներ, փաստաբաններ (բացակայ են պաշտպանները, իսկ ամենուրէք ներկայ՝ անպաշտպանները) առօք-փառօք կը գործեն, առանց ընբռնելու, թէ պատահածը անճոռնի, արտառոց եւ յատկապէս ապօրինի դատավարութիւն մըն է։
Իբրեւ ակնդիր, շուտով կարելի է նկատել մեծ սխալ մը, այս դժնդակ տեսարանին մէջ։ Պաքուի դատարանի բեմահարթակին կեդրոնը զետեղուած նշանակը՝ արդարութիւն եւ թափանցիկութիւն արտայայտող նժարով ցուցակը համահաւասար նժարներով պէտք չէ ըլլար, գէթ այս դատավարութեան օրերուն։ Նժարը ոչ միայն թեքած է մէկ կողմ, այլ նաեւ դժբախտաբար եւ ամօթալի կերպով ամրացուած ու փակցուած է, անշարժացա՛ծ։ Հետեւաբար, կարելի չէ անով կշռել արդարութիւն, հաւասարութիւն, ողջմտութիւն։ Աւելին, կրնանք ինքնավաստահ ըսել, որ նժարին մէկ ափը չկայ…
Պատիժները մեծածաւալ եւ մեծաքանակ են։ Ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած են Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Պապայեանը։ Նախկին նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը դատապարտած են քսան տարի բանտարկութեան եւ․․․ շարքը կը շարունակուի։ Անշուշտ Ռուբէն Վարդանեանի մասին, դեռ վերջնական որոշում չէ տրուած։ Ան բուռն կերպով քննդատած էր այս խեղկատակութիւնը, այսինքն պաշտպան փաստաբաններ ճշդելու իրաւազրկումն ու բաց դատավարութեան պահանջի ոտնակոխումը։
Անտեղի է հարց արծարծել այս դատաւորներուն հետ, որոնք շինծու ցուցմունքներու կը հետեւին, ունին սարքովի թղթածրարներ. մէկ խօսքով եղածը մեծ պլըֆ մըն է, Արդարութիւնը մրոտող թատրոն մը։
Հաւանաբար, անոնց համար նոյնքան անհասկնալի պիտի ըլլայ հռովմէացի փիլիսոփայ Կիկերոնի (106 Ք․Ա․ – 43 Ք․Ա․) մէկ պարզ հաստատումը․ «Արդարադատութեան նպատակն է բոլորին տալ իրենց իրաւունքը»։
Ասդին, բնականաբար ոչ մէկ գործնական քայլ առնուեցաւ 19 Բաղրամեան պողոտայի վարձակալներուն կողմէ, որոնք քանի մը անգամ հպանցիկ ու մակերեսային նշումներ կատարեցին։
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ժընեւի մէջ կայացած՝ Մ․Ա․Կ․-ի ենթայանձնախումբի մէկ նիստին, հպանցիկ ակնարկութիւն մը կատարած էր, թէ դատավարութիւնը պատշաճ ձեւով չէր ընթանար։ Իսկ ինչպէ՞ս մեկնաբանել Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գնդաբանութիւնը, թէ բանտարկեալները ատրպէյճանցի են եւ Հայաստանի հետ կապ չունին. ան նոյնիսկ առիթով մըն ալ նշեց, թէ անոնք պէտք էր մինչեւ արեան վերջին կաթիլը պատերազմէին․․․
Այս գնայուն իշխանաւորները հետաքրքրուած են ընտրապայքարներով, եւ այս նպատակով ամէն աշխատանք կը տանին, որպէսզի մնան 19 Բաղրամեանի վարձակալ։
Այս բոլորէն անդին, ու տարբեր պայմաններու տակ, տարբեր եւ տեղի՛ն՝ ժողովրդային (եւ ո՛չ ժողովրդահաճ) ձայն մը հնչեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցած՝ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականներու զտումի ծիրին մէջ՝ Հայաստան – Հունգարիա մրցումին, ուր համակիրներ Հունգարիոյ խումբին ուղղած էին պաստառ մը. «Բարի եկած էք, հոս կրնաք ապահով քնանալ»։
Այս պատգամը յուշարար մըն էր 2004-ին, Պուտափեշթի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան: Ան քնացած պահուն կացինահարուեցաւ ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ։ Այլ «դատագոյժ» մը՝ որ պատահեցաւ Դանուբի ափին։ Պատմութիւնը, այսինքն՝ շարունակութիւնը ծանօթ է…
Ահաւասիկ, 19 Բաղրամեանի աթոռներէն հեռու կանգնած երիտասարդներ, յանձնառո՛ւ հայորդիներ՝ որոնք շատ աւելի դիպուկ եւ ազդեցիկ կեցուածք կ՛որդեգրեն, ու «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի կրկներեւոյթը հետապնդելու փոխարէն՝ ՔՊ-ականներու պարտադրած թմբիրէն դուրս գալու հրաւէր, ահազա՛նգ կը հնչեցնեն։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
