ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Բարոյականութիւն. Ո՞ւր Կը Ծախուի…

19 Նոյեմբեր 2025

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տունը Երեքշաբթի, 18 Նոյեմբերի կանուխ յետմիջօրէին, գրեթէ միաձայնութեամբ որոշում տուաւ, որ կառավարութեան պատկան բաժանմունքները հրապարակեն «Ճեֆրի Էփսթինի թղթածրար»ը: Քուէարկութեան արդիւնքն էր մէկի դէմ 427 ձայն, 5 ձեռնպահ:

Որոշումը վերջակէտի մը կը հասցնէ ամիսներ, աւելի՛ն՝ տարիներ տեւած բանավէճ մը, որուն կիզակէտը եթէ այժմ անդի աշխարհ գացած Էփսթինն է, անոր բազմագլուխ ճիւաղին բազմաճիւղ պոչերը կը հարուածեն բազմաթիւ պետական անձնաւորութիւններ, մասնաւորաբար նախագահ Տանըլտ Թրամփը (քանի մը շաբաթ առաջ, անգլիացի իշխան մըն ալ շնորհազրկուեցաւ):

Էփսթին մեղադրուած է գլխագիր անբարոյութեամբ. անչափահաս աղջիկներ «մատակարարած» է մեծահարուստներու, որոնց շարքին՝ նոյնինքն նախագահին՝ ինչպէս կ՛ըսեն մեղադրողներ ու զոհեր: Թրամփ երկար ատեն բուռն պայքար մղեց, որպէսզի այս թղթածրարը չբացուի, յետոյ սկսաւ հաւաստիքներ տալ, որ Էփսթինի հետ գործ չէ ունեցած, մինչեւ իսկ դրժեց զայն ճանչցած ըլլալը, յետոյ, փաստացի ապացոյցներ հրապարակ եկան, յետոյ, մինչեւ իսկ իր ամէնէն ջերմ պաշտպանները իրեն դէմ դարձան եւ ի վերջոյ, ան տեղի տուաւ եւ յայտարարեց. «Թող հրապարակեն, թող բանան թղթածրարը: Մենք պահելիք բան չունինք»:

Քիչ առաջ ըսինք, որ քուէարկութիւնը վերջակէտի մը կը հասցնէ եղելոյթը, սակայն վերջին վերջակէտին ճակատագիրը կը մնայ առկախ: Աւելի քան 20 հազար էջ (ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ քանի մը հազար նուազ) ընդգրկող թղթածրարը, կ՛ըսեն իրազեկներ, իրականութեան մէջ «Փանտորայի տուփ» մըն է, որ վաղը նոր փոթորիկներ կրնայ ստեղծել: Երգիծական մօտեցում ունեցողներ կ՛ըսեն, որ Թրամփի «վախ չունենալը» կը բացատրուի անով, որ ան արդէն իր ուսերուն կը կրէ անբարոյական արարքներու, սուտերու եւ անօրինական գործերու հսկայական մեղադրանքներ (թիւը 34 է), երկու անգամ ալ ստացած է պաշտօնազրկման վճիռ, որոնք մնացած են թուղթի վրայ (դատարանները մեծ մասամբ գրպանն են) եւ այդ բոլորէն ետք, ո՛չ միայն վերընտրուեցաւ, այլ ներում շնորհեց բազմաթիւ յանցաւորներու եւ դատապարտեալներու…:

***

Ձգենք, որ ժամանակը ցոյց տայ, թէ յաջորդ փուլը ինչպիսի՜ փոթորիկներու շրջան մը պիտի ըլլայ, նաեւ առիթ տանք, որ բանիմացներ մեկնաբանեն, թէ այս որոշումը ինչպիսի՛ հետեւանքներ պիտի ունենայ մէկ կողմէ՝ հանրապետական-դեմոկրատ մրցակցութիւններու դաշտին մէջ, իսկ միւս կողմէ՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Ուրեմն, եկէ՛ք, պահ մը կանգ առնենք իրողութեան մը առջեւ, որ ընդհանրապէս կը վրիպի մեկնաբաններու ուշադրութենէն (դիտումնաւո՞ր, թէ՞ ակամայ՝ երկրորդական է):

Թէ՛ Երեքշաբթիի նիստին խօսք առնողները, եւ թէ նախընթաց փուլի քննարկումները լուսարձակի տակ բերին (կրկին անգամ) ահաւոր իրականութիւն մը, որուն խորագիրն է ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ: «Էփսթինի թղթածրար» կոչուածը կու գայ նորովի բացայայտելու բազմածալք եւ բազմերես ողբերգութիւն մը, որ միայն ամերիկեան ընկերութեանը չէ, այլ կը տարածուի նոր աշխարհի լայնքին ու երկայնքին:

Հաւանաբար դրսեցիներու համար երկրորդական են այն վէճերը, թէ հանրապետականները ինչպիսի՜ մասնատումի ենթարկուած են, դեմոկրատները, ի՛րենք, կ՛ապրին այլօրինակ ներքին հակամարտութիւններ (այս բոլորը կարելի է որոշ հանդուրժողութեամբ դիտել՝ մտածելով, որ ժողովրդավարութեան խաղադաշտին մէջ նման բաներ կրնան պատահիլ), սակայն ինչպէ՞ս կարելի է հանդուրժել, կուլ տալ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ահաւոր անկումը, չքացման եզրին հասնիլը: Փաստօրէն, նախագահ մը յայտնապէս մասնակից է ամէնէն զազրելի անբարոյական արարքներու, կը փորձէ խոյս տալ, սակայն վաղը կրնայ դարձեալ օձիքը ձեռք տալ (կը յիշէ՞ք Սթորմի Տենիըլզի պարագան):

Երեքշաբթիի նիստին խօսք առնողները, Թրամփի կողքին, ամբաստանեալի աթոռին նստեցուցին միլառատէրերու ամբողջ դասակարգ մը, որ ո՛չ միայն օգտուած է Էփսթինի «ծառայութիւններէն», այլ նաեւ իր նիւթական կարողութիւնները ի սպաս դրած է – եւ կը դնէ – իր գայթակղալի վարմունքը ծածկելու, աւելին՝ այդ ընելու համար՝ իշխանութեան վրայ եղողներ կաշառելու, «գնելու», իր կամակատարները «տեղ հասցնելու» համար: Մենք ալ պահ մը հետեւեցանք քննարկումներուն, ու մեր մտքին մէջ ծագեցաւ մտածում մը. արդեօք բարոյականութիւն ըսուածը ո՞ւր կը ծախուի, որպէսզի հասցէն ուղարկենք այս հերոսներուն: Կ՛ընդունինք նաեւ, որ բոլորը պէտք չէ «նոյն ջուրով լուալ», որովհետեւ կան բարոյականութեան հրաժեշտ չտուողներ:

Ի դէպ, գլխագիր անբարոյութիւնը նորութիւն չէ, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու եւ ոչ ալ այլ երկիրներու մէջ: Անցեալին անիկա ընդհանրապէս կը գտնէր դատապարտողներու բանակներ…: Թրամփէն առաջ, ընտանեկան անհաւատարմութեան աղաղակող արարքի մը հերոսը դարձած էր նախագահ Պիլ Քլինթըն (Մոնիքա Լիուինսքիի պարագան), սակայն այդ գայթակղութիւնը որոշ հանդուրժողութեամբ եւ հասկացողութեամբ ընկալուած էր ո՛չ միայն ամերիկեան հասարակութեան, այլ նոյնինքն անոր կնոջ կողմէ, որ օր մը դարձաւ նախարար, յետոյ ալ թեկնածու ներկայացաւ նախագահութեան աթոռին: Նոյն տիպի անբարոյութեան մէջ «բռնուած» են քաղաքական բազմաթիւ դէմքեր (մինչեւ իսկ Ֆրանսայի Ֆրանսուա Միթերանը):

իշատակումը մեզ պիտի տանի ուրիշ տեղ: Եւ նման իրականութիւններու հանդէպ անհանդուրժողութիւն պէտք չէ դիտել իբրեւ պահպանողականութիւն, որովհետեւ անբարոյութիւնը՝ ազատամտութեան եւ «արդի մտածողութեան» հետ կապ չունի (որքան ալ որ տարածուած ըլլայ անիկա): Անմահ Պարոնեան տեղ մը գրած է. «Ինչուս պէտքը շատ գէշ բան է»…

Եթէ այս թղթածրարն ու անոր ծալքերը առաւելաբար լուսարձակ կը բերեն ընտանեկան դրոյթներու (կը գործածուի նաեւ սրբութիւն հասկացութիւնը) եւ մարդկային յարաբերութիւններու ոլորտին վրայ, անդին կան բազմաթիւ այլ ոլորտներ, յոռի վարմունք, որ իր տիրապետութեան տակ առած է քաղաքական աշխարհի գործիչները: Յիշատակենք միայն մէկ քանին՝ պաշտօնի շահագործում, կաշառակերութիւն, ստախօսութիւն, խոստումին հակառակը ընել եւ փորձել արդարանալ եւ այլն: Իսկ Ռիչըրտ Նիքսընի անբարոյականութիւնը ուրիշ տեսակի էր…:

***

«Էփսթինի թղթածրար»ին մասին մեր այս քննարկումը չենք ուզեր շարունակել նոյն ընթացքով, որովհետեւ անկէ անդին, կան ի՛սկապէս մտահոգիչ այլ իրականութիւններ:

Այս հարցին շուրջ բանավէճերը, արդար եւ տեղին ըլլալով հանդերձ, շատերու կողմէ կը դիտուին իբրեւ դառն իրականութիւններէ ուշադրութիւն շեղելու միջոց: Փաստօրէն, ամերիկեան քաղաքական բեմը, Թրամփէն առաջ եւ ետք, ծանրաբեռնուած է այնպիսի՛ տագնապներով, որոնք իրակութեան մէջ կը կորսուին այսպիսի՝ ոմանց կողմէ շինծու նկատուող հարցերէ բարձրացող փոշիի ամպերուն ետին:

Եթէ Թրամփի նախորդները բոլորովին անպարտ չեն այդ տագնապներէն, պէտք է տեսնել, որ «նարնջագոյն մարդ»ուն Սպիտակ տուն վերադարձէն ասդին, որոշ բեռներ աւելի՛ ծանրացած են, ուրիշներ ելած են նախկիններու ուսը:

Կայ ապրուստի սղութեան տագնապը: Որքան ալ որ նախագահն ու իր համբակ նախարարները փորձեն ժողովուրդը համոզել, թէ կը գործեն ի շահ Ամերիկայի (Ամերիկան վերստին հզօր դարձնել նշանաբանով), գետնի վրայ իրականութիւնը կը փաստէ հակառակը: Ապրուստի սղութեան պատճառները բազմաթիւ են, ինչպէս՝ այլ երկիրներէ ներածումներուն վրայ տուրքերու հաստատման-մեղմացման խաղերը (մոռնա՜նք, թէ որո՞նք իրենց գրպանները կը լեցնեն այդ ճամբով), հետեւանքներն ալ բազմաճիւղ են. աղքատութիւն, տնազրկութիւն, գործազրկում կամ եկամուտի «սառեցում», նուազում: Այլ գիծի մը վրայ, «պատերազմներ դադրեցուցի» յոխորտացողը ո՛չ միայն նոր պատերազմներու դաշտեր կը պատրաստէ – եւ արդէն գործի անցած է, ինչպէս Հարաւային Ամերիկայի որոշ ծովափերուն, փոքր նաւերու վրայ յարձակումները -, այլ նաեւ… կորիզային զէնքի գործածութեան հաւանականութիւնը կը բարձրացնէ (անկախ անկէ՝ թէ ո՞վ պիտի արտօնէ նման նախճիրի մը իրականացումը): Կան, անշուշտ, բարեկամներու եւ հակառակորդներու հետ խաղաքարտեր խառնելու բազմաթիւ դէպքեր, ոճրագործներու հետ գործակցութեան դաշտերու տարածում: Ներքին ապահովութեան, խտրականութիւններու եւ նման տագնապներ լեռնաշղթաներ կը կազմեն, իսկ այս կամ այն «ընդդիմադիր» քաղաքին մէջ բանակայիններու գործի լծումը կը դիտուի… նաեւ ամերիկացիներու դէմ պատերազմի հրահրում: Նման տագնապներու շարքը երկար է:

***

Այս խորապատկերին առջեւ, պէտք է հարց տանք, թէ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ կորուստի ի՞նչ վիճակ կը տիրէ մեր հայրենիքին մէջ: Հոն սուտը, պաշտօնի-դիրքի շահագործումը, ընտանիքի եւ ազգային արժէքներու նահանջը մանրուքներ չեն, սակայն հազիւ թէ մրցակցին հողի, հայրենիքի ու ազգաբնակչութեան կորուստ պատճառող վիճակներուն հետ: Ընթերցողս կրնայ բազմաթիւ զուգահեռներ տեսնել (եթէ ինքնակամ կուրութեան չէ մատնած ինքզինք) ամերիկեան ու այլ դաշտերու մէջ դրսեւորուող ԱՆԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ:

…Ու եթէ մէկը ծրագիր ունի բարոյականութեան վաճառատուն մը բանալու Հայաստանի մէջ, պէտք է զգուշացնել զայն, որովհետեւ ՔՊականները կրնան խափանել նման վաճառատուն, նախաձեռնողն ալ կրնան տանիլ բանտախուց, ուր կը գտնուին իրենց ձախաւերութիւններն ու վնասարարութիւնը դատապարտող ընդդիմադիրները. Հայաստանի մէջ ալ ապահովութեան ուժեր դարձած են իշխանաւորին բռնաճնշումներու գործիքներէն մէկը: Իսկ Պաքուի մէջ շինծու դատավարութիւններուն համար, կրնանք գործածել ՔՊապետին ու ուսապարկերուն սիրած մէկ եզրը՝ հայելանման…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
18 Նոյեմբեր 2025

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company