ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (մաս 3-րդ)

10 Դեկտեմբեր 2025

Կա՛մ Անձնասպանութիւն, Կա՛մ Պայքար*


ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու,
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ



ՀՅ Դաշնակցութեան 135-ամեակը կը խմբէ մեզ այսօր մեր պատմութեան վերջին ժամանակահատուածի դառնագոյն եւ դաժան պայմաններուն մէջ:

Հսկայական խռովքի մէջ են մեր ժողովուրդի զաւակներէն անոնք, որոնք հայու սիրտ կը կրեն, ապրած են ու մասնակից դարձած յաղթանակներու կերտման եւ այսօր ականատես են ու հիասթափած` Արցախի յանձնումէն ասդին Հայաստանի մէջ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կամքին ենթակայ զիջումներուն, սփիւռքը պառակտող քայլերուն, հայրենասիրութեան ծաղրանքին եւ արժէքային համակարգի ազգային ըմբռնողութեան խորտակման:

Ընթացքը դադար չունի եւ գահավէժ կը շարունակուի` թիրախաւորելով Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին, անոր սպասաւորներուն նկատմամբ դաւադրական քայլերով, ժողովրդահաճոյ յերիւրանք փրփուրներով, նպատակ ունենալով փշրել հայ ժողովուրդին ու անոր հայրենիքին գոյատեւումը ապահովող ողնաշարը ամբողջ:

Հարուածել Հայ եկեղեցին, ճանչնալ Արցախը իբրեւ ազրպէյճանական հողամաս, մոռացութեան տալ Պաքուի մէջ կալանաւորուած հերոսները, հարցականի վերածել Հայոց ցեղասպանութիւնն ու անոր հետեւանքները, թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին ազատ անցք շնորհել Հայաստանի մէջ, Հայաստանը նկատել միայն հոս ապրող հայ թէ օտար քաղաքացիներու հայրենիք, փոխել ազգային խորհրդանիշները, Հայոց պատմութիւնը վերածել լոկ Հայաստանի պատմութեան, ջլատել հայրենիքի կապուածութեան, հայրենասիրութեան արմատները, նարինջ ուտողներ, հայդատականներ եւ երազկոտ նկատել սփիւռքի հայութիւնը, «Իրական Հայաստան»-ի տեսակէտ փայփայել եւ դեռ ուրիշ այլանդակութիւններով մտքեր պղտորել, ծրագրուած, հետեւողական, հայրենաքանդ ու ազգադաւ համակարգուած ընթացք է անտարակոյս:

Ահա թէ ո՛ւր հասած ենք բոլորս հաւաքաբար:

Վտանգուած է հայրենիքը:
Վտանգուած է պետութիւնը:
Վտանգուած է Հայ առաքելական եկեղեցին ամէնուրեք իր նուիրապետական աթոռներով` Էջմիածին թէ Անթիլիաս, Կ. Պոլիս թէ Երուսաղէմ:
Վտանգուած է ողջ հայութիւնը ազգովին` Հայաստանի մէջ, Թուրքիա եւ արտերկիր:

Այլեւս անհանդուրժելի ձեւով հատուած են կարմիր գիծերը:

Անհայրենիք հայ մարդ, աշխարհաքաղաքացի սոսկ անհատ, իտէալազուրկ ապրող էակ «կերտելու» հետեւողական դաւը ակներեւ է եւ առանց դոյզն ամօթի կ՛արտայայտուի:

Եւ այս բոլորը կը կատարուին` յանուն ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու, խաղաղութեան, տնտեսական բարեկարգումներու, փտածութեան դէմ պայքարի, թափանցիկութեան բնութագրումներով:

Մենք կողմնակից ենք արժանապատիւ խաղաղութեան եւ ոչ թէ` պարտադրուած, սին խոստումներով անհեռանկար խաղաղութեան, նորանոր զիջումներու տուն տուող տեսանելի խաղերով հայրենակործան պայմանագիրներու:

Տեսանելի թափանցիկութեամբ, ակնյայտ են մեքենայութիւններն ու սադրանքները:

Մենք ազգովին կանգնած ենք ջրբաժանի դիմաց:

Լինելութեան պայքար է այսօր:

Կա՛մ յանձնուիլ ու կամովին, գիտակցաբար երթալ կործանման, կա՛մ դրօշը բարձր պահել ու պայքարիլ:

ՀՅ Դաշնակցութեան 135-ամեայ պատմութիւնը վկայ, որ իբրեւ գաղափարական, քաղաքական ու կազմակերպական մարտունակ ուժ, իր հայրենիքին, ժողովուրդին ու հայ մարդուն բովանդակ շահերուն պաշտպանութեան եւ ծառայութեան նուիրուած կուսակցութիւն` չի կրնար պայքարի դրօշը վար դնել:

Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի, Միջին Արեւելքի գաղութներու պաշտպանութեան եւ Հայ դատի ի խնդիր ինկած հերոս նահատակները վկայ են Դաշնակցութեան սխրանքներուն:

Հայապահպանման ճակատի վրայ աշխարհատարած Դաշնակցութեան եւ իր ուղեկից միութիւններուն կատարած ներդրումը` ի խնդիր ինքնութեան պահպանման, համահայկական նշանակութիւն եւ արժէք ունի:

Հայրենիքի անկախութեան հռչակումէն, Դաշնակցութեան Հայաստանի մէջ վերընձիւղումէն եւ Արցախի ազատագրութենէն ետք ոչ ոք կրնայ ուրանալ կուսակցութեան եւ սփիւռքահայ գործընկերներուն անտեղիտալի ու վճռական մասնակցութիւնը` ամբողջական Հայաստանի կերտման ճամբուն հայրենիքի բարգաւաճման ու գոյատեւման ի խնդիր:

Իր պատմութեան ընթացքին Օսմանեան կայսրութենէն ցարական Ռուսիա եւ պոլշեւիկեան վարչակարգ, տեւաբար հալածուած այս կուսակցութիւնը, սփիւռքի մէջ գաղտնի սպասարկութիւններու եւ գործակալներու դաւադրութեանց ենթակայ Դաշնակցութիւնը ապրած է, անվհատ կերպով գործած է եւ` պայքարը շարունակած:

Այսօր եւս Դաշնակցութիւնը չի կրնար տեղի տալ:

Որովհետեւ`

Ձախողած են ու պիտի ձախողին Հայաստանը սփիւռքէն հեռացնելու բոլոր դաւադրութիւնները:

Ձախողած են ու պիտի ձախողին իր հիմնադրութենէն ասդին հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին համար գործող, իր լաւագոյն ընկերները զոհաբերող ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդէն հեռացնելու եւ հայրենիքէն օտարելու բոլոր մեքենայութիւնները:

Անընդունելի եւ մերժելի են մեր ազգային արժէքներն ու խորհրդանիշները անարգող, ոտնակոխ ընող դաւերը: Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին, Արարատը, ամբողջական Հայաստանը, մեր նահատակները անզիջելի գագաթներ են, որոնցմէ իւրաքանչիւրին հարուածը կը հարուածէ համայն հայութիւնն ու հայրենիքը:

Հայաստան եւ սփիւռք մէկ միասնութիւն է: Զայն պահպանելը բոլորիս պարտաւորութիւնն է ու զայն քանդելու փորձերուն պատասխանը հաւաքական դիմադրութիւնն է:

Մէկ է Դաշնակցութիւնը:

Մէկ ամբողջութիւն է: Չկան արեւմտահայ եւ արեւելահայ զանգուածներ: Չկան Հայաստանի Դաշնակցութիւն եւ սփիւռքի Դաշնակցութիւն: Չկան Հայաստանի Բիւրօ եւ սփիւռքի Բիւրոյի անդամներ: Կայ միայն մէկ Դաշնակցութիւն:

Ու այս մէկ Դաշնակցութիւնը իր հայրենի ժողովուրդին կողքին է:

ՀՅ Դաշնակցութեան սփիւռքի բոլոր կառոյցները` ամերիկաներէն Միջին Արեւելք, Եւրոպա ու Աւստրալիա, եւ այս արեւուն տակ ապրող իւրաքանչիւր դաշնակցական ընկեր անվերապահ կերպով հայրենի մեր կառոյցին կողքին են:

Այլ կերպ չի կրնար ըլլալ:

Մեզ գերեզմանելու փորձերը տասնամեակներ շարունակ ձախողութեան մատնուած են: Այսօր եւս պիտի ձախողին անկասկած:

Ու բարձր պիտի պահենք Քրիստափորի, Ռոստոսի, Զաւարեանի կրակով բոցավառած ջահը:

Ու այդ պիտի ըլլայ հաւաքաբար:

Այնպէս, ինչպէս 28 մայիս 1918-ին Արամ Մանուկեան համընդհանուր զօրակոչով պաշտպանեց Հայաստանը եւ անկախութիւն պարգեւեց անոր իր եռագոյնով, զինանշանով, բանակով ու համալսարանով, այսօր, աւելի քան երբեք, ճակատագրական այս պահուն անհրաժեշտ են` համընդհանուր պայքար, համազգային պոռթկում, հայրենիքի հայ մարդու եւ պետութեան փրկութեան ի խնդիր դիմադրութիւն:

Վճռական այս պահուն կարելի չէ լռել, կարելի չէ անտարբեր մնալ, կարելի չէ ձեռնածալ մնալ, կարելի չէ համակերպիլ: Կա՛մ անձնասպանութիւն, կա՛մ պայքար:

Հայրենիքն ու հայութիւնը վտանգուած են: Փա՜ռք այս սրբութեանց համար ինկած նահատակներուն:

Հայրենիքն ու հայութիւնը վտանգուած են, տկարութիւնն ու հաշտուողականութիւնը համազօր են ոճիրի մեղսակցութեան:

Պայքարը համընդհանուր է:

Ո՛վ որ քաջ է, ինչ կը սպասէ:

Կեցցէ՛ ՀՅ Դաշնակցութիւնը:
Կեցցէ՛ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակ ծնող հայ ժողովուրդը:
Կեցցէ՛ հայուն Հայաստանը, իւրաքանչիւր հայու տուն յաւերժական եւ ամբողջական Հայաստանը:

* Խօսք` Երեւանի մէջ 6 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակի հանդիսութեան:

ՀՅ Դաշնակցութեան Իրապաշտ
Ռազմավարութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան քննադատութեան սիրահարները, երբ կուսակցութեան ներկայ գործունէութեան մասին կը դժուարանան ժխտական երեւոյթներ գտնել, կը դիմեն հեռաւոր անցեալին ու այն տեղէն կ՛որոնեն դէպք մը, արարք մը կամ յայտարարութիւն մը, որ կը հակասէ… ներկայ դիրքորոշման մը: Այդ անցեալը յաճախ աւելի քան հարիւր, հարիւր քսան տարուան հեռաւորութիւն ունի եւ կը վերաբերի այն ժամանակներուն, երբ Հայաստանը բաժնուած էր Օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն միջեւ, իսկ հայ ժողովուրդը պայքար կը մղէր, տարբեր միջոցներով, ինքնավարութիւն ձեռք բերելու համար: Հայաստանը միաւորելու համար: Հայերը բռնակալութիւններու դէմ պաշտպանելու համար: Ինքնիշխանութեան համար:

Ժամանակները կը փոխուին, եւ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան պարտադիր կը դարձնէ առկայ կացութիւններու համապատասխան դիրքորոշում եւ համապատասխան պայքարի միջոցներ: Անփոփոխ մնացողը Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին անմնացորդ ծառայելու հրամայականն է: Նպատակը միեւնոյնն է, զայն իրագործելու միջոցները` տարբեր:

Հայաստանի անկախ պետականութեան գոյութեամբ, ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան ասպարէզը նոր տարողութիւն ստացաւ: Ամբողջ եօթանասուն տարի սփիւռքի մէջ գործելու դատապարտուած կուսակցութիւնը վերընձիւղուեցաւ հայրենիքի մէջ ու Հայաստանի համար գործող կուսակցութենէն վերաճեցաւ Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութեան: Ու պատահեցաւ այնպէս, որ անցնող երեք տասնամեակներու ընթացքին երբեմն իշխանական, բայց աւելի յաճախ ընդդիմադիր դիրքերէ գործող կուսակցութիւնը յայտնուեցաւ հին ու նոր հակառակորդներու թիրախին: Ահա այստեղ է, որ Դաշնակցութեան պատմութեան անծանօթ մարդիկ, կամ կամայականօրէն պատմութիւնը թերի կարդացողներ, անցեալն ու ներկան շփոթելով, ժամանակային առանձնայատկութիւնները կամաւորապէս մոռացութեան տալով, Դաշնակցութեան հասցէին կը հնչեցնեն անհեթեթն իսկ գերազանցող մեղադրանքներ:

Գիտենք, որ հակադաշնակցական պայքարը Դաշնակցութեան չափ հին է: Այդ պայքարը եթէ ազնիւ եւ առարկայական դրդապատճառներու հետեւանք է, ոչ միայն ընդունելի է, այլեւ` օգտակար: Նման քննադատութիւն կրնայ առիթ ընծայել ինքնասրբագրութեան ու գործունէութեան առաւել բիւրեղացման, կատարելագործման: Դժբախտաբար, նման դրական քննադատութիւնները հազուագիւտ են, իսկ սանձարձակ յարձակումները` գրեթէ ամէնօրեայ:

Ինչպէ՛ս կարելի է, օտար տիրապետութեան պայմաններուն մէջ, այդ տիրապետութեան դէմ պայքարող կուսակցութեան գործունէութիւնը բաղդատել ազգային պետականութեան մէջ գործող կուսակցութեան գործունէութեան հետ: Կամ աւելի վատ` Հայաստանի իշխանութիւններու կատարածը բաղդատել օտար իշխանութեան մը ենթակայ կուսակցութեան մը կատարածին հետ: Ինչպէ՛ս մոռնալ, որ անցեալին Դաշնակցութիւնը կը գործէր օտար բռնակալ իշխանութիւններու դէմ իբրեւ ազատագրական պայքարի առաջնորդ: Օտար բռնակալ իշխանութիւններու դէմ իբրեւ ազատագրական պայքարի առաջնորդ: Օտար բռնակալ իշխանութիւնները թշնամի էին, մինչ ներկայ քննադատողներն ու խոչընդոտողները հակառակորդներ են:

ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը պէտք է դատել ներկայ իրողութիւններու նկատմամբ: 135 տարիներու պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, Դաշնակցութիւնը գործած է ժամանակի պայմաններուն համապատասխան եղանակով, նոյնիսկ իր կազմակերպական ապակեդրոնացման շնորհիւ` տեղական պայմաններու համապատասխան եղանակով: Միշտ հաւատարիմ իր Ծրագրով ճշդուած առաջադրանքներուն, Դաշնակցութիւնը պայմաններուն ու կարելիութիւններուն պարտադրանքով կը սահմանէ ժամանակաւոր առաջնահերթութիւններ ու իր ճիգը կը կեդրոնացնէ այդ առաջնահերթութիւններու իրականացման վրայ, առանց սակայն մոռնալու ծրագրային նպատակներու մնացեալ առաջադրանքները:

ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովն է, որ քննելով միջազգային քաղաքական վիճակը, Հայաստանի կարիքները, շրջանի պայմանները, հայութեան պատրաստակամութիւնը եւ աշխատանքային կարելիութիւնները, կը ճշդէ ռազմավարութիւն մը, այսինքն` առաջնահերթութիւններու տրամաբանուած փաթեթ մը: Առաջնահերթութիւններու Կեդրոնական նիւթը Հայաստանն է, Հայաստանի պետութիւնն է, Հայ դատն է եւ համայն հայութիւնը: Հայաստանի կազմակերպութեան եւ սփիւռքի կազմակերպական շրջաններուն կը վիճակուի իրենց պայմաններուն յատուկ մարտավարութեան կիրարկումով գործադրելու Ընդհանուր ժողովի ճշդած ռազմավարութիւնը: Կը ստեղծուի երբեմն ձեւով տարբեր, բայց խորքով նոյնական դաշնակցական գործ: Պարբերաբար վերանայելով իր ռազմավարութիւնը, Դաշնակցութիւնը կը մնայ իր ժամանակին պայմաններուն համապատասխան գործող, իր ժամանակին մէջ գործող համահայկական իրապաշտ կուսակցութիւն:

Սասնոյ 1904-ի Ապստամբութիւնը
Փայլուն Օրինակ Հայ Յեղափոխութեան
Մարտական Արուեստի

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմաւորման առաջին օրերէն Սասուն եղաւ յեղափոխական շարժման գլխաւոր օճախը: Կովկասէն դէպի Երկիր ուղղուող զինատար խումբերը իրենց ուժերը գլխաւորաբար Սասունի մէջ կը կեդրոնացնէին: Սասունի մէջ խմբուած էին ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ֆետայական կորիզները:
Յեղափոխական շարժման կազմակերպման եւ ծաւալման պայմաններուն տակ, թրքական կառավարութիւնը վճռեց ջլատել հայոց մարտական ուժերը եւ ընկճել յեղափոխութեան միջնաբերդ նկատուող Սասունը:

Համիտեան համատարած հալածանքներու եւ բռնութիւններու տարիներուն Սասուն զերծ մնացած էր թուրք եւ քիւրտ հրոսակներու ոտնձգութիւններէն` շնորհիւ ֆետայական խումբերուն:

Սասունը դարձած էր բռնութեան եւ ստրկութեան դէմ հայու ազատատենչ կամքին մարմնացումը:

Թրքական կառավարութիւնը 1902-ին սկսած էր զօրք կեդրոնացնել Մշոյ դաշտին եւ շրջակայ գաւառներուն մէջ, Սասունը նուաճելու, քարուքանդ ընելու եւ անոր ըմբոստ ժողովուրդը բնաջնջելու համար:

Դաշնակցութեան պարտականութիւնն էր կազմակերպել Սասունի ինքնապաշտպանութիւնը: Հրայր Դժոխք, Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ, Սպաղանաց Մակար, Սեբաստացի Մուրատ, Սմբատ եւ Սեպուհ, շուրջ 200 ֆետայիներով, պատրաստուեցան օրհասական դիմադրութեան:

Թրքական 10 հազարնոց եւ քրտական 7 հազարնոց զօրքերը Քէօսէ Պինպաշիի հրամանատարութեամբ 1904-ի գարնան յարձակման անցան Սասունի վրայ:

Շենիկ, Սեմալ, Կելիեկուզան, Իշխանձոր եւ Տալուորիկ բուռն կռիւներու թատերաբեմ դարձան: Թրքական ընդանօթները քարուքանդ ըրին տասնեակ մը գիւղեր:

Թրքական եւ քրտական զօրքերը հետզհետէ սկսան խտացնել պաշարման օղակը, բայց հայ ֆետայիները հերոսական խոյանքներով շեշտակի հարուածներ հասցուցին թշնամիին:

Թուրքեր թնդանօթային կրակի տակ գրաւեցին Շենիկը եւ շարժեցան դէպի Սեմալ ու Ալիանք: Թշնամիի յառաջխաղացքը կարելի չեղաւ կասեցնել:

Հրայր Դժոխք պարպուած գիւղերու ժողովուրդին հետ նահանջեց դէպի Կիլիեկուզան, ուր կենաց-մահու գօտեմարտեր մղուեցաւ: Հրայր նահատակուեցաւ: Թշնամին շարժեցաւ դէպի Իշխանձոր:

Արիւնարբու սուլթանը օրէ օր նոր ուժեր ուղարկեց Սասուն, ձգտելով արագօրէն հասնիլ իր նպատակին:

Թրքական զօրամասերը նետուեցան Կելիեկուզանի վրայ, եւ վճռեցին ընկճել ինքնապաշտպանութեան վերջին օճախը: Անդրանիկի գլխաւորութեամբ արիւնալի կռիւներ մղուեցան: Թուրքեր Կելեկուզանը գրաւեցին միայն այն ժամանակ, երբ սպառեցաւ սասունցիներու զինամթերքն ու պարէնամթերքը:

Թրքական զօրքը մտաւ Սասուն, բայց չյաջողեցաւ ընկճել հայ ֆետայիներուն կազմակերպուած ուժը:

Սասնոյ 1904-ի ինքնապաշտպանութիւնը հայ յեղափոխութեան մարտական արուեստի փայլուն օրինակ դարձաւ: Բռնակալութիւնը, հակառակ իր գերազանց ուժերուն, անկարող եղաւ ընկճելու սասունցիներու հերոսական եւ ազատասիրական ոգին, որոնք վճռակամօրէն ըսին, որ իրենք պատրաստ են վերստին բարձրացնելու ապստամբութեան դրօշը:

Դաշնակցութեան Պատմութիւնը
Լիբանանի Մէջ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի
Գործունէութեան Սկիզբ

1937-ին ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը վեց կոմիտէութեամբ («Քրիստափոր», «Ռոստոմ», «Նիկոլ Դուման», «Տիգրան Ծամհուր», «Պալագեան», «Արարատ»), մէկ ենթակոմիտէութեամբ («Բերդավայր»), մէկ մեկուսի խումբով («Խան») եւ «Զաւարեան» ուսանողական միութեամբ կ՛օժտուի առանձին Կեդրոնական կոմիտէութեամբ` անջատուելով Սուրիոյ շրջանէն եւ ստանալով Հրուանդանի Կեդրոնական կոմիտէութիւն անունը: Տարի մը ետք շրջանը երկու ներկայացուցիչով իր մասնակցութիւնը կը բերէ ՀՅԴ 13-րդ Ընդհանուր ժողովին:

Պուրճ Համուտը Եւ Այնճարը`
Հայկական Բնօրրաններ

1920-էն 1943 Լիբանան ապրեցաւ ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ: 1926-ին մշակուեցաւ երկրին առաջին սահմանադրութիւնը, որ կրկնօրինակումն էր ֆրանսական սահմանադրութեան: Ու թէեւ 1936-ին ֆրանսական հոգատարութեան իշխանութիւններուն եւ Լիբանանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ շուտով անկախութիւն շնորհելու Լիբանանին, բայց եւ այնպէս, ֆրանսական իշխանութիւններու խոստումին գործադրութիւնը այլազան պատճառներով եւ ի մասնաւորի Համաշխարհային Բ. պատերազմի բռնկումին պատճառով ձգձգուեցաւ: 1939-ին հայկական գաղթականական նոր ալիք մը, այս անգամ` Ալեքսանտրեթի սանճաքէն, աւելի եւս ուռճացուց Պէյրութի հայկական վրանաքաղաքները:

Գաղթականական նոր ալիքին մէկ մասը, որ եկած էր Մուսա Լերան գիւղերէն, ֆրանսական հոգատարութեան իշխանութիւններուն տնօրինումով կայք հաստատեց Պեքայի դաշտի Այնճար շրջանին մէջ: Զուգահեռ, այդ նոյն ժամանակաշրջանին է, որ նախնական կերպով սկսան ձեւ ստանալ եւ կառուցուիլ Պուրճ Համուտի հայկական թաղերը: Այս բոլոր հանգամանքներուն պատճառով ՀՅ Դաշնակցութիւնը ինքզինք գտաւ գործունէութեան լայն դաշտի մը առջեւ եւ հետզհետէ աւելի տարածեց իր կազմակերպական ներկայութիւնը: 1930-ական թուականներուն, տեղացիներուն հետ համեմատաբար բարւոք փոխյարաբերութիւններուն շնորհիւ, հայկական գաղթականական վրանաքաղաքներուն մէջ հաստատուած գաղթականները հետզհետէ սկսան դուրս գալ անոնցմէ եւ հաստատուիլ Պուրճ Համուտի նորահաստատ Արագած, Նոր Սիս, Նոր Ատանա, Նոր Մարաշ, Նոր Կիլիկիա եւ այլ թաղամասերու մէջ: Պուրճ Համուտի այս թաղամասերու շինարարութեան մէջ անուրանալի դեր ունեցաւ հայ կաթողիկէ միաբան հայր Պօղոս Արիս: Պուրճ Համուտ մինչեւ 1950-ական թուականներու սկիզբները առանձին քաղաքապետութիւն չունէր, այլ վարչականօրէն միացած էր Ժտէյտէի քաղաքապետութեան: 1952-ին Պուրճ Համուտը կը դառնայ առանձին քաղաքապետութիւն եւ անոր հիմնադիր քաղաքապետը կը դառնայ հայր Պօղոս Արիս (1952-1961): Այնուհետեւ յաջորդաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետ կը դառնան դաշնակցականներ Լութֆիկ Նարկիզեան (1961-1962), Յակոբ Աշճեան (1962-1981), Ցոլակ Թիւթելեան (1982-1986), տոքթ. Զաքարիա Մկըրեան (1986-1994), դարձեալ Ցոլակ Թիւթելեան (1994-1999), Անդրանիկ Մսըրլեան (1999-2016) եւ Մարտիկ Պօղոսեան (2016-էն մինչեւ այսօր): Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ճամբով ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցը կը նպաստէ շրջանի բարգաւաճման ծրագիրներուն:

Տասնամեակներու ընթացքին Պուրճ Համուտը դարձաւ ոչ միայն բնակավայր, այլ նաեւ` ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի կեդրոն, հայկական ազգային, հասարակական, համայնքային, կուսակցական, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական կառոյցներու կեդրոնատեղի: 1930-ին Պէյրութէն դէպի հիւսիս գտնուող Անթիլիաս աւանին մէջ հաստատուեցաւ վտարանդի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ: 1940-ին Անթիլիասի մէջ օծումը կատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին, որուն ճարտարապետն է լիբանանահայ նշանաւոր ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեան: Սահակ Բ. կաթողիկոսի վախճանումէն ետք սկսան խորհրդային նկրտումները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ենթակայ դարձնելու: Այս նկրտումները իրենց գագաթնակէտին հասան 1950-ական թուականներու եկեղեցական տագնապի օրերուն: ՀՅ Դաշնակցութիւնը ինքզինք գտաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտպանի դիրքերուն մէջ:

ՀՅ Դաշնակցութեան Ուղեկից
Կազմակերպութիւնները՝ Լիբանանահայուն Օճախները

Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ-ի ուղեկից կազմակերպութիւններուն, 2 յունիս 1930-ը անկիւնադարձ մը կ՛ըլլայ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առաջին մասնաճիւղի Պէյրութի առաջին վարչութեան նշանակումով, այսպիսով վերջ կը դրուի իբրեւ Սուրիոյ մէկ շրջանը գործելու իրավիճակին: 1938-ին Հալէպի մէջ գումարուած Պատգամաւորական ժողովին կ՛որոշուի, որ Լիբանան ունենայ իր առանձին Շրջանային վարչութիւնը, եւ 1939-ին տեղի կ՛ունենայ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Պատգամաւորական անդրանիկ ժողովը, որ կ՛ընտրէ նոր շրջանի առաջին Շրջանային վարչութիւնը:

Ներկայիս ԼՕԽ-ը Լիբանանի տարածքին ունի 26 մասնաճիւղ, որոնք հետեւեալներն են` «Ա. Ազիրեան»` Նոր Սիս, «Ա. Փափազեան»` Զալքա, «Աղթամար»` Այնճար, «Այծեմնիկ»` Թրիփոլի, «Անահիտ»` Մար Եուսեֆ, «Անի»` Ժտէյտէ, «Աշխէն»` Նոր Մարաշ, «Աստղիկ»` Մար Մըխայէլ, «Արագած»` Արագած, «Արազ»` Պաուշրիէ, «Արցախ»` Ռապիէ, «Գայեանէ»` Պէյթ Գօգօ, «Զուարթնոց»` Հազմիէ, «Կարինէ»` Ամանոս, «Կարս»` Էշրեֆիէ, «Հայաշէն»` Հայաշէն, «Հ. Փափազեան»` Ռաուտա, «Հ. Սասունի»` Ֆանար, «Մեղրի»` Պէյրութ, «Նայիրի»` Անթիլիաս, «Շուշանիկ»` Թրատ, «Շուշի»` Տըքուենէ, «Ջ. Շանթ»` Տըքուենէ, «Ռուբինա»` Նորաշէն, «Սեւան»` Ճիւնի, «Սօսէ»` Ժիպէյլ: 1987-ին հիմնուեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը Պուրճ Համուտի մէջ:

ՀՄԸՄ-ի առաջին մասնաճիւղը Պէյրութի մէջ ստեղծուած է 1924 թուականին, անկէ ետք ստեղծուած են Զահլէի (1927), Թրիփոլիի (1929), Պուրճ Համուտի (1935), Այնճարի (1940), Ճիւնիի (1950), Անթիլիասի (1970), Ժտէյտէի (1974), Պաուշրիէի (1998) եւ Ռաուտայի (2011) մասնաճիւղերը: Տասնամեակներ շարունակ ՀՄԸՄ-ը Լիբանանի մէջ սկաուտներ եւ մարզիկներ դաստիարակած է ազգային ոգիով` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» սկզբունքով:

Լիբանանի մէջ 1930-ի հոկտեմբերին կը հիմնուի «Հայ կրթական, հրատարակչական Համազգայինի ընկերութիւնը», եւ մինչեւ 1970 Համազգայինի բազմաբնոյթ աշխատանքները կ՛իրագործուին զանազան շրջաններու մէջ հաստատուած մասնաճիւղերու վարչութիւններուն միջոցով: Կը կազմակերպուին` գեղարուեստական ձեռնարկներ, թատերական ներկայացումներ, դասախօսութիւններ, զրոյցներ, սեմինարներ եւ ընկերային խրախճանքներ: 1975-ին կը կազմուի Լիբանանի առաջին Շրջանային վարչութիւնը, որ սկզբնական շրջանին կը գործէ խորհուրդներու միջոցով: Երաժշտական, թատերական եւ գիր ու գրականութիւն խորհուրդներու հիմնական պարտականութիւնն էր մշակել ծրագիրներ եւ ներկայացնել զանոնք Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ համակարգելով նախատեսուած այլազան աշխատանքները, գործակցաբար մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, կեանքի կը կոչէր զանոնք:

Շուտով, աշխատանքի ծաւալումով, մասնագիտական ուղղուածութեան անհրաժեշտութիւնը ստեղծուեցաւ: Սիրողական մակարդակով գործող «խորհուրդ»-ներուն անդամակցեցան համապատասխան պատրաստութիւն ունեցող երիտասարդ տարրեր, որոնք ե՛ւ հետաքրքրութիւնը ե՛ւ պատրաստակամութիւնը ունեցան գործելու մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն մէջ եւ արհեստավարժի սահմաններուն հասնող բծախնդրութեամբ, գործեցին «Գիր ու գրականութիւն», «Թատերական», «Պարի», «Երաժշտական» միաւորները, որոնք իրենց մշակած ծրագիրներով եւ գործունէութեամբ շուտով յաջողեցան համալիբանանեան առումով ձեռնարկներ իրագործել: Միաւորներու կողքին, շարունակեցին գործել մասնաճիւղերը, որոնք 1986-էն սկսեալ մկրտուեցան մշակութային գործիչներու անուններով:

Պէյրութի մասնաճիւղը կոչուեցաւ «Կոմիտաս» (1931-ին հիմնուած), Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը` «Սիմոն Վրացեան» (1952-ին հիմնուած), Էշրեֆիէի մասնաճիւղը` «Ռուբէն Զարդարեան» (1953-ին հիմնուած), Անթիլիասի մասնաճիւղը` «Նիկոլ Աղբալեան» (1970-ին հիմնուած), Այնճարի մասնաճիւղը` «Պարոյր Սեւակ» (1972-ին հիմնուած), Նահր Մոթի մասնաճիւղը` «Համօ Օհանջանեան» (1986-ին հիմնուած): 1980-ական թուականներուն Համազգայինի գործունէութիւնը այնքան ծաւալած էր, որ անհրաժեշտ էր մնայուն կեդրոն մը ունենալ: Հետզհետէ կը կազմաւորուէին երգչախումբեր, թատերախումբեր, երաժշտական դասընթացքներ: Մեծ իրագործում էր Շրջանային վարչութեան մշակութային կեդրոնի կերտումը, որուն բացումը կատարուեցաւ 1988-ին, Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետի ներկայութեամբ, եւ կոչուեցաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն: Իսկ 2005-ին տեղի անբաւարարութեան պատճառով «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ կարելի եղաւ ստեղծել «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնը: Ներկայիս զոյգ կեդրոններուն մէջ կը գործեն Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները:

(Շար. 3)

Մաս առաջին, Մաս երկրորդ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Իրանի համար անընդունելի է տարածաշրջանո

Նոյեմբերի վերջին Բաքու էր այցելել Իսրայելի պաշտպանության նախարարության Պաշտպան

11 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Այո՛, ՀՅ Դաշնակցութեան հակառակորդները ամէն փորձ կատարեցին ու ցարդ կը շարունակե

11 Դեկտեմբեր 2025
Արցախի ԱԺ լսումներ՝ «Վերադարձ Արցախ. խ

«Վերադարձ Արցախ. խնդիրներ, մարտահրավերներ, հնարավորություններ». դեկտեմբերի 10-

11 Դեկտեմբեր 2025
Ազատություն հայ գերիներին․ բողոքի ցու

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» Ուսանողական միության կազմակերպությամբ, այսօր՝ դեկտեմբերի

10 Դեկտեմբեր 2025
Ռազմավարական համաձայնագրի մը ստեղծած վ

Այդ քլիշէ յայտարարութեան մէջ, յիշատակութիւն կայ նաեւ 8 Օգոստոսի՝ Ուաշինկթընի ս

10 Դեկտեմբեր 2025
Տարածաշրջանում ձևավորվում է թուրք–քաթա

Քաթարը Անկարայի հետ հանդես կգա Լիբանանի վերաբերյալ նոր առաջարկով․Ի՞նչ նոր իրադ

10 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Մէկ է Դաշնակցութիւնը: Մէկ ամբողջութիւն է: Չկան արեւմտահայ եւ արեւելահայ զան

10 Դեկտեմբեր 2025
Կարո՞ղ է արդյոք Փաշինյանը Հայաստանի հա

Բալարդի պայմանագրերին նախորդել են «լայնորեն լուսաբանված փորձերը, որոնց ընթացքո

09 Դեկտեմբեր 2025
Հրաժարվել եմ որեւէ բացատրություն տալ

ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը այսօր հրավիրվել էր Քննչական կոմիտե՝ հար

09 Դեկտեմբեր 2025
Վեհափառի այցը Մարսել և տեղի իշխանությա

Ֆրանսիան, որպես Սփյուռքի ամենամեծ գաղութներից մեկը, փաստացի Վեհափառի այցելությ

09 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Կառավարութիւնը միաժամանակ սկսաւ գրգռել իսլամ ամբոխը հայ ժողովուրդին դէմ` հաւատ

09 Դեկտեմբեր 2025
Իրանի վերաբերմունքը տարածաշրջանում խաղ

Հարավկովկասյան տարածաշրջանը մշտապես եղել է աշխարհաքաղաքական լարվածությունների

08 Դեկտեմբեր 2025
Հեռու մնացէք Եկեղեցին պառակտելու ազգակ

Անցնող ամիսներուն, խոր մտահոգութեամբ հետեւեցանք Սուրբ Էջմիածինի շուրջ տեղի ուն

08 Դեկտեմբեր 2025
135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա

Պանք Օթոմանէն Խանասոր, Սասնոյ ապստամբութիւններէն հայ-թաթարական կռիւներ, Սարդար

08 Դեկտեմբեր 2025
Գիւմրի. ութերորդ վէրքը

Արդեօք անակնկա՞լ էր այն՝ ինչ որ պատահեցաւ Գիւմրիի մէջ, պատմական երկրաշարժի տար

08 Դեկտեմբեր 2025
«Խաղաղության» պատրանքը. ինչպես են Ադրբ

Հայ-ադրբեջանական հարաբերությունների ներկայիս, այսպես կոչված՝ «խաղաղության գործ

08 Դեկտեմբեր 2025
Այն, ինչ այսօր կատարվում է եկեղեցու դե

Այն, ինչ այսօր կատարվում է եկեղեցու դեմ, մաս է կազմում ՀՀ գործող իշխանությունն

08 Դեկտեմբեր 2025
Դեկտեմբեր 7 – Երկրաշարժի օր չէ մ

Եւ այսօր Սփիւռք–Հայրենիք ապրեցանք՝ ոչ որովհետեւ մոռցանք աղէտը, այլ որովհետեւ ո

07 Դեկտեմբեր 2025
Շիրակի թեմի բոլոր հոգևորականները, Գյու

Շիրակի թեմում չգտնվեց որևէ հոգևորական, ով կհամաձայներ այս սրբապիղծների համար մ

07 Դեկտեմբեր 2025
ՀՅԴ-ն իրավունք չունի պայքարի դրոշը վ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր Հակոբ Բագրատունու խոսքը՝ Հ

06 Դեկտեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company