Հոգեհանգիստ` Դաշնակցական Նահատակուած Եւ Մահացած Ընկերներու Յիշատակին
15 Դեկտեմբեր 2025
Երէկ` կիրակի, 14 դեկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին դիմաց, ՀՅԴ նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ ծաղկեպսակի զետեղում: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգները:
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց Արտաւազդ վրդ. Շառոյեան, որուն կ՛ընկերակցէին Ներսէս քհնյ. Պասիլեան եւ Սուրէն քհնյ. Արսլանեան: Ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու, ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի եւ Համազգայինի անունով:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով օրուան պատգամը փոխանցեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Կարօ Յարութիւնեան, որ ըսաւ, թէ ամէնամեայ աւանդութեան հաւատարիմ` այսօր եւս, Դաշնակցութեան հիմնադրութեան տօնակատարութեան զուգահեռ, կու գանք յարգելու յիշատակը ՀՅԴ-ի նահատակուած եւ ննջեցեալ ընկերներուն: «Անոնք ապրեցան ու գործեցին դաշնակցականավայել համբերութեամբ եւ խորհրդապահութեամբ, նուիրաբերեցին իրենց կեանքը ու մեկնեցան այս աշխարհէն անաղմուկ, մեր պատմութեան հերոսամարտերը իրենց արեամբ կերտած մեր բիւրաւոր յայտնի ու անյայտ-անանուն հերոսներուն պէս», նշեց Յարութիւնեան:
Յարութիւնեան յայտնեց, որ «բնական է, որ առաւելագոյն պարագային, երբեմն պատահի դէպք մը, լսենք խօսք մը, կամ մէջտեղ ելլէ հինէն պեղուած պատկեր մը, որ մեր մէջ յանկարծ արթնցնէ անոնց յիշատակը, որ սակայն շուտով դարձեալ չքանայ երկնային ասուպի մը պէս: Այդպէս չէ սակայն մեզի համար, ու այդպէս պէտք չէ ալ ըլլայ յատկապէս հո՛ս եւ այլո՛ւր ննջող մեր ընկերներուն պարագային: Մենք հոս կու գանք ոչ միայն մեր նահատակ ու հանգուցեալ ընկերներուն յարգանքի տուրք մատուցելու եւ խոնարհելու իրենց յիշատակին առջեւ, այլ նաեւ` կու գանք դաս եւ օրինակ առնելու իրենցմէ, գօտեպնդուելու իրենցմով, մենք մեզի յիշեցնելու, թէ ինչո՞ւ դաշնակցական եղած ենք եւ թէ ինչպէ՞ս պէտք է դաշնակցական մնանք ու գործենք, այնպէս ինչպէս ապրեցան ու գործեցին իրենք: Կու գանք, որպէսզի իրենք մեզի յիշեցնեն, որ դաշնակցականին համար կեանքը յարատեւ կռիւ է, ամէնօրեայ պայքար, զոհաբերութիւն եւ ամբողջական նուիրում, հայրենիքին ու հայ ազգին բարօրութեան ի խնդիր»:
Ան նկատել տուաւ, որ կարելի է անվերջ շարունակել դաշնակցական նահատակ ու ննջեցեալ ընկերներուն իրագործումներուն շարքը, յիշելով Հայոց ցեղասպանութիւնը յղացող եւ գործադրող հրէշներու պատժական գործողութիւնները, անցնելով աշխարհով մէկ տարածուած հայկական սփիւռքի մէջ, հայ ժողովուրդի շահերն ու իրաւունքները պաշտպանելու եւ անոր ինքնուրոյն գոյութիւնը պահպանելու դժուարին աշխատանքէն, հասնելով մինչեւ Լիզպոն ու չմոռնալով Արցախի ազատագրութեան համար մղուած պայքարին մէջ մեր ընկերներուն ունեցած բախտորոշ դերակատարութիւնը:
Յարութիւնեան դիտել տուաւ, որ այսօր, երբ դարձեալ ամպոտած է հայոց երկնակամարը, եւ բազմաթիւ ու նորատեսակ սպառնալիքներ կը ցցուին մեր դիմաց, մեզի համար բնական է, որ մնանք մեր ննջեցեալ ընկերներու օրինակին հաւատարիմ եւ անոնց աւանդին տէր կանգնելով, անգամ մը եւս մեր ամբողջ ներուժով, կարողականութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով լծուինք հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան գործին, թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի հայահոծ երկիրներուն մէջ ու հոն, ուր վտանգ կը սպառնայ հայ ժողովուրդին, մեր ազգային արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն:
«Կը գիտակցինք անշուշտ, որ այս բոլորը կ՛ենթադրեն ճգնաջան աշխատանք եւ մեծ զոհողութիւն, որոնց սակայն վարժ եւ սովոր եղած է դաշնակցականը անցնող 135 տարիներուն ընթացքին, եւ այսպէս ալ, Դաշնակցութեան դրօշին տակ, անմնացորդ նուիրումով գործած է ան, մինչեւ իր վերջին շունչը», ըսաւ Յարութիւնեան:
Դաշնակցական նահատակ եւ մահացած ընկերներու յիշատակի արարողութիւնը վերջ գտաւ «Վէրքերով լի»-ի կատարումով:



