ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահական Պալատ
16 Դեկտեմբեր 2025
Նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի:
Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմին յայտնած է. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին ճամբով, որուն ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ ուրբաթ օր, բանակցութիւններու միջոցով հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման համար ներքին ու արտաքին հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին: Այդ աշխատանքը կը վայելէ լիբանանեան, արաբական եւ միջազգային աջակցութիւն, յատկապէս նախկին դեսպան Սիմոն Քարամի լիբանանեան պատուիրակութեան ղեկավար նշանակումէն ետք»:
Ան նշեց, թէ բանակցութիւններու այլընտրանքը պատերազմն է, որ որեւէ արդիւնք պիտի չտայ, բացի Լիբանանին եւ, առանց բացառութեան, բոլոր լիբանանցիներուն աւելի վնաս եւ աւեր պատճառելէ:
Հանրապետութեան նախագահը ՀՅԴ-ի կազմին խօսած է «Լիբանանի տնտեսութեան զարթօնքին մէջ լիբանանցի հայերուն դերակատարութեան» մասին` նշելով. «Անհրաժեշտ է, որ բոլորը ազգային ու պատասխանատուութեան զգացում ունենան, որովհետեւ ազգային միասնականութիւնը մասնաւորաբար բանակցութիւններուն մէջ Լիբանանի դիրքի ամրապնդման մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի», ըսաւ նախագահը:
Ան նաեւ շեշտեց, որ իր իշխանութեան նստաշրջանի առաջին տասը ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումները հիմնական էին եւ ներառեցին տարբեր ոլորտներ, սակայն «ոմանք, ցաւօք, ասիկա չեն տեսներ եւ քաղաքական ու անձնական պատճառներով պետութիւնն ու անոր հաստատութիւնները կը թիրախաւորեն, իրողութիւնը կ՛աղաւաղեն, վնասակար տարաձայնութիւններ կը տարածեն: Ուստի իրագործուած դրական կէտերու անտեսումն ու ժխտականներուն վրայ կեդրոնանալը իրենց երկրին ու ժողովուրդին վնաս հասցնողներուն նպատակները ցոյց կու տան»:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան յայտնած է, որ ՀՅԴ-ն կ՛աջակցի հանրապետութեան նախագահին ու անոր դիրքորոշումներուն` երկրին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու համար` նշելով. «Մեր պատմութիւնը կը վկայէ մեր անսասանութեան մասին, մեր անսասան համոզումին մասին, որ այս ժողովուրդը միաւորող ծիրը անոր պետութիւնն է իր հաստատութիւններով, որոնք պէտք է ամրապնդուին, եւ որ լիբանանեան տարազի առաջին երաշխաւորները այդ հաստատութիւններն են, որոնցմէ առաջինը հանրապետութեան նախագահութիւնն է, որուն կողքին մենք տասնամեակներ շարունակ հաւատարիմ եղած ենք` իբրեւ ազգի խորհրդանիշներէն մէկը, որուն միջոցով կը մարմնաւորուին անոր տարազն ու եզակիութիւնը»:
