Հրատարակութեան ընթացքի մէջ է գրքոյկ մը՝ նուիրուած Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120-ամեակին
16 Դեկտեմբեր 2025
ՀՅԴ Պուլկարիոյ Առանձնակի Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ՝ հրատարակութեան ընթացքի մէջ է գրքոյկ մը նուիրուած Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120-ամեակին։
Գրքոյկը ծաղկաքաղ մըն է հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներու եւ վկայութիւններու, որոնք գրուած են Քրիստափորի նահատակութենէն ետք։ Ան կը միտի նորովի ներկայացնել Քրիստափորի մարդկային եւ յեղափոխական կերպարը իր ազնիւ եւ համեստ նկարագրով, եւ միաժամանակ բացայայտել անոր անսասան ու վճռակամ ղեկավարի օրինակը։
