Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ
15 Հունվար 2026
Պէյրութի վարչապետարանին մէջ կայացած Հնգեակի (Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի) դեսպաններու հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւններէն կարելի է որոշ կէտեր արձանագրել:
Քննարկուած են եւ արձանագրուած`
Ա.- Կառավարութեան որդեգրած տնտեսական բարեկարգումները եւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած ելեւմտական բացի հաւասարակշռման ծրագիրը:
Բ.- Լիթանի գետէն հարաւ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի առաջին փուլի աւարտի հարցը եւ կառավարութեան անոր երկրորդ փուլը սկսելու մտադրութիւնը: Յառաջիկայ ամսուան սկիզբը կը սպասուի երկրորդ փուլի գործնական ներկայացումը:
Գ.- Զէնքի մենաշնորհման առումով պետութիւնն ու բանակը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան:
Դ.- Երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու սկզբունքի յարգումը:
Այս կէտերը ոլորապտոյտ յայտարարութիւններու մէջ ամփոփուած առաջադրանքներն են Հնգեակին: Պարզօրէն տեսանելի է, որ աջակցութիւններու կաթիլային կշռոյթէն ծաւալայինի անցումը պայմանաւորուած է զէնքի մենաշնորհի կայացումով: Այլ խօսքով` կառավարութեան որդեգրած ընթացքը կ՛ողջունուի, կը քաջալերուի, ակնկալիք կ՛արձանագրուի երկրորդ փուլի գործնականացումին: Այդ կը նշանակէ, որ առաջին փուլը կայացած է, որուն համար գոհունակութիւն կը յայտնեն հնգեակի դիւանագիտական ներկայացուցիչները:
Լիբանանի կառավարական հրապարակին վրայ արձանագրուած այս կէտերը երկու ուղղութեան մասին մտածել կու տան: Եթէ ընթացքը դրական կը գնահատուի, ակնկալութիւնները կը վերաշեշտուին եւ երկրորդ փուլի գործնական անցումի մասին ակնարկներ կը կատարուին, ապա ինչո՞ւ Իսրայէլ կը շարունակէ սպառնալ եւ նախապատրաստուիլ յարձակման գործողութիւններու:
Կարեւոր է արձանագրելը նաեւ այն, որ Հնգեակը քննադատական կամ դատապարտումի խօսք չ՛ուղղեր իսրայէլեան կողմին, որ հակառակ այս բոլորին չի հրաժարիր իր ռազմաքաղաքական վարքագիծէն եւ կը շարունակէ թիրախաւորել լիբանանեան տարածքներու վրայ իր կողմէ սպառնալիք նկատուած յենակէտեր, անձնաւորութիւններ, կառոյցներ: Իսկ այս վարքագիծը կը վայելէ ամերիկեան հովանաւորչութիւնը: Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներ կանաչ լոյս կը վառեն Իսրայէլի առջեւ` շարունակելու կամ վերաձեռնարկելու աւելի լայնածաւալ գործողութիւններու:
Իրան կը դիմագրաւէ ներքին սուր խնդիրներ: Այդ խնդիրները, ըստ պաշտօնական Թեհրանի որոշ ներկայացուցիչներու, կը հրահրուին արտաքին կողմերէ: Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու յայտարարութիւնները կամ ցուցարարներ պաշտպանելու առաջադրանքով Իրանը հարուածելու յայտարարութիւնները կը նկատուին միջամտութիւն ներքին գործերու կամ լրջագոյն սպառնալիք` Իրանի գերիշխանութեան:
Միւս կողմէ, ներիրանեան հարթութեան վրայ, ամէնէն թէժ պայմաններուն մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները շարունակելու իր երկրի պատրաստակամութիւնը կը յայտնէր: Ուղերձ կար այս յայտարարութեան մէջ` չմիջամտելու, չհրահրելու, այլ բանակցութիւնները շարունակելու: Անկախ հռետորաբանական այլ սուր շեշտադրումներէն, դիւանագիտական ուղերձը յստակ էր:
Հիմա դառնանք լիբանանեան կողմը եւ նկատենք, որ զէնքի մենաշնորհման գործընթացը չարգելակելը եւս իր մէջ կը պարունակէ ուղերձ: Դիւանագիտական ուղերձ գործընթացի ամբողջական պայմանաւորուածութիւնները յարգելու, Իսրայէլին ստիպելու` դադրեցնելու իր գործողութիւնները:
Կը թուի, որ լիբանանեան տարածքներու վրայ յայտարարուած իսրայէլեան յարձակումները յետաձգուած են: Այդ յետաձգումը կապ ունի Իրանի իրադարձութիւններուն հետ: Անոնց ընթացքը, աւելի ճիշդ` աւարտը, հիմնական ազդեցութիւն կ՛ունենայ այստեղ կատարուելիքներուն վրայ:
«Ա.»
«Ազդակ»
