Այսօր պահն է համազգային դիմադրութեամբ ապահովելու մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին լինելիութիւնը
10 Փետրվար 2026 ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի խօսքը ՀՅԴ 135-ամեակի տօնակատարութեանԱռաջին հերթին կը ցաւիմ եւ ձեր ներողամտութիւնը կը խնդրեմ, որ անձամբ չկրցայ ներկայ գտնուիլ այս հանդիսութեան։ Լիբանանի քաղաքական վերիվայրումները եւ խորհրդարանական իմ պատասխանատուութիւններս այս օրերուն պարտադրեցին, որ մնան Պէյրութ։ Ինծի համար գոհունակութիւն եւ հպարտութեան առիթ պիտի ըլլայ հանդիպիլ ձեզի հետ եւ յաւելեալ ծանօթութիւն ունենալ Մարսէյի մեր գաղութին եւ անոր կառոյցներու գործունէութեան՝ քաջ գիտնալով անոր տասնամեակներու դերակատարութիւնը մասնաւորաբար Ֆրանսայի եւ առհասարակ սփիւռքի մէջ հայապահպանման, Հայ դատի հետապնդման եւ մեր ժողովուրդի ազգային հիմնահարցերու պաշտպանութեան մէջ։
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ընթացիկ սովորական պայմաններու մէջ չէ, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր շրջաններու մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 135-ամեակը։ Տօն բնութագրումն իսկ այսօր անյարիր կը թուի ըլլալ՝ ի տես այն դաժան կացութեան, որուն դէմ յանդիման կը գտնուինք այսօր։
ՀՅԴ-ի 135-ամեակը կը զուգադիպի մեր ժողովուրդի վերջին տասնամեակներու պատմութեան անկիւնադարձային պայթիւնավտանգ խաչմերուկին վրայ, ուր համայն հայութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի իր լինելիութեան պահպանման գոյութենական վտանգին։
Յանձնուած է Արցախը։
Հայկական գերիշխանութեան ենթակայ հողատարածքները գրաւուած են ազրպէյճանական բանակին կողմէ։
Կը շարունակուին քանդուիլ մեր ժողովուրդի գոյատեւումը ապահոված հայկական արժէքները, մեր կամքն ամուր պահած սրբազան խորհրդանիշերը, ամէնօրեայ հարուածի կ՛ենթարկուին Հայոց լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթը եւ հայկական բարքերը։
Յանուն արդիականութեան, այլանդակութիւններու պարարտ հող կը պատրաստուի, կ՛ոտնակոխուի հայ մարդուն ինքնութիւնը։
Պարտութենէ պարտութիւն, զիջումէ յաւելեալ զիջում, հայացումէ դէպի ապահայացում, ազգային ընդհանրական ոգիէն դէպի անհատ, նիւթապաշտական անհատ գործընթացը կը շարունակուի։
Ողջ հայութեան հայրենիք Հայաստանը զուտ Հայաստանի հողին վրայ ապրող քաղաքացիի տարածք կը նկատուի, իսկ նախապէս նարինջ ուտող սփիւռքահայ կոչուողը այսօր կը յորջորջուի հայդատական երազկոտ հայ։
Ցեղասպանութեան շուրջ հարցականներ դնելը, Արցախը ազրպէյճանական, Արարատն ալ թրքական հողամաս նկատելը, Մայր Հայաստանէն հողային միջանցք զիջիլը, սփիւռք-Հայաստան կապը քանդել ու դեռ մեր ժողովուրդին ողնասիւնը եղած եւ եղող Հայ եկեղեցին հարուածելը բաւարար են տեսնելու, թէ ո՛ւր կ՛երթայ մեր հայրենիքի ապագան եւ դեռ ինչպիսի՛ անակնկալներու կրնանք հանդիպիլ ոչ հեռու ապագային։
Նախանձելի վիճակի մէջ չէ նաեւ Սփիւռքը։ Հողմահար է հայկական օճախներով հարուստ Միջին Արեւելքը։ Հակառակ հսկայական ու կոթողական աշխատանքին, աստիճանաբար կը նահանջէ հայապահպանումը, կը նահանջէ լեզուն եւ ամէն ինչ որ հայկական է, արիւնաքամ կը դառնան հայու սիրտն ու հոգին, հաւաքականն ու ընդհանրականը կը զիջին անհատականին ու եսին, մասնակիին, տեղայնականին։
Ահա՛ այս պայմաններուն մէջ է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 135-ամեակը։
135 տարուան յարատեւ պայքարով, նահատակութեամբ իսկ մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի ծառայութեան մէջ եղած գաղափարական իր աւանդով, կազմակերպական կարողութիւններով եւ անսակարկ նուիրուածութեան պատրաստակամութեամբ ու կեանքի փորձառութեամբ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հակառակ մեզ շրջապատող տարատեսակ պայմաններուն, մեզի սպառնացող վտանգներուն, հակադաշնակցական լայնատարած արշաւին, խեղաթիւրումներուն, նենգափոխութիւններուն, անուանարկումներուն եւ դեռ ծանօթ ու անծանօթ բոլոր դաւերուն, ա՛յս Դաշնակցութիւնը այսօր կը մնայ պատնէշի վրայ՝ շարունակելու հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի լինելիութիւնը, պաշտպանելու 1890-ին Քրիստափորով, Ռոստոմով եւ Զաւարեանով ծայր առած երթը, տրուած ուխտն ու յարատեւ պայքարը։
Այդ պայքարը եղած է բացառաբար ի խնդիր հայ ժողովուրդի բովանդակ շահերուն։ Սեփական շահեր չեն եղած հոն, եսը տեղի տուած է ընդհանրականին, անձնականը տեղի տուած է հաւաքական բարօրութեան։
Եւ մարտի դաշտին վրայ ինկած են լաւագոյն տղերքը։ Հալածուած, բանտարկուած, խոշտանգուած, կախաղան բարձրացուած, կացինահարուած են շատեր։ Շատեր նահատակուած են պատերազմի դաշտերուն վրայ, ուրիշներ սպաննուած են դաշտերէն հեռու, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, յաճախ դաւադրաբար, յաճախ հայանուն եւ թշնամիին ծառայող գնդակներով։
Ինկած են լաւագոյնները։ Ու եկած են նորերը։ Ինկած են անոնք եւս ու եկած են ուրիշներ։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չէ տկարացած։ ՀՅԴ-ն միշտ մնացած է իր ժողովուրդին կողքին, պատրաստ՝ նորանոր զոհողութիւններու, նորանոր սլացքներու, աներեր կամքով, աննահանջ դիրքերով, իրեն հետ ունենալով երիտասարդութիւնն ու մեր ժողովուրդի առողջ եւ ազգային տարրերը։
Վտանգի մէջ է Հայաստանը։ Հոն է Դաշնակցութիւնը, հակառակ ամէնօրեայ հալածանքներուն։ Հոն պիտի մնայ Դաշնակցութիւնը ու պիտի շարունակէ իր պայքարը ի խնդիր ժողովրդավար, կայուն, բարօր Հայաստանի, որ խաղաղութեան կը ձգտի, միաժամանակ բարձր պահելով արժանապատուութիւնը, ազգային արժեհամակարգը եւ երկրին գերիշխանութիւնն ու հայոց բանակը։
Վտանգի տակ է սփիւռքի հայկական դիմագիծը եւ հայկականութիւնը։ Հոս են Դաշնակցութիւնն ու իր ուղեկից միութիւնները։ Պիտի շարունակուի աշխատանքը, աւելի պիտի հզօրանան սփիւռքի մեր օճախները՝ ի խնդիր հայը հայ պահելու համընդհանուր ճիգին եւ ի խնդիր Հայաստան-սփիւռք միասնութեան։
Յանձնուած է Արցախը, բայց չէ կորսուած։ Պայքարը պիտի շարունակուի վերատիրանալու Արցախի հերոս ժողովուրդի հայրենական իրաւունքներուն, ազատ արձակելու ազրպէյճանական բանտերուն մէջ գերեվարուած հերոսները, վերադառնալու տուն, հազարամեակներու տուն։
Վտանգուած է Հայ եկեղեցին։ Մեր ժողովուրդին սրբութեան սրբոց Ս. Էջմիածինը։ Հոն է Դաշնակցութիւնը։ Այնպէս, ինչպէս ան ծառացաւ օսմանեան կայսրութեան կամ ցարական իշխանութեան դէմ՝ պաշտպանելու եկեղեցին, այնպէս, ինչպէս 1956-ին ծառացաւ պոլշեւիկեան ռեժիմին դէմ, որ կ՛ուզէր զաւթել Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, եւ կանգնեցաւ անոր դէմ, այսօր եւս ՀՅԴ-ն Հայ եկեղեցւոյ կողքին է, Ս. Էջմիածինի կողքին է՝ մերժելով Հայաստանի իշխանաւորներուն հակասահմանադրական ոտնձգութիւնները եւ հակակրօն սայթաքումները։ Վաղուց ի վեր եկեղեցւոյ բարեկարգումը անհրաժեշտ է։ Այդ կը կատարուի քաղաքական մարտադաշտէն հեռու, եկեղեցւոյ կանոնագրութեամբ։
Հակառակ ժողովրդային ընտրութիւններով իշխանութեան հասած ու բռնատիրութեամբ գործող պետական վարչամեքենային Ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ դնող, զիջումներով բարի դրացնութիւն աղերսող վարքագիծին, ՀՅԴ-ն պիտի շարունակէ աշխարհով մէկ հետապնդել Հայ դատի աշխատանքները՝ Հայ դատի յանձնախումբերով, գրասենեակներով եւ բարեկամ ուժերով։ Այս ուղղութեամբ բարձրօրէն գնահատելի է ֆրանսացի ժողովուրդին եւ քաղաքական այրերուն գործնական քայլերը տասնամեակներէ ասդին՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման։
Սիրելի՛ ներկաներ, բարեկամներ, ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Ներկայ փուլը ծանր է ու անկիւնադարձային։ Բայց մեր պատմութիւնը միշտ ալ եղած է դաժան։ Բայց միշտ ալ ապրած ենք խրոխտ մեր սարերուն պէս։ Ապրած ենք, որովհետեւ պայքարը տարած ենք համոզումով եւ հաւատքով։ Ապրած ենք, որովհետեւ հայրենիքը նկատած ենք գերադաս արժէք։ Ապրած ենք, որովհետեւ հաւատացած ենք Հայ եկեղեցւոյ, Արարատի պարծանքին եւ հայ ազգի յաւերժութեան։ Այսօր պահն է վերազարթնումի, մեր ուխտի վերանորոգութեան։ Այսօր պահն է համազգային դիմադրութեամբ ապահովելու մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին լինելիութիւնը։
Յուսախաբութիւնը, հիասթափութիւնը, ընկրկումը տեղ չեն կրնար ունենալ մեր հոգիներուն մէջ։
Ընկրկիլ կը նշանակէ դաւաճանել մեր հայրերուն ժառանգին։
Ընկրկիլ կը նշանակէ դաւաճանել մեր նահատակներուն յիշատակին։
Ընկրկիլ կը նշանակէ արգիլել մեր զաւակներուն ունենալու հայրենիք, որ կը կոչուի Հայաստան։
Պայքարը պիտի շարունակուի, բոլորով, միասնաբար, ի խնդիր մէկ ու միակ Հայաստանի, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի, ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական Հայաստանի։
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 135-ամեակին վառ պիտի պահենք արծարծուած կրակը ու բարձր՝ հայ ժողովուրդի գոյութեան ջահը։
7 փետրուար 2026, Մարսէյ
