Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեան
11 Փետրվար 2026
Լոս Անճելըսի մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ հայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ» օրաթերթին հետ իր անունը նոյնացուցած Սարգիս Մահսէրէճեան: Մահսէրէճեան ամբողջական իմաստով նուիրուած էր «Ազդակ»-ին` վարելով պատասխանատու խմբագիրի, խմբագրապետի եւ տնօրէնի պաշտօններ:
Տասնամեակներ շարունակ ան ձեռնհասօրէն վարեց «Ազդակ»-ի խմբագրական պատասխանատու պաշտօններ, քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դաժան օրերուն «Ազդակ»-ը դարձնելով իր առաջին տունը, ապահովելով անոր անխափան երթը եւ անփոխարինելիօրէն ներդրում ունենալով «Ազդակ»-ի խմբագրական մարդուժի պատրաստութեան:
«Ազդակ»-ի էջերը հարուստ են Սարգիս Մահսէրէճեանի խմբագրած մեկնաբանական լրատուութիւններով, առաջնորդող յօդուածներով, խմբագրականներով, ինչպէս նաեւ հայկական քաղաքական, մշակութային եւ հասարակական երեւոյթներու վերաբերող յօդուածներով:
Վաստակաշատ խմբագրապետը կը մեկնի այս աշխարհէն` ձգելով հրապարակագրական հարուստ ժառանգութիւն:
Սարգիս Մահսէրէճեանի մահով «Ազդակ»-ի ընտանիքը եւ հայ հրապարակագրական համայնքը կը կորսնցնեն նուիրեալ, անխոնջ եւ բառացիօրէն մինչեւ իր մահը գաղափարական մեր մամուլին ծառայած գործիչ մը:
_______________
Մահազդ
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնն ու խմբագրակազմը կը գուժեն «Ազդակ»-ի վաստակաշատ նախկին տնօրէն-գլխաւոր խմբագիր եւ մամուլի նուիրեալ
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ի մահը:
Մահազդ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ իր պաշտօնաթերթ «Ազդակ»-ի երկար տարիներու խմբագրապետի պաշտօն վարած
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ի մահը:
