Գոյժ
11 Փետրվար 2026
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն ցաւով կը գուժէ իր կառոյցի վեթերան անդամներէն՝ դաշնակցական մամուլի երկար տարիներու նուիրեալ գործիչ, հրապարակագիր եւ խմբագիր, գաղափարի ընկեր Սարգիս Մահսերէճեանի մահը, որ պատահեցաւ Փետրուար 10, 2026-ին, Լոս Անճելըսի մէջ:
Շրջանիս բոլոր ընկերները կը սգան ընկեր Սագոյի մահը, եւ կը կիսեն անոր ընտանեկան պարագաներուն վիշտը:
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
