Խմբագրական. Նոր Արտաշատի Եւ Նոր Նուարսակի Համար
12 Փետրվար 2026 (Վարդանանց Տօնին Առիթով)Վարդանանց խորհուրդի որոշ ծալքերը թափանցելու փորձը մտաբերել կու տայ գիտակցական ընտրութեան աստիճանաչափ մը, որ անպայման ազգային արժանապատուութեան եւ ինքնութեան պարտադրուած փոփոխութիւնը մերժելու սկզբունքային դիրքորոշումին հետ կ՛աղերսուի: Այդ խորհուրդը կը խօսի անհպելի արժէքներու մասին, որ օրուան եկեղեցական-ռազմական ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտպանել ամէն գնով: Անարդարութեան մերժում, ճշմարտութեան բարձրաձայնում եւ այդ կեցուածքներու հիման վրայ կայացած գաղափարի յաղթանակ:
Ազատ ապրելու, պարտադրուած կրօնափոխութիւնը մերժելու, քրիստոնէական արժէքներուն, եկեղեցւոյ եւ հաւատքին կառչած մնալը կապ չունէր պատերազմի արդիւնքին հետ: Ճակատամարտը կորսուած էր, գաղափարը` յաղթած: Որովհետեւ կրօնափոխութիւն պարտադրողը չէր յաջողած կատարել իր առաջադրանքը:
Պարզ էր, որ կրօնը միաձուլուած էր ինքնութեան հետ եւ ինքնութենէն հրաժարումի պարտադրանքը նահատակութեամբ մերժուեցաւ: Վարդանանց նախերգանքը Ատոմեանք էին, որոնք Տիզպոնի քաղաքականութեան ծալքերուն իրազեկ որոշեցին չմեկնիլ Տիզպոն եւ հրաւէրին չընդառաջելուն համար տուին հազարաւոր նահատակներ:
Ատոմեանք արդէն կը նախանշէին, որ Վարդանանք եւս ինքնութեան պահպանման համար նոյն ճակատագիրին պիտի արժանանային:
Խորհուրդը այժմէականացման կարգով կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը: Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանք աշխարհիկ եւ եկեղեցական ղեկավարութեան անքակտելի միաւորումի փաստն էին, մանաւանդ ճգնաժամային պայմաններուն: Աւարայրի ռազմական պարտութիւնը պատճառ չեղաւ, որ խախտի այդ միասնականութիւնը: Այդ խորհուրդը առարկայացած էր Արտաշատի ժողովով, երբ բարձրաստիճան հոգեւորականութիւնն ու սպայակոյտը գաղափարական նոյն խրամատին մէջ որոշեցին չստորագրել խաղաղութեան անարժանապատիւ պայմանագիրը:
Արտաշատի խորհուրդին անհաղորդ մնաց մեր այսօրուան իշխանութիւնը, որ ներքին առումով արցախեան Աւարայրի օրերուն եւ անկէ ետք թէ՛ հարուածեց սպայակոյտի հեղինակութեան եւ թէ՛ թիրախ դարձուց բարձրաստիճան հոգեւորականութիւնը:
Աւարայրով օրուան թշնամիին պահանջներուն մերժումը, կրօնափոխութեան պահանջի տապալումը նախ եւ առաջ շնորհիւ ներքին միասնականութեան էր եւ օրուան ղեկավարութեան մէկութեան: Աւարայրի գաղափարական յաղթանակը, հակառակ ռազմական պարտութեան, կրնար կիրարկելի օրինակ դառնալ մեր օրերուն, եթէ…
Եթէ իշխանութիւնները ունենային գիտակցութիւնը եկեղեցի-պետութիւն-բանակ եռամիասնութիւնը պահպանելու: Հակառակ ռազմական պարտութեան շարունակէին չենթարկուիլ Պաքուի պահանջներուն` Ազրպէյճանի գործադրած ռազմական յանցագործութիւններու մեղադրանքներով հարուստ միջազգային դատական հայցերը չեղեալ նկատելու, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարելու, Սահմանադրութեան փոփոխութեան ձեռնարկելու, ռազմագերիներու հարցը չարծարծելու, Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը չառաջադրելու, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ մղուող բնաջնջման քաղաքականութեան դէմ չբողոքելու:
Վարդանանց սկզբունքայնութիւնը, հակառակ պատերազմական պարտութեան, ապահովեց գաղափարի յաղթանակը եւ բռնատիրական կարգերուն պարտաւորեցուց կնքել Նուարսակի դաշնագիրը` արժանապատիւ խաղաղութեան: Հայ ժողովուրդը Աւարայրէն ետք կը պահպանէր ոչ միայն իր կրօնական ազատութիւնը, այլ նաեւ ինքնավար ապրելու իրաւունքները:
Պատերազմներու արդիւնքները չեն, որ կը ճշդեն ժողովուրդներու ճակատագիրը: Դաւանած արժէքներու անտեղիտալիութիւնն է, որ ռազմական պարտութիւն կրած ժողովուրդը կը մղէ փոխելու ռազմի կանոնները եւ պարտադրելու արժանապատիւ խաղաղութեան պայմանագիրը: Ատոմեանք-Վարդանանք-Վահանեանք օրինակով: Նուարսակի եզրայանգումով:
Նոր Նուարսակէն առաջ սակայն հրամայական է նոր Արտաշատի ժողով մը: Եւ այդ բոլորին համար ազգային պետութեան վերակերտումը:
«Ազդակ»
