Ճէյ․Տի․ Վենսի Ջնջուած Գրառումը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Մեծ Դժգոհութիւն Յառաջացուց
12 Փետրվար 2026
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․-ի փոխնախագահ Ճէյ․ Տի․ Վենսի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող X-ի գրառման ջնջումը մեծ զայրոյթ պատճառեց ամերիկահայ համայնքին։ Գրառումը, որ հրապարակուած էր անոր Ծիծեռնակաբերդ այցէն ետք, շուտով փոխարինուեցաւ մէկ ուրիշ հաղորդագրութեամբ, ուր ամբողջովին բացակայ էր «ցեղասպանութիւն» եզրը։
Հայ Դատի յանձնախումբը այդ քայլը որակեց որպէս թրքական ճնշումներուն արդիւնք եւ զգուշացուց, որ այս վարքագիծը լուրջ քաղաքական հետեւանքներ կրնայ ունենալ 2026-ի եւ 2028-ի ընտրութիւններուն ընթացքին։
Մի շարք ծերակուտականներ եւ քոնկրէսականներ խստօրէն դատապարտեցին ջնջումը՝ շեշտելով, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական փաստ է եւ չի կրնար քաղաքական հաշիւներով ծածկուիլ։
Հայ Դատը յիշեցուց նաեւ, որ նախագահ Պայտընը 2021-ին պաշտօնապէս ճանչցած էր ցեղասպանութիւնը, իսկ Ա․Մ․Ն․ տակաւին 1951-ին Միջազգային դատարանին ներկայացուցած էր համապատասխան փաստաթուղթ։ 2019-ին Քոնկրէսի երկու պալատներն ալ ամբողջական աջակցութեամբ ընդունած էին ճանաչման բանաձեւեր, եւ Ամերիկայի 50 նահանգներն ալ ճանչցած են ցեղասպանութիւնը։
Ծերակուտական Էտ Մարքի ըսաւ․ «1.5 միլիոն հայեր սպաննուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին։ Այդ ճշմարտութիւնը չի կրնար ջնջուիլ»։
Ճէք Ռիտ, իր կարգին աւելցուց․ «Սա, ըստ սահմանումի, ցեղասպանութիւն էր»։
Ատըմ Շիֆ նշեց, որ գրառման ջնջումը աւելի կը խորացնէ համայնքի ցաւը։ Իսկ Նենսի Փելոսի շեշտեց․ «Պատմութիւնը ջնջելը կը նսեմացնէ զոհերը եւ կը տկարացնէ մեր նուիրումը մարդկային իրաւունքներուն»։
