Վենսի Այցելութիւնը Հայաստան՝ Երկիր Դրախտավայր
12 Փետրվար 2026
«Այս երկիրը շատ գեղեցիկ է։ Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար՝ ոչ միայն անձամբ ինծի, այլ նաեւ ընտանիքիս։ Հայաստանը, ի հարկէ, աշխարհի ամէնահին քրիստոնէական մշակոյթներէն մէկն է, եւ ես խոր կապ կը զգամ հայ ժողովուրդին հետ», այսպէս փաղաքշական խօսքերով արտայայտուեցաւ Ճէյ․ Տի․ Վենս, որ Ա․Մ․Ն․-ի պատմութեան մէջ, առաջին Հայաստան այցելող փոխնախագահն էր։ Այս ընթացքով, հաւանաբար իր վերակացուն՝ նախագահ Թրամփն ալ մօտիկ ապագային ըլլայ, Հայաստան՝ երկիր դրախտավայր այցելող Ա․Մ․Ն․-ի պաշտօնավար առաջին նախագահը։
Վենս միայն աշխատանքային պարտականութիւններով չէր գործուղուած։ Քիչ մըն ալ զբօսաշրջային բնոյթ ունէր, իր այս շրջապտոյտը, որուն մեկնարկը տրուեցաւ Իտալիա, երբ ան հանդերձ ընտանեօք ներկայ եղաւ Միլանի մէջ տեղի ունեցած ձմեռնային ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան։ Ապա, տէր եւ տիկին փոխնախագահն ու զաւակունք ժամանեցին Հայաստան եւ Ատրպէյճան։
Այսպէս, առաջին անգամ ըլլալով «Air Force One»-ի մէկ օդանաւը, իր անդրանիկ էջքը կատարեց «Զուարթնոց» օդակայան, շրջանցելով ռուսական պաշտօնական պատուիրակութիւններու այցելող թռիչքներու սովորութիւնը, որ սկսած է հետզհետէ սակաւ դառնալ։
Հազիւ ժամանած, Վենս գործի լծուեցաւ եւ կատարեց իր այցելութիւններն ու հանդիպումները։
Լուսարձակի տակ առնուեցան, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող գործունէութիւններ, որոնց կարգին հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ նպատակներով (թէ որքանով, այդ մէկը հարցադրումի տակ) օգտագործման ոլորտէն ներս համագործակցութեան համաձայնագիր մը, եւ առ այդ ամերիկեան բաւական «կոկիկ»՝ 9 միլիառ տոլար արժողութեամբ ներդրում մը։
Բնականաբար խաղաղ նպատակներով կարելի չէ կլլեցնել եւ մեկնաբանել, թէ արդէն իսկ երեք տարիէ ի վեր կատարուող «Արծիւ գործընկեր» զօրավարժութիւններուն` Հայաստանը ստացած է 11 միլիոն տոլարի արժողութեամբ անօդաչու սարքեր եւ դեռ ալ մօտիկ ապագային յաւելեալ կատարելագործուած կազմածներ պիտի ստանայ։
Այս մէկը, անշուշտ Ա․Մ․Ն․- Հայաստան ռազմական եւ պաշտպանական գործընկերութեան ծիրին մէջ, որոնք հաւանաբար բանալի դեր պիտի ունենան․․․հարաւային շրջանի Իրանի սահմանագծին վրայ, կատարելով իրենց հսկումի պաշտօնը։
Դեռ աւելին, առանց բառերը ծամծմելու, եւ դիտմամբ աչք գոցելով իշխանաւորներուն բռնամիջոցներուն, Վենս ընտրութիւններու սեմին, ափաշկարա յայտնեց, թէ․ «․․․Եթէ իմ աջակցութիւնս բան մը կը նշանակէ, ապա Փաշինեան անշուշտ ունի այդ աջակցութիւնը: Ան այն անձն է, որ կրնայ երկարատեւ գործընկերութիւն կառուցել, որպէսզի նման ծրագիրներ իրականանան»:
Սիւնիքի ճամբով Ատրպէյճանը իր արտագաւառ Նախիջեւանին կապող «ԹՐԻՓՓ» ճամբուն մասին խօսելով, Վենս եղաւ առաջին թռիչք կատարողը, անգամ մը եւս յանկերգը կրկնելով, թէ ասիկա կը նպաստէ համագործակցութեան խթանման տնտեսական, բնական պաշարներու եւ կարեւոր հանքային ոլորտներու մէջ:
Վենս ակնթարթ մը չե՞նթագիտակցիր – բայց հաւանաբար քաջատեղեակ է եւ ըստ այնմ կը գործէ -, որ այսպէս ամէն գնով պարան երկարելով եւ ներգրաւելով ներկայ իշխանութիւնները` մոռնալով կամ նոյնիսկ երկրորդական սեպելով համաթուրանականութեան լուրջ վտանգները, երկրորդ Ուքրայինա մը կ’ուզէ ստեղծել Կովկասի բարձրաւանդակին մէջ։
Դեռ աւելին, արդեօք Վենս քաջատեղեակ չէ՞, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «ժողովրդավարութեան պասթիոն» չէ, այլ վերածուած է ոստիկանապետական բռնատիրութեան:
Այլապէս, ո՛չ մէկ շօշափելի եւ վճռական խօսք Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու մասին, որոնց միակողմանի դատավարութիւնները անբացատրելիօրէն խայտառակութիւն էին։ Նաեւ, ո՛չ մէկ խօսք կորսուած անձերու եւ բռնի անհետացումներու հարցը քննարկելու մասին եւ դեռ «ձայն բարբառոյ յանապատի» կը մնան արցախահայութեան վերադարձը եւ գրաւուած դարաւոր քրիստոնէական ժառանգութեան վայրերու հետեւողական ոջնջացումը։
Այդ միեւնոյն անօդաչու սարքերը գործուղելով կարելի է հետեւցնել, թէ տասնեակներով ժառանգական վայրեր 2021-էն ի վեր կործանուած են, կամ վերածուած՝ մզկիթներու։
Սակայն, ի՞նչ կարելի է սպասել ժողովրդավարութիւն քարոզող երկրի մը ղեկավարէն, երբ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեան մասին «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերու գրառումը հրապարակուելէ կարճ ժամանակ մը ետք, կը ջնջէ եւ կը գրէ․ «Աւելի քան 100 տարի առաջ շատ վատ բան պատահեցաւ, եւ ատիկա բան մըն է, որ անոնց համար մշակութային գետնի վրայ խիստ շատ կարեւոր է: Ուզեցի երթալ, այցելել ու յարգանքի տուրքս մատուցել»:
․․․Այդ օրն ալ՝ 10 Փետրուար 2026-ին (Վարդանանց Պատերազմի 1575-ամեակի սեմին), նոյնքան եւ շատ աւելի վատ բան մը պատահեցաւ, երբ նոյնինքն, այդ խօսքերուն տէր՝ Վենսը, այդ գրառումը ջնջեց եւ աղաւաղեց։
Այս գծով, շատ աւելի պատշաճ եւ օրինակելի է յիշել ամերիկացի նշանաւոր խոհարար, հեղինակ եւ եզակի տիպար՝ Անթընի Պորտէյնը (1956-2018), որ աշխարհի զանազան երկիրներ կատարած ճամբորդութիւններուն մէջ, ընդգրկած էր Հայաստանը, իր հանրածանօթ «Parts Unknown» (անծանօթ վայրեր) յայտագրով եւ հպարտօրէն ըսած էր․«Թուրքիան մինչեւ այսօր կը շարունակէ ժխտել, թէ ցեղասպանութիւն երբեւէ տեղի ունեցած է։ Սակայն ես ոչ մէկ դժուարութիւն ունիմ այդ բառը գործածելու։ Աւելի՛ն՝ հպարտ եմ զայն օգտագործելու համար եւ միաժամանակ ապշած՝ աշխարհին շարունակական տատամսումէն՝ 1915 թուականին թուրքերու կողմէ կանխամտածուած ու ծրագրուած կերպով իրականացուած շուրջ մէկուկէս միլիոն հայերու կոտորածը — եւ միլիոնաւորներու տեղահանութիւնը — ուրիշ անունով կոչելու»։
Եզրակացնելու համար եւ դեռ աւելին, Պորտէյն այդ օրերուն բախտը ունեցած էր այցելելու Արցախ եւ պարզ ու մեկին Պաքուին կողմէ հռչակուած էր «persona non grata»՝ անցանկալի անձ։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
