Թրամփեան Ոճով․․․ «You’re Fired!»
20 Մարտ 2026
«Երբ մեր շահերն ու արժէքները վտանգի տակ են, մենք լուրջ պարտականութիւն ունինք կատարելիք»։
Պարաք Օպամա (Ա․Մ․Ն․-ի 44-րդ նախագահ՝ 2009-2017)
Շաբաթներ թաւալած են այդ օրէն, երբ Ա․Մ․Ն․-ի փոխնախագահ Ճէյ․Տի․ Վենս այցելեց Հայաստան, որուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող «Էքս»-ի գրառման ջնջումը մեծ զայրոյթ պատճառած էր։ Գրառում մը, որ հրապարակուած էր անոր Ծիծեռնակաբերդ այցէն ետք, եւ շուտով փոխարինուած էր մէկ այլ մեղմ եւ դարձդարձիկ հաղորդագրութեամբ, ուր բացակայ էր «ցեղասպանութիւն» եզրը։ Այսքանով չէր աւարտած Ա․Մ․Ն․-ի փոխնախագահին այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ։
Արդարեւ, հիմնարկի տնօրէն Էտիթա Գզոյեանը, առիթէն օգտուելով ՎԵնսի նուիրած էր կարեւոր հրատարակութիւններ, որ անհանգստացուցած էր Հ․Հ․ վարչապետ Փաշինեանը, այս արարքը նկատելով, ոչ թէ միայն այսպէս կոչուած «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի քաղաքականութեան դէմ արարք մը, այլ իր իսկ գործածած բառապաշարով «սադրիչ քայլ» մը։
․․․Եւ ահաւասիկ չուշացաւ Թրամփի գործելաձեւէն ազդուած եւ նոյնանման ոճով, Փաշինեանի կարճ ու կտրուկ գործէ արձակման հրահանգը՝ «You’re fired!»․․․Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնին։
Դեռ այսքանն ալ, պատահած դէպքին ամբողջական մանրամասնութիւնը չէր արտացոլացներ։ Սխալ էին վարչապետին փոխանցած տեղեկութիւնները։
Փաշինեան յայտնած էր, թէ Գզոյեան Արցախի մասին գիրք մը նուիրած էր, մինչդեռ ի յայտ եկաւ, թէ քանի մը գիրքեր նուիրուած էին, որոնց պարունակութիւնը (տեսնել աւարտին՝ Յ․Գ․) կ՛ընդգրկէր յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անցեալ դարասկիզբներուն ազերիական արշաւանքներուն մասին ուսումնասիրութիւններ, մասնաւորաբար պատրաստուած Գշնհ․ Վահան Օհանեանի եւ Արա Քեթիպեանի կողմէ։
Առաջին հերթին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը դիւանագիտական կառոյց մը չէ, այլ կրթական, մշակութային, ուսումնասիրական եւ մանաւանդ ակադեմական հաստատութիւն մըն է, որուն առաքելութիւնն է պահպանել, հետազօտել եւ քննարկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իր բոլոր ոլորտներով։
Հետեւաբար, պատահածը ահաւոր հարուած մըն է, ո՛չ թէ միայն հիմնարկներու անկախ գործունէութեան, այլ Հայաստանի պատմութեան ե՛ւ պատմական յիշողութեան ամբողջութեան։
Յատկապէս, տարածաշրջանէն ներս տիրող ներկայ հրաբխային կացութեան եւ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներուն դիմաց, նմանօրինակ մօտեցում իշխանութեան վրայ գտնուող պատասխանատուին կողմէ, կրնայ հարցադրումի տակ առնել մտաւորական ինքնավարութիւնը, պետական լիազօրութիւնը եւ ի վերջոյ նոյնինքն Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Այո՛, կասկածելի չէ, որ ՔՊ-ական հոսանքը արտաքին քաղաքականութեան զոհը դառնալով, երկիրը վտանգի տակ դրած է խեղաթիւրելով պատմութիւնը, որպէսզի դառնայ մութ ձեռքերու ետին բանակցութեան միջոց։ Այս է սադրիչ քայլը եւ առ ի պատասխան ժողովուրդն է, որ միասնաբար թմբիրէն դուրս գալով, պիտի յիշէ վերը նշուած Օպամայի խօսքը։
Յստակ է հարցը։ Ահազանգային է վիճակը։
ՄԵՐ ՇԱՀԵՐՆ ՈՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ ԵՆ։
ՄԵՆՔ ԼՈՒՐՋ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆՔ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ։
Եւ այդ ալ միայն ու միայն ՄԻԱԿԱՄ, ՄԻԱՍԻՆ ԵՒ ՄԻԱՁԱՅՆ։
Յ․Գ․- The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath: As Reported in the U.S. Press. The New York Times, Volume 1 (1890-1914) & Volume II (1915-1922), compiled and edited by Rev. Vahan Ohanian and Ara Ketibian (2018).
– Ravished Armenia: The Story of Aurora Mardiganian (2020).
– Documenting the Crime: The Armenian Genocide in Words and Images (2024)
– Azeri Aggression against Armenians in Transcaucasia (1905-1921): Reports from the U.S. Press, edited by Ara Ketibian (2023).
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
