Յակոբ Բագրատունի. «Ոչ Մէկ Ճիգ Պէտք Է Խնայել Կասեցնելու Յարձակումը»
24 Մարտ 2026
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան 25 մարտին այցելեցին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունին։
Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ նախագահին կ՛այցելեն այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք նուազագոյնը կարելի է որակել իբրեւ աննախընթաց ու արտակարգ։
«Արտակարգ՝ իրենց սարսափներով, արհաւիրքներով, դժուարութիւններով ու մարտահրաւէրներով։ Նման պայմաններու մէջ, տարրական պարտականութիւն է այցելել այս վայրը, որ կը խորհրդանշէ հայրենիքի միասնութիւնը՝ իր ժողովուրդով, հողով եւ պետական հաստատութիւններով», շեշտեց ան։
Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեցին տարածաշրջանին մէջ բռնկած ու շարունակուող պատերազմներն ու անոնց հանգամանքները, յատկապէս կանգ առնելով Մայրիներու երկրին դէմ շղթայազերծուած սարսափելի յարձակումին վրայ՝ անդրադառնալով այն տառապանքին, զոր կը կրեն լիբանանեան բոլոր շրջաններ եւ այն սպառնալիքին, որուն տակ կը գտնուին հայրենի հողի թանկագին հատուածները։
«Նաեւ քննարկեցինք տեղահանութեան հարցը եւ տառապանքն ու դժուարութիւնները գաղթական դարձած մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք պարտադրաբար հեռացան իրենց օճախներէն։ Լուսարձակի տակ առին անոնց մղձաւանջը մեղմացնելու նպատակով ի գործ դրուող ջանքերն ու անոնց անհրաժեշտ կարիքներու ապահովումը», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի։
Ան յայտնեց, որ քննարկումներէն զանց չառնուեցան նաեւ լիբանանցիներուն կենցաղային եւ ընկերային այն տագնապները, որոնց ծանրութեան տակ կը գտնուին լիբանանեան հասարակութեան լայն խաւերը։
«Նախագահին վստահեցուցինք, որ ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայել մնայուն կապ պահպանելու միջազգային մարմիններուն, ինչպէս նաեւ եղբայրական ու բարեկամ երկիրներուն հետ՝ նպատակ ունենալով գտնել այս դաժան յարձակումն ու գործադրուող ոճրագործութիւնները կասեցնելու եւ անոնց վերջ տալու երաշխաւորուած միջոցներ», յայտնեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։
