Պատերազմը Նպատակ Ունի՞
25 Մարտ 2026
Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմը Իրանի դէմ թեւակոխեց երրորդ շաբաթը: Պատերազմը շղթայազերծողները կը նախատեսէին, որ երկրի գլխաւոր ղեկավարներու սպանութիւններով սկսած բուռն ռմբակոծութիւնները շուտով պիտի յանգեցնեն իրանեան վարչակարգի փլուզման: Գաղտնի սպասարկութիւններու նախատեսութիւնները սխալ դուրս եկան, որովհետեւ իրանեան իշխանութիւնները ոչ միայն ղեկավար պաշտօններու բացերը կրցան նորերով փոխարինել, այլ նաեւ զսպել հաւանական ըմբոստութեան փորձը: Իրան, ինչպէս սպառնացած էր, հեռավար հրթիռներով յարձակումներ գործեց Իսրայէլի վրայ եւ չէզոքացուց հարեւան արաբական երկիրներու ամերիկեան ռազմակայաններու լրտեսական սարքերը: Հորմուզի նեղուցին փակումը թշնամի համարուող նաւթատարներու առջեւ ստեղծեց ուժանիւթի հայթայթման սուր տագնապ եւ ցնցեց համաշխարհային տնտեսութիւնը:
Նախագահ Թրամփ, ձեւացնելով, որ բարեացակամօրէն կ՛արձագանգէ Իրանէն եկող խնդրանքի մը, ընդունեց Թուրքիոյ, Փաքիստանի եւ Եգիպտոսի միջնորդութիւնը եւ հնգօրեայ բանակցութիւններու ձեռնարկեց Իրանի հետ: Պատերազմին անարդար բնոյթը ակներեւ է ամբողջ աշխարհին համար, սկսած ամերիկեան հանրային կարծիքէն մինչեւ եւրոպական երկիրներ եւ այլուր: Արդարացման դժուարութիւնը բացայայտ է, արտայայտուած Միացեալ Նահանգներու նախագահին հակասական յայտարարութիւններով եւ պատերազմի նպատակներու յաճախակի փոփոխութիւններով:
Պատերազմի հրձիգ Իսրայէլի հետապնդած նպատակները չեն համընկնիր Միացեալ Նահանգներու նպատակներուն հետ, եթէ սահմանուած նման նպատակներ գոյութիւն ունին: Նոյնիսկ յաղթանակը չի կրնար իրագործել, մօտաւոր ապագայի մը ընթացքին, այնպիսի փոփոխութիւն, որ յագուրդ կու տայ թէ՛ մէկուն եւ թէ՛ միւսին աշխարհակալական ախորժակներուն: Ինչո՞ւ կը կատարուի այսքան քանդում, ինչո՞ւ մարդկային կեանքեր կ՛ոչնչանան, ի վերջոյ որ մէկ լաւ արդիւնքին հասնելու համար, Թրամփի նախատեսած աւելի ապահով, աւելի արդար աշխարհ մը թեւակոխելու համար: Այս պատերազմը արդար հեռանկար չունի, անարդար է, չըսելու համար` անբարոյական:
Երբ պատերազմի նախատեսութիւնը հրապարակի վրայ էր, Լիբանանի կառավարութիւնը զգուշացուցած էր Հըզպալլա կազմակերպութիւնը չմիջամտելու: Հըզպալլա անգամ մը եւս նախազգուշացումը անտեսեց եւ ռմբակոծեց Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող բնակութեան վայրերը: Իսրայէլ հակազդեց լայնածաւալ ռմբակոծումներով, որոնց գլխաւոր թիրախները հարաւային Լիբանանն են եւ Պէյրութի արեւմտեան արուարձանները: Իսրայէլ, ռմբակոծելէ եւ քանդելէ առաջ կը պահանջէ դատարկել ամբողջ շրջաններ: Գաղթական դարձած լիբանանցիներու թիւը արդէն կը գերազանցէ մէկ միլիոնը. թիրախաւորումներ կը կատարուին Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ. Պէյրութ, Պեքա, Լեռնալիբանան, Շուֆ: Ամէն տեղ ահռելի քանդումներ, մահեր ու կորուստներ: Հըզպալլա, որ սկզբունքով դատարկած էր Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող իր բոլոր ռազմակայանները, նոյն շրջանին մէջ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ Իսրայէլի ցամաքային թափանցումներուն դէմ: Իսրայէլ կը քանդէ նոյն շրջանը հիւսիսին կապող կամուրջները: Լիբանան կը տուժէ, երկիրը կը քանդուի պատերազմով մը, որ կը մղուի Իսրայէլի եւ լիբանանեան հատուածի մը միջեւ: Կառավարութիւնը դէմ է պատերազմին, կ՛ուզէ բանակցիլ, բայց չի յաջողիր իրագործել: Կատարեալ անել է, անելանելի թնճուկ:
Պատերազմի բոլոր թատերաբեմերուն վրայ հայեր կ՛ապրին: Թէեւ առայժմ ուշագրաւ վտանգներու չեն ենթարկուած, սակայն բախումներուն երկարաձգումը կրնայ անակնկալ վհանգներ յառաջացնել: Զգօնութիւնը, միակամութիւնը, արթուն հսկողութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ են: Մեր ապրած երկիրներու ապահովութեան նպաստելը, դժուար ժամանակներ դիմագրաւող հանրութիւններու նկատմամբ բարեացակամ վերաբերումը, օժանդակութիւնը անհարժեշտ նուազագոյնն են: Աստուած պահապան Լիբանանին եւ հայ գաղութներուն:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ
