«Ուրացման Արատ»ը Խորագրուած Ցոյցեր Համալսարաններու Մէջ
09 Փետրվար 2019
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, 5 Փետրուարին, հայ ուսանողական միութիւններու համախմբումը հանդիսացող՝ Համահայկական ուսանողական միութիւնը (All-ASA) Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման բողոքի լուռ ցոյցեր իրականացուց Միացեալ Նահանգներու շարք մը համալսարաններու մէջ, համագործակցութեամբ՝ ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական միութեան, ՀԵԴի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի մարմիններուն, ինչպէս նաեւ՝ «Ալֆա Կամա Ալֆա» եւ «Ալֆա Էփսիլոն Օմեկա» ուսանողական ընկերակցութիւններուն:
2011էն ի վեր, ամէն տարի տեղի ունեցող «Ուրացման Արատ» ընդհանուր խորագիրին տակ բողոքի ցոյցերուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ նոյն ժամանակ դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ յառաջ մղուող ուրացման արշաւը եւ անոր մէջ Միացեալ Նահանգներու մեղսակցութիւնը: Անոնց ընթացքին կը շեշտուի, որ ոգեկոչումները պէտք չէ սահմանափակել միայն Ապրիլ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցող ձեռնարկներով, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը ամէն օր իր հետեւանքները զգալի կը դարձնէ հայութեան վրայ։
Ցոյցերուն զուգահեռ, արշաւներ տեղի ունեցան ընկերային ցանցերու միջոցաւ՝ հետեւեալ հասցէներով՝
#StainOfDenial, #ArmenianGenocide եւ #DivestTurkey։
Այս տարուան ցոյցերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ համալսարանները՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկոյի, Ռիվըրսայտի, Լոս Անճելըսի, Ըրվայնի եւ Սանթա Պարպարայի մասնաճիւղեր, Հարաւային Քալիֆորնիոյ, «Քալ Փոլի Փոմոնա», Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղ, «Լոյոլա Մերիմաունթ» եւ «Քոլոմպիա»։
Համահայկական ուսանողական միութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.all-asa.org կայքը:
asbarez.com