Խմբագրական. Կանանց Տօնէն Դէպի Իրաւահաւասարութիւն (Մարտ 8-ի առիթով)
08 Մարտ 2019 Միջազգային տօնացոյցը հետզհետէ յագեցած պատկեր կը ստանայ։ Այս ընթացքը կը համոզէ, որ իւրաքանչիւր օր միջազգային հնչեղութիւն պիտի ապահովէ, նուիրուած ըլլալով յատուկ թեմայի։ Մարդու իրաւունքներ, կանանց, հայրերու, մայրերու, դիւանագէտի, սիրոյ, հանդուրժողութեան, քաղցկեղի, բանաստեղծութեան, անտառներու, ….։ Տարուան մէջ նշելի 160-էն աւելի թեմաներու շարքին մէջ օրեր կան, որոնք երկու տօնի յատկացուած են եւ միջազգային հանրութեան կը յուշեն նշել երկուքը հաւասարապէս միեւնոյն օրը։ Ընտրուած թեմաներէն շատեր համամարդկային բնոյթ ունին, ուրիշներ իրենց ձեւակերպումներով կը յուշեն քաղաքական էութիւնը։Համամարդկային երեւոյթներու անդրադարձող տօները ժամանակի ընթացքին ստացած են գաղափարաքաղաքական գունաւորում եւ անոնց նշման ընթացքին այս կամ այն պետութեան կամ հասարակարգին կողմէն առիթ նկատուած քաղաքական խնդիրներ բարձրացնելու։

Կանանց միջազգային օրը ընկերվարական հայեցակէտերէ արծարծուող թեմայի հանգամանքներէն կտրուկ անցում կատարած է խորհրդային համակարգի կողմէ որդեգրուած տօնի կարգավիճակի։ Ընկերաբանական եւ մարդկային իրաւունքներու խնդիրներուն առընթեր եւ գուցէ անոնցմէ աւելի այս տօնին հնչած են խորհրդային համակարգի քաղաքական վարքագիծի համահունչ յայտարարութիւնները, պետական ամենաբարաձր ամպիիոններէն։
Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ միայն խորհրդային միութիւնն էր, որ քաղաքական երանգ եւ շեշտադրումներ կու տար կանանց միջազգային օրուան։ Աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ կանանց իրաւունքներու խնդիրը գաղափարախօսականէն աւելի ընտրական արշաւներու առիթով հրապարակուող ծրագիրներու կը կապուի եւ կը շահարկուի քաղաքական տարբեր շրջանակներու կողմէ վարկանիշեր ապահովելու համար։
Բայց ի վերջոյ ի՛նչն է բուն խնդիրը այսօր, որ կանանց իրաւունքներու ոչ միայն օրուան առիթով, այլ հասարակական տարբեր քննարկումներու ընթացքին կ՛արծարծուի։ Երբ կանանց միջազգային օր կը ձեւակերպուի կամ պետական տարբեր կառոյցներու կամ կառավարման մարմիններու կազմութեան մէջ կիներու մասնակցութեան չափաբաժինը կը կանոնակարգուի, այդ պարագային արդէն ենթագիտակցութիւններու մէջ կ՛ուրուագծուի իրաւազրկումի գաղափարը։
Բնական է, որ իւրաքանչիւր միջավայրի մէջ տարբեր ընկալում ունի այս խնդիրը։ Եթէ տեղ մը 21-րդ դարուն կանանց վարորդական իրաւունքի շնորհումը յառաջդիմական քայլ կը համարուի այլ տեղ զինուորական ծառայութենէ զերծ մնալը իբրեւ առանձնաշնորհում կը մեկնաբանուի։
Խնդիրը առաւելաբար իր ընդհանուր մէջ անհրաժեշտ է դիտարկել մարդու իրաւունքներ հասկացողութեան ընդհանուր պարունակին մէջ, եթէ այսօրուան եզրոյթը օգտագործելով պիտի խօսինք սեռային իրաւահաւասարութեան մասին։
Ւրաքաչիւր միջավայր ստեղծած է ընկալումի իր իւրայատուկ տուեալները, կարծրատիպերը։ Այդ կարծրատիպերը չեն օգներ անշուշտ սեռային ամբողջական իրաւահաւասարութեան կայացման։
Կարելի չէ չնկատել սակայն ընդհանուր միտումը մեր ապրած միջավայրերուն մէջ՝ Հայասատնէն Լիբանան, ուր կանանց հետզհետէ լիիրաւ մասնակցութիւնը հասարակական կեանքին կը ձգտի առաջադրած իրաւահաւասարութեան կայացման։ Պարզ հայեցաք մը այս պարագային պետական հաստատութիւններու մէջ կիներու ներկայութեան կը համոզէ արդէն, որ պատկերը նոյնը չէր համեմատաբար հինգ կամ տասի տար առաջ։
Ժողովրդավար երկիրներու մէջ Սահմանադրութիւները կը խօսին քաղաքացիներու համահաւասար իրաւունքներու մասին։ Այնտեղ չկայ որեւէ իրաւազրկում կամ սահմանափակում։Խնդիրը հասարակական կարծրատիպերուն կը վերաբերի։ Սեռային իրաւահաւասարութիւնը չափաբաժիններէ կամ օրինականացումներէ անդին գիտակցական ընկալումի հետ կապուած է. յամենայնդէպս ժամանակը ի նպաստ այդ առաջադրանքի իրականացման կը թուի ըլլալ։
aztagdaily.com