Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Ընդունեց Արցախի Պատուիրակութիւնը
19 Մարտ 2019
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Արցախի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Արցախի Շահումեան շրջանի վարչական կազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:
Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ լիբանանահայութեան իրականութեան:
Քննարկուեցան նաեւ արցախեան վերջին իրադարձութիւնները եւ յատկապէս լիբանանահայութեան ներգրաւուածութիւնը Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման եղանակներուն:
aztagdaily.com