ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Հայ Օգնության Միություն
  • Լուրեր

ՀՕՄի 115 Ամեակի Նուիրուած Երեկոն Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

06 Մայիս 2025

Կլէնտէյլ, Քալիֆ.- Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանը տօնախմբեց ՀՕՄի 115 ամեակը, կազմակերպելով «Միասնաբար բարձրանանք – յոյսի եւ բարեգործութեան» երեկոյ մը, 27 Ապրիլ 2025-ին, Կլէնտէյլի «Reflections Venue» սրահէն ներս։ Սրահը լիովին լեցուած էր 353 հիւրերով:

Տարեսկիզբին համատարած անտառային հրդեհներուն պատճառով ձեռնարկը երկու անգամ յետաձգուելէ ետք, վերջապէս բարեփոխուած ծրագրով մը տեղի ունեցաւ։ Շրջանային Վարչութիւնը այս առիթով պատուեց երկու ընկերուհիներ որոնք իրենց ամբողջ կեանքը ՀՕՄին նուիրած են՝ Մաքօ Մկրտիչեանն ու Խաթուն Բագրատունին։ Իսկ ընկերուհի Տոքթ. Իտա Քարայեանը մեծարուեցաւ ՀՕՄի հոգեբանական կեդրոնի ղեկավարման եւ նուիրումին համար։

Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Քրիստինա Ամիրեան Խանճեանը ձեռնարկի ընթացքին յայտնեց թէ ձեռնարկը յատուկ է քանի որ երկու երիտասարդ անդամուհիներ՝ Արենի Համբարեանն ու Վերժինի Թուլումեանը հանդիսավարութիւնը կը կատարէին հայկական վարժարարններէ ստացած իրենց ուսումը ցոլացնող երկլեզու ներկայացումներով։ Իսկ Արեւմտեան Շրջանի առաջին մասնաճիւղի՝ Մայր Ֆրեզնոյի անդամներէն մին, ընկհ. Անժէլ Օհաննէսեանը Ֆրեզնոյէն ի վեր եկած էր քայլերգները երգելու։ Կազմակերպիչ յանձնախումբի կամաւորները, գլխաւորութեամբ յանձնախումբի ատենապետուհի Նանիկ Գիւփէլեանը (Արազ Մասնաճիւղէն), մինչեւ վերջին վայրկեանը աշխատած էին ներկաներուն լաւ ձեւով հիւրընկալելու համար։

Ընկհ. Գիւփէլեան ձեռնարկի բացման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, կամաւորներուն եւ ներկաներուն։

Գերաշնորհ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Առաջնորդ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի, սեղաններու օրհնութիւնէն ետք իր սրտի խօսքը փոխանցեց, նշելով թէ առաջնորդական պաշտօնի բերումով երեք ցամաքամասերու վրայ ականատես եղած է կնոջ կարողութիւններուն, եւ աւելցուց որ կարողութիւնները որքան աւելի կ՚ըլլան «եթէ այդ կինը ՀՕՄի շարքերուն մէջն է. հայ կնոջ կարողականութիւնը զարգացնող կազմակերպութիւն է ՀՕՄը»։ Սրբազանը դիտել տուաւ՝ եթէ ՀՕՄը գործ մը յանձն առնէ, ոչ միայն կը կատարէ, այլեւ տեղն ալ կը հասցնէ։

Գեղամ Արք. Խաչերեան, Առաջնորդ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Թուլումեանն ու Համբարեանը իրենց հմուտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ փոխն ի փոխ հանդիսավարելով մեծապէս տպաւորեցին ներկաները։ Նախ իրար ծանօթացուցին, յետոյ ներկայացուցին հիւրերը եւ մեծարեալները։ Հիւրերու կարգին էին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Ատենապետ եւ Հովիւ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Եղիա քհնյ. Իսայան, Քալիֆորնիայի Ծերակոյտի 25րդ ընտրաշրջանի ներկայացուցիչ անդամ Սաշա Ռընէ Փերեզը, Կլէնտէյլ քաղաքի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան, Գանձապահուհի Անի Քէշիշեան եւ Խորհրդական ու շրջանիս կապը՝ Ժարմէն Միրզախանեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴի, ՀՄԸՄի, Համազայինի, Հայ Դատի, եւ այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու ներկայացուցիչները։

Ծերակոյտի անդամ Փերեզը եւ քաղաքապետ Նաճարեանը արդէն իսկ ընկհ. Խանճեանին փոխանցած էին մէկական շնորհաւորական հաստատագիրներ։

Ցուցադրուեցաւ Շրջանային Վարչութեան պատրաստած յատուկ տեսաերիզը ՀՕՄի տեղական եւ համաշխարհային աշխատանքները ցոլացնելու համար։ Ապա, մոմավառութիւն կատարուեցաւ մասնակցութեամբ 80 նուիրատուներու։

Շրջանային Վարչութեան պատգամը փոխանցեց Ատենապետուհի Քրիստինա Ամիրեան Խանճեան որ յիշեց թէ իր մեծ մօրը մեծագոյն ուրախութիւնը իր թոռներուն Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցող ՀՕՄի ձեռնարկներու տանիլ էր։ Մեծ մօր դուստրը, հարսը եւ խնամիները 1918-ին հիմնուած ՀՕՄի Մայր Հոլիվուտի մասնաճիւղի անդամներ էին։ Ընկհ. Խանճեանը միացած էր ՀՕՄի շարքերուն ի յիշատակը իր մեծ մօրը։

Ան ներկայացնելով երեք ընկերուհիները որոնք պիտի մեծարուէին այդ իրիկուն ըսաւ թէ իր յիշողութեան սկիզբէն ի վեր, ընկհ. Մաքօ Մկրտիչեանը միշտ կը գրէր, կը դասաւանդէր եւ կը դասախօսէր ՀՕՄի մասին։ Ինքն ու իր քոյրը ընկհ. Մկրտիչեանին Արաքս Մասնաճիւղի դպրոցի աշակերտներէն եղած էին։

Ատենապետուհին դիտել տուաւ թէ ընկհ. Խաթուն Բագրատունին կը շարունակէ կամաւորաբար ծառայել եւ մեզի կը յիշեցնէ թէ ինչ է ՀՕՄ-ուհի ըլլալը, մինչ ինք կը շարունակէ ներկայ գտնուիլ իր մասնաճիւղի ժողովներուն եւ ձեռնարկներուն, եւ նոյնիսկ մեր կանոնագրային յանձնախումբի անդամ է։

Իսկ ընկերուհի Տոքթ. Իտա Քարայեանին մասին ըսաւ որ ան տեսլական եւ մտապատկերացում ունեցած է իբրեւ գաղութային ղեկավար, հոգեբոյժ մը որ կը շարունակէ մեծաթիւ հաճախորդներու խորհրդակցութիւն փոխանցել, ինչպէս նաեւ այդ մենթորը որ հոգեբոյժութեան ուսանողուհիներու օգնած է որ իրենց արտօնագիրներու պայմանները լրացնեն։

Ընկերուհի Խանճեանը դիտել տուաւ թէ ձեռնարկին հասոյթը պիտի ծառայէ տեղական ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ օգնելու գաղութի անդամները որոնք կրակներու պատճառով տուժած են։ Ան նշեց թէ ՀՕՄի հոգեբանական կեդրոնն ու ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակները արդէն իսկ սկսած են ու կը շարունակեն օգնել, եւ յոյս յայտնեց որ ՀՕՄը կրնայ անվճառ ծառայութիւնները շարունակել աւելի մեծ թիւով մարդոց օգնելու։ Միւս կողմէն ան յիշել տուաւ թէ ՀՕՄի շաբաթօրեայ դպրոցները կը պատրաստեն մեր շրջանի նոր ղեկավարները, իսկ կրթանպաստներէն կ՚օգտուին մեր շրջանի ուսանողները։ Նկատի ունենալով թէ մեծ թիւով նոր անդամներ միացած են ՀՕՄի շարքերուն վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, ան իր վարչութեան հրճուանքը փոխանցեց ի տես նոր սերունդին պատրաստակամութեան այս միութիւնը առաջ տանելու համար։

Ընկհ. Խանճեան յայտնեց թէ շրջանս արդէն իսկ 300 հազար տոլար փոխանցած է ՀՕՄի միջազգային համամարդկային ծրագիրներուն համար, մինչ այդ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւելեան եւ Գանատայի շրջաններու Շրջանային Վարչութիւններուն եւ մասնաճիւղերուն որոնք իրենց նուիրատուութիւնները փոխանցեցին անտառային հրդեհներէ տուժածներու համար։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ՀՕՄի կամաւորներու ընտանիքներուն որոնք թիկունք կանգնած են որ ՀՕՄի անդամները կարենան իրենց աշխատանքները լրացնել, ան իր խօսքը վերջացուց «Կեցցէ՛ ՀՕՄը» ըսելով։

ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եղող երեք ընկերուհիները միացան ընկհ. Խանճեանին որ մեծարուող ՀՕՄուհիներուն յիշատակելի նուէրները փոխանցեց։ Մաքօ Մկրտիչեանը հայուհիներուն դրուատեց խտացնել ՀՕՄի շարքերը որպէսզի ՀՕՄը հասնի մեր ժողովուրդի բազմատեսակ կարիքներուն։ Ան մէջբերեց Նժդեհի խօսքը, որ ազգերը անտարբերութեամբ ինքնասպան կ՚ըլլան եւ յորդորեց ազգին տարապանքէն ծնունդ առած այս միութեան ծառայել։

Խաթուն Սրապեան Բագրատունին դիտել տուաւ թէ մեր ներկայ երիտասարդութիւնը մեր հարստութիւնն է, պէտք է օգտագործել երիտասարդութեան կարողականութիւնը իրենց գիտելիքներով, գիտակցութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ, պէտք է գնահատել տարբեր մտածողները, նորարարութեան հանդէպ յարգանք ունենալ, նոյնիսկ եթէ անգլերէնով կը խօսին, մինչ սիրտերնին հայերէն կը տրոփէ։

Տոքթ. Իտա Քարայեանը միայն երեք ժամ առաջ Հայաստանէն վերադարձած էր, յայտնեց թէ այս բոլորը չէր կրնար ընել առանց երիտասարդներու ներդրումին։ Ան շեշտեց թէ բոլորին ներդրումը շատ կարեւոր է եւ կը յուսայ որ կը շարունակեն։

Մինչ Վահէ Մանկասարն ու Քրիստին Հովհանը դասական երգացանկով ելոյթ կ՚ունենային, ներկաները սեղանէ սեղան երթալով իրենց շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէին մեծարեալներուն, յիշատակներ մէջբերելով եւ շնորհաւորութիւններ եւ մաղթանքներ փոխանցելով։ Կարգ մը ներկաները այնքան տպաւորուած էին մեծարեալներով, որ նոյնիսկ անծանօթ ըլլալով անոնց մօտեցան իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցելու։ Յայտագիրը աւարտած ըլլալով հանդերձ, ներկաները տակաւին կը շրջէին սրահէն ներս մնաք բարով ըսելէ առաջ զրուցելու։

Յուսադրիչ էր նոր սերունդի ներկայութիւնը սրահէն ներս, որ ՀՕՄի շարունակականութիւնը պիտի ապահովէ։ Այս ձեռնարկը դարձեալ ապացուցեց թէ ՀՕՄի համամարդկային ծրագիրներու իրագործումը պիտի շարունակուի՝ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար՝ 115 Տարի անխոնջ նուիրում» լոզունքին համաձայն:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Իշխան Սաղաթելյանը հանդիպել է Եվրոպայի

Բրյուսել աշխատանքային այցի շրջանակում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացո

15 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւա

Վարշաւայի անվտանգութեան ֆորումի շրջածիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարա

15 Հոկտեմբեր 2026
Իշխան Սաղաթելյանը հանդիպել է Հանա Ջալո

Աշխատանքային այցով Բրյուսելում գտնվող՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայաց

14 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի համաշխարհային գործունէութիւն

«Հորիզոն» Մետիայի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Պէլեանի զրուցակիցն է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դ

14 Հոկտեմբեր 2026
Կեցցե՛ Փաշինյանի «ժողովրդավարությունը»

Նիկոլ Փաշինյանը բացարձակ անհանդուրժող է յուրաքանչյուրի նկատմամբ, որն իր հետ հա

13 Հոկտեմբեր 2026
Իշխան Սաղաթելյանը Մանյատիսի հետ հանդիպ

Իշխան Սաղաթելյանը Մանյատիսի հետ հանդիպմանն անդրադարձել է Բաքվում պահվող հայ գե

13 Հոկտեմբեր 2026
Հետամուտ ենք լինելու Արցախահայության ս

Սեպտեմբերի 23-ին իմ նախաձեռնությամբ տեղի ունեցած, Էթնիկ զտման արդյունքում բռնի

13 Հոկտեմբեր 2026
Սիրանուշ Սահակեան Օթթաուայի մէջ գանատա

ՕԹԹԱՈՒԱ— Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան հոկտեմբեր

13 Հոկտեմբեր 2026
Սիրանուշ Սահակեան Մոնթրէալի մէջ ներկայ

ՄՈՆԹՐԷԱԼ— Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան հինգշաբթի

13 Հոկտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը և խմբակցության քարտուղար Ար

12 Հոկտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության անդամները հանդ

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար, Հայաստան-Իրան բարեկամական խմբի անդամ Աննա

12 Հոկտեմբեր 2026
Իշխան Սաղաթելյանը Փարիզում հանդիպել է

Աշխատանքային այցով Փարիզում գտնվող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցի

10 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դամբան

Ստորեւ կը ներկայացնենք 9 Հոկտեմբեր 2026-ին, Վանգուվըրի մէջ, հանգուցեալ ընկհ. Մ

10 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Ե

Թարգմանչաց տօնի նշումը դասական առումով մեր մղած ինքնութեան եւ մշակութային պատե

10 Հոկտեմբեր 2026
Փաշինյանը պատմական ճշմարտության խայտառ

«Չէի ցանկանա որևէ ռեպլիկ մեկնաբանել, բայց Բիշքեկում կայացած Փաշինյան-Պուտին հա

09 Հոկտեմբեր 2026
Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակ

Երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2026-ին ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչա

09 Հոկտեմբեր 2026
Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափո

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքով հետաքրքրուած ազգայիններ յաճախ հարց

09 Հոկտեմբեր 2026
Ռոստոմի «Վնասակար տարրեր» տեսությունը.

«Ամէն անգամ, երբ յեղափոխական փոքրամասնութեան անձնուէր, տոկուն եւ անվճար գործու

09 Հոկտեմբեր 2026
Արցախյան գոյամարտը․ անցյալի իմաստավորո

Արցախի Հանրապետության հռչակման 35-ամյակը լրացավ մի իրականության մեջ, երբ Արցախ

09 Հոկտեմբեր 2026
Ինքնութիւն, նկարագիր, դիմագիծ

Հարցեր կան որոնք պարբերաբար, եթէ ոչ տե՛ւաբար կը վերադառնան մեր ուշադրութեան, կ

09 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company