ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմութիւն, իրադարձութիւններ, գործիչներ

Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան (1900-1973). ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ար­դա­րա­հա­տոյց բա­զու­կը

12 Ապրիլ 2019 Ապ­րիլ 12ին կ­’ո­գե­կո­չենք ան­մար յի­շա­տա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին հե­րոս­նե­րու եւ ար­դա­րա­հա­տոյց վրի­ժա­ռու­նե­րու փա­ռա­պանծ փա­ղան­գին ան­վե­հեր մար­տիկ­նե­րէն Ար­շա­ւիր Շի­րա­կեա­նի։

Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ, 12 Ապ­րիլ 1973ին, իր պարտ­քը կա­տա­րած մար­դու ան­դոր­րու­թեամբ, ցա­ւա­տանջ իր աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց ­Հա­յոց Նե­մե­սի­սի քա­ջա­սիրտ Ա­հա­բե­կի­չը։

Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու թրքա­կան պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պա­տու­հա­սող դաշ­նակ­ցա­կան ար­դա­րա­գործ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան հան­դի­սա­ցաւ ա՛յն իւ­րա­յա­տուկ դէմ­քը, որ իր ա­ռա­քե­լու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ եւ յանձ­նա­ռու­թեամբ գոր­ծեց։

Բա­րա­ցու­ցա­կան է, որ իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, 1965ին, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով լոյս ըն­ծա­յած իր յու­շե­րը Շի­րա­կեան կո­չեց «Կ­տակն էր ­Նա­հա­տակ­նե­րուն»։

Տար­բեր բնու­թագ­րում չէր կրնար ու­նե­նալ թուրք ջար­դա­րար­նե­րու դէմ գոր­ծադ­րո­ւած մա­հա­պա­տի­ժը. սոս­կա­կան ա­հա­բե­կու­մէ մը շատ ա­ւե­լին էր. ըստ ա­մե­նայ­նի «Կ­տա՜կն էր ­Նա­հա­տակ­նե­րուն»։

Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի կը պատ­կա­նի ­Նե­մե­սիս ­Գոր­ծո­ղու­թեան վե­րա­բե­րեալ այն յստա­կա­ցու­մը, թէ «­Մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը չու­նէր մար­դաս­պա­նա­կան ո­րե­ւէ ծրա­գիր։ Ա­նի­կա պար­զա­պէս ար­դար պա­տի­ժի են­թար­կեց ա՛յն յան­ցա­գործ­նե­րը, ո­րոնք ի բա­ցա­կա­յու­թեան դա­տո­ւած եւ մա­հո­ւան դա­տա­պար­տո­ւած էին։ Իսկ հայ դա­ւա­ճան­նե­րը կը գլխա­ւո­րէին մեր ցու­ցա­կը»։

Հայ ար­դա­րա­հա­տոյց բա­զու­կը ծնած էր 1900ին, ­Պո­լիս։ ­Ման­կու­թիւ­նը ան­ցուց 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հե­տե­ւած ­Պոլ­սա­հայ ա­զատ ու ծաղ­կուն մթնո­լոր­տին մէջ։ ­Պա­տա­նի տա­րի­քէն ապ­րե­ցաւ ու կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ւո­րա­կան­նե­րու մտեր­մու­թեան մէջ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ 1915ին, երբ ցե­ղաս­պան թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը իր ա­ռա­ջին հա­րո­ւա­ծը ուղ­ղեց ­Պոլ­սոյ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, ­Շի­րա­կեան կո­չո­ւե­ցաւ պա­տա­նի սուր­հան­դա­կի ա­ռա­քե­լու­թեան,, որ­պէս­զի հայ մատ­նիչ­նե­րու դա­ւա­ճա­նա­կան ցուց­մունք­նե­րուն դէմ զգու­շաց­նէ ընդ­յա­տա­կեայ գոր­ծու­նէու­թեան ան­ցած հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը։

Մին­չեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւարտն ու զի­նա­դա­դա­րը, Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան ամ­բող­ջա­կան փա­րու­մով գոր­ծեց Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Պոլ­սոյ կազ­մա­կեր­պու­թեան շար­քե­րուն մէջ։ ­Մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ ­Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան ­Զի­նո­ւո­րա­կան Ա­տեա­նին կող­մէ Իթ­թի­հա­տի պա­րագ­լուխ­նե­րու (ի բա­ցա­կա­յու­թեան) դա­տա­վա­րու­թեան։ ­Վար­չա­պետ Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յի, ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Թա­լէա­թի եւ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­ներ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի, ­Ճե­մալ Ազ­միի, ­Նա­զը­մի եւ միւս­նե­րուն դէմ Ա­տեա­նի ար­ձա­կած մա­հա­պա­տի­ժի դա­տավ­ճիռ­նե­րը, դա­տա­պար­տո­ւե­լով մե­ռեալ տառ մնա­լու ճա­կա­տագ­րին, նոր ընդվ­զու­մի եւ ցա­սու­մի կրա­կը բոր­բո­քե­ցին ար­դէն ե­րի­տա­սարդ գոր­ծի­չին մէջ։ Եւ երբ 1919ին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած իր 9րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շեց, «­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թեան ձեռ­նար­կե­լով, ի՛նք ի­րա­գոր­ծել թուրք ջար­դա­րար­նե­րու մա­հա­պա­տի­ժը, Ար­շա­կիր ­Շի­րա­կեան ա­ռա­ջին­նե­րէն ե­ղաւ, որ ներ­կա­յա­ցաւ «­Նե­մե­սիս»ի ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մարմ­նին՝ իր սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­լով։

Շի­րա­կեան կը լրաց­նէր անհ­րա­ժեշտ բո­լոր պայ­ման­նե­րը, որ­պէս­զի նկա­տի առ­նո­ւէր «­Նե­մե­սիս»ի ար­դա­րա­հա­տոյց ա­հա­բե­կիչ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ։ ­Գա­ղա­փա­րա­կան եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան պատ­րաս­տու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս ու­նէր։ ­Կազ­մա­կերպ­չա­կան ու­շագ­րաւ փորձ ու­նէր ­Պոլ­սոյ մէջ ընդ­յա­տա­կեայ գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Մար­տա­կան գոր­ծի­չի խի­զա­խու­թեամբ եւ քա­ջա­սիրտ նկա­րագ­րով կը յատ­կան­շո­ւէր։

Չու­շա­ցաւ ­Շի­րա­կեա­նի ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թեան յանձ­նա­րա­րա­կա­նը։ Ք­սա­նա­մեայ հա­յոր­դիին վստա­հո­ւե­ցաւ թուրք ջար­դա­րար­նե­րու գլխա­ւոր գոր­ծա­կից­նե­րէն ­Վա­հէ Իհ­սա­նի (Ե­սա­յեան) ա­հա­բե­կու­մը։ Իհ­սան ի՛նք կազ­մած էր ցու­ցա­կը ­Պոլ­սոյ այն հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն, ո­րոնք 24 Ապ­րիլ 1915ին զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թեան են­թար­կո­ւե­ցան։

27 ­Մարտ 1920ին, ­Պոլ­սոյ մէջ, ­Շի­րա­կեան ի­րա­գոր­ծեց Իհ­սա­նի դէմ ար­ձա­կո­ւած Դաշ­նակ­ցու­թեան մա­հա­պա­տի­ժի ո­րո­շու­մը։

Շի­րա­կեան հե­ռա­ցաւ ­Պո­լի­սէն եւ ան­ցաւ Ե­րե­ւան, ուր Ա­րամ Եր­կա­նեա­նի հետ նոր ա­ռա­քե­լու­թեան մը կո­չո­ւե­ցան։ ­Թիֆ­լի­սի մէջ ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տան­քի ժա­մա­նակ, եր­կուքն ալ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան, բայց անհ­րա­ժեշտ ա­պա­ցոյց­նե­րու չգո­յու­թեան հե­տե­ւան­քով ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցան։ Ար­շա­ւիր վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս, ուր­կէ 1921ի ա­մա­ռը նոր յանձ­նա­րա­րա­կա­նով ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Հ­ռոմ։

Շի­րա­կեա­նի վստա­հո­ւած էր իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ ­Սա­յիտ Հա­լիմ փա­շա­յի ա­հա­բե­կու­մը։ ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րու ա­մէ­նէն տա­րեց ան­դամն էր, նաեւ՝ ա­մէ­նէն մե­ծա­հա­րուս­տը, որ ի վի­ճա­կի էր լա­ւա­գոյնս թաքց­նե­լու իր հետ­քե­րը։ ­Բայց «­Նե­մե­սիս»ի յան­դուգն հե­տա­խոյզ­նե­րը ի վի­ճա­կի ե­ղան գտնե­լու ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յի թագս­տո­ցը եւ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան, 5 ­Դեկ­տեմ­բեր 1921ին, Հ­ռո­մի փո­ղոց­նե­րուն վրայ գե­տին փռեց ցե­ղաս­պան թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ա­տե­նի վար­չա­պե­տը։

Գոր­ծո­ղու­թիւ­նը դար­ձեալ «մա­քուր» էր եւ հայ ա­հա­բե­կի­չը ա­ռանց հետք ձգե­լու հե­ռա­ցաւ ար­դա­րա­հա­տուց­ման… բե­մէն։

Ա­հա՛ եւ գոր­ծո­ղու­թեան նկա­րագ­րա­կա­նը՝ Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի բա­ռե­րով, «Կ­տակն էր Նա­հա­տակ­նե­րուն» գոր­ծէն.

«1921, ­Դեկ­տեմ­բե­րի 5: Ա­ռա­ւօտ շատ կա­նուխ դուրս ե­լայ սե­նեա­կէս: ­Նա­խորդ գի­շե­րը մաք­րած էի ատր­ճա­նակս եւ փամ­փուշտ­ներն ալ համ­րած:

«­Թարմ-թարմ ա­ծի­լո­ւած էի եւ լո­գանք մը ա­ռած, ու ամ­բողջ կէս սրո­ւակ օ տը քո­լո­նիա­յով մար­մինս շփած էի: ­Ճեր­մա­կե­ղէն­նե­րէս մին­չեւ հա­գուստ­ներս եւ գլխարկս, ար­թիս­թի սեւ գլխարկս, նոփզ­նոր. ու­սա­նո­ղի կամ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի սեւ փող­կապ մը դրած էի. կար­ծես հարս­նի­քի եր­թա­յի: ­Վե­րար­կուս վրաս՝ գա­ցի փա­շա­յին դղեա­կին մօ­տե­րը, ա­ռանց Մ.ին հան­դի­պե­լու: Վճ­ռած էի այդ օրն իսկ գոր­ծը վեր­ջաց­նել՝ ա­ռանց այ­լեւս մտա­ծե­լու հե­տե­ւանք­նե­րու մա­սին:

«­Ժա­մը ճիշդ 1ին ինք­նա­շարժ մը կե­ցաւ փա­շա­յին դրան առ­ջեւ. դուրս ե­լաւ ­Թեւ­ֆիք Ազ­մին եւ պա­յու­սակ մը թե­ւին տակ ներս մտաւ. քիչ վերջ փա­շա­յին հետ դուրս ե­լան եւ ա­ճա­պա­րան­քով մեկ­նե­ցան, շատ կա­րե­ւոր գոր­ծի մը գա­ցող մար­դոց ե­րե­ւոյ­թով: Չմտա­հոգ­ւե­ցայ. այն­քան լաւ ու­սում­նա­սի­րած էի եր­թե­ւեկ­նե­րը, որ վստահ էի, որ, ուր ալ ըլ­լար, չէր կրնար հրա­ժա­րիլ իր յետ­մի­ջօ­րէի պտոյ­տէն եւ ան­պայ­ման պի­տի վե­րա­դառ­նար: Տ­րա­մա­բա­նօ­րէն, առ­նո­ւազն եր­կու ժամ պի­տի ու­շա­նար: ­Փու­թա­ցի ­Վիլ­լա Բոր­գե­զէ, ուր յա­ճախ կառ­քով, եր­բեմն ալ քա­լե­լով կու գար ան: ­Նոյ­նիսկ, օր մը, հե­տապն­դու­միս ըն­թաց­քին տե­սայ, որ թիկ­նա­պա­հին գնել տո­ւաւ ափ մը խո­րո­ված շա­գա­նակ, փո­ղո­ցի վրայ նստող շա­գա­նա­կա­վա­ճա­ռէ մը: ­Ժա­մը 12ին ա­տեն­նե­րը Մ. ե­կաւ ու հար­ցուց, թէ ին­չո՞ւ ճա­շի չէի գա­ցած մեր ու­սա­նող­նե­րուն ճա­շա­րա­նը, ուր կէ­սօր եւ ի­րի­կուն սո­վոր էինք հան­դի­պիլ:

«- Ո­րով­հե­տեւ,- պա­տաս­խա­նե­ցի,- վճռած եմ այ­սօր այս գոր­ծը գլուխ հա­նել, ա­մէն պա­րա­գա­յի տակ եւ ա­մէն գնով: Ջ­ղայ­նա­ցած էի փա­շա­յին ու­շա­նա­լէն եւ քիչ մը եւս սպա­սե­ցի ու Գ­րի­գո­րին ը­սի.- Ես տան կող­մե­րը կ­’եր­թամ: «Ա­յո՛»,- ը­սաւ ու դուրս ե­լանք եւ քա­նի մը քայլ ա­ռի՝ դառ­նա­լու հա­մար հան­րա­կառ­քին փո­ղո­ցը:

«­Հա­սայ ­Վիա ­Նո­մեն­տա­նա, ուր հան­րա­կառ­քը կե­ցաւ. ի­ջայ եւ քա­լե­լով մտայ Օս­տա­կիօ փո­ղո­ցը: ­Յան­կարծ դէմս ցցոե­ցաւ ­Հե­լե­նան: Ոս­տի­կա­նի մը հան­դի­պու­մը այն­քան չպի­տի նե­ղէր զիս, որ­քան այդ սի­րուն աղջ­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը այդ պա­հուն: Ջ­ղա­յին վի­ճա­կի մէջ պաղ վե­րա­բե­րում մը ցոյց տո­ւի: Մ­տե­րիմ­ներ դար­ձած էինք եւ աղ­ջի­կը կը զար­մա­նար իմ ա­նակն­կալ պաղ վե­րա­բե­րու­մէս: ­Տա­րօ­րի­նակ նա­յո­ւած­քով կը դի­տէր, կար­ծես ա­ռա­ջին ան­գամ զիս տե­սած ըլ­լար:

«Ան­պի­տան աղ­ջի­կը կա­տա­րեալ հար­ցաքն­նու­թեան մը սկսած էր եւ բաժ­նո­ւե­լու միտք չու­նէր: ­Ժա­մը 4ին կը մօ­տե­նար: ­Փո­ղո­ցին վա­րի կող­մը նոր շէն­քի մը շի­նու­թեան աշ­խա­տող բա­նո­ւոր­նե­րը աշ­խա­տան­քէ կ­’ար­ձա­կո­ւէին եւ, սո­վո­րա­բար, այդ ա­մա­յի ե­ղող փո­ղո­ցին մէջ բազ­մու­թիւն կար: ­Վայր­կեա­նէ վայր­կեան փա­շան կրնար հաս­նիլ: Փո­ղո­ցին խան­գա­րիչ եր­թե­ւե­կը չբա­ւէր կար­ծես, դեռ կար այս յա­մառ աղ­ջի­կը, որ ան­վերջ կը խօ­սէր ու կը ցրո­ւէր ու­շադ­րու­թիւնս:

«Եւ յան­կարծ վե­րէն լսո­ւե­ցաւ կառ­քի մը դղրդիւ­նը: ­Մէ­կէն մարմ­նէս ան­ծա­նօթ սար­սուռ մը ան­ցաւ, երբ տե­սայ հսկայ ձիե­րը, ո­րոնց բա­շե­րը հո­վէն կ­’ա­լեծ­փէին: ­Կառ­քին մէջն էր Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շան՝ իր թիկ­նա­պա­հին հետ: ­Փո­ղո­ցին միւս ծայ­րը նա­յե­ցայ. Մ. դեռ հա­սած չէր: ­Վայր­կեա­նա­պէս «ցտե­սու­թիւն» ը­սի ­Հե­լե­նա­յին՝ պա­տո­ւի­րե­լով, որ շուտ ներս մտնէ, քա­նի որ «հայրս» կու գար…

«Ան­մի­ջա­պէս քա­լե­ցի միւս մայ­թը, որ­պէս­զի լա­ւա­գոյն դիր­քով մը ա­հա­բե­կու­մը կա­տա­րեմ, բայց քա­նի մը ակն­թարթ ու­շա­ցած ըլ­լա­լուս՝ քիչ մնաց ձիե­րու տակ մնա­յի. ձեռքս վեր­ցու­ցի, բռունցքս ցցած, ձիե­րը խրտչե­ցան եւ ծա­ռա­ցան: Այդ ի­րա­րան­ցու­մին մէջ ա­րագ ոս­տու­մով մը ան­ցայ եւ ցատ­կե­ցի կառ­քին վրայ՝ կո­խե­լով ոտ­նա­տե­ղին: ­Մէկ ձեռ­քով բռնե­ցի կառ­քին յե­նա­րա­նը, քիչ մը ե­րե­րա­ցի, բայց հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնս կրցայ պա­հել: ­Մինչ թիկ­նա­պա­հը կա­ռա­պա­նին կը նա­յէր ու բա­ներ մը կ­’ը­սէր, ե­րե­ւի հասկ­նա­լու հա­մար ձիե­րուն խրտչի­լը. ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յին աչ­քե­րը հան­դի­պե­ցան աչ­քե­րուս: «Ե­րէն»,- ը­սաւ թիկ­նա­պա­հին: Այս ե­ղաւ սատ­րա­զա­մին վեր­ջին բա­ռը: Աչ­քե­րը սար­սա­փով լե­ցուն էին, երբ ատր­ճա­նա­կիս փո­ղը ուղ­ղե­ցի աջ քուն­քին եւ կրա­կե­ցի: Երկ­րորդ փամ­փուշ­տի մը հարկ չմնաց: Խռ­պոտ ձայն մը եւ փա­շան նստած տե­ղէն տա­պա­լե­ցաւ կառ­քին մէջ, գլու­խը իմ կողմս, գրե­թէ ոտ­քե­րուս տակ: ­Կառ­քը դեռ կ­’ար­շա­ւէր: ­Թեւ­ֆիք Ազ­մին, ա­ռա­ջին շփո­թէն սթա­փած, ատր­ճա­նակ մը հա­նեց ու կը պատ­րաստո­ւէր կրա­կել, երբ ատր­ճա­նա­կիս փո­ղը ա­նոր ալ ճակ­տին ուղ­ղե­լով, գո­ռա­ցի թուր­քե­րէ­նով.

«- Աթ ա­շա­ղա, կե­պեր­տի­րի­րըմ,- ­Նե­տէ՛ զէնքդ, կը սատ­կեց­նեմ…

«Հ­նա­զան­դե­ցաւ եւ ատր­ճա­նա­կը կառ­քէն դուրս նե­տեց, ա­հա­բեկ դէմ­քով: Ատր­ճա­նա­կիս կո­թո­վը այս ան­գամ սկսայ հա­րո­ւա­ծել կա­ռա­պա­նին կռնա­կին՝ պո­ռա­լով ի­տա­լե­րէն. «Աս­բե­տա, աս­բե­տա». «­Կե­ցի՛ր, կե­ցի՛ր»: ­Խեղճ կա­ռա­պա­նը վա­խէն կը դո­ղար եւ յու­սա­հա­տա­կան ճի­չե­րով զիս վկա­յու­թեան կը կան­չէր՝ ը­սել ու­զե­լով,- ­Տե՛ս, կեց­նել կ­’ու­զեմ, բայց ձիե­րը չեն կե­նար:
Կա­ռա­պա­նը չյա­ջո­ղե­ցաւ կեց­նել ձիե­րը, ո­րոնք վազ­քը շա­րու­նա­կե­ցին մին­չեւ փա­շա­յին տան առ­ջեւ եւ ինք­նա­բե­րա­բար կանգ ա­ռին: Դ­րան առ­ջեւ խափ­շիկ ծա­ռան մե­քե­նա­բար ձեռ­քը ճակ­տին տա­րաւ՝ «թե­մեն­նահ» ը­նե­լու ձե­ւով, բայց փա­շա­յին ին­կած գլու­խը տես­նե­լով՝ այդ դիր­քին մէջ քա­րա­ցած մնաց, ապ­շա­հար: Ա­ռանց կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լու ծա­ռա­յին՝ վար ցատ­կե­ցի կառ­քէն եւ ատր­ճա­նակս ցցած թե­ւովս լայն շար­ժում մը գծե­ցի շուրջս՝ թէ՛ սար­սափ ձգե­լու եւ թէ՛ փա­խուս­տիս ուղ­ղու­թիւ­նը ո­րո­շե­լու հա­մար»…

Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեա­նի ար­դա­րա­հա­տոյց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը վերջ չգտաւ ­Սա­յիտ ­Հա­լիմ փա­շա­յի մա­հա­պա­տի­ժով։ ­Հե­տե­ւե­ցաւ նոյն­քան յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ­Պե­հաէտ­տին Շա­քի­րի եւ ­Ճե­մալ Ազ­միի միա­տեղ ա­հա­բեկ­ման, որ վստա­հո­ւած էր Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան եւ Ա­րամ Եր­կա­նեան եր­կեա­կին։

Տխ­րահռ­չակ տոքթ. ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քիր ե­ղած էր հիմ­նա­դիրն ու ղե­կա­վա­րը իթ­թի­հա­տա­կան այն յա­տուկ զօ­րա­բաժ­նին, որ «յա­ռա­ջա­պահ»ի դեր խա­ղաց ­Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան ժա­մա­նակ։ Իսկ ­Ճե­մալ Ազ­մին ծա­նօթ էր իբ­րեւ «Տ­րա­պի­զո­նի հրէ­շը», որ ա­ւե­լի քան 15 հա­զար ան­զէն հա­յեր ծո­վա­մոյն ը­րած էր։

17 Ապ­րիլ 1922ին, ­Պեր­լի­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ, Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան եւ Ա­րամ Եր­կա­նեան միա­ցեալ գրո­հով մը գե­տին փռե­ցին թուրք ջար­դա­րար զոյգ հրէշ­նե­րը։ ­Նա­խա­յար­ձա­կը Շի­րա­կեանն էր, որ ա­ռա­ջին գնդա­կով զգետ­նեց ­Ճե­մալ Ազ­միին, բայց միայն վի­րա­ւո­րել կրցաւ ­Շա­քի­րին։ ­Բայց Եր­կա­նեան օգ­նու­թեան հա­սաւ եւ ու­ղիղ ճակ­տէն մէկ փամ­փուշ­տով վերջ տո­ւաւ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի յան­ցա­գործ կեան­քին։ ­Պեր­լի­նի այդ գոր­ծո­ղու­թեամբ վերջ գտաւ ­Շի­րա­կեա­նի ար­դա­րա­հա­տոյց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ ­Հայ հե­րո­սը վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տուե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­ներ, ուր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Հ.Յ.Դ. Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան կեան­քին ու աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րու լռու­թե­նէն ետք, 1965ին, ­Շի­րա­կեան լոյս ըն­ծա­յեց իր յու­շե­րը՝ «Կ­տակն էր ­Նա­հա­տակ­նե­րուն» խօ­սուն ա­նու­նը տա­լով իր վկա­յու­թեան։

12 Ապ­րիլ 1973ին փա­կո­ւե­ցան աչ­քե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­հա­տոյց բա­զու­կին, որ իր կեան­քով ու գոր­ծով, յատ­կա­պէս գա­ղա­փա­րի ան­վե­հեր մար­տի­կի իր կեր­պա­րով՝ ներշնչ­ման աղ­բիւր կը շա­րու­նա­կէ մնալ ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն։

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Նիկոլական զազրելի ու տգետ ողջ քարոզչակ

Իրավապահների այսօրվա «գործողությունները» Փաշինյանի՝ խորհրդարանում հնչեցրած «սա

10 Հուլիս 2025
Վարչախումբը քաղաքական հետապնդում է իրա

Այսօր վաղ առավոտից՝ օրվա տարբեր ժամերին ՀՅԴ անդամների տներում իրականացվել են խ

10 Հուլիս 2025
ՀՅԴ ՀԵՄ. Դատապարտում ենք յուրաքանչյուր

Հրապարակում ենք հոլովակ, որտեղ արդեն տարիներ շարունակ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի կողմից իրականա

10 Հուլիս 2025
Մեզ լռեցնել չեն կարող

Իշխանական ռեպրեսիաներն ու իրավական «մասկի շոուները» Հայաստանում շարունակվում ե

10 Հուլիս 2025
Խուզարկություններ՝ ՀՅԴ անդամների տներ

Վաղ առավոտից ուժային կառույցները կրկին ներխուժել են ՀՅԴ անդամների տներ։ Այս պա

10 Հուլիս 2025
ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ

10 Հուլիս 2025
Իշխանության քաղաքական տեռորի ալիքը բար

Էրդողանից մինչև Ալիև․ կոնկրետ արդյունքներ։ Հունիսի 20-ին, Փաշինյանն աշխատան

10 Հուլիս 2025
Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստ

Գահիրէի մէջ մեծ շուքով նշուեցան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 107-րդ

10 Հուլիս 2025
ՀՅԴ ներկայացուցիչները Մոսկվայում քննար

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ պատգամավոր Արմեն Ռուստամյանն ու ՀՅԴ Հայաստան

09 Հուլիս 2025
Արցախահայության վերադարձի իրավունքի իր

ԱՄՆ Կոնգրեսում, հուլիսի 8-ին, անցկացվել է կոնգրեսական բրիֆինգ՝ նվիրված բռնի տե

09 Հուլիս 2025
Բռնապետն անցել է վայրագությունների նոր

Երկու շաբաթ է՝ բռնապետն անցել է վայրագությունների նոր փուլի։ Արշավ է Մայր Աթո

09 Հուլիս 2025
Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի արտասանուած խօ

09 Հուլիս 2025
Ըմբշամարտի փոխարէն Հերոսամարտ

«Նախանձը վիրաւորանք կը պատճառէ կեղծ ու շեղող մեղադրանքներու ճամբով, այսինքն զր

09 Հուլիս 2025
Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Երկուշաբթի, 7 յուլիսի առաւօտուն Փաշինեան հերթական գրառումով թելադրանք կատարեց

09 Հուլիս 2025
Ազգային իշխանութեան նախաձեռնութեամբ. Լ

«ԱԼԻՔ», Կ. Դ. – Թ. Հ. Թ. Պատգամաւորական ժողովի եւ Թեմական խորհրդի նախաձեռնութ

09 Հուլիս 2025
Փաշինյանը հատել է բոլոր կարմիր գծերը.

Երբ մենք կարծում էինք, որ Հայաստանում իրավիճակը չի կարող ավելի վատանալ, վարչապ

08 Հուլիս 2025
Դաշնակցական անմահ նահատակը՝ Սարգիս Զէյ

(Առեւանգման քառասունամեակին առիթով) Տիգրան Ճինպաշեան 28 մարտ 1985-ի առաւ

08 Հուլիս 2025
Ազգային կառույցների, մասնավորապես Հայո

Հայաստանում 2018 թ. տեղի ունեցած, այսպես կոչված, «թավշյա հեղափոխությունից» հետ

08 Հուլիս 2025
Յայատարարութիւն Հ. Յ.Դ. Հարաւային Ամ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կազմակերպական կառոյցը իր 83-

08 Հուլիս 2025
Այս մարդիկ մեր երկիրն ու ժողովրդին տան

Այսօր Ազգային ժողովի լիագումար նիստերի դահլիճում տեղի ունեցած ծեծկռտուքը պատահ

08 Հուլիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company