«Հայրենիք»ի խմբագրական. Սէգ Շուշին
11 Մայիս 2019 Ազատագրութեան, պայքարի եւ ՅԱՂԹԱՆԱԿի խորհրդանիշն է Շուշին։ Իր աշխարհագրական դիրքն ալ կը մատնէ այս բարձր ցցուած հողաշերտը, որ պատմութեան ընթացքին շարունակ պայքարած է՝ մնալով պինդ, խրոխտ եւ հպարտ։Միշտ բարձրագլուխ․․․ այսպէս կը յատկանշուի սէգ Շուշին։
Մայիս 8-9, 1992-ին արձանագրուած յիշատակելի յաղթանակը վերջին օղակն է այդ շարքին, որ լեցուն է դարերու վրայ երկարող արեան եւ ազատութեան տենչի հետքերով։ Դարեր շարունակ, շնորհիւ իր դիրքին, ան միշտ դարձած է ռազմաբեմ մը Կովկասեան բարձրաւանդակի տարածաշրջանէն ներս։

17-րդ դարաշրջանէն իսկ, հայոց զօրքը պայքարած է Շուշին ազատագրելու համար պարսիկ իշխանութիւններու լուծէն։ Պարզ փակագիծ մը բանալը տեղին է, նշելու համար, թէ քաղաքի այդ հռչակաւոր մզկիթը, իւրայատուկ իր զոյգ աշտարակներով, շինուած է այդ տարիներուն․․․ Երբ Ատրպէյճան անունով երկիր գոյութիւն չունէր։
Տարիներ շարունակ պայքար մղելով, հայոց բանակը կրցած է կառուցել բերդ-ամրոցը։
19-րդ դարաշրջանին, Շուշին, մի՛շտ ալ իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով շարունակեց մնալ կռուախնձոր մը պատերազմող երկու երկիրներու՝ Պարսկաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Ի վերջոյ, երկու երկիրներուն միջեւ կատարուած համաձայնութեամբ եւ կնքուած պայմանագրով, Շուշին յանձնուեցաւ Ռուսաստանին։
Շուշին քաղաքի իրավիճակ ստացած էր 1847 թուականին։ Հետագայ տասնամեակներուն, անոր բնակչութիւնը կովկասեան այդ տարածաշրջաևի երրորդն էր հայահոծ Թիֆլիսէն եւ Պաքուէն ետք, գերազանցելով Երեւանն ու Գիւմրին։
Ապա, խորհրդային օրերուն՝ Յուլիս 7, 1923-ին, Ստալինեան սին հաշիւներու արդիւնք, Շուշին եւ Արցախը յանձնուեցան Ատրպէյճանի։ Մինչ այդ, նախքան այս սադրիչ որոշումը, արդէն իսկ հետեւողական ձեւով հալածանքները կը շարունակուէին շրջանի հայ բնակչութեան դէմ։ Մարտ 1920-ին կազմակերպուած ջարդ կատարուած էր, յար եւ նման հինգ տարի առաջուան հայոց ցեղասպանութեան։
Քաղաքի հայաշատ թաղամասերը դիտմամբ եւ հետեւողական կերպով հրոյ ճարակ դարձած էին, որուն արդիւնք աւելի քան քսան հազար անմեղ հայորդիներ մահացած էին։ Եւ ահաւասիկ, անոնց մնացորդացը՝ խորհրդային եւ անմիջապէս անոր յաջորդող անկախութեան օրերուն, կառչած մնալով երբեմնի իրենց պաշտած ու երկրպագած «կովկասեան փոքր Փարիզ»-ին, իրագործեցին անկարելի հրաշքը։
Այդ կայծակնային յարձակումը տեւած էր հազիւ երկու օր եւ այդ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին, ո՛չ թէ միայն անառակ ազերիէն խլուած էր անառիկ բերդ՝ Շուշին, այլ նաեւ ազատագրուած էր ամբողջ տարածաշրջան մը։
Շուշիի ազատագրումն է, որ առիթ ընծայեց բանալու Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ միջանցքը, ինչպէս նաեւ հարաւային ու հիւսիսային շրջաններու միջեւ կապի հաստատումը, վերջապէս կերտեց Արցախի կենսունակութիւնն ու ապահովութիւնը։
Արցախի անկախութեան հռչակումէն աւելի, Շուշիի ազատագրումը աւելի մեծ շուքով կը նշուի։ Ի վերջոյ, սէգ Շուշին կերտեց այս անկախութիւնը։
hairenikweekly.com
09.05.2019