ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Համաեւրոպական Խորհրդաժողով՝ Աթէնքի Մէջ
11 Մայիս 2019 ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան հիւրընկալութեամբ, 10էն 12 Մայիս, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու համաեւրոպական խորհրդաժողովը:10 Մայիսին, Եւրոպայի զանազան երկիրներէ առաւել քան 30 դաշնակցական երիտասարդներ հասան Աթէնք: Ժողովին մասնակցեցան ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու անդամներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Անգլիայէն, Պելճիքայէն, Հոլանտայէն, Շուէտէն, Ֆրանսայէն եւ Յունաստանէն:
Խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Աթէնքի ՀՅԴ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկան ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան ատենապետ Արման Գրիգորեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յովսէփ Տէր Գէորգեան եւ Մուրատ Փափազեան:
Խորհրդաժողովը քննեց զանգուածային ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու օգտագործումը Հայ Դատի եւ Արցախի ճանաչման աշխատանքներուն մէջ: Նաեւ՝ ներկայացուեցան ՀՅԴ մամուլին դերը, պատմութիւնը եւ սկզբունքները:
Աշխատանքային խումբերու նիստերուն ընթացքին քննարկուեցան ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու դասական մամուլի իրավիճակը եւ տարուած քարոզչութիւնը ընկերային ցանցերու վրայ: Ժողովը կեդրոնացաւ թուրք-ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ հայութեան դէմ մղուող տեղեկատուական պատերազմին եւ անվտանգութեան հարցերուն վրայ:
Ժողովի աւարտին բանաձեւուեցան առաջարկներ, որոնք կը միտին երիտասարդներուն մօտ զարգացնել տեղեկատուական մարզին մէջ իրենց կարողութիւնները՝ ի սպաս Հայ Դատի աշխատանքներուն: