ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

Հայաստանը Դէպի Ո՞ւր…

11 Հունիս 2019 Թէեւ քիչ մը շատ ուշացած եւ ներազգային առումով շատ վնասներ պատճառած, սակայն «ողջունելի» կը թուի ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վերջին նիստի գումարման ընթացքին Հայաստանի վարչապետին խօսքը, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ հասարակութեան մէջ մէկ տարիէ ի վեր տեղի ունեցած բռնութեան կոչերը, ատելութեան քարոզները, անհանդուրժողականութեան դրսեւորումները, հայհոյախառն ելոյթները, ընկերային ցանցերու վրայ կատարուող եղբայրասպան կռիւները արմատախիլ ընելու, օրէնքի սահմաններու մէջ անոնց խիստ հակահարուած տալու յանձնարարականը` ուժային կառոյցներուն տրուած:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վերջին նիստին վարչապետին «ողջունելի» ելոյթը արդեօ՞ք կը նշանակէ, որ այսուհետեւ պատմութեան կը պատկանին քաղաքացիները ասֆալթին փռելու, պատին ծեփելու, թեւերը կոտրելու վարքագիծը, իշխանութիւններու հատուածական մօտեցումները, հասարակութեան միջեւ ճեղքեր ստեղծելու վարքագիծը, սեւ ու սպիտակի, յեղափոխականի եւ հակայեղափոխականի յղացքները, փողոցներու եւ դատարաններու դռներ փակելու քաղաքականութիւնը, հայաստանցիներու եւ ղարաբաղցիներու միջեւ անպատշաճ եւ ազգակործան տարբերութեանց շեշտադրումները, հասարակութեան մէջ դաւաճաններ, դաւադիրներ եւ վերջերս սեւ զգեստաւոր խմբակներ որոնելու կործանարար աքթերը:

Ի դէպ, սեւ զգեստաւորները ի յայտ եկան Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Դաւիթ Խաժակեանի մերձաւորը խոշտանգելու իրողութեամբ, խումբ մը պետական պաշտօնեաներու կողմէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները բնականաբար կասկած պէտք չէ ունենան` մեկնելով ՀՅ Դաշնակցութեան համազգային եւ համահայկական կազմակերպութիւն ըլլալու հանգամանքէն եւ իր 130-ամեայ կենսափորձէն ու, վերջապէս, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց վերջին 30-ամեայ մաքառումին ընթացքին մատուցած զոհաբերութիւններուն եւ անգնահատելի ռազմաքաղաքական եւ ընկերատնտեսական ներդրումին ի տես, որ առկայ է նաեւ այսօր, եւ քաղաքական նոյն տրամաբանութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, այսօր եւս, ՀՅ Դաշնակցութեան անվերապահ զօրակցութեան պիտի արժանանան, երբ խօսքը եւ յատկապէս գործը® պիտի վերաբերի օրէնքի գերակայութեամբ երկիր կառուցելու, հասարակութեան համերաշխութիւնը վերականգնելու, ժողովրդավարացման բնականոն զարգացումը ապահովելու, ներազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ զոյգ հանրապետութեանց անվտանգութիւնը ամրագրելու պարագային:

Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական կեանքի վերջին քանի մը օրերու զարգացումներուն լոյսին տակ, իշխանութեան եւ հասարակութեան որոշ հատուածի մը կողմէ, որոշ շահադիտական եւ ներխմբակային հաշիւներու նկատառումներով իրավիճակը սրող ու կատարուող քաղաքական մեկնաբանութիւնները, վերագրումները, ամբաստանութիւնները եւ շուտիկութիւնները չեն նպաստեր ներքաղաքական կայունութեան, ճշմարտութեան բացայայտման եւ երկխօսութեան:

Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ կառավարութեան վերջին նիստին կատարուած յայտարարութիւնները, բռնութեան կոչերը եւ դրսեւորումները սանձելու, կանխելու, խիստ պատժելու յանձնարարականները թիրախաւորելու կամ հասցէագրելու ազգակործան ճիգը կը գտնենք անհեթեթ:

Պէտք է արձանագրել, որ ներհայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ հասարակութեան միջեւ գերլարուածութեան, որուն հետեւանքները բազմաթիւ առումներով անվերադարձ կորուստներ կրնան ըլլալ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան թշնամիներուն ջաղացքին ջուր լեցնելու քաղաքականութեան կրնան նպաստել, թիւ մէկ պատասխանատուն Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններն են, այս պարագային` անոնց մէջ ամէնէն հեղինակաւորը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ ոչ թէ` այս կամ այն արտախորհրդարանական կուսակցութիւնը կամ Ազգային ժողովի մէջ գործող ընդդիմադիր կուսակցութիւնները:

Իրապէս կ՛արժէ պահ մը կանգ առնել եւ հարցադրել, թէ ինչո՞ւ սիրոյ եւ համերաշխութեան համաժողովրդային շարժումը հոս պիտի հասնէր, ինչո՞ւ հասարակութեան մէջ տարիէ մը ի վեր սերմանուող ատելութիւնը եւ այլամերժութիւնը օրին պիտի չարժանանային համապատասխան վերաբերմունքի եւ օրէնքի սահմաններու մէջ պատժամիջոցներու, ինչո՞ւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պիտի ձգէին հասարակութեան որոշ հատուածի մը մօտ այն փաստացի տպաւորութիւնը, որ հայրենիքի մէջ առկայ է երկու չափ երկու կշիռի ընդվզեցնող քաղաքականութիւն, ինչո՞ւ գերլարուածութիւն պիտի ստեղծուէր Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց միջեւ, ինչո՞ւ հայ ժողովուրդի միակ անպարտելի ուժը հանդիսացող ներազգային միասնականութիւնը, հասարակութեան համերաշխութիւնը պիտի փճանար, ինչո՞ւ երկրորդ գիծ պիտի մղուէին` զոյգ հանրապետութեանց անվտանգութեան, Ջաւախքի, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Հայաստանի տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրները, ընկերային արդարութիւնը, սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան մակարդակի բարձրացման օրակարգերը, ինչո՞ւ®

Ինչո՞ւ ամբողջ հայութեան ներուժը, շրջանային եւ տարածաշրջանային պայթիւնավտանգ այս հանգրուանին, պիտի սպառենք եւ մսխենք ներազգային սուր եւ վիրաւորական վիճարկումներով, ներքաղաքական ոչ կառուցողական դրսեւորումներով, մերժողականութեամբ եւ ատելութեամբ:

Այսուհանդերձ, սոյն ակնարկութեանց տրամաբանութիւնը ներազգային յաւելեալ խնդիրներ յարուցել չէ, վէրքերը եւ դէպքերը բորբոքել չէ բնաւ, այլ` փորձել հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ապահով, խաղաղ, միասնական հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ապագան կերտել, որուն համար կ՛ակնկալենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն եւ յատկապէս պրն. վարչապետէն, որ իր ներքին քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ եւ հանդիսանայ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն վարչապետը եւ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին նախ դատապարտէ հրապարակային մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր տեսակի բռնութիւնները, յատկապէս` վերջին շաբաթներուն կատարուածները, ըլլա՛ն անոնք հոգեբանական, բարոյական թէ ֆիզիքական, եւ ոչ թէ մէկուն պարագային ոստիկանութիւնը համարէ, որ անհրաժեշտ յանցակազմի բացակայութեան բերումով կարելի չէ հարցը քրէականացնել եւ պատժել, իսկ այլ պարագաներու մէջ յանձնարարել, որ խիստ հակահարուած տրուի եւ ակնկալել, որ հանրութիւնը հալած իւղի պէս ընկալէ եւ ընդունի:

Չէ՞ որ սիրոյ եւ համերաշխութեան համաժողովրդային շարժումը պիտի ապահովէր օրէնքի գերակայութեան երկիր, ուր իւրաքանչիւր Հայաստանի քաղաքացի, առանց խտրականութեան, պիտի վայելէր հաւասար պայմաններ, հաւասար պաշտպանութիւն օրէնքին, պետութեան եւ իշխանութիւններուն կողմէ:

Արդարեւ, կ՛ակնկալենք նաեւ վարչապետէն, որ ի՛նք յայտարարէ ազգային երկխօսութեան ընդարձակ կլոր սեղան մը` մասնակցութեամբ անխտիր քաղաքական բոլոր ուժերուն, առանց քաղաքական հաշուեյարդարի տրամաբանութեան, առանց քաղաքական հետապնդումներու եւ վրէժխնդրութեան, ի հարկին` առանց մոռացութեան տալու, եթէ փաստացի գոյութիւն ունին տուեալներ բոլոր մեղաւորները եւ յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու սահմանադրական եւ օրէնքի շրջանակներու ծիրին մէջ, բայց եւ այնպէս` կլոր սեղան մը երկխօսութեան, որովհետեւ այսպէս կարելի չէ շարունակել, յանուն զոյգ հանրապետութեանց անվտանգութեան, ներազգային միասնականութեան եւ հասարակութեան համերաշխութեան, որպէսզի միանգամընդմիշտ վերջ դրուի ազգի դիմադրողականութիւնը թուլացնող, հիւծող, պառակտող, ընտանիքը այլասերող այլանդակ բարքերը, ազգային արժէքային համակարգը հարուածող, բանակը, եկեղեցին ու պետութիւնը քանդող այս երեւոյթին եւ հոլովոյթին: Կ՛ակնկալենք Հայաստանի վարչապետէն, որ յստակ յայտարարութեամբ լիցքաթափէ ներքաղաքական լարուածութիւնը, յատուկ վարքագիծով յաղթահարէ քաղաքական ճգնաժամը, յստակ առաջնահերթութիւններ նախանշելով երաշխաւորէ ժողովրդավարական պայմաններու ներքոյ կուտակուած խնդիրներու լուծումը:

Պետական գաղտնիք մը բացայայտած պիտի չըլլանք, եթէ ըսենք, որ այսօր ազգովին կ՛ապրինք արտասովոր ներազգային, ռազմաքաղաքական, ընկերատնտեսական, դատաիրաւական եւ անվտանգութեան ընդհանուր խնդիրներու անապահով հանգրուան մը եւ պէտք է հասկնանք, որ անվիճելի անհրաժեշտութիւն է երկրի հզօրացման եւ խոցելիութեան վերացման ի խնդիր ազգային միասնականութիւնը, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պատշաճ փոխյարաբերութիւնները, ազգային երկխօսութիւնը, որ պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ` յանուն բոլոր խնդիրներու կարգաւորման եւ կայունութեան:

Վերջապէս, մենք պէտք է հասկնանք, որ հայրենիքի կայունութիւնը, անվտանգութիւնը եւ միասնականութիւնը քաղաքական բոլոր ուժերուն համար պէտք է հանդիսանան սկզբունքներուն սկզբունքը, մենք պէտք է հասկնանք, որ առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու ներազգային համերաշխութիւնը եւ երկխօսութեան կարելիութիւնը` ի վիճակի պէտք է ըլլանք ազգովին ամէն ինչի մասին խօսելու` արտաքին բազմաթիւ սպառնալիքներէն մինչեւ ներքաղաքական ամէնէն կնճռոտ դատաիրաւական, ընկերատնտեսական, ռազմաքաղաքական եւ զոյգ հանրապետութեանց անվտանգութեան խնդիրները, որոնք կ՛առնչուին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրին, եւ միասնաբար որոշելու, թէ ի՛նչ տեսակի Հայաստան կ՛ուզենք եւ ո՛ւր կ՛ուզենք տանիլ զայն:

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
aztagdaily.com
10 յունիս 2019

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ԱՄՆ Կոնգրեսի տասնյակ անդամներ ոգեկոչել

ԱՄՆ Սենատի և Ներկայացուցիչների պալատի երկու կուսակցություններ ներկայացնող տասն

12 Մայիս 2025
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմա

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետակ

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի ք

08 Մայիս 2025
Պատասխան ես տալու ամեն բառիդ, ամեն քայ

Փորձեմ առանց էմոցիայի Հերթական անգամ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

08 Մայիս 2025
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդուն

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մ

08 Մայիս 2025
Մեր համազգային պահանջատիրութեան յետքայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ Եթէ պէտք է իրերն իրենց անւամբ կ

08 Մայիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։ Այս տխ

07 Մայիս 2025
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու դժուար ընթա

Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը

07 Մայիս 2025
էժան միջոցներով չեն կարող մեզ շեղել

Այն ենթադրությունը, թե պետք է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին անվստահություն հայտ

07 Մայիս 2025
Կառավարությունից պահանջում ենք միջոցնե

Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության խորհուրդը Արցախի մշակութային ժառանգությ

07 Մայիս 2025
Օգտակար խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութ

Վերջերս Հայաստանի Հանրապետությունն անսովոր որոշում կայացրեց՝ վարձելով ամերիկյա

06 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company