ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

Ընկերական մտորումներ

13 Սեպտեմբեր 2019
«Եթէ քեզի բան մը պատահի՝ ո՞վ պիտի ծաղրէ մեզ»


Վերջերս հաւաքական զրոյցի մը ընթացքին յայտնուեցաւ այն կարծիքը, թէ սփիւռքահայ կեանքի մէջ լճացում մը, եթէ ոչ արդէն նահանջ մը կ՚արձանագրուի. պատճա՞ռը՝ մեր աւանդական կուսակցութիւններու, իրենց ուղեկից կազմակերպութիւններով հանդերձ եւ թեմական-եկեղեցական կառոյցներու ժամանակավրէպ դարձած ըլլալն է։
Եթէ նոյնիսկ պահ մը, առանց յաւելեալ քննարկման եւ ստուգման, ընդունինք վերեւի հաստատումին առաջին մասը՝ լճացման-նահանջի առկայութիւնը, կրնա՞նք այդպէս՝ առանց առարկութեան, համաձայնիլ տրուող պատճառաբանութեան, այսինքն՝ այդ վիճակը վերագրել, մասամբ կամ ամբողջովին, ներկայ ազգային կառոյցներու «անփառունակ» իրավիճակին, անոնց «ժամանակավրէպ»-ութեան։

Անկասկած չենք կրնար հերքել, թէ մեր կառոյցները, տարբեր բնոյթի կամ մակարդակի, ունի՛ն վերանորոգման կարիքը,– բնական պահանջ մը հաւաքական բոլոր կառոյցներու պարագային որեւէ ազգի համար,– չենք կրնար ուրանալ նաեւ, թէ մեր կուսակցութիւններն ու միւս կազմակերպութիւնները կրնա՛ն ըլլալ աւելի նպատակասլաց, կրնա՛ն ունենալ աւելի արդիւնաւէտ գործունէութիւն, տակաւին կրնա՛ն աւելի զօրանալ ու զինուորագրել մեր ներուժը, սակայն չենք կրնար մեր հաւաքական տխուր վիճակին պատճառը մեր կառոյցները համարել, քանի որ անոնք եւս, կամ անոնց վիճակը եւս, Սփիւռքի «լճացման» ու «նահանջին» հետ, հետեւանք է նոյն ահաւոր պատճառին՝ Մեծ Եղեռնին, որուն չարիքները կը կրենք տակաւին աւելի քան մէկ դար ետք, ու պիտի շարունակենք կրել երկար ժամանակ։ Չտեսնել հայրենազրկման քանդիչ, ցեղասպա՛ն իրականութիւնը մեր այսօրուան կացութեան ետեւ, եւ ենթադրել, որ Սփիւռքն ալ «Երկիր» է, ինչպէս կը պնդէր Վահէ Օշական երկար ժամանակ, երկիր՝ որ կրնայ առյաւէտ աճիլ ու բարգաւաճիլ՝ պարզապէս կը նշանակէ, գէթ այս տողերը գրողին համար՝ տարուիլ ինքնախաբէութեամբ ու երազատեսութեամբ։

Սփիւռքը երկար ժամանակ գոյութիւն կրնայ ունենալ, պիտի՛ ունենայ, եւ մեր՝ համայն հայութեան՝ Սփիւռքի մէջ գործող կազմակերպութիւններուն թէ հայրենի պետութեան, պարտքն է զայն պահել ամուր եւ աշխոյժ առաւելագոյն տեւողութեամբ, միշտ ի մտի ունենալով սակայն, որ ան ինքնանպատակ չէ, ան բնական իրավիճակ մըն չէ, ազգի մը գոյութեան համար ցանկալի՛ իրավիճակ մը չէ։ Տարագրումը, ցրւումը հիմնական մասը կը կազմեն ցեղասպանական արարքին։

Գալով լճացման կամ նահանջի երեւոյթին՝ նոր չէ ան. Ցեղասպանութենէն մէկուկէս տասնամեակ ետք արդէն զգացեր էինք զայն. Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի»-ն լոյս տեսեր է 1929-ին։ Անոր վերյիշումը կամ վերազգացումը, վերանդրադարձը այսօր կրնանք վերագրել նոր զարթօնքի մը, նոր գիտակցումի մը, որ անկասկած դրական երեւոյթ է։
Սակայն չմոռնանք, որ մեր ներկայ գոյութեան սպառնացող վտանգը միայն անցեալը չէ։ Է՛ նաեւ ներկան։

Կ՚անդրադառնա՞նք, թէ՞ չենք անդրադառնար, թէ երկրորդ անգամ կը փլի «հռոմէական կայսրութիւնը», առաջինէն դարեր ետք։ Կը տեսնե՞նք, թէ՞ չենք տեսներ այդ փլուզումին, անկումին նոյնպէս ահաւոր հետեւանքները մեր արժէքներու խաթարման, մեր խարիսխներու խախտման եւ մեր ազգային գիտակցութեան խաւարումին մէջ։

Այս յօդուածով չեմ միտիր այդ բոլորին վերլուծումը կատարելու, սակայն կ՚ուզեմ յամենալ մեր առկայ կառոյցներու վերանորոգման եւ ի հարկին նոր կառոյցներու, կառուցուածքներու (մեքանիզմներու) կամ նոր գործելակերպերու յառաջացման անհրաժեշտութեան։

Մեր պատմութեան անծանօթ կամ մեր կազմակերպական կեանքին ոչ անմիջական մասնակից մէկու մը կամ պարզապէս հեռուէն դիտողի մը համար իրապէս տարօրինակ պիտի թուէր մեր ներկայ իրականութիւնը Սփիւռքի մէջ, նուազագոյն երեք կուսակցութիւններու առկայութեամբ։ Մեր երեք աւանդական կուսակցութիւնները Սփիւռքի մէջ կը գործեն մէկ եւ միեւնոյն նպատակին համար՝ երկարաձգել հայութեան գոյատեւումը՝ զօրաւոր Սփիւռքով ու զօրաւոր Հայրենիքով։

Կուսակցութիւններու գաղափարական տարբերութիւնները կարեւոր են հայրենական գործունէութեան պարագային, սակայն Սփիւռքի մէջ ընկերային կացութաձեւի բարելաւման նպատակներ չեն հետապնդուիր, անոնք հայ կեանքէն դուրս՝ ընդհանուր ընկերութեան հարցերն են, որոնց հետապնդման մէջ մասնակցութիւն չունինք կամ գրեթէ չունինք, նոյնիսկ եթէ որոշ տեղեր մաս կը կազմենք տեղւոյն խորհրդարաններուն եւ կառավարութիւններուն։ Մեր ազգային կուսակցութիւնները այս ափերուն կը հետապնդեն մեր համայնքային կեանքի կազմակերպումը, Հայ դատը, Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման օժանդակումը։

Այս պատճառաւ ալ կուսակցական պայքար չկայ այլեւս Սփիւռքի մէջ. իսկական, «աւանդական» պայքար։

Կուսակցութիւնները համերաշխ են, կը գործակցին, միասնական գործունէութիւն կը մշակեն։ Եւ այդպէս ալ պէ՛տք է ըլլայ։

Սակայն կուսակցութիւն կը նշանակէ «կողմ», կը նշանակէ հարցերու լուծման տարբեր տեսակէտ։ Եւ եթէ մեր կուսակցութիւնները պիտի շարունակեն պահել իրենց գոյութիւնը Սփիւռքի մէջ, ապա անոնք պարտաւոր են նաեւ ստանձնել իրենց այդ դերը՝ հակազդել իրարու գործունէութեան, քննադատել զիրար, մնալով հանդերձ պատշաճութեան սահմաններուն մէջ, գիտակցելով, որ հակառակորդնե՜ր չեն, այլ՝ գործակիցնե՛ր։ Փակագիծի մէջ աւելցնեմ, որ հայրենի իրականութեան մէջ եւս բոլոր կուսակցութիւնները այդ գիտակցութեամբ գործելու են, սակայն ասիկա արդէն տարբեր նիւթ է։ Փոխադարձ քննադատութիւնը հիմնական բաղադրիչներէն է կուսակցութիւններու գոյութեան արդարացման։

Իսկ նոր կազմակերպութիւններու, նոր կառոյցներու տեղ չկա՞յ մեր սփիւռքահայ կեանքին մէջ։ Ինչո՞ւ ոչ։ Բայց իւրաքանչիւր նոր միաւոր պարտաւոր է փաստել իր գոյութեան իրաւունքը՝ ցոյց տալ իր նպատակներուն կենսականութիւնը, իր առաջարկութիււներուն արդիւնաւէտութիւնը, մանաւանդ չորդեգրել փանջունիական մօտեցում՝ բաց դռները խորտակելով բանալու եւ առկայ կառոյցները քանդել ջանալու՝ առանց գիտնալու ինչով փոխարինել զանոնք եւ ինչպէ՛ս։

Չմոռնանք նաեւ, որ ազգային կուսակցութիւնները, որքան ալ իրարմէ տարբեր ըլլան իրենց աշխուժութեամբ եւ գործելակերպով, ունին իրենց կանոնագրային տրամադրութիւնները՝ վերանայելու իրենց ռազմավարութիւնն ու որոշումները, սրբագրելու իրենց թերիները, առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու իրենց գործունէութիւնը։ Ինքնասրբագրումի նոյն միջոցներով պէտք է օժտուի ամեն նոր ուժ, որ պիտի յաւակնի դերակատար դառնալ մեր հասարակական կեանքին մէջ, եւ չառաջնորդուի ամփոխահաճութեամբ (populism), Սփիւռքի մէջ թէ Հայրենիքի։

Այս մտորումները կ՚ուզեմ փակել յիշատակելով դրուագ մը, որ ատենին տեղ մը կարդացած եմ, բայց ո՞ւր՝ հիմա կը դժուարանամ գտնելու։ 1918-ի մայիսի ճակատագրական օրերուն հայեր կը շտապէին կամաւոր արձանագրուիլ՝ դիմադրելու համար թշնամիի յարձակումներուն։ Այդ օրերուն տակաւին սկսնակ գրող բայց արդէն ծանօթ երգիծագիր Լեռ Կամսար, որ իր սուր գրիչով կը նշաւակէր գործող կուսակցութիւնները, նաեւ Դաշնակցութիւնը, կը ներկայանայ առ որ անկ է՝ ճակատ մեկնելու համար։ Դիմաւորողը կ՚ըլլայ Դրօն, յայտնի դաշնակցական ղեկավարը, որ կը մերժէ զինք զինուորագրել։ «Գնա՛», կ՚ըսէ, «շարունակէ՛ գրել. դուն մեզի պէտք ես. եթէ քեզի բան մը պատահի՝ ո՞վ պիտի ծաղրէ մեզ»…

Ահա նման լայնախոհութեամբ, լայնամտութեամբ ու փոխադարձ յարգանքով մեր կուսակցութիւնները, աւանդականները թէ նորերը, եթէ ըլլան, պէտք է շարունակեն գործել ու ղեկավարել մեր կեանքը։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհնարի

2025 թ․ Մարտ 13-ին, ըստ էութեան մերժելով պաշտօնական Երեւանի՝ համատեղ յայտարարո

12 Մայիս 2025
ԱՄՆ Կոնգրեսի տասնյակ անդամներ ոգեկոչել

ԱՄՆ Սենատի և Ներկայացուցիչների պալատի երկու կուսակցություններ ներկայացնող տասն

12 Մայիս 2025
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմա

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետակ

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի ք

08 Մայիս 2025
Պատասխան ես տալու ամեն բառիդ, ամեն քայ

Փորձեմ առանց էմոցիայի Հերթական անգամ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

08 Մայիս 2025
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդուն

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մ

08 Մայիս 2025
Մեր համազգային պահանջատիրութեան յետքայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ Եթէ պէտք է իրերն իրենց անւամբ կ

08 Մայիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։ Այս տխ

07 Մայիս 2025
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու դժուար ընթա

Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը

07 Մայիս 2025
էժան միջոցներով չեն կարող մեզ շեղել

Այն ենթադրությունը, թե պետք է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին անվստահություն հայտ

07 Մայիս 2025
Կառավարությունից պահանջում ենք միջոցնե

Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության խորհուրդը Արցախի մշակութային ժառանգությ

07 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company